Յայտարարութիւն

Wednesday, March 2, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 59 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆՉՈՐՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 14 – «ԿԵԱՆՔԻ ԱՍՊԱՐԷԶ»


Հազիւ քիչ մը յառաջացած էին՝ սկսան ոտքերս եւ յետոյքս ցաւիլ, անվարժ էի, ուզեցի քիչ մը քալել: Յակոբը ըսաւ «փորձէ բայց կը վախնամ որ այդ կօշիկդ այս ցեխերուն նուէր կը թողուս»: Իրապէս ալ, անձրեւէն թաց եղած ճամբուն վրայ հազիւ քիչ մը քալած՝ կօշիկներս սկսան ոտքէս ելլել անոնց վրայ հաւաքուած ցեխին ծանրութենէն: Վրաս խնդալով, Յակոբը կրկին զիս ջորիին վրայ տեղաւորեց: Երբ սկսանք անտառային զառիվերը ելլել, մեղմ ու թեթեւ անձրեւ մը սկսաւ, որ երթալէն սաստկացաւ եւ այդպէս անդադար տեղաց մի քանի ժամ: Յակոբը թէեւ այծի մազէ հիւսուած ապա մը հագած էր եւ ոտքին գիւղական կարմիր ճիզմէ մը, սակայն այդ տեղատարափ անձրեւէն երկուքս ալ մինչեւ մեր ոսկորները թրջուեցանք:

Այս անձրեւին տակ անհնար էր Քեսապ հասնիլ: Յակոբը սկսաւ ջորին արագ քշել, նպատակ ունենալով մեր ճամբուն վրայ առաջին թրքական գիւղը ապաստանիլ: Հակառակ մեր խխում կերպարանքին՝ Յակոբը դարձեալ զուարճալի ակնարկութիւն մը ունէր. «ծօ, Մանճիկունց լէկիտուօկ(քեսապերէնով փաղաքշական ձեւով կը նշանակէ տղայ, ձագ: Արմատը՝ լէկիւտ այսինքն՝ լակոտ), եթէ այս գիշեր մեզի այս գիւղը ապաստան եւ կերակուր չտան՝ գիտցած եղիր կամ անօթութենէ կը մեռնինք կամ անպայման սաթլըճանի (թոքատապ, pneumonia) կը բռնուինք)»: Իրապէս ալ, առտու թեթեւ նախաճաշով մը ճամբայ ելած էի, առանց որեւէ ուտելիք հետս առնելու, այն յոյսով որ շուտ տուն կը հասնինք եւ հոն կ'ուտենք: Ահա կէսօրէ ետք ժամը մօտ 4-ն էր եւ այնքա՜ն անօթի կը զգայի: Հեռուէն, բլուրի մը կողին, նշմարեցինք թրքական գիւղը եւ մօտ մէկուկէս ժամէն հասանք գիւղին ծայրը: Գիւղին գրեթէ բոլոր շուները մեր վրայ յարձակեցան: Լաւ որ ջորիին վրայ էի, իսկ Յակոբը պաշտպանուած էր խոշոր մահակով մը: Յակոբը ըսաւ. «ինչ որ ըսեմ գիւղացիներուն պէտք է հաւանութիւն տաս, ապա թէ ոչ անօթի կը մնանք. նպատակս է այս գիւղի աղային, եթէ մեզ հիւրասիրելու ըլլայ, օյունի(խաղի) բերել, որպէսզի մեզ լաւ կերակրէ եւ մեզի տաքուկ անկողին տայ, այնպէս որ ինչ որ սուտ խօսիմ ձայն մի հաներ եւ այո ըսէ»:  

Առաջին տունը որ հասանք Յակոբը հարցուց թէ մուխթարին, գիւղին աղային տունը ուր էր: Բարեբախտաբար Հասան աղան տունն էր: Յակոբը, բարեւ Աստուծոյ բարիէն ետք թրքերէնով ըսաւ. «Հասան աղա, ես այս մեր երիտասարդ աղան Քեսապ կը տանիմ, հեռու երկրէ կու գայ, անձրեւի բռնուեցանք եւ կարելի չէ ճամբան շարունակել. կը խնդրենք որ այս գիշեր մեզի ապաստան տաս ձեր տան մէջ»: Հասան աղան ըսաւ. «բարի, հազար բարի, հիւրը Աստուծոյ է» եւ գիւղական հիւրասիրական սովորութեամբ մեզ ներս ընդունեց: Անմիջապէս պոռաց իր կիներուն – մի քանի կին ունէր - «Ապլա (կնիկ), փայտ բերէք եւ օճախը վառեցէք»: Անմիջապէս որ կրակը վառեցին, ներողութիւն խնդրեցի որ հագուստներս փոխեմ, որոնք լման թրջուած էին: Ուրեմն, իրենց իսկ ներկայութեան, պայուսակս բացի եւ թէ ինծի եւ թէ Յակոբին համար ճերմակեղէններ, շապիկ եւայլն հանելով շուտ մը փոխուեցանք եւ մեր սառած մարմինները կրակին դիմաց տաքցուցինք. իսկ թրջուած հագուստներն ալ, տան մէջ գտնուած ցախերուն վրայ կրակին դէմ կախեցինք որ չորնան:

ՇԱՐ 59  

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝