Յայտարարութիւն

Sunday, March 6, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 63 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆՉՈՐՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 14 – «ԿԵԱՆՔԻ ԱՍՊԱՐԷԶ»


Սովորական բարեւներէն ետք Պրն Քասսար կը հրաւիրէ Եղիսաբէթը որ նստի եւ կը հարցնէ իր այցելութեան պատճառը: Եղիսաբէթ կ'ըսէ որ հօրմէ եւ մօրմէ որբուհի է, վկայեալ հիւանդապահուհի, եւ այժմ դայեակութեան ուսանող պետական հիւանդանոցին մէջ: Առանց այլեւայլի կը հարցնէ Պրն Քասսարին թէ՝« Եթէ ուզէիք ձեր մէկ հատիկ աղջիկը ամուսնացնել՝ պիտի փափաքէի՞ք որ դժբախտ եւ ապերջանիկ ըլլար: Արդ, քանի որ ես մէկը չունիմ եւ ձեր քով աշխատող Ճորճ Մանճիկեանը ձեռքս կը խնդրէ՝ մտածեցի որ դուք զինք լաւագոյն ճանչցողը պիտի ըլլաք, քանի որ երկար ատենէ ի վեր ձեր մօտ կ'աշխատի: Ուրեմն, կ'ուզէի ձեր անկեղծ կարծիքը ունենալ այդ երիտասարդին մասին, որպէսզի որոշումս տամ եւ դժբախտ չըլլամ ապագային»: Այս հարցումը, ինչպէս տնօրէնս յետոյ կը պատմէր, յուզիչ կը թուի իրեն եւ երկար մտածելէ ետք կը պատասխանէ. « Աղջիկս, Ճորճը ես մեծցուցած եմ եւ իմ քովս մարդ եղած է. ճարպիկ եւ ուշիմ է: Հաւանական է որ շլացուցիչ ամսական մը չունի, սակայն կը կարծեմ որ իր ապագայ կինը կրնայ երջանկացնել: Ուրեմն կը յանձնարարեմ որ ընդունիք իր առաջարկը, եւ եթէ ընդունիք՝ ես իբրեւ իմ զաւակը քեզ իրեն պիտի յանձնեմ ձեր պսակին ընթացքին»:

Զարմացայ, որ մէկ ամսուան պայմանաժամը չլրացած Եղիսաբէթը ինծի գրեց որ կ'ընդունի, հետեւաբար 1930-ի Դեկտեմբեր 31-ի գիշերը նշանուեցանք: Դայեակութեան վկայականը ստանալէն ետք մեկնեցաւ Ամման որպէս տնօրէն-հիւանդապահուհի Բժիշկ Փըրնէլի հիւանդանոցին մէջ: Մէկուկէս տարի նշանուած մնալէ ետք, 1932 Յունիս 12-ին ամուսնացանք: Մեր ամուսնական 27 տարիներու ընթացքին-մինչեւ այս տողերը գրելս 1958-ին – ապրած ենք խաղաղ եւ երջանիկ. միայն մէկ դժբախտութեան հանդիպած ենք՝ այն ալ մեր անզաւակ մնալն է...:

Եաֆայի մէջ պաշտօնավարութեանս շրջանին ունեցայ նաեւ հանրային բեղուն կեանք մը: 1925-ի Ապրիլին, մի քանի ընկերներու հետ հիմնեցինք Հայ Կրթասիրաց Հայկաշէն Միութիւնը: Որքան կը յիշեմ հիմնադիր անդամներն էին Նիկողոս Նիկողոսեան, Ոսկան Սահակեան, Վարդիվառ Սարգիսեան, Նիկողոս Խաշխաշեան, Լեւոն Ալթըփարմաքեան, Աբգար Կազմարարեան եւ Ճորճ Մանճիկեան: Առաջին առիթով միութեան համար հիմնեցինք գրադարան մը, զոր զետեղեցինք Պրն Ոսկան Սահակեանի խանութին մէկ անկիւնը, քանի որ ակումբ չունէինք: Առաջին մօտ 100 գիրքերը հաւաքուեցան ընկերներու եւ բարեկամներու նուէրներէն: Իմ տքնաջան հետապնդումներուն շնորհիւ միութիւնը պաշտօնապէս վաւերացուեցաւ տեղական անգլիական իշխանութիւններէն: Մի քանի տարի ետք ունեցանք սեփական մեր ակումբը եւ անդամներու թիւը երբեմն բարձրացաւ մինչեւ 120: Հայկաշէն Միութիւնը 1925-էն մինչեւ օրս՝ 1958 գոյութիւն ունի Եաֆայի մէջ: Ունեցած է բեղուն գործունէութիւն, ոգեկոչելով, ամէն տարի, մեր բոլոր ազգային տօները, կազմակերպւած է դասախօսութիւններ, ներկայացումներ, համերգներ, գիշերային դպրոցական դասընթացքներ: Ունեցած է նաեւ իր մարզական եւ ֆութպոլի խումբերը եւ սկաուտական կազմը եւ եղած է ընտանեկան, երիտասարդական ազգային հաւաքավայր, վառ պահելով հայկական աւանդական արժէքները: Ես մինչեւ օրս կը մնամ Հայկաշէնի պատուոյ անդամ, որպէս հիմնադիրներէն մին: Եաֆա բնակութեանս ամբողջ տեւողութեան, գրեթէ ամէն տարի միութեան վարչութեան անդամ եղած եմ եւ քանիցս վարած անոր ատենապետութեան պաշտօնը:

ՇԱՐ 63

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝