Յայտարարութիւն

Sunday, March 13, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 70 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 15 – «ՌՈՒԲԷՆ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ ՀԵՏ»

 


Սիրելի ընթերցող ընկերներ, բարեկամներ, հարազատներ,

 

Մէկ շաբաթէն Գէորգ Մանճիկեանի «Յուշեր» գիրքի թերթօնի հրատարակութիւնը պիտի աւարտի: 123 էջ արտատպած պիտի ըլլանք եւ կարդացած: Ձեր բոլորին վարձքը կատար: Ձեր քաջալերանքը զիս կը մղէ որ թերթօնի դրութիւնը շարունակեմ: Տակաւին չեմ որոշած թէ ո՞ր հեղինակին գիրքը պիտի մատուցեմ: Միտքս հանգուցեալ Երուանդ Պարսումեանի  «Արեւորդիները» վէպն է: Վստահաբար շատերու անծանօթ է այս գիրքը նաեւ հեղինակը: Միտքս նաեւ շատ ճանչցուած հեղինակներ ներկայացնելը չէ, այսինքն՝ Րաֆֆի, Ահարոնեան, Կոստան Զարեան, Ռուբէնի յուշեր եւայլն, այլ նուազ ճանչցուած բայց տաղանդաւոր եւ հետաքրքրական նիւթով: Եթէ առաջարկներ ունիք՝ մի զլանաք կատարելու, սակայն ընտրութեան իրաւունքը ինծի թող վերապահուի:

 

Ուրիշ խնդրանք մըն ալ ունիմ ընթերցողներէն: Բոլոր անոնք որ ընթերցեցին Յուշեր-ը, խնդրեմ Comment ներուն մէջ գրեցէք « ԸՆԹԵՐՑԵՑԻ ԿԱՄ I READ»: Պարզապէս իմանալու համար թէ քանի՞ ընթերցող ունեցաւ այս գիրքը, որ առանց թերթօն հրատարակութեան՝ զէրօ ընթերցող պիտի ունենար: Վիճակագրութիւն պահել կը սիրեմ ես: Վիճակագրութիւնները առաջնորդողի փառք կը վայելեն իմ մօտս:

 

Կանխայայտ շնորհակալութեամբ եւ երախտագիտութեամբ՝

Նշան Պասմաճեան

 

 

Ռուբէն շարունակեց:

«Հազիւ կէս ժամ անցած կրկին մէկը ներս մտաւ զամբիւղով, եւ ո՞վ ըլլայ աղէկ, ճիշտ մեր փնտռած անձը, կոմիտէի հերթապահը: Երբ, յանկարծ, Արամին հետ միասին դէմը տնկուեցանք՝ ապշած մնաց վախէն, աւազակներ կարծելով, եւ կարծես լեզուն կարկամեցաւ... սակայն երբ լոյսը դէմքիս մօտեցուցի՝ անմիջապէս ճանչցաւ եւ ըսաւ. «այ դուն ես Ռուբէն»: Համբուրուելէն ետք ըսաւ որ իր տունը ճիշտ կողքի տունն է եւ յանձնարարեց որ լոյսը լրիւ չբացուած մէկ մէկ իր ետեւէն վերի յարկը ելլենք: Երբ բոլորս վեր ելանք, տանտէրը պատուիրեց նախաճաշ պատրաստել, իսկ տղաքը տակաւին չէին կրնար զսպել իրենց խնդուքը:

 

Կէս ժամ ետք երբ նախաճաշը բերին, ո՞վ սպասարկէ մեզի աղէկ՝ այդ նոյն աղջիկը, որ մեր կոմիտէի հերթապահին կինն է եղեր: Այլեւս տեսնելիք բան էր տղայոց խնդուքն ու զուարթութիւնը: Իսկ մեր տանտէրն ու կինը այնքան երջանիկ կը զգային որ տղաքը այդքան զուարթ են իրենց տան մէջ, ի հարկէ առանց գիտնալու մեր զուարթութեան բուն պատճառը:

 

Այդ օրը հոդ անցընելէ եւ մեր կուսակցական գործերը աւարտելէ ետք, բաւարար պաշար մեզի հետ առած, կէս գիշերին, սուսիկ փուսիկ մեկնեցանք դէպի լեռները՝ ուրախ տրամադրութեամբ:

 

Ընկեր Ռուբէն եզրակացուց ըսելով. «կը տեսնե՞ս Գեւօ ճան, որ սէրն ու կիրքը գիւղ ու քաղաք չեն ճանչնար. ամէնը նոյնն է, քաղաքացին կ'ընէ զայն լաւ սենեակի մէջ թերեւս, իսկ գիւղացին ալ՝... յարդանոցը:

 

                                                            ***                                                       

Ուրիշ առիթով մը Ռուբէն պատմեց հետեւեալը. «Պինկէօլի քրտական ցեղերը, որոնց պետն էր Զէյնալ, մեզի բարեկամ էին, Գէորգ Չաւուշի ժամանակէն: Հարկաւոր էր որ փոխ այցելութիւն տայի իրեն: Ուրեմն, պատկառելի երեւոյթ տալու համար այցելութեան, քանի որ Քիւրտը տեսքէն է որ կը խաբուի, մօտ 25 ձիաւորներու խումբով մը, Սուրբ Կարապետ Վանքի վանահայր Վարդապետին հետ միասին Պինկէօլի լեռները գացինք, ցեղապետին մօտ: Երբ հեռուէն մեզ նշմարեցին՝ քանի մը ձիաւորներով մեզ դիմաւորեցին: Երբ դրան մօտ հասայ, պատանի մը, շատ սիրուն, ձեռքը ոտքիս տակ դրաւ իբր յարգանքի նշան, որ վրան կոխելով վար իջնեմ ձիէն, միեւնոյն ատեն պինդ բռնած ձիուս սանձը: Երբ ներս մտանք, այդ նոյն պատանին սկսաւ ճիզմէներս հանել, ջուր բերաւ որ ոտքս լուայ եւ հարկ եղած քրտական սովորութեամբ, բարի գալուստի մաղթանքները ընելէ ետք՝ սեղան հրաւիրուեցանք:

 

Թարգմանութիւնը իմ եւ ցեղապետին միջեւ կը կատարէր Վարդան Վարդապետը: Ճաշի ընթացքին այնքան խանդավառուեցաւ, որ մեր բարեկամութիւնը տեւական ընելու համար առաջարկեց որ եղբայրանանք եւ ըստ իրենց սովորութեան, երկուքս ալ մէյ մէկ սկրթուք ըրինք մեր ձեռքերուն վրայ եւ սկրթուքի արիւնը իրարու ձեռքին միացնելով՝ մեր արիւնները իրարու խառնեցինք: Ցեղապետին կինը մեռած էր: Ցեղապետը յանկարծ ըսաւ. «Լաօ, դուն ամուսնացա՞ծ ես, քոյր ունի՞ս»: Չեմ ամուսնացած ըսի իսկ հինգ տարի առաջ, մեր երկիրը քոյր ունէի, այսքան տարիէ ի վեր մերիններէն լուր չունիմ: «Քանի որ այդպէս է, ըսաւ, ես քեզի կը խոստանամ իմ աղջիկը կնութեան տալ, իսկ դուն ալ խոստացիր, որ եթէ ողջ մնանք, քոյրդ ալ ինծի կնութեան կու տաս»: Մէկէն շուարեցայ թէ ինչ պատասխանեմ: Քովէս Վարդան Վարդապետը հայերէնով ըսաւ. «աման Ռուբէն, հա՛ ըսէ, որովհետեւ եթէ ոչ ըսես մեծ անպատուութիւն կը նկատուի իրենց համար»: Ես ալ ըսի թէ ինչո՞ւ չէ , կ'ըլլայ, բնական է կատակ կարծելով: Յանկարծ կանչեց եւ ներս մտաւ այն սիրուն պատանին, որ իր աղջիկն է եղեր՝ տղու հագուստով, ձեռքս համբուրելով՝ շիկնեցաւ...:

 

ՇԱՐ 70  

 

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝