Յայտարարութիւն

Saturday, March 12, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 69 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 15 – «ՌՈՒԲԷՆ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ ՀԵՏ»


Օր մը, Ռուբէնը, Եղիսաբէթն ու ես կը վիճաբանէինք ամոլներու միջեւ սիրոյ մասին. իմ պաշտպանած թէզս էր թէ գիւղացի ամոլներու միջեւ սէրը աւելի մաքուր կ'ըլլայ քան քաղաքի ամոլներուն, այսինքն, ամուսիններ թէ կիներ իրար նւազ կը դաւաճանեն, ինչ որ աւելի յաճախակի է քաղաքի բնակիչներուն մօտ քան գիւղերու: Ռուբէն կը պնդէր որ սէրը նոյնն է ամէն տեղ եւ թէ կիրքը քաղաք կամ գիւղ չի ճանչնար: Երբ վիճաբանութիւնը սաստկացաւ, Ռուբէն յանկարծ ըսաւ. «գիտէ՞ք որ յեղափոխութիւնը իր փէզէվէնկութիւնն (կաւատութիւն, բայց այստեղ գործածուած է որպէս շնութիւն, անհաւատարմութիւն) ալ ունի...: Գիտեմ պիտի հարցնէք թէ ինչպէ՞ս: Քիչ մը աղտոտ է եւ Եղիսաբէթին ներկայութեան պէտք չէ պատմեմ, յուշերուս մէջ ալ չեմ կրնար գրել, թէեւ շատ զուարճալի բան է...»: Եւ վերյիշելով պատահածները սկսաւ քահ քահ խնդալ: Մեր պնդումին վրայ, մեր նիւթին կապակցութեամբ պատմեց հետեւեալ դէպքը, որուն ականատես եղած էր յեղափոխութեան շրջանին.

 

« Օր մը որոշուեցաւ որ երթանք «Գ» գիւղը, ուր ունէինք կոմիտէութիւն մը: Գիւղին մուտքին կար զինուորական պահականոց մը իսկ գիւղին կէս բնակչութիւնը Հայ էր, միւս կէսը՝ Քիւրտ: Ուրեմն ցերեկը կարելի չէր մեզի այդ գիւղը երթալ: Այդ օրուան որպէս առաջնորդ նշանակուեցաւ մեր աննման Աւրանայ Արամը – Արամ Տէր Վարդանեան: Նման արշաւանքներուն ընտրուած առաջնորդ-խմբապետը կ'ըլլար հրամանատարը եւ բոլորն ալ պարտաւոր էին անոր ցուցմունքներով շարժելու, որ եթէ որեւէ սխալ թոյլ տար՝ պատասխանատուութեան կը կանչուէր:

 

«Ցուրտ գիշեր մըն էր, գիւղի մօտիկ գետակն ալ սառած էր, որ պահակատունէն մօտ յիսուն քայլ անդին կը գտնուէր: Երբ յուշիկ-յուշիկ գետը կ'անցնէինք, մեր ընկերներէն մէկը կոտրած սառի հանդիպելով՝ գետը խրուեցաւ եւ քովի ընկերները հազիւ կրցան զինք անաղմուկ իր ոտքերուն վրայ դնել: Գետակը անցնելէն ետք, մութին եւ գետնի վրայէն գրեթէ սողալով անցանք պահակատունը եւ գիւղին առաջին տան ախոռին դրան փայտէ նիգը վեր ընելով՝ ներս մտանք: Զգացինք որ յարդանոց մըն է, սակայն չէինք գիտեր Հայու թէ Քիւրտի կը պատկանէր: Արամը ըսաւ. «ընկերներ, քանի որ բոլորդ ալ թրջուած էք, եւ ժամը կէս գիշերէն ետք մէկն է, կը յանձնարարեմ որ հանգիստ ընէք եւ յարդին մէջ թաղուիք որպէսզի տաքնաք, միայն ձեր քթածակերը դուրս մնալու պայմանաւ: Արգիլուած է հազալ կամ փռնգտալ»: Արամը ըսաւ որ առաւօտուն անպայման մէկը պիտի գայ այս յարդանոցը, որ կենդանիներուն կեր տանի. եթէ Հայ է՝ կը պարտադրենք որ մեր ընկեր հերթապահին տունը ցոյց տայ իսկ եթէ Քիւրտ է՝ կրնանք խեղդել: Արամը շեշտեց որ մինչեւ ինք յարդին մէջէն դուրս չգայ, որեւէ ընկեր տեղէն չշարժի, ինչ ալ ըլլան պայմանները:

 

Ուրեմն, բոլորս ալ, ըստ հրահանգին, մերկացանք եւ յարդի դէզին մէջ թաղուեցանք, մօտ 15 անձ, կողք կողքի: Իրապէս ալ, մինչ մեր հագուստները կը չորնային յարդի դէզին ետեւի կողմը, մենք, յարդին մէջ խրուած, աստիճանաբար կը տաքնայինք: Այսպէս մի քանի ժամ մնալէ ետք, առաւօտեան մութն ու լուսուն, դրան նիգը զրնգաց եւ ներս մտաւ աղջիկ մը, իւղէ ճրագ մը եւ կողով մը ձեռքին... Տղաքը յարդին մէջ սկսան իրարու ձեռք սեղմել, սակայն չէր կարելի այդպէս մերկ կերպարանքով կնոջ մը առջեւ ելլել, ուրեմն լռեցինք: Ի հարկէ, լոյսը իր ձեռքին մէջ ըլլալով մեզ չէր կրնար նշմարել. իսկ մենք կը դիտէինք եւ անհամբեր կը սպասէինք որ աղջիկը յարդը առնէ եւ երթայ: Աղջիկը զամբիւղը յարդով լեցնելէ ետք, ճրագը գետին մէկդի դրաւ եւ յարդով լեցուն զամբիւղին վրայ նստաւ: Մօտ 10 վայրկեան ետք, դրան նիգը դարձեալ ճռնչեց եւ ներս մտաւ երիտասարդ մը, որ անուշ-անուշ աղջկան հետ սիրաբանելէն ետք, հայերէն լեզուով, եւ գործերնին մեր առջեւ լրացնելով... նախ աղջիկը ապա տղան իրենց կողովներով հեռացան: Հազիւ դուրս ելած էին, տղաքը այլեւս Արամին հրահանգին չսպասեցին եւ խնդուքով մէջտեղ ելան. այնքան զուարճալի էր տեսարանը որ ոչ ոք կրնար խնդուքը զսպել: Անմիջապէս հագուեցանք եւ հագուստով անմիջապէս յարդին մէջ թաղուեցանք, որքան որ կարելի էր»:

 

ՇԱՐ 69  

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝