Յայտարարութիւն

Monday, March 14, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 71 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 15 – «ՌՈՒԲԷՆ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ ՀԵՏ»


Մեր այցելութիւնը աւարտելէ ետք, երբ պիտի մեկնէինք, ցեղապետին աղջիկը, շիկնած ու շատ սիրուն, դարձեալ ձեռքը մեկնեց որ վրան կոխելով ձիուն վրայ բարձրանամ: Ի հարկէ, վերադարձի ճամբուն վրայ ծաղրի առարկայ դարձայ ընկերներուս: Այսպէս կատակով, ետ մեր տեղը հասանք, դէպքը բոլորովին մոռցած:

 Ժամանակ մը ետք, երբ սահմանադրութիւնը հռչակուեցաւ եւ ես ետ մօրս քով Կարս քաղաքը կը գտնուէի, ինծի յայտնեցին որ այն քիւրտ ցեղապետը եկած է զիս տեսնելու: Անմիջապէս մտաբերեցի այն զուարճալի դէպքը եւ ներս երթալով քրոջս Մարիամին պատմեցի եւ հարցուցի թէ ինչպէ՞ս մէջէն պիտի ելլէինք...: Քոյրս, զարգացած աղջիկ, հիանալի դաշնամուր կը նուագէր եւ լաւ ալ կ'երգէր. իսկ մեր տունը, մեծահարուստի տուն, շատ գեղեցիկ զարդարուած, սրահին մէջտեղը շատրուան մը, առաստաղէն յախճապակեայ կանթեղով, եկեղեցիի կերպարանք ունէր: Մարիամը ըսաւ. « ինչո՞ւդ է պէտք, ես այնպէս կը սարքեմ որ Քիւրտը ինք վազ անցնի եւ բոլորովին հրաժարի ամուսնանալու գաղափարէն»: Սովորական բարեւ Աստուծոյ բարիէն ետք, կէս քրտերէն, կէս հայերէն ու թրքերէն սկսանք հինէն նորէն խօսիլ: Ի հարկէ, ինք եկած էր որ միջնորդէինք Օսմանեան պետութեան մօտ իրեն ներում շնորհելու համար, քանի որ տակաւին փախստական կը նկատուէր թրքական պետութեան քով:

Մարիամը այնպիսի ճոխ սեղան էր պատրաստած ընթրիքի համար, եւ այնքան գեղեցիկ զարդարած էր հիւրանոցն ու ճաշարանը, առատ լոյսերով, որ մարդը երբ սրահէն ներս մտաւ, ապշած, չորս կողմը նայելով սկսաւ ոտնամանները հանել -կ'երեւի մզկիթ կարծեց կամ վախցաւ գեղեցիկ գորգերը աղտոտելէն: Քոյրս, որ հագուած էր վերջին նորաձեւութեան համեմատ, թուալէթով, հագուստը վիզէն բաւական ցած, թեւերը ձիւնաթոյր եւ հոլանի, սկսաւ ըսել. « չէ պէյ իմ, ոտնամանդ մի հաներ, այս ձեր տունն է, այս կողմ հրամեցէք եւայլն...»: Ի տես այս տեսարանին, մարդը չէր համարձակեր աչքերը վեր վերցնել եւ քրոջս նայիլ: Այդ ապշութեան մէջ ըսի. « Զէյնալ, ահա այս է քոյրս եւ նշանածդ...»: Մարդը սկսաւ գլուխը օրօրել, իսկ քոյրս իրեն շատ մօտենալով՝ կակուղ բարձ կը դնէր կռնակին ըսելով. «հանգիստ ըրէք, սապէս կռթնեցէք...»: Ընթրիքէն առաջ քոյրս դաշնամուրին առջեւ անցած սկսաւ նուագել ու երգել իր անուշ ու զիլ ձայնով: Քիւրտը, որ նման տուն եւ ճաշասեղան երբեք չէր տեսած, ապշած մնաց, սակայն շատ քաղաքավար եւ ցեղապետի մը վայել կեցուածք ունեցաւ:

Ընթրիքի ժամանակ նշմարեցի որ մարդը հազիւ թէ կ'ուտէր: Վստահ էի որ անօթի մնաց: Ընթրիքէն ետք, հիւրասենեակին մէջ, քոյրս բաւական պատրաստութիւններ ընելէ ետք, ժամը 10-ի ժամանակները, ցեղապետն ու ես զատ զատ եւ գեղեցիկ մահճակալներու եւ փափուկ անկողիններու մէջ քնացանք: Սակայն կը նշմարէի որ մարդուն քունը չէր տաներ: Ժամը 12-ի ատեն ելայ անկողինէս եւ լոյսը վառեցի եւ տեսայ որ քիւրտը արթուն էր: Ըսի թէ ես անօթի եմ եւ քունս չի տանիր, երթամ բան մը բերեմ որ ուտենք: Այս անգամ խոհանոցէն զանազան խորտիկներ բերի եւ գետինը, գորգին վրայ, երկուքս նստած, ըստ մեր ֆետայական սովորութեան, ձեռքով սկսանք ուտել: Ի՜նչ ախորժակով կ'ուտէր, քանի որ ընթրիքին գրեթէ բան չէր կերած: Կշտանալէ ետք ըսի. « ես տակաւին այս փափուկ անկողիններուն չվարժուեցայ. Եկուր գետինը փռենք եւ լաւ մը քնանանք»: Սիրայօժար ընդունեց առաջարկս:

 

ՇԱՐ 71

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝