Յայտարարութիւն

Friday, March 18, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 75 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՏԱՍՆՎԵՑԵՐՈՐԴ ԲԱԺԻՆ – 16 – «ԴԱՐՁԵԱԼ ԳԱՂԹԱԿԱՆ»

 


 

Երբ մեր երրորդ տարուան պաշտօնավարութեան շրջանը լրանալու մօտ էր, ուզեցինք կրկին ընտրութիւն կատարել: Սակայն Պատրիարքական տեղապահ Եղիշէ Եպիսկոպոս Տէրտէրեանը (Կիւրեղ Պատրիարքը վախճանած էր) բացարցակապէս մերժեց ընտրովի մարմնի կազմութիւն եւ պնդեց որ վանքը , ըստ նախկին սովորութեան, պէտք է նշանակէ Ազգային Մարմինը, սպառնալով թէ եթէ չընդունինք՝ կրնայ իր վարդապետը ետ կանչել եւ եկեղեցին եւ դպրոցը գոցել: Հակառակ իր սպառնալիքին, քուէարկութեան ձեռնարկեցինք, որուն մասնակցեցան քուէ տալու իրաւունք ունեցող ազգայիններու մօտ 80 տոկոսը եւ որոնց 75 առ հարիւրը քուէարկեց մեր ցանկին: Ուրեմն յաջորդ երեք տարուան համար ընտրուեցան Ճորճ Մանճիկեան – ատենապետ, Շնորհք Տատեան – Քարտուղար,  Պետրոս Պէպոյեան – Գանձապահ, եւ երկու խորհրդական անդամներ: Այս դրութիւնը կը շարունակուի Հայֆայի մէջ մինչեւ այսօր՝ 1958:

 

Իմ Իսրայէլ գտնուած շրջանին, բնական է, ժողովուրդին արտագաղթին պատճառով, կուսակցական եւ ակմբային կեանքը բոլորովին քայքայուեցաւ: Հազիւ մի քանի գրոց-բրոց ազգայիններ մնացած էին ամբողջ Հայֆայի շրջանին մէջ: Ուրեմն մի քանի գործակիցներու եւ իմ ուսերուս կ'իյնար ամէն ինչ վերսկսիլ: Ծանր աշխատանքներով վերակազմուեցաւ ՀՄԸՄ-ի ակումբը, իսկ կնոջս Եղիսաբէթի յամառ աշխատանքով վերակազմպուեցաւ Հայ Կարմիր Խաչի մասնաճիւղը: Այս երկու քոյր միութիւնները ունեցան իրենց ուրոյն ակումբը, ուր նախկինին պէս, եւ միացեալ ուժերով կը կատարուէին ազգային տօնակատարութիւնները: Հաւաքոյթներ եւ պտոյտներ կը կազմակերպուէին եւ Հայ կեանքը վառ կը պահուէր գաղութէն ներս:

 

Հազիւ 4 կուսակցական ընկերներ մնացած էինք Հայֆայի մէջ:Սակայն այս թիւը աստիճանաբար բարձրացաւ եւ իմ Հայֆայէն մեկնած ժամանակ, 1954-ին, խումբը կը հաշուէր 18 անձ եւ կապուած էինք Կիպրոսի կոմիտէութեան, քանի որ արաբական երկիրներու հետ չէինք կրնար յարաբերիլ: Մեր այդ շրջանի գործունէութեան տեղեկագիրը կարելի է գտնել Կիպրոսի կոմիտէութեան արխիւներուն մէջ: ՀՄԸՄ-ի անդամներուն թիւը 12-էն բարձրացաւ 60-ի իսկ Կարմիր Խաչի ընկերուհիներուն թիւը 14-էն՝ 41-ի:

 

Այս բոլորը կատարուեցան շնորհիւ մի քանի անձնուրաց ազգայիններու: Ինծի վիճակուած էր չափազանց ծանր պարտականութիւն՝ կարող անձերու պակասին պատճառով: Այդ շրջանին կուսակցութեան հերթապահն էի, միեւնոյն ատեն ՀՄԸՄ-ի պատուոյ նախագահը եւ Կարմիր Խաչի մասնաճիւղին ներկայացուցիչը: Իւրաքանչիւր տօնակատարութեան, խնճոյքի կամ հաւաքոյթի պարտաւորուած էի առնուազն բանախօսներէն մէկը ըլլալ: Այս բոլոր պարտականութիւնները սրտի գոհունակութեամբ եւ սիրով տարի մինչեւ Օգոստոս 1954, երբ ստիպուեցայ Պէյրութ մեկնիլ եւ հոն հաստատուիլ վերջնականապէս:

 

Պէյրութի մէջ, Էշրէֆիէի Պալաքեան կոմիտէութեան խումբերուն մէջ եմ, որպէս պարզ ընկեր, քանի որ գործիս բերումով ի վիճակի չեմ պաշտօն ստանձնելու: Այժմ կը պաշտօնավարեմ Boustros & Co. առեւտրական ընկերութեան մէջ՝ հաշուակալի եւ թղթակցութիւններու պատասխանատուի պաշտօնով:

ՇԱՐ 75 եւ ՎԵՐՋ ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ ՅՈՒՇԵՐ ԳԻՐՔԻՆ

Յաջորդիւ (մէկ կամ երկու մասով)պիտի արտատպեմ գիրքին վերջաբանը, որ գրուած է գիրքին հրատարակիչին, Գէորգի եղբօրորդի Յակոբ Յովսէփ Մանճիկեանի կողմէ, մէկ կամ երկու բաժինով եւ այսպիսով այս գիրքը պիտի հասնի իր աւարտին: Յաջորդ գրքոյկը պիտի ըլլայ քրոջս Ռիթային «Հօրս Ոդիսականը», հաւանաբար մէկ ամիս կամ նուազ ժամանակով: Ընթերցողներէն կը խնդրեմ առաջարկել գիրքերու նոր անուններ, որոնք եթէ ունիմ կամ գտնեմ՝ կը հրապարակեմ եթէ յարմար նկատուին իմ կողմէս (Նշան):

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝