Յայտարարութիւն

Thursday, April 7, 2022

ԹԵՐԹՕՆ ԹԻՒ 2 - ՀՕՐՍ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ – ՌԻԹԱ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ – ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ ՇԱՐ 16


 

Բազմութեան մէջէն քանի մը ծանօթ բեռնակիրներ կը կանչէին հօրս, Վայի՛զ, Վայի՛զ, աչքդ լոյս գտա՞ր Յովսէփդ։ Ոմանք հետաքրքրութեամբ կը մօտենային ու կը համբուրէին զիս...

 

 Կառք մը վարձեց հայրս եւ ուղղուեցանք դէպի տուն։ Սիրտս զօրաւոր կը բաբախէր, միտքս կ՛աշխատէր թէ ինչպէ՞ս մայրիկ մը պիտի գտնէի հոն, արդեօ՞ք խորթ մայրիկի ձեռքին տակ պիտի տառապէի, արդեօ՞ք փոքրիկները պիտի սիրէին ու կապուէին ինծի... այսպէս մտածումէ մտածում, հօրս ձայնը սթափեցուց զիս, «ահա հասանք» ըսաւ։

 

 Մայրիկը խոշոր աքաղաղ մը բռներ, դուռին առջեւ, փոքրիկներուն հետ ժպտուն կը սպասէր մեզի։ Հօրս տարիքով մարդ մը կար այնտեղ, առաւ աքաղաղը մայրիկին ձեռքէն մորթեց, արիւնին վրայէն անցուց զիս, արդէն մայրիկը անհամբեր, գրկեց ու համբուրեց զիս։ Փոքրերը մօտեցան ինծի եւ գրկեցի ու համբուրեցի զանոնք։ Մարին՝ անապատին մէջ մեռնող քրոջս Մարիին շատ կը նմանէր։ Աքաղաղը մորթող մարդը, Քեսապի մեր դրացին՝ հովիւ Ղազարն էր, որ կորսնցուցեր էր չորս զաւակներն ու կինը՝ անապատին մէջ գաղթի ճամբուն վրայ։ Հիմա Իսկէնտէրունի մէջ՝ բեռնակրութիւն կ՛ընէր, ամուսնացած էր Մարաշէն գաղթած այրի կնոջ մը հետ։

 

 Հայրս բացաւ մեր հետ բերած պարկը եւ ըսաւ փոքրիկներուն՝.«տեսէք աղբարը ինչ բերած է ձեզի Պէյրութէն»։ Պարկին մէջէն ելան գոյնզգոյն շաքարներ, զէնք, պուպրիկ, փոքրերու յարմար հագուստներ։ Մայրիկին համար ալ՝ զոյգ մը մուճակ եւ լազուարթ թաւիշ հագուստցու մը։ Մինչ մենք կը լուացուէինք, մայրիկը խոհանոցէն սեղան կը բերէր տապկուած ձուկ, գետնախնձոր եւ աղանդեր։ Մարին շուրջս կը դառնար, «Աբար, Աբար» ըսելով, իսկ Վարդանը՝ Աղբար ուրկէ՞ եկար, ո՞ւր էիր մինչեւ հիմա հարց կու տար։ Մայրիկը պատասխանեց թէ աղբարը հեռու քաղաք մը դպրոց մը կ՛երթար, հիմա եկաւ մեզի հետ մնալու։

 

 Հայրիկս երկնցաւ քնանալու։ Փոքրերն ալ քնացան, մայրիկն ու ես մնացինք մինակ։ Ան պատմեց թէ նորահարս էր, Քեսապի վերի թաղը, դեռ չմայրացած, կորսնցուցեր էր ամուսինը, որ զինուորագրուած առաջին խումբ երիտասարդներուն հետ Քեսապէն հազիւ ելած, գնդակահարուած էր։ Իր ծնողքին հետ գաղթեր էր, Ճըսըր Շուղուր-Հալէպ-Տէր Զօր երթուղիով։

 1918ի սկիզբը վերադարձեր էր Հայրենի գիւղ, հիւծած հօրաքրոջ հետ, շուտով ան ալ պիտի մահանար։ Հայրիկս ալ, հրաշքով ազատուելով թրքական «էմելէ թապուր»էն, վերադարձեր էր Քեսապ։ Վերապրող Քեսապցիներէն հեռատես մարդիկ, այրի կիներն ու տղամարդիկը իրարու յարմարցնելով, ամուսնացուցեր էին կազմելով նոր ընտանիքներ, որոնցմէ էին, հայրիկս ու մայրիկս։

 

 Անգրագէտ էր ան, սակայն խելացի ու հեռատես։ Հարազատ մօր նման իր սիրտը բացաւ ինծի եւ խոստացաւ ինծի , որ հարազատ մայր պիտի ըլլար։ Շաբաթ մը անցաւ։ Առտու մը փսփսուքի ձայնով արթնցայ։ Հայրիկս ու մայրիկս իմ մասիս կը խօսէին։ Մայրիկս կը պնդէր թէ տղան դպրոց պէտք էր որ երթար, «մեղք, այսքան կարդացեր է, թող շարունակէ։ Հոս «Ֆրէրներուն» դպրոցը թող երթայ»։ Ես ուրախացայ։

 

ՇԱՐ  16

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝