Յայտարարութիւն

Saturday, March 5, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 62 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆՉՈՐՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 14 – «ԿԵԱՆՔԻ ԱՍՊԱՐԷԶ»


Առաւօտեան ժամը 8-ի ատենները հասանք Քեսապի կէս ճամբուն վրայ, անտառներու մէջ գտնուած աղբիւր մը: Հոն նստանք եւ բացինք Հասան աղային տուած նախաճաշի ծրարը, ուր կային խաշուած հաւկիթ, պանիր ու մեղր: Աղբիւրին մօտ նստած փառաւոր նախաճաշելէ ետք շարունակեցինք մեր ճամբան եւ կէսօրուան մօտ հասանք Քեսապ:

Ութ երկար տարիներու բացակայութենէ ետք կրկին ոտք կը դնէի ծննդավայրիս հողերուն վրայ: Ինչ երջանկութիւն եւ ուրախութիւն ինծի համար, շուրջս կը նայէի եւ չէի կշտանար:

Յակոբենց տունը սուրճ մը առնելէ ետք ճամբայ ելանք դէպի պապենական գիւղս՝ Գարատուրան: Տեսնողներ արդէն ժամ առաջ մեր տուն կ'երեւի լուր հասցուցած էին, որովհետեւ գիւղէն տակաւին կէս ժամ հեռաւորութեան վրայ տեսայ որ երիտասարդներու բազմութիւն մը, զէնք պարպելով զիս դիմաւորելու կու գան, անոնց մէջ ըլլալով մեծ եւ փոքր եղբայրներս՝ Յովսէփն ու Նշանը, այս վերջինս արդէն 19 տարեկան էր: Բոլոր ազգականներս եւ համարեա լման գիւղը ոտքի էր զիս դիմաւորելու եւ բարի գալուստ մաղթելու համար. Չէ՞ որ երկար տարիներ ետք ղուրպաթէն(Պանդխտութենէ) կու գայի...: Բառեր չեմ գտներ մերոնց եւ իմ ուրախութիւնս նկարագրելու: Ես մեծցած էի արդէն, գրեթէ 23 տարեկան իսկ բոլոր նախկին ծանօթ մանուկները դարձած էին երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ. կային նորեկներ, որոնք իմ մեկնելէս ետք ծնած ու մեծցած էին: Մանճիկեան գերդաստանը վերագտած էր նախա Ապրիլեան Եղեռնի թիւը: Տուները՝ վերաշինուած, պարտէզներն ու արտերը ՝ խնամքով մշակուած, գիւղը, նախկինին պէս , կենդանիներով լեցուն. մէկ խօսքով, Հայ շինարար ժողովուրդի ներկայութիւնը ամէնուրեք զգալի էր:

Օրերով, գիւղի մօտիկ ու հեռաւոր ազգականներ ու ծանօթներ շարան-շարան եկան ու բարի գալուստ մաղթեցին՝ ըստ գիւղական սովորութեան, եւ ամէն օր գրեթէ, ազգականներէն մէկը զիս կը հիւրընկալէր: Երիտասարդներուն հետ քանի մը անգամ սրբավայրերու մէջ, աղբիւրներու մօտիկ, մատաղներ մորթելով խնճոյքներ կազմակերպեցինք եւ ամբողջ 20 օր հիանալի եւ անմոռանալի ժամանակ անցուցի գիւղիս մէջ: Երբ պիտի մեկնէի, առաջարկեցի մօրս որ փոքր քոյրս, Զապէլը, որ այն ժամանակ 14 տարեկան էր, հետս ղրկէ, որպէսզի թէ տունը ինծի օգտակար ըլլայ եւ թէ զինք կարենայի դպրոց ղրկել: Մայրս հաւանութիւն տուաւ եւ քոյրս հետս առած 1928-ի Յունիսի վերջերը վերադարձայ պաշտօնիս՝ Եաֆա:

Պարոն Քասսարին քով աշխատեցայ մինչեւ 1933 թուականը, կարեւոր պաշտօն եւ ամսական ձեռք ձգելով: 25 տարեկանիս մտածեցի ամուսնանալ եւ ընտանիք կազմել: Բարեկամներ ինծի յանձնարարեցին հանդիպիլ Օրիորդ Եղիսաբէթ Ալուզեանին, Աֆիոն-Գարահիսարցի, հօրմէ եւ մօրմէ որբ աղջիկ մը, որ այն ատեն Երուսաղէմի պետական հիւանդանոցին մէջ դայակութիւն կ'ուսանէր – արդէն ատկէ քանի մը տարի առաջ հիւանդապահուհիի վկայականը ստացած էր, Կազա քաղաքի CMC միսիոնարական հիւանդանոցէն: Քանի որ մէկը չունէի որ ղրկէի աղջիկ ուզելու՝ պատրուակով մը գացի հիւանդանոց եւ ուզեցի օրիորդը տեսնել: Ասկէ անկէ խօսելէ ետք համակրելի թուեցաւ ինծի եւ Եաֆա վերադառնալէս ետք նամակով մը հասկցուցի թէ կը փափաքէի ձեռքը խնդրել: Երբ չպատասխանեց, յաջորդ Կիրակի անձամբ գացի առաջարկս կրկնելու, սակայն օրիորդը պատրուակեց որ ուսումը կ'ուզէ շարունակել, եւայլն: Ըսի թէ այդ արգելք չէ եւ կրնանք իր վկայականը առնելէն ետք ամուսնանալ, պայմանաւ որ մինչ այդ նշանուինք: Կ'երեւի ուզեց իմ մասիս հարցուփորձել, ատոր համար մէկ ամիս պայմանաժամ խնդրեց վերջնական պատասխան մը տալու համար, որուն սիրով յօժարեցայ: Ինքն ալ մէկը չունէր որուն միջոցաւ կարելիութիւն ունենար իմ մասիս լաւ տեղեկութիւններ ստանալ: Ուրեմն կը մտածէ որ լաւագոյնն է երթալ եւ աշխատած տեղիս տնօրէնին՝ Պրն Քասսարին հարցնել – այս մասին տեղեկացայ մեր ամուսնութենէն ետք միայն: Ապագայ կինս կու գայ Եաֆա եւ առանց ինծի երեւնալու, ուղղակի կ'երթայ Պրն Քասսարին բնակարանը, քաղաքէն դուրս իր ունեցած նարինջի պարտէզներուն մէջի շէնքը եւ ունկնդրութիւն կը խնդրէ: Պրն Քասսարը Եաֆայի ամենէն հարուստ եւ զարգացած անձնաւորութիւններէն մէկն էր, բնիկ մալթացի եւ ունէր մէկ աղջիկ զաւակ:

ՇԱՐ 62

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝