Յայտարարութիւն

Friday, April 22, 2022

ԱՐԴԱՐ ՊԱՀԱՆՋ

 

Սիրելի Ընթերցող,

Ստորեւ կը հրատարակենք Արամ Սարկաւագ Քէթէնճեանի վերջին բանաստեղծութիւններէն «Արդար Պահանջք»ը: Արամ Սարկաւագ «Նշանակ»ի վաղեմի յօդուածագիրներէն է: Կ'ողջունենք իր մասնակցութիւնը Նշանակին:

Շնորհակալութեամբ՝

«Նշանակ»

 ----------------------------------------------------------

Թէկուզ անցած են տարիք,

Սակայն վէրքը թա՛ց է դեռ.

Թէկուզ ունինք հայրենիք,

Բայց Սուրբ Մասիսը՝  անտէր...

 

Մեր ունկերուն մէ՛ջ են դեռ

Վայնասունը մայրերու

Ու բիւրաւոր կեանք հնձող՝

Շառաչիւնը սուրերու:

 

Մեր աչքին  դէ՛մ են, ցնցող

Արիւն, կմախք ու որբեր,

Ծեր ու մանուկ  կոխկռտող

Ձիու անգութ սմբակներ...

 

Մեր ռունքերուն մէջ են դեռ

Դիակի ժահն ահռելի

Եւ հրդեհուած շէներու

Ծուխն ու ողբը վշտալի:

 

Դեռ կը լսուին Եփրատի

Ոսկըրածածկ յատակէն,

Աղերսանքն ու ճիչերը

Ի սպառ շնչատ հայերու...

 

Երբ մեր հողերը ետ գան,

Աւեր գիւղերը շէննան,

Սոխակներու երգին հետ

Մեր փոքրիկները խաղան,

 

 

Երբ որ նազուկ աղջիկներ,

Սասունի  մէջ պար դառնան

Կամ Նէմրութի շուքին տակ,

Երգեն, սիրեն, բերկրանան

 

Երբ խոնարհած «Վարագա»ն

Դառնայ լուսոյ վեհ խորան.

Սուրբ Խաչ վանքի գմբէթին,

Երբ խաչն ապրի յաւիտեան.

 

Անի քաղաքն աւերակ,

Երբ դառնայ բերդ յաղթութեան.

Վանայ լիճը կապտորակ

Կենսատու ծով՝ հայութեան.

 

Ու  Մասիսի կատարին

Երբ եռագոյնը շողայ՝

Ա՛յն ժամանակ մեր վէրքը,

Թուրքին նման, կը չորնայ:

                                 

           Արամ   Քէթէնճեան                                              

«Կարօտ ու բերկրանք» գիրքէն

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Monday, April 11, 2022

ԹԵՐԹՕՆ ԹԻՒ 2 - ՀՕՐՍ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ – ՌԻԹԱ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ – ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ ՇԱՐ 19


 

 Հիմա որ ամէն ինչ պատմեցի ձեզի, ըսէ՛ք տեսնեմ, ձեր Ֆանի նէնէն, խո՞րթ թէ հարազատ նէնէ է...

 

 Հարազատ, պատասխանեցինք։ Հոս վերջացեր էր հօրս ոդիսականի պատմութիւնը։ Մենք ուրախ վազեցինք ու հերթով գրկեցինք, համբուրեցինք նէնէին ոսկրուտ ձեռքերն ու այտերը։

 

 Եւ հայրիկս ջութակը առաւ, ան կը նուագէր ու մենք կ՛երգէինք իր մեզի սորվեցուցած  երգերէն մինչեւ ուշ գիշեր։ Այդ համերգները ամէն գիշեր կը կրկնուէին մեր տան մէջ։ Մեծ մայրս ու մայրս մեզ լսելով կը հրճուէին։

 

 Եթէ հօրս ապրած օրերը հաշուենք, մեր գիւղին օգտակար եղած ըլլալու թիւով, երեսուն տարի անընդմէջ ծառայեց Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Վարժարանին։ Ապրեցաւ անոր փառքի օրերը, իբրեւ երիտասարդ ու կենսալից դասատու ու դաստիարակ, ապա՝ աւելի քան քսան հինգ տարի վարեց նոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը, ականատես եղաւ գիւղի դժուար օրերու ելեւէջներուն, մաշեցնելով սիրտ ու հոգի։ Այս երկար ժամանակամիջոցին կրթական գործին կողքին, եղաւ հանրային ծառայութեան մէջ, իր սիրած գիւղին ու ժողովուրդին: Վարեց պատասխանատու պաշտօններ: Իր կողքին ունեցաւ  տքնող ու իր հոգերը բաժնող կողակիցը, մայրս՝ Նուրիձա Պասմաճեանը։ Մայրս, յիսուն տարի անընդմէջ ծառայեց իր պաշտած միութեան՝ Սուրիոյ 0գնութեան Խաչի շարքերուն մէջ, որպէս ամենագործօն անդամուհիներէն մին։ Շատերու նման աւելի փայլուն ապագայ ապահովելու համար ծնողքս ունէին արդարացուցիչ պատճառներ իրենց, ծննդավայրէն հեռանալու, սակայն անոնք մնացին հոն, ամրօրէն, իրենց ոտքերը խրած Քեսապի հողին մէջ, ու դաստիարակեցին սերունդներ, որոնց կարգին մեզ՝ իրենց վեց զաւակները։ Մեր հոգիներուն մէջ ներմուծեցին իրենց հոգին ու ոգին, մեր արեան մէջ ներարկեցին ազգային, հոգեւոր եւ մշակութային սերմերը։ Նիւթական դժուար պայմանները արգելք չհանդիսացան երբեք մեր ուսումը շարունակելու Ազգային Ճեմարաններէն ներս:Մեզմէ ոմանք բարձրագոյն ուսում ստացան ի գին գերագոյն զոհողութիւններու, բայց չմոռցանք բնաւ,որ մենք ալ  մեր կարգին, մեր ծնողքին մեզի յանձնած ջահը  վա՛ռ պահելու ի ծառայութիւն  մեր ազգին։

 

 

 Այսօր անոնք չկան, մեր գիւղին գերեզմանատան մէջ կը ննջեն խաղաղ։ Հանգչեցէ՛ք հանդարտ ու անխռով, թող հողը թեթև գայ ձեր ոսկորներուն ։ Այս տողերն ալ ընդունեցէ՛ք, իբրեւ երախտիքի ծաղկեփունջ ձեր զաւակներուն կողմէ։

 

 «Հօրս Ոդիսական»ի յիշատակութիւնը գրեցի, ջանալով իր պատմածները առանց խեղաթիւրելու, ճշգրտօրէն թուղթին   յանձնել։

 Հայկական Եղեռնի եւ Ցեղասպանութեան 90 է աւելի ամեակներ են արդէն անցած: Թող այս գրութիւնը պտղունց մը խունկ եւ մոմ ըլլայ մեր նահատակներուն անթաղ աճիւններուն եւ անոնց պատգամով ըլլանք ազգովին միակամ՝ Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ։

 

ՌԻԹԱ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ-ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

 

ՇԱՐ  19 ԵՒ ՎԵՐՋ

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Sunday, April 10, 2022

ԹԵՐԹՕՆ ԹԻՒ 2 - ՀՕՐՍ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ – ՌԻԹԱ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ – ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ ՇԱՐ 18


 

Դպրոցը գիշերօթիկնոց բաժին ունէր։ 0ր մը, մեր տան պարագան պարզեցի տեսուչին։ Շաբաթ օր մը, տեսչարան կանչուեցայ, տեսուչը ըսաւ.- «Ժոզէ՛ֆ, քո աշխատասիրութեանդ եւ պարկեշտութեանդ համար, «Գիշերօթիկ սան» ընդունուած ես դպրոցէն ներս։ Եւ ինծի հինգ դեղին ոսկի վերադարձուց, մինչ այդ՝ վճարուած մասնավճարները եւ ցանկ մը՝ գիշերօթիկի վերաբերեալ առարկաներու համար։ Շաբաթ օրերը տուն պիտի երթայի։

 Շատ բարձր տրամադրութեամբ տուն մտայ եւ ծնողքիս յայտնեցի բարի լուրը։ Երկուքն ալ յուզուեցան բայց գոհ  էին եղած կարգադրութեան համար։

 Վերադարձուած դրամով, ցանկին մէջ գրուած առարկաներուն գնումները եղան։ Տեղաւորուած էի գիշերօթիկնոց։ Շաբաթ կէսօրին տուն կ՛երթայի, Կիրակի Առաւօտ դպրոց կը վերադառնայի։

 

 Այսպէս գերազանց յաջողութեամբ, հինգ տարուայ մէջ, տիրացայ Ա. եւ Բ. Ֆրանսական Պաքալօրիաներուն։ Առ ի գնահատանք իմ յաջողութեանցս, տեսուչս նուիրեց ինծի ջութակ մը։

 

 Շնորհիւ «Pere Jean»ին, ես արդէն պետական ուսուցիչ էի, միեւնոյն ատեն Ֆրանսա թղթակցութեամբ, մանկավարժական վկայականի կը պատրաստուէի։

 

 Քսանչորս տարեկան էի, շատ լաւ կը վճարուէի, առաջին առիթով, երեք սենեակնոց տուն մը վարձեցի, եղբայրս Ֆրէրներուն, քոյրս ալ Ֆրանսացի քոյրերուն դպրոցը տեղաւորեցի։ Երեկոները Հայերէն գրել կարդալ կը սորվեցնէի անոնց։ Ստացած ամսականներուս կէսը մայրիկին կու տայի, մնացածն ալ մայրիկիս թելադրանքով, իմ առօրեայ ծախսերէս զատ դրամատուն կը դնէի։ 0ր մըն ալ մայրիկս ըսաւ.- «Ժոզէֆ տղաս, դուն պէտք է ամուսնանաս, արդէն մօտս բաւական գումար ունիս։ Զարմացայ, իմ տուած դրամներս չէր ծախսած, պահ դրեր էր, ուրախ օր մը ծախսելու համար։

 

 Երջանիկ օր մը, ձեր մայրը իմ բախտս եղաւ եւ կազմեցինք երջանիկ Հայ ընտանիք մը: 1939ի ամառը դարձեալ թուրքերը, քառասունութ ժամուայ պայմանաժամով, մեզ դուրս վտարեցին։ Ամենաանհրաժեշտ առարկաները մեզ հետ վերցուցինք եւ հասանք Քեսապ, որ Ֆրանսական հոգատարութեան տակ անցեր էր։ Դրամատան մէջ պահ դրուած գումարը, շատ գեղեցիկ կահաւորուած մեր տունը, վայելեցին թուրքերը։ Բարեբախտաբար, ձեր մայրը կար կարել գիտէր, սկսաւ ձեւագիտութեան դասեր տալ եւ կարել Քեսապի մէջ։ Ես ալ Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Վարժարանէն ներս ընդունուեցայ, որպէս օտար լեզուի ուսուցիչ, ապագային՝ տեսուչ։

 

ՇԱՐ 18

 

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»