Յայտարարութիւն

Friday, March 4, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 61 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆՉՈՐՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 14 – «ԿԵԱՆՔԻ ԱՍՊԱՐԷԶ»


Անմիջապէս որ ընթրիքը լրացաւ, շարունակեցի թրքերէն սկաւառակներ դնել եւ կարծէք թէ ոչ միայն տնեցիները այլ ամբողջ գիւղը լեցուեցաւ աղային հիւրասենեակը, մտիկ ընելու համար այդ Ճանաւարը(վայրի կենդանին): Արդէն օղիի ազդեցութեան եւ սենեակի կրակէն ու ներկաներու շունչէն, սենեակը հիանալիօրէն տաքցած էր, իսկ իմ աչքերս, օրուան յոգնութենէն, լաւ ընթրիքէն եւ օղիի ազդեցութենէն, սկսած էին ինքնաբերաբար գոցուիլ: Յակոբը տեւական կը մշտէր, ըսելով. «Ծօ՛, ամօթ է, քիչ մըն ալ համբերէ», իսկ իմ ալ համբերութիւնս հատնելով ըսի. «մարդէն ներողութիւն խնդրէ որ քնանամ. եթէ իրենք կ'ուզեն՝ կրամոֆոնն ալ իրենց մնայ, թող միւս սենեակը անցնին եւ եթէ ուզեն, մինչեւ առաւօտ թող նուագեն»: Աղան հարցուց Յակոբին թէ ի՞նչ կ'ուզէր էֆէնտին: Յակոբը ըսաւ. « աֆ կ'ընես, Հասան աղա, էֆէնտին շատ յոգնած է, եւ քանի վաղն ալ ճամբորդ ենք, արտօնութիւն կը խնդրէ որ քնանայ: Գիտես եա, Հասան աղա, քեզմէ չի կշտացուիր, իշալլա մեզ մօտ կու գաք եւ Մանճիկ Այսայի թոռունը ձեզի ալ փոխադարձաբար հիւրասիրելու պատիւը կ'ունենայ...»: Հասան աղան թէ՝ «հէլպէթ, հէլպէթ, ինչպէս ալ չմտածեցի որ էֆէնտին կրնայ յոգնած ըլլալ» եւ սկսաւ հիւրերուն կամացուկ մը հասկցնել որ մեկնին:

Հակառակ իրենց փափաքին՝ մարդիկ սկսան ցրուիլ, քանի որ մեր քնանալիք սենեակը այդ նոյն հիւրասենեակն էր: Հասան աղան պոռաց. «ապլա, անկողինները բերէք եւ էֆէնտիին տեղը փռեցէք»: Եւ իրապէս, ապլաները երկու անկողին իրարու վրայ փռեցին ինծի համար, շատ մաքուր բուրդէ վերմակով, իսկ Յակոբին մէկ անկողին եւ բուրդէ վերմակ եւ բարի գիշեր մաղթելով քաշուեցան սենեակէն որպէսզի քնանանք: Յակոբը թէ՝ «ծօ՛, լակոտ, քեզի եթէ այսպէս չմեծցնէի, ո՛չ այս փառաւոր ընթրիքը կ'ուտէիր, ո՛չ ալ այս փառաւոր անկողինը կ'ունենայիր, եւ երկուքս ալ սաթլըճանէն կը սատկէինք»: Խնդուքս որ մինչ այդ զսպած էի՝ չկրցայ պահել եւ ըսի. «ուրկէ՞ հանեցիր ինկիլիզ պանքայի միւտիրը եւ Մանճիկ Այսայի թոռունը»: Պատասխանեց. «Ծօ՛, Ճորճ Մանճիկեան չէ եղեր, թող ըլլայ Մանճիկ Այսա, ան ալ ձեր պապուկն էր եւ մանաւանդ այս շրջանին ծանօթ: Իսկ եթէ ըսէի որ հասարակ գրագիր պաշտօնեայ մըն ես՝ քանի՞ փարա կու տային... Դուն նայէ որ ամէն օյինպազութիւնը (ճարպիկութիւն, խեղկատակութիւն) ես ըրի, իսկ քեզի ինկաւ լաւ բաժինը, քեզի տուին երկու տէօշէկ իսկ ինծի՝ մէկ...»: Յակոբը թելադրեց որ առաւօտուն աղայութիւնս լաւ կեղծեմ. «Հա՛, երբ մնաք բարով ըսես Հասան աղային, ճէպիդ(գրպանիդ) մէճիտները շրխկացուր եւ ափը դիր. Գիտեմ որ դրամ պիտի չառնէ բայց դուն պնդէ, ինքն ալ թող չառնէ»:

Այսպէս, կատակելով, փափուկ անկողիններուն մէջ մտանք եւ փառաւոր քնացանք: Իրապէս, այդ հանգստաւէտ անկողինը մեզ փրկեց հիւանդանալէն: Առաւօտուն, արեւը ծագելէն ետք, հագուեցանք ու ճամբայ ելանք: Խորին շնորհակալութիւն յայտնեցի Հասան աղային իմ կոտրտուած թրքերէնովս եւ մնաք բարով ըսած ժամանակ ափին մէջ դրի բուռ մը մէճիտներ: Այս տեսնելով, մարդը բարկացաւ, ըսելով. «այս ի՞նչ է էֆէնտի, մեզի պատիւ էր ձեզ հիւրասիրելը, իսկ դրամ առնելը  ամօթ է»:  Ըսի որ այս ձեզի համար չէ այլ իմ կողմէս չօճուխներուն մէյ մէկ նուէր առնելու համար: Մերժելով մերժեց, ինչը, որ արդէն Յակոբը նախատեսած էր: Յետոյ, Ապլան ծրար մը յանձնեց Յակոբին, ըսելով թէ այդ մեր նախաճաշն էր ճամբան ուտելու համար: Ուրեմն, հիւրասիրութիւնը չէր բաւեր, Հասան աղան նոյնիսկ մտածած էր մեր նախաճաշն ալ տալ: Առաւօտը պայծառ էր եւ արեւոտ. ջորիին վրայ նստելով եւ կրկին շնորհակալութիւն յայտնելով, ուղղուեցանք դէպի անտառին արահետը:

ՇԱՐ 61

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝