Յայտարարութիւն

Wednesday, April 6, 2022

ԹԵՐԹՕՆ ԹԻՒ 2 - ՀՕՐՍ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ – ՌԻԹԱ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ – ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ ՇԱՐ 15


 

- Յովսէ՛փ, կը ճանչնա՞ս այս պարոնը, հարցուց տեսուչը։

- Մէկը կը յիշեցնէ ինծի կարծէք... աչքերս սեւեռեցի անոր դէմքին վրայ։

Քեսապի բարբառով ինչպէ՞ս ես Յովսէփ ըսաւ հիւրը։

- Շնորհակալ եմ-, յանկարծ ֆէսը վերցուց գլուխէն Հայերէնով պատասխանեցի որովհետեւ Քեսապի բարբառը մոռցեր էի գրեթէ։

Բարի կը ժպտէր։ Յանկարծ նկատեցի ճակատին վրայի վէրքի սպին, ես՝ մանկութեանս, հօրս գիրկը նստած, մատովս կը գծէի այդ սպիին վրայ։

- Հայրի՛կ, Հայրի՛կ գոչեցի ու նետուեցայ գիրկը, համբուրեցի այդ սպին, դէմքը, վիզը։ Հայրս զիս կը համբուրէր, զաւակս Յովսէփս կ՛ըսէր, կուրծքին կը սեղմէր եւ բարձրաձայն կը հեկեկար։ Ես ալ կու լայի։ Տեսուչս, ի տես այդ տխուր եւ ուրախ տեսարանին, կը հեկեկար։ Ով գիտէր, քանի հարիւրերորդ անգամն էր որ այդ տխուր տեսարանին ներկայ կ՛ըլլար։ Որքան մնացինք այդ վիճակին մէջ չեմ յիշեր։ Հայրս հարցուց մօրս եւ քրոջս մասին, թէ ինպէ՞ս մահացան Ռաքքայի մէջ։ Ամէն ինչ բացատրեցի անոր, յորդառատ արցունքները կը թրջէին գլուխս եւ դէմքս։ Յանկարծ հայրիկս շտկուեցաւ ու ըսաւ.- «քեզի նոր մայրիկ մը կը սպասէ տունը, եկայ քեզի հետս տանելու»։

- Բայց... ինչպէ՞ս...

- Շատ բարի մայրիկ մը, եղբայր մը եւ քոյր մը կը սպասեն քեզի։

- Քեսա՞պ...

-          Ոչ Իսկէնտէրուն, Ալեքսանտրէթ։

 

՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝

 Դժուար էր բաժանումը դպրոցէն, տեսուչէն եւ ընկերներէս...

Տեսուչս թանկագին թելադրանքներ ըրաւ ինծի եւ հօրս։ Հա՛րկ էր ուսումս շարունակել, նաեւ երաժշտութիւն եւ մարմնամարզութիւն, նամանաւանդ, Հայօրէն մեծնալ եւ ապրիլ։ Տեսուչս յանձնեց ինծի բոլոր նիշերս եւ վիճակացոյցներս։

 Անթիլիասէն հրաժեշտ առինք...

 

 Պէյրութ իջեր էինք, շուկան կը պտտէինք։ Հայրս ինծի համար գնումներ ըրաւ։ Կօշիկ, գուլպայ, ներքնազգեստ, շապիկ, տափատ եւ այլն։ Նոր մայրիկիս, եղբօրս եւ քրոջս յարմար նուէրներ եւ շաքարեղէններ։ Ապա՝ տեղաւորուեցանք ինքնաշաժի մը մէկ անկիւնը, ուր զանազան տարազներով մարդիկ կը ճամբորդէին մեզի նման դէպի Լաթաքիա։

 Ճամբու ընթացքին, հօրս փափաքով, ամբողջ որբութեանս տարիներու պատմութիւնը պատմեցի։ Հայրս պինդ գրկեր էր զիս, բաւական ուշ Ժամու հասանք Լաթաքիա։ Պանդոկ մը գտանք ու հոն գիշերեցինք։ Առտու կանուխ նաւահանգիստ հասանք։ Առագաստանաւերու վրայ ճամբորդներ կը տեղաւորուէին, մենք ալ մեր տեղերը գրաւեցինք. բաւական երկար ճամբորդութենէ մը ետք, հասանք Իսկէնտէրունի նաւահանգիստը։

 

ՇԱՐ  15

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝