Յայտարարութիւն

Thursday, March 10, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 67 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 15 – «ՌՈՒԲԷՆ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ ՀԵՏ»


Ծանօթ.

Երբ այս տողերը կը մեքենաշարէի՝ Սիտնիէն հեռաձայնով կապուեցան «Յուշեր»ը ընթերցող Տէր եւ Տիկին Ժագ եւ Մարի Թերզեանները: Նախկին երուսաղիմաբնակներ: Պարոն Ժագը տեղեկացուց ինծի որ նախորդ էջերուն մէջ յիշուած անուններուն մեծամասնութիւնը, ըլլայ Երուսաղէմէն, ըլլայ Եաֆայէն, կը ճանչնայ եւ իւրաքանչիւրին մասին հակիրճ երկու խօսք ըրաւ: Կը ճանչնար նաեւ «դաւաճան»ին տղան, որուն անունը ինքն ալ չէր յիշեր: Դժբախտաբար Գէորգ Մանճիկեանին բնաւ չէ հանդիպած: Յուշեր արթնցած էին իր մէջ: Ես ալ շատ ուրախացայ որ ուրախացուցած էի զինք եւ ուզեցի այս ուրախութիւնը միւս ընթերցողներուս հետ ալ բաժնել: Շնորհակալութիւն Տէր եւ Տիկին Թերզեաններուն: (ՆՊ)

----------------------------------------------------------

Եղիսաբէթ Երուսաղէմի Հայ Կարմիր Խաչի Մասնաճիւղին ատենապետուհին էր: Վարչական իրենց մէկ ժողովին կ'երեւի թէ քննադատութիւններ եղած էին եւ շատ ջղայնացած տուն եկաւ եւ սկսաւ տրտռալ ու գանգատիլ թէ չարժեր այս ժողովուրդին համար աշխատիլ, թէ միայն քննադատել գիտեն եւ երբ գործի անցնելու ժամը գայ՝ ամէն ոք փախուստ կու տայ եւայլն... եւ նման տրտունջներ: Ընկեր Ռուբէնը միջամտեց, թէ՝ «ի՞նչ կարծեցիր, ան որ հանրային գործ պիտի ընէ, նկատի պիտի ունենայ որ կը քննադատուի, կը քաշքշուի եւ նոյնիսկ կ'ապտակուի...»: Եղիսաբէթ պատասխանեց թէ «կարելի՞ է այսքան ծառայելէն ետք ապտակուի՞լ ալ...»: Ասոր վրայ Ռուբէն պատմեց հետեւեալ դէպքը որ պատահած է Մշոյ շրջանին մէջ:

 

«Երբ ֆերայական ընդհանուր ժողովի մը մէջ, Գէորգ Չաւուշի ներկայութեամբ, որոշում կայացաւ թէ ժամանակ մը ֆետայիները անյայտ պիտի մնան, որոշուեցաւ նաեւ որ մտաւորական ընկերներ կարգով ղրկուին գիւղերը յեղափոխական քարոզչութիւն ընելու եւ համոզելու գիւղացիները որ զինուին: Ուրեմն ինծի վիճակուեցաւ «Ք» գիւղը երթալ եւ ժողովուրդին հետ հանդիպիլ, խօսիլ եւ պատրաստել որ զէնք գնեն: Կարծեմ Խնուսի շրջանի գիւղերէն մին էր, ուր տակաւին յեղափոխական քարոզչութիւն չէր եղած: Հասարակ, ոչ ֆետայական հագուստներս հագած եւ քովս միայն փոքր ատրճանակ մը պահած՝ գացի որոշուած գիւղը եւ ուղղակի գիւղապետին ներկայացայ եւ խնդրեցի որ երիտասարդութիւնը հաւաքէ, որպէսզի յեղափոխականներու կողմէ իրենց ըսելիքներս փոխանցեմ: Ուրեմն, հաւաքուեցան իրենց փոքրիկ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, ուր, որքան հնարաւոր էր, իրենց բարբառով սակայն արեւելահայերէնով խառն, սկսայ քարոզել թէ ձեր գիւղը պէտք է զէնք գնէ եւ նոյնիսկ առաջարկեցի քանակը, եւ եթէ դուք կարող չէք գնել՝ դրամը կրնաք յանձնել յեղափոխականապետին եւ ան ձեզի պէտք եղած զէնքերը կը հայթայթէ, եւայլն: Ուշի ուշով մտիկ ընելէ ետք, գիւղապետը, որ հսկայ մարդ մըն էր, ինծի մօտեցաւ եւ ըսաւ. ' Էդ լաւ է որ վարժապետի նման կը ժղլես, սակայն ձեռքէդ բան չի գար այս ղըլաֆաթովդ (երեւոյթովդ, հագուստ կապուստովդ) ', եւ այս ըսելով այնպիսի ապտակ մը զարկաւ, կորի՛ր ըսելով, որ աչքերէս կրակ դուրս ժայթքեց: Սակայն ինչ կրնայի ընել, ունեցածս փոքրիկ ատրճանակ մըն էր միայն եւ յետոյ՝ չէի ուզեր եւ չէի կրնար զայն գործածել իմ հայրենակիիցներուս դէմ: Ուրեմն, տխուր-տրտում ետ դարձայ: Հեռուէն, երբ Գէորգ Չաւուշ տրտում կերպարանքս տեսաւ, հասկցաւ անմիջապէս թէ բան մը պատահած էր ինծի, եւ Սպաղանաց Մակարին հետ սկսաւ զիս ծաղրել, ըսելով թէ մեր պարոնը գիւղացիներէն ծեծ կերած էր:

Երբ դէպքը պատմեցի, տղաքը,մանաւանդ Մակարն ու Աւրանայ Արամը կրակ ու բոց կտրեցան, ըսելով թէ ինչպէ՞ս մեր պարոնը ծեծեն (մեր պետը ըսել կ'ուզէին), պէտք է երթալ եւ այդ գիւղը լաւ մը պատժել: Փոթորիկ մըն էր որ փրթաւ ֆէտայիներուն մէջ: Իսկ ես ըսի թէ այո՝ պէտք է երթալ եւ մեր իսկական ֆէտայական կերպարանքը ցոյց տալ բայց ոչ թէ պատժելու այլ այդ գիւղը սիրաշահելու եւ մեր դատին ծառայեցնելու համար: Գէորգ Չաւուշն ու ես հրահանգեցինք որ լրիւ ֆետայական հագուստներով եւ ձիաւոր երթանք այդ գիւղը, անմիջական կարգադրութիւնները ձգելով ինծի:

ՇԱՐ 67   

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝