Յայտարարութիւն

Monday, March 21, 2022

Ռիթա Պասմաճեան-Մանճիկեան - Կենսագրութիւն

Սիրելի ընթերցողներ,

Նիւթ - ԹԵՐԹՕՆ ԹԻՒ 2

Վաղը, 22 Մարտին, պիտի սկսինք մեր երկրորդ թերթօնին հրապարակման Ֆէյսպուքի իմ էջիս եւ nshanag.com կայքէջիս վրայ: Թերթօնին նիւթը՝ քրոջս, Ռիթա Պասմաճեան-Մանճիկեանի « Հօրս Ոդիսականը» գրքոյկն է: Այսօր ձեզի պիտի փորձեմ ծանօթացնել Ռիթան, հեղինակին լեցուն կեանքին մասին մակերեսային գաղափար մը տուած ըլլալու համար:

Հինգ քոյր մէկ եղբօր մէջ Ռիթան չորրորդն է Զուարթէն, Ալիսէն, Շաքէէն ետք: Իրմէ ետք՝ Սեդան եւ եօթ տարի ետք՝... ես: Իւրայատուկ կերպար էր մեր Ռիթան, լուրջ, միեւնոյն ատեն կատակասէր, կատակ հասկցող (խնդալէն մարող տեսակը), եփելը սիրող, հիւրասէր եւ բարի, գաղափարի կամ սկզբունքներու համար ամէն զոհողութեան պատրաստ, իր իրաւունքներուն եւ անիրաւուածներուն՝ պաշտպան:

Ծնած է Քեսապ 1939-ին: Հիացող էր հօրս եւ մօրս վրայ՝ կրթական մշակ եւ Ուսումնասիրաց Միացեալ Վարժարանի բազմամեայ ուսուցիչ-տնօրէն Ժոզէֆ Պասմաճեանին ու բազում տարիներու Քեսապի ՀՕՄ-ին անդամուհի, ատենապետուհի՝ Նուրիցա Կարպուշեան Պասմաճեանին վրայ: Ծնողքիս մասին աւելի չեմ գրեր, Ռիթան բաւարար գրած է անոնց մասին թերթօնի էջերուն մէջ: Աւարտելէ ետք Քեսապի Ուսումնասիրաց Միացեալ Վարժարանը (այժմ՝ Ճեմարան), ծնողքս զինք ուղարկած են Հալէպի Ազգ.Քարէն Եփփէ Ճեմարան, գիշերօթիկ, շարունակելու համար ուսումը: Աշակերտած է Բերիոյ թեմի Առաջնորդ երջանկայիշատակ Զարեհ Արքեպիսկոպոս Փայասլեանի, հետագային՝ Զարեհ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, ինչպէս նաեւ Մինաս Թէօլէլեանին ու այլ նուիրեալ ուսուցիչներու: Տակաւին միջնակարգի աշակերտուհի՝ կը նշանուի Վահան Մանճիկեանի հետ ( շատ մը ՔԵսապցիներ կրնան «չճանչնալ» Վահանը եթէ անոր անունին վրայ «փայլուն» մակդիրը չդրուի), եւ 1957-ին կ'ամուսնանայ Փայլուն Վահանին հետ: Բնականաբար ուսումը կը մնայ կիսատ եւ կը վերադառնայ Քեսապ:

Ռիթան սակայն չի դադրիր «ուսանել»էն: Ան ամէն օր կը զարգանար շնորհիւ իր հետաքրքրութիւններուն եւ կատարած ընթերցումներուն: Կը բախտաւորուի երեք զաւակներով, մէկ մանչ՝ Կարօ, այժմ Քեսապ, որուն եւ տիկնոջ՝ Սեւանին յօդուածները յաճախ կը կարդանք «Գանձասար»ի եւ «Ազդակ»ի մէջ. երկու դուստրեր՝ Տաթեւիկ, Քարէն Եփփէի շրջանաւարտ, այժմ ՝ Գանատա եւ Յասմիկ՝ Հալէպի Ազգային Զաւարեան վարժարանի երկար տարիներու փնտռուած ուսուցչուհի, այժմ Գանատա:

Ինչպէս Կարօն կը վկայէ «մեր տան մթնոլորտը ունէր կրթամշակութային էութիւն», այդ մթնոլորտը ստեղծողը Ռիթան էր: «Հօրը աղջիկը» պիտի ըսէի...: Միեւնոյն ատեն ան նուրուած էր բարեսիրական գործերու, անդամուհի էր (ՀՕՄ-ի) այսինքն Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի Քեսապի մասնաճիւղին, տարիներ անոր վարչութեանց անդամ եւ ատենապետուհի ապա Ս.Օ.Խաչի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան անդամ: Այս պարագային ալ՝ «Մօրը աղջիկը»:

Չեմ գիտեր ինչպէ՞ս ժամանակ կը գտնէր Ռիթան: Ան նուիրուած էր մշակութային-թատերական կեանքին, նախ որպէս դերակատար ապա՝ բեմադրիչ: Կը բեմադրէր թատրերգութիւններ, անոնք ըլլային կատակերգութիւններ թէ ողբերգութիւններ, որոնց թիւը կը գլէ կ'անցնի երեսունը: Քեսապի Համազգայինի Համօ Օհանջանեան մասնաճիւղը իր սիրելի հաստատութիւնն էր, որուն թատերական կեանքը հարստացուց բեմադրութիւններով, որոնց մաս կազմեցին նաեւ անձամբ իր հեղինակած թատրերգութիւնները:

2000-ին գրեց «Հօրս Ոդիսականը»: Գիրքը նախ տպուեցաւ որպէս յօդուածաշարք Լիբանանի Ազդակ օրաթերթին մէջ, որ նաեւ թարգմանուեցաւ Արաբերէնի ու հրատարակուեցաւ Ազդակ-ի ելեկտրոնային Արաբերէն տարբերակին մէջ: Աւելի ուշ, Ճորճ Աբէլեան զայն արտատպեց իր «Ցկեանս Նահատակութիւն» գիրքին Արաբերէն հրատարակութեան մէջ:

2009-ին, իր մէջ բոյն դրաւ անողոք հիւանդութիւնը՝ արգանդի քաղցկեղը: Կը յիշեմ ինչպէս, մի քանի շաբաթներու հերթականութեամբ, Կարոյին ինքնաշարժով Լաթաքիա կը ճամբորդէր ստանալու համար «Chemotherapy», ձմեռուան բուքին ու սառնամանիքին, ամառուան տաքին ու քրտինքին: Սրտխառնուք, տկարութիւն, անհանգիստ եւ տառապալի վիճակ, բայց միշտ ուրախ էր Ռիթան, անտրտունջ, համբերատար եւ միշտ լաւատես ինչպէս իր հարսն ու զաւակը: 2014-ի Մարտին տեղի ունեցաւ Քեսապի տեղահանութիւնը: Ռիթան ալ պէտք էր «փախէր» ու ապաստանէր Լաթաքիա, քրոջ՝ Զուարթին տունը: Տանջանք տանջանքի վրայ... առողջութիւնը կը վատթարանար: Երեք ամիս վերջ Քեսապը ազատագրուեցաւ եւ Ռիթան վերադարձաւ իր պաշտելի գիւղը, Օգոստոսին այնտեղ փակելու համար իր աչքերը:

Մահացաւ Ռիթան բայց չմեռաւ...

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝