Յայտարարութիւն

Tuesday, March 15, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 72 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 15 – «ՌՈՒԲԷՆ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ ՀԵՏ»


Երբ այսպէս գետինը երկնցանք, մէյ մէկ ծածկոց մեր վրան, մարդը հարցուց . «այս տունը իրա՞ւ ձերն է»: Այո պատասխանեցի: Ըսաւ. « դուն խելքի պակասութիւն ունի՞ս»: Զարմացած ուզեցի գիտնալ թէ ինչո՞ւ էր այդ հարցումը, չէ՞ որ խելքս ծանօթ էր իրեն: Ըսաւ. «եթէ խելքի պակասութիւն չունիս, ինչպէ՞ս կարելի է այսպիսի ճոխ կեանք մը ձգած գաս եւ տարիներով լեռներու վրայ թափառիս, գետինները պառկելով, ոջիլներու եւ աղտոտութեան մէջ շատ անգամ...»: Պատասխանեցի թէ յեղափոխական եւ գաղափարական մեր կեանքը ուրիշ է, եւ թէ երբ հարկը պահանջէ, կրկին կը ձգեմ այս կեանքը եւ կը վերադառնամ իմ լեռնային չարքաշ կեանքին: Քիչ մը լուռ կենալէ ետք ըսաւ. «եղբայր, գիտե՞ս, քեզի բան մը պիտի ըսեմ. գիտեմ թէ իրաւունք ունիս բարկանալու եւ նոյնիսկ զիս մեռցնելու... Կը յիշե՞ս մեր իրարու տուած խոստումը... Ես արժանի չեմ նկատեր ինքզինքս քրոջդ... Այս հուրին, որ այս կեանքին վարժուած է, չի կրնար վարժուիլ մեր լեռնային քրտական բարքերուն ու կեանքին: Ուրեմն կ'աղաչեմ որ զիս ազատ կացուցանես երդումէս. իսկ դուն ազատ ես աղջիկս առնելու՝ քանի որ վարժ ես մեր կեանքին:  Եւ գիտնալով որ այս խոստում դրժելս անպատուութիւն է քեզի համար, ուրեմն առ սա ատրճանակը եւ զիս պատժէ ինչպէս որ կը ցանկաս»:

 

Ի հարկէ, ես ալ ատոր կը սպասէի եւ ըսի. «ի՜նչ հարկ կայ, արդէն մեր օրէնքով միշտ տղան կամ աղջիկը ազատ են նշանտուքը ետ ընելու»: Այսպիսով գոցուեցաւ հարցը: Զէյնալը մի քանի օր հիւր մնալէ ետք վերադարձաւ իր լեռները եւ կրկին ամուսնացաւ: Ես զինք այլեւս չտեսայ:

 

Տարիներ ետք, Հայաստանի հանրապետութեան շրջանին, երբ պատերազմական նախարար էի, Քիւրտ ցեղի մի քանի շէյխեր սահմանը անցնելով եկեր էին զիս տեսնելու, իրենց հետ՝ Զէյնալ ցեղապետին որդին: Պատմեցին թէ կռիւի մը ընթացքին, իրենց ցեղապետը, նշմարելով որ պիտի բռնուի թշնամիներուն կողմէ, նախ կինն ու աղջիկը կը մեռցնէ եւ 7-8 տարեկան տղան յանձնելով իր մարդոց կը պատուիրէ որ քովս բերեն եւ ինքն ալ անձնասպան կ'ըլլայ: Շատ ջանացի տղան քովս պահել եւ կրթել, սակայն իրական քիւրտ ցեղապետի կորիւն դուրս եկաւ եւ մերժեց քովս մնալ եւ հրամայեց իր շէյխերուն որ զինք ետ իրենց լեռները տանին. անոնք չկրցան մերժել եւ հեռացան փոքր տղուն հետ: Անկէ ի վեր իրենցմէ որեւէ լուր չունիմ»:

 

Այս դրուագի պատմութեամբ կը վերջացնեմ իմ յուշերս ընկեր Ռուբէնի հետ անցուցած օրերուս, որոնք ինծի համար այնքան հայրական եւ թանկագին եղած են եւ կը մնան: Մեծ հաճոյք էր նստիլ եւ գիշերներ լուսցնել Ռուբէնը մտիկ ընելով:

 

ՇԱՐ 72

 

Սիրելի Ընթերցող,

 

Չորս կամ հինգ օրէն Գէորգ Մանճիկեանի այս գիրքը իր աւարտին կը հասնի: Վերջին երկու ՇԱՐ-երը պիտի ըլլան վերջաբանը, գրուած Գէորգի եղբօրորդւոյն՝ Յակոբ Յովսէփ Մանճիկեանի կողմէ: Մէկ օր դադարէ ետք, յաջորդ թերթօնը պիտի սկսինք եւ Կարօ Մանճիկեանի առաջարկին ընդառաջ՝ պիտի հրապարակենք քրոջս Ռիթային (Կարոյին մայրիկը) «Հօրս Ոդիսականը» գրութիւնը: Բարի ընթերցում: (Նշան)    

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝