Յայտարարութիւն

Saturday, March 19, 2022

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 76 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ ՎԵՐՋԱԲԱՆ ԳՐՈՒԱԾ ՅԱԿՈԲ ՅՈՎՍԷՓ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ

Սիրելի ընթերցողներ: Այս վերջաբանով հրաժեշտ կու տանք Գէորգ Ճորճ Մանճիկեանի «Յուշեր» գիրքին: Շնորհակալութիւն քաջալերելու համար Թերթօնը: Աւելի քան 60 ընթերցող ունեցաւ գիրքը: Գէորգ, Եղիսաբէթ ինչպէս նաեւ անոնց ընտանիքները, Ռուբէն Փաշան եւ գիրքին մէջ յիշատակուած բոլոր անունները իրենց անդենական կեանքին մէջ ուրախ պիտի զգան որ իրենց յիշատակը վառ պահեցինք բոլորս միասին:

Մէկ օր հանգիստ, արդէն Կիրակի է: Թիւ 2 թերթօնը պիտի սկսինք Երկուշաբթի 21 Մարտին՝ «Հօրս Ոդիսականը»:

Բարի շաբաթավերջ եւ ցտեսութիւն:

(Նշան)

 

ԹԵՐԹՕՆ – ՇԱՐ. ԹԻՒ 76 - ԳԷՈՐԳ-ՃՈՐՃ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՅՈՒՇԵՐ» ԳԻՐՔԸ

ՎԵՐՋԱԲԱՆ ԳՐՈՒԱԾ ՅԱԿՈԲ ՅՈՎՍԷՓ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ

Հօրեղբայրս, Գէորգ Մանճիկեան, իր տիկնոջ Եղիսաբէթին հետ Պէյրութ փոխադրուեցաւ 1954-ին, հոն «վերջնականապէս» հաստատուելու մտադրութեամբ: Պէյրութ կը բնակէին արդէն իր եղբայրը՝ Նշանը եւ քոյրը՝ Զապէլը, իրենց ընտանիքներով: Երկար տարիներու առանձնութենէն ետք մեծ ուրախութիւն էր իրենց համար դարձեալ շրջապատուիլ հարազատներով ու բարեկամներով նաեւ մասնակցիլ տեղւոյն գաղութային աշխուժ կեանքին:

 

Պէյրութի մէջ Գէորգ Մանճիկեան զբաղեցաւ զանազան գործերով, որոնցմէ ամենայատկանշականը մեծ տարողութեամբ ձկնորսական նաւու մը նախաձեռնութիւնն էր: Պաղեստինցի բարեկամի մը հետ առագաստանաւ մը վերածեցին մեծաքանակ ձկնորսական նաւու՝ օժտուած արդիական կազմածներէ, նոր եւ զօրաւոր շարժակով, տասնեակներով մեթր տրամագիծ ունեցող ուռկաններով, որոնք կրնային հասնիլ ծովուն յատակը եւ հաւաքել ձուկերու ամբողջ խումբեր ու վեր քաշուիլ մեքենական կազմածներով: Նաւը ունէր իր նաւապետը, նաւաստիներ եւ գործաւորներ: Ձկնորսութիւնը կ'ըլլար ծովուն բացերը. նաւը կը հասնէր մինչեւ Փոր Սայիտի ծովեզրեայ վայրերը կամ ուր որ առատ ձուկի հաւանականութիւնը կար կամ այդ մասին տեղեկութիւն հաւաքած էին: Նաւը կը վերադառնար նաւահանգիստ՝ բեռնաւորուած հարիւրաւոր սնտուկ ձուկերով, տեղաւորուած սառոյցի մէջ, կանոնաւոր, ապահով եւ պատրաստ շիտակ շուկայի վաճառականներուն փոխանցելու համար:

 

Սակայն Պէյրութի մէջ այս եզակի նախաձեռնութիւնը սուր դժգոհանք պատճառեց տեղւոյն փոքրաքանակի ձկնորսներուն, որոնք իրենց ապրուստը վտանգուած նկատեցին ձուկի այս առատ պաշարի ներմուծումով. դիմեցին սպառնալիքներու եւ յառաջացուցին ճնշումներ կառավարական մարմիններու կողմէ: Եզրակացութիւնը եղաւ այն, որ նաւը ծախուեցաւ բոլորովին տարբեր գործածութեան ծառայելու համար:

 

Այս ամէնը անշուշտ իրենց ժխտական ազդեցութիւնը ունեցան նիւթական թէ այլ գետնի վրայ: Անկէ ետք հօրեղբայրս ընդհանրապէս զբաղեցաւ հաշուապահութեամբ եւ գրագրութեամբ:

 

Ամէնօրեայ աշխատանքը իրեն համար հաճոյք էր. պէտք էր տունէն դուրս երթար, մարդոց հետ յարաբերէր եւ օգտակար գործ մը ընել: Այդ օգտակար գործը յաճախ մէկու մը օգնել էր, նամակ գրել, դիմումնագիր լեցնել, ընկերակցիլ ազգականի մը կամ բարեկամի մը կառավարական կամ այլ գրասենեակի մը մէջ հարց մը լուծելու համար:

 

Որոշ ժամանակ մը Եղիսաբէթն ալ աշխատեցաւ որպէս անձնական հիւանդապահուհի՝ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Հիւանդանոցին մէջ: Իր խնամքը ստացողներն էին Լիբանանի պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ինչպէս նաեւ Երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը՝ հիւանդանոցէն եւ Անթիլիասի վեհարանէն ներս:

 

1958-ին, երբ Գէորգ Մանճիկեանի այս «Յուշեր»ը գրի կ'առնուէին, Լիբանանը կ'ապրէր իր քաղաքացիական առաջին պատերազմին տագնապը եւ ամէն մարդ ստիպողաբար տունը կը մնար, ականջը սրած ձայնասփռուող առօրեայ տխուր լուրերուն: Ասոր յաջորդեցին Լիբանաի փառաւոր օրերը, մինչեւ 1975-ի Լիբանանի քաղաքացիական երկրորդ պատերազմը:

 

Դժբախտաբար, Պէյրութը «վերջնականապէս» հաստատուելու կայանը չեղաւ Գէորգ Մանճիկեան ամոլին: Տեղափոխութիւն մը եւս. այս անգամ հեռաւոր Ամերիկա, ուր արդէն հաստատուած էին եղբօր Նշանին ընտանիքը(Նշանը մահացած էր տարիներ առաջ) եւ երկու քոյրերը՝ Սառան եւ Զապէլը, իրենց ընտանիքներով:    

 

Լոս Անճելըսի մէջ խաղաղ կեանք մը ապրեցան իրենց ծերութեան օրերուն: Ազգականներ ու բարեկամներ յաճախ այցելեցին ու հոգացին իրենց պէտքերը: Գէորգը մահացաւ 31 Մարտ 1985-ին իսկ Եղիսաբէթը՝ 21 Յուլիս 1991-ին: Այժմ մահացած են նաեւ Սառա եւ Զապէլ քոյրերը:

 

Ահա այս հեռաւոր ափերուն վրայ եղաւ վերջին կայանը այն որբերուն, որոնք քալած էին Յորդանանի գիւղերէն մինչեւ Երուսաղէմ, ապա տարուած Փոր Սայիտ, ետ դէպի Հալէպ, Քեսապ, յետոյ Պէյրութ, Պաղեստին, դարձեալ Պէյրութ եւ ի վերջոյ՝ Ամերիկա: Քեսապի մէջ իրենց հանգիստը գտան իրենց մայրն ու մեծ եղբայրը միայն: Ամփոփ պատկեր մը Եղեռնէն վերապրող բազում ընտանիքներու իրավիճակէն...:

 

Գէորգ Մանճիկեան ամոլը միշտ պահեց շէն ու գուրգուրոտ մթնոլորտ մը իրենց յարկէն ներս: Թէեւ զաւակ չունեցան, սակայն տարիներու ընթացքին իրենց տան մէջ միշտ ներկայ եղաւ հարազատ մը որպէս տան զաւակ, որ իրենց խնամքը, դաստիարակութիւնն ու սէրը վայելեց: Ստորագրեալս՝ այդ շարքին վերջինն էր:

 

Բարեբաստիկ ուրիշ հանգամանք մըն էր իրենց խաչեղբայր-հարսնքոյր կամ կնքահայր-կնքամայր ըլլալու պատրաստակամութիւնը, հարազատներու կամ բարեկամներու պսակին կամ նորածիներու մկրտութեան: Այդ բախտաւորներէն էր նաեւ ստորագրեալիս ընտանիքը: Սանուկներ ունեցան զանազան քաղաքներու մէջ եւ միշտ վայելեցին անոնց սէրն ու յարգանքը:

 

Վերջին ակնարկ մըն ալ Եղիսաբէթ Մանճիկեանին՝ բոլորիս «Անթի»ին մասին: Ան պիտի յիշուի միշտ որպէս աշխուժ ու գուրգուրոտ անձ մը, որ միշտ ժամանակ ու կորով ունէր օգնութեան ձեռք մեկնելու իր շուրջիններուն կամ զանոնք քաջալերելու եւ մխիթարելու: Պիտի յիշուի նաեւ որպէս գիտակից եւ նուիրեալ հայուհի, տեղեակ եւ մասնակից հայ ազգային կեանքի վերիվայրումներուն՝ Հայ Կարմիր Խաչի ծիրէն ներս կամ անձնական միջոցներով: Իր տարիքն ու վտիտ առողջութիւնը եւ հարազատներու զգուշացումները արգելք չեղան որ ան մասնակցի ապրիլեան յիսնամեակի բողոքի քայլարշաւին՝ քալելով Պիքֆայայի Եղեռնի յուշարձանէն մինչեւ Անթիլիասի Մայրավանք:

                                                                        ՅԱԿՈԲ ՅՈՎՍԷՓ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

                                                                              Ապրիլ 2008 - Մոնթրէալ

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝