Յայտարարութիւն

Friday, April 1, 2022

ԹԵՐԹՕՆ ԹԻՒ 2 - ՀՕՐՍ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ – ՌԻԹԱ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ – ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ ՇԱՐ 10


 

 0ր մը, ոչխարները դարձեալ տարեր էինք արօտավայր: Հասանն ու Ահմատը, քրտինք ջուր կտրած հասան մեր մօտ, զիս քաշքրտելով մտցուցին քարայրի նմանող տեղ մը, բլրակի մը գագաթին։ Քարայրին առջեւ դիզեցին չորցած ցախեր, զորս կտրեր էին, հոս-հոն դիզելով, գործածելու համար հաց եւ ճաշ եփելու որպէս վառելանիւթ։ Բացատրեցին որ թուրք ոստիկաններ կը փնտռէին Հայու բեկորներ, եւ կը սպառնային իրենց ծնողներուն, եթէ պահած են մէկ Հայ։ Ոչխարներուն հօտերը տակն ու վրայ ըրեր էին, անոնց մէջ պահուըտած Հայեր փնտռելով։ Քանի մը ժամ վերջ, եկան զիս դուրս հանեցին ու վերադարձանք վրանները։ Սթօ Խատիճան, զիս գրկեց համբուրեց ու շոյեց գլուխս։ Այդ գիշեր, երազիս մէջ եկաւ Մայրիկս, որքան կարօտցեր էի զինք։ Ան կ՛ըսէր, տո՛ւն դարձիր տղաս, տուն դարձի՛ր, «Խապուր»ը կտրէ՛, տուն դարձի՛ր։ Երազը կրկնուեցաւ քանի մը անգամ։ Առտու մը Սթօյին պատմեցի երազս, հատ ու կտոր Արաբերէնովս։ Խոստացաւ զիս քաղաք ղրկել։ Գիշեր մը մեր վրանը եկան «Սայիտ»ը «Հասան»ին հայրը եւ մայրը «Սալմա»ն։ Երեքը խօսեցան, վիճաբանեցան, վերջապէս համաձայնութեան մը եկան։ Անոնց խօսակցութենէն կը հասկնայի որ  Հայութիւն  կար,  քաղաքը՝ որ  Ուրֆա,  Ուրֆա

կ՛ըսէին, հոն տուն մը կար, ուր ինծի նման տղաք ու աղջիկներ կը գտնուէին։ Ուրֆա անունը լսեր էի։ Մեր գիւղը Ռահէլ խանըմ անունով կին մը կար, որ ակնաբոյժ Տոքթ. Սամուէլ Մկրտչեանի տիկինն էր, Ուրֆայէն եկած էր, անոր կ՛ըսէին «Ասորի հարս»ը։  Ասորի ծագում ունէր, սակայն շատ լաւ Հայերէն կը կարդար ու կը խօսէր։ Տեսակ մը Միսիոնարուհի էր։

 

 Յաջորդ գիշեր, Սայիտն ու ես պատրաստ էինք։ Ամէն ոք քնանալէն ետք, «Սթօ Խատիճա»ն եւ «Սալմա»ն, խուրճինին մէջ պաշար դրեր էին: Պետեւիի նոփ-նոր տարազ մը հագցուցին ինծի, համբուրեցին եւ Արաբերէնով մաղթանքներ ըրին։ Անոնց աչքերը թաց էին։ Սայիտ նստաւ ձիուն վրայ, ետեւն ալ ես։ Սալման գաւազանս մխրճեց խուրճինին մէջ եւ ճամբայ ելանք դէպի ո՞ւր չեմ գիտեր։ Գետը պիտի կտրէինք։ Ես պինդ գրկեր էի Սայիտի մէջքը։

 

 Գետին կէսէն աւելի կտրեր էինք, յանկարծ, ձին խրխնջաց։ Սայիտ կանգնեցուց զայն, պատուիրեց ինծի ձիէն վար իջնել, գաւազանս ձեռքս տուաւ, ջուրը մինչեւ վիզս հասաւ։ Քալէ՛ ըսաւ, մի վախնար, այս մօտերը մարդ կայ, անպայման հովիւներ են։ Ուշադրութեամբ միւս ափը անցի՛ր, եղեգնուտին մէջ սպասէ, երբ ես սուլեմ դուրս ելիր։

 

 Հնազանդեցայ, գաւազանիս օգնութեամբ հասայ եղեգնուտը։ Յանկարծ խօսակցութեան ձայներ լսեցի, ո՞ւր կ՛երթաս,ո՞վ կայ հետդ եւ այլն։ Նախ վախցայ որ թուրքեր կրնան ըլլալ, սակայն պետեւիական հնչիւններով, արաբերէն էր խօսակցութիւնը։

 

ՇԱՐ 10

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝