
Արին Արմէնեան
Ապրիլ 13, 1978 - Հոկտեմբեր 11, 1993
Տասը և աւելի տարիներ առաջ , «ԾիրանիԳօտի» բանաստեղծական հատորը նուիրեց ինծի Արինին հայրը:
Միշտ փափաքած էի, որպէս սրտի պարտք ,գրել այս վաղամեռիկ բանաստեղծուհիին, հանճարեղ այս աղջնակին մասին, հակառակ անոր որ բնաւ չեմ ճանչցած զինք: Կը թուի թէ այսօր է պարտքս վճարելու օրս քեզի ` թանկագի´ն Արին:
Ստորեւ` վկայութիւններ Արինի մասին, ինչպէս նաև նմուշներ՝ Արինի ստեղծագործութիւններէն: Ինչպէ՞ս չսիրել զինք, ինչպէ՞ս չյուզուիլ իր կորուստէն:
Թող Աստուած, մեղք չհամարէ այս անհեթեթ հարցումը հարցնելուս.
«Ի'նչո՞ւ կեանքը առիր այս հանճարեղ, 15 գարունները հազիւ բոլորած էակին: Արդա՞ր էր, Տէր իմ...»:
Արին Արմէնեան դուստրն է Ճոնզ Հոփքինզ հիւանդանոցի մէջ գործող Տոքթ. Յարութիւն Արմէնեանի, որ հիմնադիրներէն մին է Երևանի Ամերիկեան Համալսարանին: Մայրը, Սոնա Թերզեանը, 70-ական թուականներու լիբանանահայ լաւագոյն պասքէթպոլիստներէն: Այս առողջ մօր եւ հօր զաւակը ինչո՞ւ քաղցկեղէ պիտի տառապէր 7 տարեկան հասակին , և , ինչո՞ւ հեռանար առ յաւէտ: Հօրեղբայրը` Կարօ Արմէնեան, ԱՄՆ-ի մէջ ազգային բազմավաստակ գործիչ, հետեւեալ վկայութիւնը կ'ընէ Արինին մասին.
«Արին Արմէնեան ծնած է Ապրիլ 13, 1978-ին, Պահրէյն, Պարսից Ծոց:,Յարութիւն եւ Սոնա Արմէնեաններու ընտանիքին մէջ: Եղբայրը` Սարոն, երկուքուկէս տարեկան էր: Յաճախած է Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանը մինչեւ նախակրթարանի երրորդ դասարան, ապա` ընտանեօք տեղափոխուած Միացեալ Նահանգներ: Յաճախած է Պալթիմօրի տեղական վարժարանները եւ միջնակարգը աւարտած որպէս դպրոցին լաւագոյն աշակերտ:
Մահացած է Հոկտեմբեր 11, 1993-ին արեան քաղցկեղէ:
Արինը բանաստեղծ էր, եւ կեանքն ու իրականութիւնը զգաց բանաստեղծի մը յայտնատեսութեամբ: Իր կարճատեւ կեանքին վերջին հինգ տարիները եղան իսկական խաչելութիւն մը, եւ այդ տառապանքին մէջէն ան բիւրեղացուց կեանքի իր պատգամը: Շատ պարզ ու վճիտ պատգամ մըն էր որ արտայայտութիւն գտաւ իր ամէնօրեայ խօսքերով, արարքներով, ժպիտներով, տառապանքը դիմագրաւելու իր անսեթեւեթ եղանակով: Մինչ մենք կը տառապէինք իւրաքանչիւր քայլափոխին, ինք համարձակ կը քալէր դէպի պայքարի իր ասպարէզը: Երբեք չընկրկեցաւ, ան երբեք չյոգնեցաւ, երբեք տեղի չտուաւ. ընդհակառակը, իր ամենէն դժուարին ժամերուն ան ուզեց ստեղծագործել եւ այդպէս իմաստաւորել իր կեանքի այս նեղ միջոցը:
Իր պատգամը ապրելո՜ւ պատգամն էր, ապրելո՜ւ վճռակամութիւնը: Եւ ան յաղթեց ճակատագրին, եւ իր կեանքի օրինակով իր ետին թողուց այս մեծ ճշմարտութիւնը:»
Բժշկապետ Տոքթ. Կրէկըրի Ժ. Քաթոյի վկայութիւնը, բժիշկի տեսանկիւնէն ,մեզի կը ներկայացնէ Ստոյիկեան Արինը,սկզբունքենրու տէր Արինը, մեծոգի Արինը, մեծ աղջիկը, բժիշկին խօսքերով` «կանխահաս հասունութեամբ օժտուած պարմանուհին»:
Անկարելի է, որ արցունքի երկու կաթիլ չգլորին ընթերցողի աչքէն երբ ան կարդայ Արինին ուսուցիչ՝ Սթիվ Ամսթէտի վկայութիւնը,Արինին հեռակայ ընկերուհիին` Յասմիկին բանաստեղծութիւնները ինչպէս նաև մահուան առթիւ հօր` Յարութիւն Արմէնեանի յիշատակները իր դեռատի դուստրէն:
... Ներէ՜ ինծի Տէր իմ Աստուած :Բայց դարձեալ...
Ինչո՞ւ ...
«ՆՇԱՆ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ»
_________________________________________________________________
Ստորեւ կը ներկայացնենք Արինը՝ Արինի մասին, գրուած ճիշտ տարի մը առաջ իր մահուընէ.
ԿԵԱՆՔՍ ՈՒ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Լիբանանի հայկական դպրոցիս ծրագրին հետ քայլ պահելու համար, հայրս տարիներով շարունակած է հայերէնի դասերս: Շաբաթօրեայ այս դասերուս ընթացքին, հայրս քաջալերած է որ հայերէն բանաստեղծութիւններ գրեմ: Անգլերէն գրել ու կարդալ սորվելէս ետք, բանաստեղծութիւններ գրած եմ անգլերէն ու հայերէն լեզուներով: Այս մէկը ըրած եմ քանի որ բանաստեղծութիւն գրելը ինծի կուտայ խաղաղութիւն ու հանդարտութեան զգացում: Պիտի ուզէի որ ամէն անհատ կարենար ունենալ այդ սքանչելի ապրումը: Բանաստեղծութիւն գրելը առիթ կուտայ որ կարենամ ինքզինքս արտայայտել եւ ուրիշներուն հետ բաժնել այն ինչ որ կը զգամ որոշակի նիւթերու մասին:
Այս տարիներու ընթացքին, երբ բանաստեղծութիւններ գրած եմ, ես սորված եմ գրել զանազան ոճերով: Սորված եմ մասնաւորաբար ուսուցիչներէս, ինչպէս նաեւ ընկերներէս, ընտանիքէս եւ գիրքերէն: Կեանքիս այս կարճ րոպէն գրի առնելով` կ'ուզեմ շնորհակալ ըլլալ այն բոլոր անձերուն եւ իրերուն, որոնք օժանդակեցին որ կարենամ պեղել բանաստեղծութեան այս հրաշալի աշխարհը:
«ԱՐԻՆ ԱՐՄԷՆԵԱՆ»
Հոկտեմբեր, 1992
_________________________________________________________________
Արինի հօր՝ Յարութիւն Արմէնեանի վկայութիւնը
ԽԱՂ ԵՒ ԴԱՍ
Սեղանիս վրայ դրուած աշակերտական տետրակներուն ամէնէն փոքրն ու վտիտն է այս մէկը, նաև ամէնէն հինը: Պիտակին՝ Արին Արմէնեան, Բ. դասարան, և մանկական ծաղրանկար մը: Վեց ոտանաւորներ և նոյնքան դատարկ էջեր:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն՝ կարեւոր հարց է մեզի համար երեխաներուն ապահովել բնական մանկութիւն ապրելու կարելիութիւնը: Բայց ի՞նչ բան է բնական մանկութիւնը այդ պայմաններուն մէջ:
Ահազանգի, ռումբերու և աւերուող քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ դեռ կան ջերմութիւնն ու ապահովութիւնը մեծ մայրիկներու գիրկերուն և մեծ հայրիկներու հանդարտեցնող ու իմաստուն բառերուն: Կա՛յ Ճեմարանը, կա՛ն ընկերները, ակումբը, համալսարանի խաղավայրերը և արեւելքի հազարումէկ համերն ու հոտերը: Կա՛յ Միջերկրականը իր կապոյտով: Կարելի՞ է այս բոլորով մեծնալ և ունենալ անբնական մանկութիւն:
Եօթ տարեկան երեխայ է Արին: Ամառնային անհոգ օր մը: Գիւղ՝ մեծ հօրը տունը, խաղ, լեռ և ուրախութիւն:
Խաղեր են նաև այս վեց ոտանաւորները: Ջան Կիւլիւմներու փորձեր, գրուած մեծ մօրը՝ Ռոնեա Թերզեանի քաջալերանքով: Կատակներ՝ ուղղուած եղբօրը Սարոյին, մեծ հօրն ու մեծ մօրը:
Սարօ ճան Սարօ
երկնքի լուսինով թագ շինեմ քեզ
ու աստղերուն թագաւորն ընեմ քեզ:
Յիշատակը ամառնային արեւոտ այդ օրուան: Վարը քաղաքն է, կարճ զինադուլի մէջ:
Տարի մը ետք՝ Ամերիկա: Նո՛ր լեզու և նո՛ր մշակոյթ:
Ութ տարեկան և յարատեւող ճիգ: Քանի մը ամիս, և ան յաղթահարած է լեզուի դժուարութիւնները: Բանաստեղծութիւնը խաղ է: Ան կը խաղայ նաև անգլերէն ոտանաւորներով:
Լիբանանեան մանկութիւնը հեռուն մնացած է, բայց կենդանի է իր ջերմութեամբ ու հեռուէն հասնող բառերով:
Մեզի համար՝ դարաւոր մշակոյթի հարուստ ժառանգին փոխանցումը Ամերիկայի մէջ հիմնական հարց է: Շատ չեն միջոցները այդ մէկը կատարելու Պալթիմօրի պէս հայութենէ մեկուսացած շրջանի մը մէջ:
Ահաւասիկ, եօթ-ութ ուրիշ դպրոցական տետրակներ եւս սեղանիս վրայ: Անոնք Արինին եօթ տարուան հայերէն տնային դասերուն համար գործածած տետրակներն են: Հոս մէջընդմէջ հայերէն տնային պարտականութիւններ կան, հրահանգներ, նաև բանաստեղծութիւններ: Մեր հայերէնի դասապահերուն, շատ անգամ իրմէ պահանջուած շարադրութիւնները ան կը գրէ բանաստեղծութեան ձեւով: Ա՛յդ ձեւը աւելի դիւրին է իրեն համար:
Լուսնապարտէզ, դահոյկ, երկար պտոյտներ, գոյնզգոյն գիրքեր, բազմացեղ դասընկերներ, նո՛ր մանկութիւն մը Ամերիկայի մէջ: Բայց մեզի համար ամառները Լիբանան վերադարձը անհրաժեշտ վերանորոգում մըն է:
1988ի ամառն է. մեր վերջին գիշերը Պէյրութի մէջ միասին: Այդ օր նկատած ենք հիւանդութեան առաջին նախանշանները: Կարելի չէ քնանալ այդ գիշեր: Կը մտածես բոլոր կարելիութիւններուն մասին: Կ'ուզես հաւատալ որ քու աղջնակդ շատ առողջ է եւ՝ այս մէկը անցողակի վիճակ է...
Բայց վախը արդէն հաստատուած է մէջդ:
Կարելի չէ գրել Արինին վերջին հինգ տարիներուն ու լուռ տառապանքին մասին: Բայց կարելի է գրել ժպիտի՛ն մասին որ կը յամառէր մնալ շրթներուն, բազմատեսակ դարմանումներու և սրսկումներու իր առօրեային մէջ:
Այսօր այդ ժպիտը մեզի հետ է – դեղերն ու ասեղները կը լուծուին մեր յիշողութեան մէջ – գեղեցիկի գոյութիւնն է որ մեզ կը տաքցնէ:
Կը մտածես որ հիւանդութիւնը հաւանաբար կեանքի և բնութեան նկատմամբ տարբեր տեսլական մը տուաւ իրեն. տարիքէն առաջ հասունութեան ստիպեց զինք:
Կեանքի վերջին երկու տարիներուն, Արին կը գրէր բանաստեղծութիւններ նոյն դիւրութեամբ, ե՛ւ հայերէն, ե՛ւ անգլերէն: Մեծ է դերը դպրոցական իր ուսուցիչներու քաջալերանքին: Անոնցմէ մէկը Արինին կը նուիրէ գեղեցիկ կազմով տետր մը ուր ան կը մէկտեղէ իր բանաստեղծութիւնները:
Սակայն այս բանաստեղծութիւններուն մէջ շատ քիչ բան կայ հիւանդութենէն:
Մանուկ հոգի է այստեղ Արինը, տնային պարտականութիւններ կատարող պատանի: Այստեղ կը յայտնուի բնութեան իր պաշտամունքը, իր արմատներուն տոկունութիւնը, երկմշակութային պատկանելիութիւնը, հոս է իր անձնական զգացումներու արեւաշող ծովը:
Արինը իր մօր, եղբօր, ինծի և բոլոր հարազատներուն համար անգտանելի հարստութիւն մըն է: Հիւանդութեան հինգ տարիներու ընթացքին՝ ցաւերուն համար լալը մենք երբեք չենք տեսած, ի՛նքն էր ու մեզ կը մխիթարէր և ցոյց կու տար աշխարհի գեղեցկութիւնը:
Գարնանային անձրեւոտ օր է: Կարճ արձակուրդ է: Վըրճինիա՝ պատմական յուշարձաններ: Առանձին ենք ու կը խօսինք: Այլեւս երեխայ չէ: Շատ բան ունի քաղած իր փորձառութենէն: Շատ բան որ կ'ուզէ բաժնել: Ան իր կարծիքը ունի մեզ յուզող հարցերու մասին: Կեցուա՛ծք ունի:
Անցեալին մէջ պահեր կան որ յաւիտենականութիւն կ'արժեն:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՐՄԷՆԵԱՆ
Փետրուար, 1996
Պալթիմօր
_________________________________________________________________
Նմուշներ Արինի բանաստեղծութիւններէն
ԱՆՁՐԵՒԻ ԿԱԹԻԼ
Կաթիլ մըն եմ անձրեւի
որ ի'իյնայ մեկուսի,
կաթիլ մըն եմ անձրեւի
որ անուն չունի:
Կաթիլ մըն եմ անձրեւի
գիշերը սահող,
կաթիլ մըն եմ անձրեւի
ցերեկը բեկուող:
Կաթիլ մըն եմ՝ երկինքի
ուլունքի նման,
կան լայն թեւեր թռիչքի
բայց ալ ոյժ չկայ:
Կաթիլ մըն եմ անձրեւի
առանձին կ'ապրի,
անձրեւի այն շիթն եմ որ
իր տունը չունի:
1991
Ի՞ՆՉ ԸՆԵԼ
Ի՞նչ պիտի ընես երբ ամառը գայ,
Ի՛նչ պիտի ընես երբ սկսի արեւը փողփողիլ,
պիտի լողա՞ս ովկիանոսի ջուրերուն մէջ
թէ ոչ պիտի վազվզես արեւուն տակ:
Քեզի ըսեմ թէ ի՛նչ պիտի ընեմ ես,
երբ ամառը գայ
պիտի պառկիմ զով ու կանաչ խոտին վրայ
և ծծեմ պիտի ամրան տաքուկ արեւը:
1992
ԱՄՐԱՆ ԼԻՃԸ
Տատանող հովը
կը շարժէ ձուկերը
լողացող ջուրին մէջ
ջրաշուշաններ
ալիքներու մէջ
կապոյտ ու խաղաղ
1991
ԾԵՐԸ
Կան ծերեր որ մօրուք ունին,
կան որ պեխ ունին,
և կան որ ո՛չ մօրուք ունին, ո՛չ ալ պեխ:
Մէկ բան տեսած եմ որ նոյնն է,
ան ալ՝ մազին գոյնն է:
Բայց կան որ ո՛չ մօրուք ունին,
ո՛չ պեխ,
ո՛չ ալ մազ:
1988
ԻՐԻԿՈՒՆ Է
Իրիկուն է
կատուն կը մլաւէ,
իրիկուն է
շունը կ'ոռնայ,
իրիկուն է
գայլը կ'որսայ:
Իրիկուն է
և աշխարհը լուռ է:
1989
ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐ
Կը խոստանամ ինքզինքիս
որ զօրաւոր պիտի ըլլամ,
պիտի յաղթահարեմ որևէ
հիւանդութիւն,
պիտի շարունակեմ
և սրտիս բոլոր ցանկութիւնները
պիտի կատարուին:
Կ'ըսեմ նաեւ ինքզինքիս
քրէք պիտի չգործածեմ,
ոչ ալ որևէ թմրեցուցիչ,
պիտի չստեմ
պիտի չխաբեմ
յաջողելու համար:
1990
ԱՐԵՒՈՒՆ ԱՌԱՋԻՆ ՃԱՌԱԳԱՅԹԸ
Ոսկեպայծառ ծովը ցորենի
փշփշալով կը պարէ
արշալոյսի առաջին եղանակին:
Աքլորը ձայնը բարձրացնելով
արեւը աշխարհին կը ծանօթացնէ,
և թռչուններուն երգը կ'արթնցնէ:
Արեւուն առաջին ճառագայթը
մեր աշխարհին մթութիւնը կը պատռէ:
1991
_________________________________________________________________
Արինի բժիշկին՝ Տոքթ. Կրեկըրի Ժ. Քաթօ ի վկայութիւնը
ՀՈԳԵՂԷՆ ԺԱՌԱՆԳ
Հոկտեմբեր 1993ին, աշխարհը կորսնցուց ուշագրաւ պարմանուհի մը, որ յուզած էր իր շրջապատի մարդոց կեանքը: Այդ օր, Արին Արմէնեան մահացաւ թոքի հիւանդութենէ – երկար ճամբայ մը՝ որ հինգ տարիներ առաջ ամբողջովին տարբեր ուղղութիւն ունէր:
1988ի Օգոստոսին, հեռաձայն ստացանք Ճանզ Հափքինզ Հիւանդանոցին մէջ. մեր անձնակազմէն, համաճարակաբան բժիշկի մը աղջնակը ախտաճանաչուած էր արեան
քաղցկեղով, Պէյրութ գտնուած միջոցին: Մինչեւ Հափքինզ երկօրեայ ճամբորդութիւն էր: Կացութիւնը աղիտալի կը թուէր, կար յոռեգոյնին վտանգը: Անմիջապէս անկողին մը պատրաստեցինք Մանկաբուժութեան Մասնագիտական Խնամքի բաժանմունքին մէջ:
Երբ հասաւ՝ բաւական լաւ կ'երեւէր: Յայտնի էր իր հօր անմնացորդ հոգածութիւնը՝ օդանաւի կամ պանդոկներու սենեակներու մէջ, դեղերը ներարկելու ժամը ժամուն: Եւ այս իրողութիւնը՝ իր ծնողներուն բացառիկ մասնակցութիւնը, պիտի հանդիսանար գլխաւոր թեման Արինի հիւանդութեան բովանդակ ընթացքին:
Արինի արեան քաղցկեղի տեսակը շատ դժուար էր բուժել աւանդական միջոցներով: Ինք ու իր ընտանիքը անմիջապէս համաձայնեցան աւելի նոր, արագ, փորձառական քիմիաբուժութեան և շողարձակման: Տաժանելի էր դարմանումը, սակայն կասեցաւ քաղցկեղը:
Յաջորդող երկու տարիներուն Արինին կեանքը դարձաւ քիմիաբուժութեան շուրջ: Կորսնցուց մազերը, արեան ներարկումներ, պատահական վարակումներ, այս բոլորը տարաւ առանց տրտունջի: Իր միակ բողոքը՝ դպրոցէն բացակայիլն էր, կամ զրկուիլը դպրոցական գործունէութիւններէ: Բայց միշտ ալ ժամանակ գտաւ դարմանումներու միջեւ՝ մասնակցելու դպրոցական ձեռնարկներու:
Դարմանումը վերջ գտաւ 1990ի աշնան: Արինի քաղցկեղը իրեն նման անընկճելի, վերադարձաւ երկու ամիսէն: Միակ յոյսը՝ շատ բարձր չափով քիմիաբուժութիւնն էր, որուն կը յաջորդէր ոսկրածուծի պատուաստումը իր եղբօրմէն: Իր յարատեւութիւնն ու դրական կեցուածքը շուտով զինք բժիշկներու և հիւանդապահուհիներու սիրելին դարձուցին: Ֆիզիքական և հոգեկան իր կորովին շնորհիւ արագ ապաքինեցաւ, միայն աննշան հետքեր թողած:
Բժշկական հրահանգ էր վեց ամիս դպրոց չերթալ. Արին իր տան մէջ հետեւելով աւարտեց տարեշրջանը: 1992ի Մայիսին, անգամ մը եւս յայտնուեցաւ քաղցկեղը: Առանց գանգատելու, Արին ենթարկուեցաւ քիմիաբուժութեան: Դարմանումի ընթացքի մէջ էր տակաւին, երբ ներկայ եղաւ իր միջնակարգ վարժարանի աւարտական հանդէսին, և հոն տեղեկացաւ թէ շահած է
Դպրոցին Լաւագոյն Աշակերտի տիտղոսը: Դասընկերները յոտընկայս կը ծափահարէին իրեն: Արին նաեւ ճանչցուած էր իբրեւ Հափքինզի միակ հիւանդը, որ դարմանումի ընթացքին իր մօր հետ «պանճի ճամբինկ»ի կ'երթար:
Նոյն տարուայ Յուլիսին, Սարօն անգամ մը եւս նուիրեց իր ոսկրածուծը, որ ազատէ քոյրը մահուան սպառնալիքէն: Այս պատուաստումի ընթացքին, Արին սկսաւ զարդեղէններ շինել և շուտով բոլոր հիւանդապահուհիները կը կրէին օղեր՝ գնուած Արինին ձեռային աշխատանքի զուարթ հաւաքածոյէն: Անոնց հասոյթը՝ իր գաղտնի նուիրատուութիւնը եղաւ Լիբանանի որբերուն օգնող Ճ. Սիսիփիոյի ջանքերուն:
Արինին արագ ապաքինումը անմիջապէս մթագնեցաւ երբ իր օրկանները մերժեցին պատուաստումը: Քաղցկեղը հակակշռուած էր, սակայն նոր հիւանդութիւնը սկսաւ անդառնալի վնաս հասցնել իր թոքերուն: Տոկուն էր Արին, հաստատակամ. չէր կրնար ընդունիլ որ այս վիճակը իրեն պիտի չթոյլատրէ ճամբորդելու Աւստրալիա իբրեւ Երիտասարդներու Դեսպան: Բազմալիւ դիմողներու մէջէն Արին ընտրուած էր այդ պատիւին, իր ուսումնական աշխատանքին, հաւասարակշռուած նկարագրին և ոգիին համար:
Ո՛չ, ան պիտի չզրկուէր դպրոցէն, հոգ չէ թէ թթուածինի շիշ մը կ'օգնէր իրեն շնչելու և անիւաւոր աթոռով մը կը հասնէր դասարանէ դասարան:
Արին բնաւ չդադրեցաւ ծրագրելէ, թէ ի՛նչ պիտի ընէ յաջորդ ապաքինումէն ետք, բայց այդ ապաքինումը երբեք չեկաւ. պարզ պաղառնութեան մը այլեւս չկրցան տոկալ իր տկար թոքերը:
Դպրոցի իր վերջին օրը դարձեալ նիւթ մը ներկայացուց, և ապա հազալով, հազիւ շնչելով հասաւ հիւանդանոց. բողոքեց որ այս բարդութեան պատճառով ժամանակ չունի իր դպրոցի ժողովին ներկայ գտնուելու: Գնաց տուն պատուիրուած դարմանումը շարունակելու: Չորս օր ետք, մահացաւ իր տան մէջ, հարազատներուն և հիւանդապահուհիներուն հոգածութեան ներքեւ:
Թէպէտ իր կարճ կեանքի մէկ երրորդը անցուց քաղցկեղի դարմանումի ենթարկուելով, Արին իր անջնջելի կնիքը դրաւ հարիւրաւոր մարդկային կեանքերու վրայ: Իր կեցուածքը, յարատեւութիւնը, կեանքի հանդէպ իր սէրը կը ներշնչեն մեզմէ ամէն մէկը որ կեանքի իւրաքանչիւր օրը նկատէ իբրեւ պարգեւ մը և փորձէ օգնել այն մանուկներուն, որոնք կը տառապին մահացու հիւանդութիւններէ:
Արին մեզի թողուցած է ժառանգ մը անգլերէն և հայերէն բանաստեղծութիւններու: Անոնք ցոյց կու տան հոգին՝ կանխահաս հասունութեամբ մը օժտուած այն պարմանուհիին, որուն մահը կը սպասէր ամէ՛ն անկիւնադարձի:
ՏՈՔԹ. ԿՐԵԿԸՐԻ Ժ. ՔԱԹՕ
Հոկտեմբեր 22, 1993
_________________________________________________________________
Արինի ուսուցիչ՝ Սթիվ Ամսթէտի վկայութիւնը
«ՀԻՆ ՀՈԳԻ»
Անցեալ շաբաթ ներկայ գտնուեցայ իմ հերոսիս յուղարկաւորութեան: Հերոսս – և այս բառը այդպէս թեթեւակի չեմ գործածեր – բանաստեղծ էր, պայքարող, կարեկից հոգի, արուեստագէտ և նախկին աշակերտ: Հերոսս Արին Արմէնեանն էր, տասնըհինգ տարեկան:
Այս տարի ուսուցչական ասպարէզիս քսանհինգամեակն է, քառորդ դար աշխատած եմ պատանիներու հետ – հազարաւոր աշակերտներ անցած են տարիներու ընթացքին – և շատ հազուադէպ են անոնք, որ Արինին նման կը գերազանցեն ուրիշները:
Մեր առաջին հանդիպումէն իսկ տպաւորուած էի իր ինքնազուսպ նկարագրով, իր անհաւատալի հասուն մտածողութեամբ և այն զօրութեամբ որ այդ վտիտ կազմուածքին մէջ կը գտնուէր: Որքան խօսէիր իր հետ, այնքան կ'անդրադառնայիր թէ իսկապէս եզակի է իր տեսակը: Երբ մտիկ ընէիր իր խօսակցութիւնը, կամ դիտէիր իր դէմքը, կը զգայիր թէ այս այն մանուկն է զոր միսթիքներ կը կոչեն «հին հոգի», այսինքն՝ պատանի մը որուն իմաստութիւնն ու զօրութիւնը շատ աւելի են քան՝ իր այս երկրագունդին վրայ ապրած հազիւ քանի մը տարիները:
Շուտով մասնաւոր «կապ» մը հաստատուեցաւ երկուքիս միջեւ: Ամէն մէկս տեսանք միւսին մէջ տեսակէտ ունեցող անհատը: Արին կը սիրէր իր կարծիքները արտայայտել. բայց ան աւելին էր քան ամրակարծիք չափահաս մը – այլազան տաղանդներու տէր էր – արուեստագէտ, բացառիկ գրող, զարդեղէն շինելու վարպետ, և հակառակ իր ֆիզիքական ցաւերուն՝ երգիծանքի յատուկ զգայարանքով մը օժտուած էր: Եւ ամէնէն կարեւորը՝ ան կը սիրէր բաժնել իր տաղանդները:
Երբ ութերորդ դասարան էր, ամբողջ օր մը ի՛նք ստանձնեց Համաշխարհային Մշակոյթներու դասընթացքը: Դասարանը վերածեց հայկական թանգարանի, և իր նախնիներուն տարազով, դասընկերներուն բացատրեց իր սիրելի մշակոյթին հարստութեան մանրամասնութիւնները, ամբողջ հինգ դասապահ, գրեթէ կախարդելով բոլորը:
Արին կը ներկայացնէր իր էթնիք համայնքի ապագան, անհաւատալի հպարտութիւն ունէր իր ցեղին նկատմամբ: Կը մտածեմ թէ իր մահը մեծ ողբերգականութիւն ունի ճիշդ այս պատճառով: Ոեւէ երիտասարդի մահը խոստումի մը յանկարծական ու անարդար աւարտը կը խորհրդանշէ – բայց երբ այդ մահացող պատանին այսքան յուռթի կարողութիւններու տէր է, երբ այդ պատանին իր ընտանիքին և իր ժողովուրդին ամենափայլուն ապագան կը ներկայացնէ – այդ կորուստը անսահմանօրէն աւելի աղիտալի կը թուի:
Ճաշի պահուն, մեր խօսակցութիւններու ընթացքին անդրադարձանք որ Արինն ու ես նոյնանման ձեւ մը ունէինք – երկուքս կը սիրէինք մեր ըսածը շեշտելու համար մեր ցուցամատը թափահարել միւսին դիմաց: Բայց փոքր «խաղ» մըն ալ զարգացուցինք. երբ մեզմէ մէկնումէկը շատ «կը ցուցամատէր» վիճարկութեան ընթացքին՝ միւսը կը մշտէր անոր մատնածայրը: Յաջորդող խնդուքը անխուսափելի կ'ըլլար: Արինէն ունեցած ամենաքաղցր յիշատակներէս մէկը այս է: Հակառակ իր ցաւերու ահաւորութեան, հակառակ հիւանդութեան սուր բնոյթին՝ ան կարողութիւն ունէր միշտ ինծի խնդալ տալու, ինչպէս նաեւ ուրիշներու հետ խնդալու: Իր տուած լաւագոյն դասը, ըստ իս, այս է: Մեզմէ անոնք որ սիրեցին Արինը հիմա միայն այս դասերը ունին որպէս մխիթարանք. և թերեւս ալ այսքանը բաւարար պիտի ըլլայ մեր մնացեալ կեանքին համար:
Մնաս բարով Արին: Երբ շատ տխրիմ՝ կը զգամ որ եկեր ես՝ ցուցամատս կը կսմռթես:
Բարեկամդ՝
ՍԹԻՎ ԱՄՍԹԷՏ
Հոկտեմբեր 23, 1993
_________________________________________________________________
Լենինականի երկրաշարժին, փլատակներու տակ մնաց նաև Յասմիկ Յակոբեանի տունը: Այն օրէն ի վեր նամակագրական կապ կար Յասմիկին և Արինին միջև: Զիրար չէին տեսած, տարեկից էին: Արինի մահուընէ ետք, Յասմիկ բանաստեղծութիւններու փունջով մը պատմած է իր կսկիծը: Ահաւասիկ զոյգ մը այս փունջէն:
ՏՐՏՄՈՒԹԻՒՆ
Երկինքը պատուեց մռայլ ամպերով
Օրն ամբողջովին մթնեց, խաւարեց,
Տխրութիւն իջաւ իմ տրտմած հոգում,
Եւ կարօտ սիրտս անձայն արտասուեց:
Ի՛նչ էր պատահել, ես էլ չիմացայ,
Միայն յիշում եմ այն պահը տխուր
Երբ հեռաձայնով ինձ հաղորդեցին
«Արինն էլ չկայ»:
Մռայլը տիրեց օրեր, ամիսներ,
Յոյսերս անհետ գնացին, կորան,
Ամպրոպը ճեղքեց մռայլը հոգուս,
Ու անձրեւները թափուեցին առատ:
ԱՂՕԹՔ ԱՐԻՆԻՆ ՀԱՄԱՐ
Ով Հայր երկնային, դու մեր Աստուած,
Դու ամենակարող, Դու մեր արարիչ,
Ընդունի՜ր հոգին քրոջ իմ անմահ
Քո եդեմական պարտէզը նորից:
Եւ թող միշտ ժպտան նրան ամէնուր
Բնութիւնն ուրախ ու զուարթագին,
Եւ զեփիւռը մեղմ շշնջայ նրան,
Եւ ծաղիկները թփրտան նորից:
ՅԱՍՄԻԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Կումայրի, Հայաստան
0 comments:
Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝