Յայտարարութիւն

Tuesday, March 1, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 58 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆՉՈՐՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 14 – «ԿԵԱՆՔԻ ԱՍՊԱՐԷԶ»


1928-ի ամառը որոշեցի երթալ ծննդավայրս՝ Քեսապ, մայրս, եղբայրներս եւ ազգականներս տեսնելու: Արձակուրդի ժամանակամիջոց որոշեցի Մայիս 15-Յունիս 20 եւ գրպանս կոկիկ գումարով մը ճամբայ ելայ:

Այդ տարուան ընթացքին նոր գնած «փորթաթիվ Կրամոֆոն»ս հետս տարի, որպէսզի ընկերներով զուարճանանք: Մոռցած էի որ մեր երկիրը այդ շրջանին, Մայիս-Յունիս, երբեմն ցուրտ ու անձրեւոտ կ'ըլլար եւ Եաֆայի պէս տաք կարծելով, ոչ անձրեւանոց ոչ ալ վերարկու տարած էի հետս այլ մետաքսախառն բուրդէ քաշ-փուսիէր մը, որպէսզի հագուստներս չաղտոտին:

Պէյրութ գացի ընկերութեան շոգենաւով եւ անկէ ալ ինքնաշարժով ուղիղ՝ Լաթաքիա: 1928-ին Լաթաքիա-Քեսապ ճանապարհը տակաւին կանոնաւոր չէր շինուած եւ ճամբորդութիւնը կ'ըլլար ջորիներով: Լաթաքիա հասնելուս պէս եղբօրս հեռագրեցի որ ջորեպան մը ղրկէ զիս Քեսապ փոխադրելու համար: Օդերը անձրեւային ըլլալուն ջորեպանը ուշացաւ: Երկու օր Լաթաքիա սպսելէն ետք, զզուած, պանդոկապետին հարցուցի թէ ինչ ձեւով կարելի էր Քեսապ երթալ: Ըսաւ որ մինչեւ կէս ճամբան կարելի էր ինքնաշարժով երթալ իսկ անկէ ալ, առաջին թրքական գիւղէն կարելի էր ջորեպան մը գտնել Քեսապ հասնելու համար: Որոշում առի յաջորդ առաւօտուն մեկնիլ: Առաւռտեան Ֆորտ օթօ մը վարձեցի որ զիս տանի մինչեւ Կէնտէլ կոչուած տեղը, ուրկէ կը սկսի անտառային զառիվերը դէպի Քեսապ, պայման դնելով որ վարիչը ինծի համար ջորեպան մը ճարէ մօտակայ թրքական գիւղէն:

Օդը ամպոտ բայց տաք էր այդ օրը: Երբ Կէնտէլին մօտեցանք, զառիվերին նշմարեցի մարդ մը, քրտական տարազի նմանող հագուստներով, ջորիի վրայ նստած կ'երթար դէպի Լաթաքիա: Անմիջապէս ինքնաշարժը կեցնել տուի եւ մարդուն հարցուցի, արաբերէն լեզուով, թէ ուրկէ կու գար  -կասկած ունէի որ եղբօրս ուղարկած ջորեպանն էր: Մարդը, կոտրտուած արաբերէնով, հպարտօրէն պատասխանեց թէ քեզի ինչ թէ ուրկէ կու գամ...: Ըսի թէ ես Քեսապէն ջորեպանի մը կը սպասէի, ատոր համար կը հարցնեմ: Այն ատեն Քեսապերէնով ըսաւ. «Չըլլայ թէ դուն Մանճիկունց տղիկն ես...»: Ուրեմն հասկցայ որ ինծի համար եղբօրս ղրկած ջորեպանն էր: Անունը՝ Յակոբ Սարգիսեան: (Յակոբ Սարգիսեանը հոգելոյս Գարեգին Բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հայրն է: ՆՊ) :

Շատ կատակասէր մարդ մըն էր Յակոբը: Ջորիէն իջաւ, բարեւ Աստուծոյ բարին փոխանակելէ ետք ըսաւ. «ո՞ւր կ'երթաս այս անձրեւային եղանակին. լաւ կ'ըլլայ որ վերադառնաս Լաթաքիա եւ երբ օդերը լաւ մը բացուին՝ այն ժամանակ կը տանիմ քեզ Քեսապ, մանաւանդ որ ոչ ես ոչ ալ ջորին ուտելիք ունինք եւ դեռ երկար ճամբայ ունինք քալելիք, այնպէս որ կը վախնամ որ կը թրջուիս եւ անօթի կը մնաս ճամբան» եւ նման խրատներ:  Սակայն ես բնաւ չէի ուզեր ետ դառնալ, մանաւանդ որ գրեթէ կէս ճամբան արդէն ինքնաշարժով եկած էի հետեւաբար պնդեցի որ անպայման զիս առնելով ետ դառնայ Քեսապ: Ըսաւ. «ոչ անձրեւանոց ոչ ալ վերարկու ունիս վրադ, դուն հոս Եաֆա՞ կարծեցիր: Ծօ եթէ քիչ մը դաշտերուն մէջէն քալեմ ըսես՝ կօշիկդ ցեխին մէջ կը թողուս: Եկուր յամառութիւն մի ըներ եւ Լաթաքիա երթանք»: Անօգուտ եղաւ զիս համոզելը:Ստիպուած, ճամբորդական պայուսակս կապեց ջորիին վրայ, միւս կողմն ալ կրամոֆոնս, զիս ալ մէջտեղը՝ քշեցինք դէպի անտառները, վարորդին վարձքը վճարելէն ու զայն ճամբելէն ետք:

ՇԱՐ 58

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝