Յայտարարութիւն

Monday, March 7, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 64 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆՉՈՐՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 14 – «ԿԵԱՆՔԻ ԱՍՊԱՐԷԶ»


1928-ին, Խանասորի արշաւանքին տօնակատարութեան առթիւ, Յուլիսի մէջ, Հ.Յ. Դաշնակցութեան անդամ մկրտուած եմ կնքահայրութեամբ Վահան Նաւասարդեանի, Համաստեղի եւ Օննիկ Մաճառեանի, որոնք այդ տօնակատարութեան առիթով Եաֆա եկած էին եւ այդ օրուան հանդիսութեան ալ բանախօսեցին:Ուրեմն 1928-էն ի վեր ՀՅԴ-ի շարքերուն մէջ եղած եմ եւ կը մնամ մինչեւ մահս: Պաղեստինի մէջ եղած եմ կուսակցական զանազան մարմիններու մէջ՝ խմբապետ, ենթակոմիտէի հերթապահ, կոմիտէի անդամ եւ իմ համեստ կարողութեամբս իմ բաժին ծառայութիւնը այդ ձեւով մատուցած եմ իմ սիրելի կուսակցութեանս: Սակայն 1948-ի պաղեստինեան տխուր արտագաղթին պատճառով, Պաղեստինի Հայ գաղութն ալ արտագաղթեց արաբներուն հետ միասին եւ գաղութին 10 առ հարիւրը մնաց միայն Իսրայէլի մէջ:

Իմ պաշտօնս շարունակեցի Եաֆայի մէջ մինչեւ 1939-ի վերջաւորութիւն, որպէս Prince Line նաւային ընկերութեան բարձրագոյն պաշտօնեան (chief clerc), երբ պատերազմի բերումով նաւեր դադրեցան Եաֆայի նաւահանգիստը գալէն: 1940-ին, որպէս ընկերութեան Հայֆայի մասնաճիւղի տնօրէն, զիս ուղարկեցին Հայֆա, ուր մնացի մինչեւ 1940-ի վերջը եւ պաշտօնէս ելայ միայն այն ժամանակ երբ նաւային երթեւեկը դադրեցաւ նաեւ Հայֆայի նաւահանգիստէն ներս: Ուրեմն կրկին Եաֆա վերադարձայ եւ ժամանակաւոր փոքր պաշտօնով մը զբաղեցայ մինչեւ 1941-ի ՕգոստոսԸ:

1941-ի Սեպտեմբերին պաշտօնի կոչուեցայ Երուսաղէմի մէջ United Kingdom Commercial Corporation ընկերութեան կողմէ՝ որպէս նաւային եւ առեւտրական գործառնութեանց մասնագէտ, փոխ տնօրէնի աստիճանով եւ բաւական բարձր ամսականով: Այս ընկերութիւնը Անգլիական Պատերազմական Նախարարութեան առեւտրական մասնաճիւղն էր Միջին Արեւելքի մէջ, որուն պարտականութիւնն էր ոչ միայն հոգալ պարէնաւորումը Միջին Արեւելքի պետութիւններուն, այլ նաեւ գնել այն բոլոր ապրանքները – հոգ չէ թէ ծով թափելու նպատակով – որոնք կրնային թշնամի գերմանացիները գնել: Մէկ խօսքով, տնտեսական պլօքիւսն էր Գերմանիոյ: Ուրեմն այս ընկերութեան փոխ տնօրինութիւնը յաջող կերպով վարեցի չորս տարի, մինչեւ Սեպտեմբեր 1945, արժանանալով Պատերազմական նախարարութեան գրաւոր գնահատանքին:

ՇԱՐ 64

ՎԵՐՋ 14ՐԴ ԲԱԺԻՆԻՆ

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝