«Նշանակ»ը պիտի շօշափէ ընտրուած տեղեկատուական լուրերու կողքին՝ գրական, գեղարուեստական, մանկավարժական, կրթա-դաստիարակչական, լեզուագիտական, պատմական, կրօնական, առողջապահական, ինչպէս նաեւ Հայութեան ներկան ու ապագան յուզող նիւթեր: Պիտի ունենայ ամենօրեայ «թերթօն», որ ընթերցողը առիթ ունենայ կարդալու մէկ երկու էջ Հայերէն տպուած գիրքէ մը, սովորութիւն մը՝ որ շատերուս կողմէ վաղուց մոռացութեան կրնայ ենթարկուած ըլլալ և կամ արդէն է: Այնտեղ, առ այժմ, անորոշ յաճախականութեամբ, պիտի հանդիպինք մանկական էջերու: Ժամանցի, կատակներու եւ իմաստուն խօսքերու բաժինները մոռացութեան չեն տրուած: Կայքէջը տեղ պիտի տայ ընթերցողներու կարծիքներուն, անոնց յօդուածներուն, շինիչ քննադատութեանց, լուրջ, սերտուած եւ հիմնաւորուած առաջարկներուն: Գործածուող լեզուն պիտի ըլլայ Հայերէնը՝ ընդհանրապէս: Եւ վերջապէս, կայքէջի ստեղծման հիմնանպատակներէն մին է ՝լայն տեղ տրամադրել մտաւորական պատրաստութիւն ունեցող եւ գրիչ շարժող հայորդիներու, գիտնականներու, հոգեւորականներու, բանասէրներու, պատմաբաններու, գրագէտներու, մանկավարժներու, դաստիարակներու, զայն, ձևով մը, վերածելու համար մտաւորական ժամադրավայրի:
Ն. Պ.
0 comments:
Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝