Յայտարարութիւն

Monday, July 13, 2009

«ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻԹՆԵՐՍ»-ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ 17

Սիրելի Ընթերցող, Խոստացած էինք ՄԵԾ ՀԱՅՈՒ մը վկայութիւնները հրապարակել ՀԱՅ ՄԵԾԵՐՈՒ մասին: Ստորև, ամենօրեայ դրութեամբ, «Նշանակ» պիտի հրապարակէ մաս մը Մուշեղ Իշխանի հետաքրքրական վկայութիւններէն հայերու, որոնք անկիւնադարձեր ապահոված են ու նոր էջեր բացած հայոց գրականութեան, թէ քաղաքական պատմութեանց մէջ: Մուշեղ Իշխան, ինչպէս ինք կ՜ըսէ, եղաւ այն քիչերէն որոնք բաղդը ունեցան աշակերտելու հինգ ՄԵԾ ՀԱՅԵՐՈՒ յանձինս Յակոբ Օշականի, Լևոն Շանթի,Նիկոլ Աղբալեանի,Նիկողայոս Ադոնցի, Կոստան Զարեանի և գործակցելու երկու ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ հետ՝ յանձինս Սիմոն Վրացեանի և Վահան Թէքէեանի: Յուսամ ես ալ կարենամ օր մը իմ սրտիս պարտքը տալ գրելով ՄԵԾՆ Մուշեղ Իշխանի մասին որուն բաղդը ունեցած եմ աշակերտելու չորս տարի : «Իմ Ուսուցիչներս» հրատարակուած է 1984 ին, Պէյրութ:


Նշան Պասմաճեան

՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝
ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ


Առանց չափազանցելու՝ աշխատանքի հերոս կարելի է կոչել Շանթը։ Աշխատանքը, իր աչքին, Աստուծոյ կողմէ Ադամին տրուած անէծքը չէր բնաւ, այլ հոգիի բարձրագոյն վայելք, ինքնակատարելագործումի ամէնէն առողջ եւ ապահով միջոցը։
– Տղա՛քս, աշխատեցէ՛ք, անվերջ աշխատեցէք, սուրբ է աշխատանքը։ Աշխատողը միայն մարդ կը դառնայ։

Ճեմարանի որմերը պիտի պահեն այս բառերուն արձագանգը, որոնց մէջ Շանթի ձայնին հնչեղ թրթռացումները անոր ամբողջ հոգին կը ծորէին։
«Աշխատանքը իմ կեանքս է, խաղս, զուարճութիւնս եւ հրճուանքս»,– կը սիրէր կրկնել յաճախ իր շուրջիններուն։

Եւ իսկապէս, Շանթ իր գրասենեակը կը մտնէր ինչպէս տաճարէ մը ներս, սրբազան խորհուրդի մը հետ հաղորդուող մարդու մը ոգեւորութեամբ։ Ո՞վ համարձակած է երբեւիցէ խանգարել Շանթին աշխատանքի սովորական պահերը։ Ամէնքը գիտէին թէ կէսօրներէ ետք ժամը 5էն մինչեւ 8ը ալեւոր գրագէտը իր թուղթերուն վրայ հակած կ՚ըլլար եւ որեւէ այլ զբաղումի հետ չէր ուզեր փոխանակել ստեղծագործական ճիգերու այդ պահերը։ Բացառիկ պարագաներու տակ հազիւ հինգ-տասը վայրկեան միայն կը յօժարէր զոհել այցելուին, դժկամակութեամբ ձգելով աշխատանքի սեղանը եւ իսկոյն ետ դառնալով կրկին։

«Այն օրը որ որեւէ պատճառով կը խանգարուիմ եւ չեմ օգտագործեր գրելու յատկացուած ազատ ժամանակս, անհանգիստ կը զգամ, որովհետեւ ասիկա կորսուած թանկագին օր մը կ՚ըլլայ ինծի համար»։
Շանթի խօսքերն են ասոնք, կէս դարէ աւելի գործի վերածուած խօսքեր, որոնց կենդանի օրինակը իր սիստեմաթիք կեանքը եղաւ, ժամացոյցի պէս լարուած, ճշդապահ եւ կանոնաւոր։

Դպրոցական ասպարէզին մէջ կը նախընտրէր գիշերօթիկներու կացութիւնը, այն պարզ պատճառով որ նոյն ժամերուն արթնցող, սերտող, խաղացող եւ քնացող տղաքը իրենց ամբողջ կեանքին համար սիստեմի եւ կարգապահութեան կը վարժուին։

Ամենէն աւելի իր գնահատանքին արժանացողները այն աշակերտները կ՚ըլլային, որոնք բնականէն նուազ օժտուած՝ բայց յամառ ճիգերով կը հասնին որոշ արդիւնքի մը։

Փորձով իր վրայ հաստատած էր աշխատանքին թարմացնող, աշխուժացնող ազդեցութիւնը, փաստելով կարծես դարաւոր առածին այն ճշմարտութիւնը թէ՝ «բանող երկաթը չի ժանգոտիր»։

Երբ սեղանին առջեւ կ՚ըլլար՝ կ՚աշխատէր մտքին ծայրագոյն լարումով, ֆիզիքական եւ հոգեկան ուժերուն լիակատար թափով։ Ոչ մէկ մեղկացում, ուշացում կամ դեդեւում։ Խուսափած էր միշտ գիշերազգեստով անկողնի վրայ երկարած աշխատելու սովորութիւններէն, զորս վնասակար եւ անօգուտ կը նկատէր։ Կարդար թէ գրէր, ան պատրաստ վիճակի մէջ էր միշտ, օրուան հագուստով, անբաժան էր սեղանէն։ Յոգնութեան առաջին նշաններուն հետ կը ձգէր թուղթ ու գրիչ եւ հաճելի խօսակիցներ կը փնտռէր՝ զուարթաբան զրոյցով մը ջիղերուն լարումը թուլցնելու համար։

Աշխատանք ու կամք, իրար լրացնող եւ արդիւնաւորող արժէքներ, ունայնութեան փոսը լեցնող միակ իրական տուեալներն էին Շանթի փիլիսոփայութեան եւ ղեկավար սկզբունքը մնացին իր բովանդակ կեանքին։

Ամէն անգամ որ հանդիսաւոր առիթով մը «երկար կեանք» մաղթէին բարեկամները իրեն, Շանթ ինքնայատուկ մանկունակ ու ջինջ ժպիտը դէմքին կը պատասխանէր.
– Աշխատելու կարողութիւն մաղթեցէք, աշխատանքէ զրկուած ապրիլը անիմաստ է։ Կ՚ուզեմ մեռնիլ այն օրը որ չկարենամ աշխատիլ։

Այդպէս ալ եղաւ։ Հոգեվարքի չորս-հինգ օրերէն զատ՝ պարապ ժամանակ չվատնեց ան։ Դադրեցաւ աշխատելէ երբ գիտակցութիւնը կորսնցուցած կէս մեռել մըն էր արդէն։

Հիւանդութեան երկարատեւ շրջանին, տառապանքի եւ աստիճանական շիջումի անյոյս օրերուն անգամ գիրքն ու գրիչը ձեռքէն չձգեց երբեք։ Իսկ երբ անկարող էր այլեւս գրիչ շարժելու՝ փորձեց թելադրելով աշխատիլ եւ անպայման աւարտել մանկավարժութեան երկրորդ հատորը, որ կիսատ մնացած իր վերջին գործն էր։

– Ո՜վ կը ստիպէ որ գերմարդկային այս ճիգը կատարեմ – կ՚ըսէր կարեկից այցելուներու քաջալերական խօսքերուն պատասխանելով.– ո՛չ ոք անշուշտ։ Հրատարակած գործերս ալ բաւական են՝ իմ ժողովուրդիս պարտքս վճարելու։ Բայց չեմ կրնար շնչել առանց աշխատելու։ Իմ անփոխարինելի հաճոյքս, ուրախութիւնս, կեանքին զարկերակը զգալու վարժութիւնս եղած է մտածելը, կառուցանելը, գրելը։

Մահուան մահիճէն՝ Աստուծմէ երեք ամսուան յաւելեալ շունչ կը խնդրէր, ո՛չ թէ երեք ամիս եւս աշխարհին եւ մարդոց կառչած մնալու սիրոյն, այլ գործը աւարտած տեսնելու մեծ գոհունակութեան համար։

Երեք ամսուան պայմանաժամին շնորհը չունեցաւ Շանթ, բայց իր երկաթէ կամքը յաղթահարեց ժամանակի եւ մահուան արգելքները. արտակարգ լարումով մը ան կրցաւ կեանքին հետ վերջակէտը դնել գործին ալ վրայ։ Այնպէս որ, աչքերը փակած ատեն, կը խորհիմ թէ հանգիստ էր խիղճը, նման այն մշակին, որ խոպան հող չէ ձգած իր ետին։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԻ 17
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝