Յայտարարութիւն

Thursday, March 17, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 74 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆՎԵՑԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 16 – «ԴԱՐՁԵԱԼ ԳԱՂԹԱԿԱՆ»


1948-ի Պաղեստինի տխուր դէպքերուն բերումով, արաբ-իսրայէլեան կռիւներուն պատճառով, Պաղեստինի Հայ գաղութին գրեթէ 90 առ հարիւրը  գաղթեց դէպի հարեւան արաբական երկիրները, տեղացի Արաբ ժողովուրդին հետ միասին: Պաշտօնիս բերումով ես ընտանեօք Իսրայէլ մնացի:

Այդ առաջին անիշխանական շրջանին, 1948 Մայիս-Յունիս ամիսներուն, հրեայ գաղթականութիւնը սկսաւ ներխուժել եւ գրաւել ուր որ պարապ տուն կար, շատ անգամ նոյնիսկ բնակուած տուներէ ներս խուժել: Նկատելով որ որեւէ ազգային իշխանութիւն չէր մնացած (որ կը նշանակուէր Սուրբ Յակոբայ Վանքին կողմէ) նոյնիսկ Շաւարշ Վրդ. Գույումճեանը, որ այն ժամանակ Հայֆայի Առաջնորդն էր, փախած էր, իր հօտը ձգած, ժողովուրդը մնացած էր անգլուխ եւ վնասներու ենթակայ՝ եկուոր հրեաներու կողմէ:

Հակառակ անոր որ նորեկ մըն էի Հայֆայի մէջ, միջոցը գտայ մնացեալ ժողովուրդէն 25-30 անձեր քով քովի բերելու եւ համոզելու որ ազգային մարմին մը ընտրենք, ինչ որ նախընթաց չունէր Պաղեստինի մէջ, եւ զայն վաւերացնել նորահաստատ իսրայէլեան պետութենէն: Այդ նոյն ժողովին մէջ պատրաստուեցաւ ծրագիր-կանոնագիր մը եւ ընտրուեցաւ ազգային մարմին մը բաղկացած 5 անդամներէ, երեք տարուան համար: Անմիջապէս կառավարութեան ներկայացուցինք այս ծրագիրը որը վաւերացուեցաւ:

Առաջին Ազգային Գործադիր Մարմնի անդամներն էին՝ Գաբրիէլ Զաքարեան՝ ատենապետ, Ճորճ Մանճիկեան՝ քարտուղար, Շնորհք Տատեան՝ գանձապահ, Գարեգին Եալընըզեան եւ Սարգիս Էպպէրեան՝ խորհրդականներ: Այս գործադիր մարմինը իրապէս նախախնամական դեր կատարեց գաղութին մէջ, որովհետեւ ամէն ազգային հարց կամ պահանջք՝ այս մարմնի խողովակով կը ներկայացուէր, ինչ որ լսելի կը դառնար անմիջապէս: Շատ մը մեկնող կամ մնացող ազգայիններու գոյքերը փրկուեցան պետական գրաւումէ կամ կողոպուտէ՝ շնորհիւ այս մարմնին: Մէկ տարի վերջ միայն կրցանք արտօնութիւն ստանալ Սուրբ Յակոբայ Վանքէն բերել տալ Յարութիւն Վրդ Մուշեանը որպէս Հայֆայի Առաջնորդ: Այն ժամանակուան Կիւրեղ Պատրիարքը, այժմ հանգուցեալ, հետը բերաւ Մուշեան Վարդապետը, գոհունակութիւն յայտնեց մեր գործունէութեան համար եւ քաջալերեց որ շարունակենք մեր գործը:

ՇԱՐ 74

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝