Յայտարարութիւն

Saturday, April 2, 2022

ԹԵՐԹՕՆ ԹԻՒ 2 - ՀՕՐՍ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ – ՌԻԹԱ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ – ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ ՇԱՐ 11


 Թրջուած էի եւ կը դողայի, Սայիտ սուլեց, լայն շունչ մը առի։

Եղեգնուտէն դուրս ելայ, գաւազանիս օգնութեամբ կրցայ ձիուն վրայ բարձրանալ։ Հովիւներ էին ըսաւ Սայիտ եւ արագացուց ձիուն երթը։ Մութ էր, սակայն կը զգայի զառիվեր մը կը բարձրանայինք, կամաց-կամաց մութը սկսաւ նօսրանալ։ Մենք զառիվեր գագաթը հասեր էինք, սկսաւ լսուիլ ձիերու սմբակներու, սայլերու, մարդոց խօսակցութեան ձայներ։ Պզտիկ զառիվար մը, մենք ճամբայ իջեր էինք։ Հատ ու կտոր տնակներու մօտէն անցանք, հետզհետէ կը լուսնար, մարդիկ կ՛անցնէին մեր մօտէն։

 

Մանկական միտք. մտածեցի, արդեօ՞ք դարձեալ Ճըսըր Շուղուր հասանք։ Կարծէք Սայիտ, իմ մտածումներս կարդաց, յանկարծ ըսաւ՝ «հոն Ուրֆա» հոս Ուրֆա է։ Ուրֆայի եզերքն էինք պարտէզներու, արտերու մօտ։ Իջանք ձիուն վրայէն, ճամբու եզերքը, չոր խոտերու վրայ նստանք եւ կուշտ ու կուռ նախաճաշ մը ըրինք։ Քանի մը մանրուք դրամ դրաւ ձեռքս, յանկարծ անդրադարձայ որ գաւազանս չկար։ Շուրջս փնտռեցի, ձիուն մօտ, ճամբու երկայնքին, Սայիտն ալ փնտռեց չկար ու չկար։ Շատ ափսոսացի։ Սայիտ ըսաւ՝.- «Ատիկա «Ալլահ»ին գործն էր, քու աղօթքդ լսեց, ղրկեց քեզի այդ գաւազանը, որպէսզի ողջ-առողջ հասնէիր մեր մօտ, Հասանս ազատելու համար եւ Խապուր գետը ապահով անցնէիր։ Ես յուսահատ, բայց անոր մեկնաբանութեան հաւատալով, համոզուեցայ որ այդ մէկը նախախնամութեան կարգադրութիւնն էր։

 

 Արեւը բաւական բարձրացեր էր, Սայիտ ոտքի ելաւ, ես պէտք է վերադառնամ մեր վրանները ըսաւ։ Անցորդներուն հարցուց, պատերազմ կա՞յ։ Ոչ կը պատասխանէին։ Հոս Հայեր կա՞ն հարցումին, սայլապան մը ըսաւ .« Այո, ես ալ Հայ եմ»։ Սայիտ քանի մը պարղութ սահեցուց սայլապանին ձեռքը, ան բարի մարդ մը կ՛երեւէր, երբ գիտցաւ ես Հայ եմ, Մհեր է անունս ըսաւ, Այնթապէն Տէր-Զօր, անկէ ալ հոս հասայ, շատ չարաչարուեցայ, հիմա մէկը չունիմ իմ ընտանիքէս, բոլորն ալ ջարդուեցան, ես հրաշքով ազատուեցայ։

 

 Դարձեալ ձի նստանք, սայլին հետեւելով հասանք երկյարկանի շէնքի մը առջեւ։ Նստանք աստիճաններուն վրայ, Մհեր վեր բարձրացաւ։ Քիչ վերջ, լսեցի փոքրիկներու երգի ձայնը։ Անոնք կ՛երգէին «Հայր մեր»ը, այնպէս կ՛երգէին, Քեսապի մեր եկեղեցւոյ եղանակով, մարմինս փշաքաղուեցաւ, ձեռքերուս մէջ առի գլուխս ու լացի։ Սայիտ զգաց վիճակս, մի՛ լար ըսաւ, հիմա կը գտնես Արմանիներդ, անոնք շատ լաւ կը նային քեզի։ Իր զաւակին պէս գրկեց զիս եւ համբուրեց արցունքոտ այտերս եւ ճակատս։ Ես ալ համբուրեցի իր ձեռքերը, շնորհակալութիւն յայտնեցի իրեն, իր եւ իր ընտանիքի բոլոր անդամներուն ինծի ցուցաբերած գուրգուրանքին համար։

 

 Դարձեալ կ՛երգէին, ինծի ծանօթ երգեր, որ տարիներէ ի վեր չէի լսած։ Մեր գիւղի եկեղեցւոյ հոգեւոր երգերն էին: Աչքիս առջեւէն կ՛անցնէին Հայրս, Մայրս, պատուելի Տիգրանը ,Սարգիսն ու Յակոբը, եկեղեցւոյ զանգը։ Ինչ պատահեցաւ ինծի չեմ կրնար բացատրել, սկսայ «Հայր մեր որ յերկինս ես» կրկնել եւ բարձրաձայն լալ գլուխս ձեռքերուս մէջ առած։

 

ՇԱՐ 11

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝