Յայտարարութիւն

Tuesday, April 5, 2022

ԹԵՐԹՕՆ ԹԻՒ 2 - ՀՕՐՍ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ – ՌԻԹԱ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ – ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ ՇԱՐ 14


 

 0րեր, ամիսներ անցան, օր մըն ալ որբանոցէն ներս իրարանցում մը ծայր տուաւ։ Միսիոնարները, տնօրէն, ուսուցչուհիներ, Մայրիկներ հեւքի մէջ էին։ Կը հաւաքէին որբանոցի իրերը, մեզ կը լոգցնէին։ Մեծ որբերը կ՛ըսէին, «բան մը պիտի պատահի»։ Եւ պատահեցաւ։ Առտու մըն ալ, չորս չորս շարեցին մեզի ու տեղ մը տարին։ Մեր ետեւէն, բեռնատար սայլեր, բեռնաւորուած կու գային։ Սիրտս դող ելած, կը մտածէի արդեօք դարձեա՞լ գաղթ է։ Այո՛ գաղթ էր, դարձեալ թուրքերը մեզի կը քշէին, որբանոցը կը փոխադրուէր Լիբանան, Ճիպէյլի Թռչնոց բոյն որբանոցը, որ հիմնած էր Տանիմարքացի «Մարի Ճաքըպսըն»ը։ Կը յիշեմ բաւական ճամբայ կտրեցինք քալելով ապա սայլերով։ Շոգեկառքով ալ ճամբորդեցինք, չեմ յիշեր ինչպէ՞ս Ճիպէյլ հասանք։ Արդէօք ինքնաշարժներո՞վ։

 

 Հոն աւելի լաւ պայմաններու մէջ անցուցինք։ Հայերէն, Անգլերէն եւ Ֆրանսերէն լեզուներով ուսում կ՛առնէիք։ Ես յոյսս կտրած դուրսի աշխարհէն, ծնողքէս, հարազատներէս, դասերուս կը տրամադրէի միտքս, ժամերս եւ բոլոր ուժերս։ Բաւական ամիսներ անցան, զգացի որ ուսուցիչներուս ուշադրութիւնը գրաւէր էի, աշխատասիրութեամբ եւ ուշիմութեամբ։ Հոս կու գային զանազան վայրերէ կիներ, այր մարդիկ, եղբօր կամ քրոջ զաւակներ, երբեմն ալ հարազատ զաւակներ կը գտնէին որբերու մէջէն, կ՛առնէին ու կը տանէին։ Ես անյոյս, մէկու մը չէի սպասեր, որովհետեւ մայրս եւ քոյրս մահացան Ռաքքայի մէջ, հայրս ալ անպայմա՛ն թրքական բանակին մէջ սպաննեցին կը մտածէի։

 

 Արդէն տասներերք-տասնչորս տարեկան էի, երբ փոխադրեցին զիս Անթիլիաս, ուսումս շարունակելու։ Հոն ալ որբանոց էր, կորսուած նարինջի այգիներու մէջ։ Նոր շրջանակ, նոր օրէնքներ, նոր ընկերներ։ Ես կը շարունակէի աշխատիլ եւ յառաջդիմել։ Տեսուչս եւ ուսուցիչներս գոհ էին իմ ընթացքէս։ Մարզանքը շատ կը սիրէի, մանաւանդ գնդակի խաղերը Ֆութպօլ, վօլիպօլ, պասքէթպօլ։

 

 Իմ աշխարհս հոս էր, թերեւս կուսակրօն քահանայ մը պիտի ըլլայի ապագային եթէ յանկարծ իմ կեանքի նոր անակնկալը չյայտնուէր։

 

Երջանկայիշատակ Սահակ Կաթողիկոսը ժողովուրդին լումաներով գներ էր Անթլիասէն հողամաս մը, Կիլիկեան աթոռը հոն փոխադրելու համար, արդէն սկսեր էր շինարարութիւնը։

 

0ր մը, ընկերներով գնդակ կը խաղայինք, ընկեր մը ըսաւ թէ տեսուչը զիս տեսչարան կ՛ուզէր։ Տագնապեցայ, տեսչարան մտայ վարանքով։ Հոն նստեր էր պարոն մը, գլխուն ֆէս կը կրէր։ Բարեւեցի՝ բարի ժպիտով մը բարեւս ընդունեց։ Տեսուչի թելադրութեամբ, ձեռնուեցայ հիւրին հետ։ Հիւրը երկու ձեռքով ընդունեց բարեւս, ջերմութիւն մը կար անոր ձեռքերուն հպումին մէջ, զգացի կը դողային անոնք։

 

ՇԱՐ 14

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝