Յայտարարութիւն

Wednesday, March 16, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 73 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 15 – «ՌՈՒԲԷՆ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ ՀԵՏ»


Ընկեր Ռուբէնը 1945-ի սկիզբները մեկնեցաւ Պէյրութ, միանալու համար իր զաւակներուն, որոնք Պէյրութ կ'ուսանէին: Իսկ 1945-ի Սեպտեմբերին, որպէս տնօրէն Traders and Shippers ընկերութեան, զիս ուղարկեցին Պէյրութ, ուր անմիջապէս բնակարան չգտնելով, ընկեր Ռուբէնի պնդումին վրայ իր տունը բնակեցայ մօտ 6 ամիս, շարունակելով մեր սիրելի խօսակցութիւնները: Պէյրութի մէջ էր որ Ռուբէն հանդիպեցաւ իր յեղափոխական շատ սիրելի խմբապետներուն՝ Մուշեղին եւ Վարդան Շահպազ Հայրիկին, որոնք տեւաբար իրեն այցելելու կու գային:

 

Օր մը Ռուբէն ըսաւ. «այս խեղճ հսկայ մարդը կը տեսնե՞ս (Մուշեղին մասին էր). Այս մարդը Հայաստանը Թիւրքերէն մաքրագործողներէն է»: Ռուբէն միշտ կ'ըսէր. «Բոլոր յուշերս թերեւս գրեմ, սակայն չեմ կարծեր որ կարենամ նկարագրել Սասունէն դէպի Հայաստան մեր նահանջը...այդ պարտականութիւնը թերեւս Մուշեղը կրնայ ընել»: Եւ իրապէս, իր յուշերուն այդ մասը որ պակաս ձգած էր , հետագային Մուշեղն է որ լրացուց: Հակառակ անոր որ ինքն էր հրամայողը թրքական գիւղերու մաքրագործման՝ այնպէս կը ձեւացնէր թէ ինք գոյութիւն չունէր, այլ իր խմբապետներն էին դերակատարները:  

 

Օր մը Խմբապետ Մուշեղը խօսիլ տուի (ան ալ ժլատ խօսող էր) եւ ըսաւ. «եթէ մէկ հատ ալ Ռուբէն ունենայինք Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին, ես վստահ եմ որ մէկ հատիկ թուրք մոմով կարելի պիտի չըլլար գտնել Հայաստանի մէջ, այնքան մեծ մարդ է Ռուբէնը: Եթէ Արամը հանրապետութիւնը հռչակողն է, Ռուբէնն ալ զայն հայացնողն է, բառին լայն իմաստով: Մենք գիւղերը մաքրելու ոչ մէկ ուղղակի հրահանգ չէինք ստանար Ռուբէնէն, սակայն երբ ծանրակշիռ գործ մը ունենար կատարելու՝ կը կանչէր խմբապետներս եւ իր նշանաւոր քարտէզին վրայ կլորակ գիծեր կը գծէր: Լռելեայն մենք կը հասկնայինք իր միտքը եւ գծած շրջանը ամենակարճ ժամանակի մէջ կը մաքրագործէինք եւ անմիջապէս հոն կը տեղաւորէինք նոր գաղթականներ: Երբ քննիչներ գային՝ մենք, խմբապետներս, կը ներկայանայինք իբրեւ գիւղացիներ եւ կը փաստէինք քննիչներուն թէ հոս թրքական գիւղ գոյութիւն չունէր, քանի որ գերեզմանատուներն ալ հայկական են...: Եւ այսպէս, շարունակաբար: Կը պատահէր որ հայկական կանոնաւոր բանակը մեր զէնք փոխադրած ժամանակ մեզի արգելք ըլլար, մենք կ'ըսէինք թէ մենք կառավարութիւն չէինք ճանչնար, մինչեւ որ մեզի Ռուբէնէն հրահանգ չբերէք՝ չենք ենթարկուիր: Մենք արդէն ամէն ինչ անհետացուցած կ'ըլլայինք մինչեւ որ Ռուբէնին սիկարէթի թուղթի վրայ գրուած հրահանգը գար...:

 

Պէյրութի մէջ տնօրէնի պաշտօնով մնացի մինչեւ Նոյեմբեր 30, 1946: Երբ այդ ընկերութեան հետ մէկ տարուան պայմանագրութիւնս լրացաւ ՝ վերադարձայ Պաղեստին, այս անգամ Հայֆա քաղաքը, ուր իբրեւ նաւային առեւտրական ճիւղի մասնագէտ՝ փոխ տնօրէնի պաշտօն ստանձնեցի Steel Brothers & Co. Ltd. անգլիական ընկերութեան մօտ:  

 

ՇԱՐ 73

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝