Յայտարարութիւն

Thursday, March 31, 2022

ԹԵՐԹՕՆ ԹԻՒ 2 - ՀՕՐՍ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ – ՌԻԹԱ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ – ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ ՇԱՐ 9


 

Թարմ լաւաշ հացի հոտով արթնցայ, Սալման դարձեալ եկաւ, երկու լաւաշ եւ կտոր մը ճերմակ պանիր դրաւ մօտս եւ հասկցուց որ ուտեմ։ Մեծ ախորժակով կերայ մէկ հացը միայն։ Ջուր   խնդրեցի , թան տուին, խմեցի եւ դարձեալ քնացայ։

 

 Առաւօտուն, աքաղաղներու ձայնով արթնցայ։ Վրաս վերմակի նմանող ծածկոց մը կար։ Քիչ անդին, պառաւը քնացած կը խռկար։ Մօրս պատկերը տեսայ բաց աչքերով։ Յանկարծ՝ «Մայրիկ» պոռացի։ Պառաւը վախցած ընդոստ վեր ցատկեց։ Մօտեցաւ գլուխս շոյեց եւ ըսաւ՝ «Անա սթօ Խատիճա» ես Խատիճէ Նէնէն եմ։ Քանի մը անգամ կրկնել տուաւ ինծի՝ «Սթօ Խատիճա, սթօ Խատիճա»։ Դարձեալ կաթ, թարմ լաւաշ հաց, այս անգամ կարագ ալ կար։ Քիչ վերջ, նորէն բերաւ երեկուայ սպեղանին եւ քսեց վէրքերուս։ Այս անգամ ցաւը նուազ էր, հասկցուց որ երկննամ, հնազանդեցայ։ Մօտս եկան փոքր տղաք եւ աղջիկներ, անոնց  մէջ Հասանն ալ կար որ շատ տժգոյն էր։ Հասան բռնեց աջ ձեռքս, դրաւ իր սրտին վրայ։ Առաւ գաւազանս համբուրեց, ես մտովին թարգմանեցի, որ շնորհակալութիւն կը յայտնէր ինծի։ Ու ժպտեցայ։ Հասան հարցուց անունս, քանի մը անգամ կրկնեց, «անա Հասան ընթէ շու՞»։ Հասկցայ որ կ՛ըսէր, «ես Հասանն եմ, քու անունդ ի՞նչ է»։ Կ՛ուզէր գիտնալ անունս։ Պատասխանեցի՝ «Եուսուֆ, Եուսուֆ»։ Իմ ազատարար Կարապետը, սորվեցուցեր էր ինծի, որ Թուրքերն ու Արաբները, Յովսէփին Եուսուֆ կ՛ըսեն։

 

Մեծերն ու փոքրերը, «Եուսուֆ Էրմենի» կը կանչէին ինծի։ Կամաց-կամաց, սկսայ ընտելանալ այդ մեծ ընտանիքին անդամներուն հետ։ Բոլորը կը գուրգուրային։ Հասանը, գաւազանս կու տար աջ ձեռքս, ձախ թեւս կը մտնէր ու կը քալեցնէր զիս, այդպէս պատուիրեր էր Սթօ Խատիճան։ Հետզհետէ մինչեւ գետը սկսայ հասնիլ, երբեմն կը փորձէի քալել

առանց Հասանի եւ գաւազանի օգնութեան։

 

 0ր մըն ալ, այն հուժկու, սեւ մօրուքով ու պեխերով, հսկայ մարդը՝ Հասանին հայրը, վրան մտաւ, բոլոր փոքրիկները շրջապատեցին մեզ։ Մարդը բացատրեց եւ ըսաւ՝ «Դուն միայն Եուսուֆ ես, Արմանի չես»։ Նոյն բանը կրկնել տուաւ բոլորին եւ պատուիրեց որ գլխուս դնեմ իրենց պետեւիական գլխանոցները, որ չզանազանուիմ միւսներէն։ Բացատրեց որ եթէ թուրքերը իմանան՝ «Էրմէնի» եմ, կը մորթեն զիս ալ, զիրենք ալ։ Ես սկսեր էի քիչ շատ Արաբերէն հասկնալ, երբեմն բառեր փոխանակել։

 

 Բոլորովին ապաքիներ էի, եւ սկսայ ինձմէ մեծ տղոց ընկերանալ, դէպի արօտավայրերը։ Անցան ամիսներ, ետ գարուն եկաւ, ես շատ ուրախ էի։ Սակայն գիշերները վերմակը գլխուս քաշած, նախ կ՛աղօթէի «Հայր մեր»ը, կը խօսէի մեր բարբառով եւ կը կրկնէի հօրս, մօրս, քրոջս անուններն ու մեր մականունը։ Մօրս կտակն էր այդ...

 

 ՇԱՐ 9

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝