Յայտարարութիւն

Thursday, March 3, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 60 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆՉՈՐՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 14 – «ԿԵԱՆՔԻ ԱՍՊԱՐԷԶ»


Երբ նստանք, Հասան աղան հարցուց իմ ով ըլլալս: Եւ զորս դու պատուիրեցիր՝ Յակոբը բացաւ իր սուտերուն տոպրակը, ըսելով թէ ես Պաղեստինի Ինկիլիզ Պանքային Միւտիրն եմ (այսինքն անգլիական դրամատան տնօրէնն եմ), շատ զարգացած, բարձր ամսականով, այսինչ, այնինչ ձիրքերու տէր, եւայլն: Խնդուքս հազիւ կրնայի զսպել այս համեմուած սուտերուն ի լուր, սակայն ծանրախոհ կերպարանք մը տալով անձիս՝ ձեւով մը Յակոբին սուտերը կը վաւերացնէի: Հասան աղան հարցուց թէ Քեսապէն որո՞ւն տղան կ'ըլլամ: Այն ժամանակ Յակոբը ըսաւ որ Մանճիկեան Եսայիին թոռնիկն եմ – Եսայի Մանճիկեանը մեծ հօրս մեծ եղբայրն էր, որուն ծանօթ էին շրջանի գրեթէ բոլոր թուրք գիւղերուն աղաները եւ որուն մասին արդէն յիշատակութիւն ըրած եմ այս գիրքին մէջ: Մարդը այս լսելով շատ ուրախացաւ եւ ըսաւ որ Մանճիկ Այսան իր մտերիմ բարեկամն էր, Գարատուրան գիւղին աղան էր, այսպէս կ'երթայինք իր քով, այնպէս կը հիւրասիրէինք երբ մեզի այցելութեան գար. ուրեմն պատիւ ունի ինկիլիզ պանքայի տնօրէն Մանճիկ Այսային թոռնիկը... եւ նման քաղաքավարական խօսքեր: Իսկ ես արդէն մարելու աստիճան անօթեցած էի եւ ըսի Յակոբին. « Ծօ Յակոբ, այս բոլոր խօսակցութիւնները եւ երկարապատումները մեր արդէն իսկ անօթի փորը աւելի կ'անօթեցնեն. դուն լաւ կ'ընես որ ճարը գտնես, մեզի շուտ պատառ մը հաց բերեն, այլապէս հալերնիս եաման է»: Ինք թէ. « Ծօ քիչ մըն ալ համբերէ, որպէսզի որքան քեզ մեծցնեմ՝ այնքան աւելի փառաւոր ըլլան մեր ընթրիքն ու անկողինը...»:

Մինչ այդ, ապլաները արդէն պատրաստութեան մէջ էին եւ քիչ ետք բերին ափսէ մը, մի քանի կտոր հացով, պանիր, ձիթապտուղ եւայլն եւ... շիշ մը օղի: «Վայ քու տունդ չքանդուի, Յակոբ, անօթի փորով օղին ի՞նչ ընեմ» ըսի: Ըսաւ. «դուն մէզէն կեր, ես կը խմեմ օղին»:

Հազիւ թէ մէկ գաւաթ օղի խմած էինք՝ Հասան աղան նշմարեց կրամոֆոնս եւ հարցուց թէ այդ ի՞նչ էր: Ըսի կրամոֆոն: Այդ ժամանակ, այդ գիւղերուն մէջ դեռ կրամոֆոն չէին տեսած, ոչ ալ լսած, ուրեմն չհասկցան: Ըսի այս սնտուկ մըն է որ կ'երգէ: Հարցուց թէ թրքերէն ալ կ'երգէ՞: Ըսի ի հարկ է: Ուրեմն խնդրեց որ երգել տամ: Բարեբախտաբար Պէյրութէն կարգ մը հայերէն երգապնակներու հետ գնած էի նաեւ թրքերէն մի քանի շատ լաւ եղանակներ: Երբ դրի առաջին երգապնակը, որ թրքական գազէլ (սիրային երգ) մըն էր, մարդիկը ապշած մնացին. կիները, դրան քով, երեսնին քօղարկած, մօտեցան լսելու այս աներեւակայելի տուփը, որ ինքնաբերաբար թրքերէն կ'երգէր, եւ այն ալ ինչ անուշ: Եղանակներով Հասան աղան այնքան խանդավառուած էր, որ երբեմն ինքնաբերաբար Ալլահ, Ալլահ կ'ըսէր:

Այլեւս ընթրիքը մոռցան. իսկ ես մտքէս սկսայ անէծք կարդալ Յակոբին ալ, կրամոֆոնին ալ, Հասան աղային ալ: Կամացուկ մը մշտեցի Յակոբին եւ քեսապերէնով ըսի « Ծօ Յակոբ, վե՞րջը... անօթի մեռայ, ձեւ մը գտիր որ ընթրիքը շուտ բերեն»: Քիչ ետք Յակոբը ըսաւ Հասան աղային. « Աղա, գիտես եա, այս ճահիլ ճհուլները առանց կերակուրի օղի չեն կրնար խմել, ասոնք ալաֆրանկա են, կերակուրին հետ կը խմեն, աֆ կ'ընես, եթէ հրամայէիր որ մեզի ընթրիք տան՝ աղային առողջութեան համար լաւ կ'ըլլայ: Հասան աղան ըսաւ « հէլպէթ, հէլպէթ, աֆ կ'ընես, էֆէնտի, ատիկա բնաւ չմտածեցի...» եւ ապլա պոռալով հրամայեց որ ընթրիքը բերեն: Եւ ինչե՝ր ըսես որ չբերին... տապկուած հաւ մը, եղինձէ փիլաւ, մածուն, կարագ, պանիր, մեղր եւ բոլոր գիւղական բարիքները: Ալ չեմ գիտեր թէ պատիւը Մանճիկ Այսայի՞ն էր, ինկիլիզ պանքայի միւտիր թոռնիկի՞ն թէ երգող սնտուկ կրամոֆոնին: Ինչ ալ ըլլար, անօթի գայլերու նման սկսանք ուտել: Ակամայ, կամաց-կամաց կ'ուտէի, պարզապէս մեր չտեսութիւնը չյայտնելու համար, հակառակ անոր որ փափաքը ունէի արագ արագ լափելու այդքան անօթութենէ ետք: Բնական է, Յակոբին ցուցմունքէն դուրս կարելի չէր դուրս գալ՝ պէտք էր օղին ալ հետը խմել եւ այդպիսով ցոյց տալ որ այդ էր մեր սովորութիւնը:

ՇԱՐ 60

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝