Յայտարարութիւն

Wednesday, March 30, 2022

ԹԵՐԹՕՆ ԹԻՒ 2 - ՀՕՐՍ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ – ՌԻԹԱ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ – ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ ՇԱՐ 8


 

 Գաւազանին օգնութեամբ՝ կամաց-կամաց ոտքի կանգնեցայ։ Սկսայ, նախ՝ ձեռքիս կարծրացած եւ երկար եղունգներով փորել փոսի կողերը, ոտքս բաւելու չափ, խորշեր բանալ։ Դարձեալ գաւազանին օգնութեամբ, շարունակեցի աշխատանքս։ Պզտիկ աստիճան մը կազմուեցաւ. քանի մը ձախող փորձէ ետք, վերջապէս կրցայ բաւական վեր բարձրանալ։ Կը մաքառէի, աւազի՛ն, ճանճերուն եւ մանաւանդ վէրքերուս դէմ։ Պիտի ապրի՛մ, պիտի ապրի՛մ։ Գաւազանս մխեցի դուրսի աւազին մէջ, մարմինս դէպի առաջ մղեցի, շատ տաք էր աւազը։ Վերջին ջանք մըն ալ, ամբողջ մարմնով փոսէն դուրս էի եւ բարակ ցնցոտիներս կրակ կտրած, մարմինս կ՛այրէին։

 

 Փորհարութիւնս դադրեր էր, որովհետեւ ո՞վ գիտէ քանի ժամէ իր վեր անօթի մնացեր էի։ Միշտ գաւազանիս օգնութեամբ, փորձեցի ոտքի կանգնիլ ու քալել, սակայն ապարդիւն, աչքիս առջեւ սեւ գիծեր ու կէտեր պարզուեցան, ոտքերս, որոնք սկսեր   էին ուռիլ, կթոտեցան ու գետին ինկայ։ Սկսայ սողալ առանց յուսահատելու։

 

Բաւական յառաջացեր էի, երբ նկատեցի անապատի կիսաչոր բոյսեր. մօտեցայ, արմատախիլ ընելով, ախորժակով կերայ, միշտ ցնցոտիիս ծայրով, աւազները սրբելով, մաքրելով։ Քանի մը անգամ կրկնեցի խոտ ուտել շատ ծամելով։ Երեւի բաւական խոտ կերեր էի, քանի մը ձախող փորձէ ետք, վերջապէս կրցայ ոտքի վրայ մնալ եւ գաւազանին հենելով քալել։ Յանկարծ նկատեցի հեռուն, ջուրի գիծ մը, որ արեւի ճառագայթներու ազդեցութեան տակ կը փայլէր։ Որոշեցի անպայման հասնիլ հոն։ Բաւական ժամանակ առաւ ջուրին հասնիլս։ Նկատեցի վրանախումբ մը։ Պահ մը վարանեցայ մօտենալու։ Տկարութիւնս զսպեցի, որոշումս վերջնական էր եւ վճռական։ Արդէն ջուրին շատ մօտ էի, ինծի տարեկից, ինձմէ քիչ մը մեծ տղաք կը խաղային ջուրին մէջ։ Մօտեցայ ջուրին. կ՛ուզէի նետուիլ մէջը, խմել-խմել-խմել , մարմինս ու վէրքերս լուալ։ Յանկարծ, տղաքը պոռչտացին։ Անոնք կ՛ըսէին ու կը կրկնէին՝ «եա ուէյլի, Հասան, Հասան»։ Արդեօք իմ արտաքինէս վախցա՞ն , մտածեցի, անմիջապէս նկատեցի որ տղայ մը ջուրի կլոր հոսանքի մը մէջ կը դառնար ու պիտի խեղդուէր։ Գերբնական ուժ մը եկաւ ինծի, նետուեցայ ջուրին մէջ որ մինչեւ ուսս հասաւ, նախախնամութենէն ինծի ղրկուած գաւազանը երկարեցի, սկսայ Քեսապի բարբառով պոռալ, «բռնէ գաւազանը, բռնէ գաւազանը»։ Կարծէք տղան հասկցաւ, բռնեց գաւազանիս ծայրը, ես զգուշութեամբ քաշեցի զինք մինչեւ գետափ։ Տղան կիսամեռ ինկաւ խոտերուն վրայ։ Նոյն միջոցին, այդ կանաչ եւ պարարտ խոտերը տեսնելով, ախորժակս խոտ ուտել ուզեց, սակայն ժամանակը անյարմար էր։ Արդէն վրաններէն բազմութիւն մը հասաւ մեր մօտ։ Լաճերը զիս ցոյց կու տային, բաներ մը կը պատմէին մեծերուն։ Երկու հսկայ մարդ, տղեկը ոտքերէն բռնած՝ գլուխն ի վար կը ցնցէին, երիտասարդ կին մը աղեկտուր կը պոռար, «Հասան, Հասան»։ Յանկարծ Հասանին բերնէն սկսաւ ջուր վազել, ան արթնցեր էր։ Ութէն տաս հոգի շրջապատեցին զիս։ Ջուրէն թրջուած կը դողայի, վախէս գետին ինկայ եւ բարձրաձայն սկսայ լալ։ Ծեր կին մը ձեռքէս բռնեց, գետնէն վերցուց զիս, «Եալլա, Եալլա» ըսելով, դէպի վրանները տարաւ։ Հարցումներու տարափ մը սկսաւ։ Ոչ մէկ բառ կը հասկնայի։ Պառաւը հարցական, «Արմանի՞, Արմանի՞» ըսաւ։ Գլխուս շարժումով, այո՛, պատասխանեցի։ Վրանը մտցուց զիս, փորձեց ցնցոտիներս հանել, ես ընդդիմացայ շուրջս նայելով։ Բարձրաձայն մեզ շրջապատողներուն բան մը ըսաւ, բոլորը դուրս ելան։ Երիտասարդ կնկայ մըն ալ բացատրեց ուրիշ բան մը, կինը դուրս ելաւ։ Քիչ ետք, այդ կինը բերաւ մաքուր հագուստ մը եւ ներքնազգեստ մը։ Երբ հագուստս կը փոխէր պառաւը, նկատեց ոտքերուս վէրքերը։ Հարցուց ի՞նչ են ասոնք, բացատրեցի, մատներովս, երկու ցոյց տուի եւ շունի ձայն հանեցի։ Բարեբախտաբար շուտ հասկցաւ։ Անմիջապէս Սալմա, Սալմա կանչեց, նոյն երիտասարդ կինը ներս մտաւ, իրարու հետ խօսելով Սալման գնաց, չուշացաւ կաւէ թաս մը լեցուն կաթ բերաւ որ խմեմ։ Քանի ատենէ ի վեր կաթ չէի խմած, ագահութեամբ խմեցի մինչեւ թասին յատակը։ Այս անգամ պառաւը գնաց բերաւ ուրիշ կաւէ աման մը, հեղուկով մը լեցուն։ Ձեռքի մաքուր լաթը հեղուկին մէջ մխրճեց, հանեց եւ երկու սրունքներուս ու ոտքերուս քսեց վերէն վար։ Քանի մը անգամ այդպէս շարունակեց, յանկարծ զօրաւոր այրուցք մըն էր սկսաւ կարծէք, երկու ոտքերս կրակին մէջ կը խորովէին, ու ես չդիմանալով սկսայ բարձրաձայն լալ։ Բաւական այսպէս շարունակուեցաւ, հետզհետէ մեղմացաւ, սկսաւ զովանալ, վրաս թմրութիւն մը եկաւ ու քնացայ։

 

ՇԱՐ 8

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝