Յայտարարութիւն

Sunday, September 20, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ - 45 - ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Ժագը եղաւ զիս արթնցնողը, անկողնիս մէջ։
– Մարդը մեռա՛ւ...
– Ո՞ր մարդը... Ո՞վ մեռաւ,– մռմռացի դժգոհ, ժամանակէն առաջ խանգարուելուս համար, աչքերս կէս բաց, կէս գոց։
– Մուրացկանը... Ասորին... Գիշերը մեռեր է. ի՞նչ ընենք...
Քունը, յանկարծ թափեցաւ աչքերէս։ Թմրութիւնս անհետացաւ. ելայ նստայ։ Անհասկնալի, անորոշ, անախո՛րժ բան մը կար ըսուածին մէջ, տրամադրութեանս մէջ, Ժագին բառերուն մէջ։ Չհիմնաւորուած, չբանաձեւուած, բայց ծանրօրէն ճնշող պատասխանատուութիւն մը ունէի կարծէք պատահածին մէջ եւ Ժագ եկած էր յիշեցնելու պարտականութիւնս։
Վերջապէս թօթուեցի ինքզինքս եւ իջայ մահճակալէն։ Ինքնապաշտպանութեան բնազդ մը սկսաւ աշխատիլ մէջս արագ, վճռական։ Ինչո՞ւ այս անտեղի եւ չափազանցեալ յուզումը, վրդովումը, առաւօտ կանուխ, անծանօթի մը մահուան առիթով։
Յանկարծ պոռթկացի Ժագին դէմ.
– Ինչ ընե՞նք... Եկեր ես հարցնելու թէ ի՞նչ ընենք։ Տխմա՞ր ես դուն։ Ինծի՞ կը հարցնես թէ ինչ պէտք է ընել։ Ոստիկանութիւն չկա՞յ քաղաքին մէջ, քահանայ չկա՞յ, ուրիշ մարդ չկա՞յ։ Միայն ե՞ս կամ որ իրաւունք չունիմ հանգիստ քնանալու...
– Մեռելաթա՞ղ եմ ես, որ առտուն կանուխ եկեր աւետիս կու տաս, թէ մարդը մեռաւ։ Կորսուէ՛ եւ ինչ կ՚ուզես այն ըրէ...
Տարիներու ծառայութեան ընթացքին միշտ մեղմ վարուած էի Ժագին հետ։ Բարի տղայ մըն էր, հաւատարիմ փոխանորդ մը, եւ օ՛ր մը խիստ մը բառ մը չէր լսած ինձմէ։ Շփոթեցաւ, այլայլեցաւ եւ պատրաստուեցաւ մեկնիլ։
– Հեռաձայնէ՛ Առաջնորդարան եւ վերցնել տուր,– ըսի նոյն խիստ դէմքով, բայց աւելի մեղմ ձայնով։ Եւ որպէսզի ծածկեմ ներքին տագնապս, աւելցուցի.
– Ես գրելիք ունիմ, տունը պիտի աշխատիմ այսօր։ Փորձերը հոս ղրկէ...
Տունը մնալու պատճառ մը չունէի։ Ստիպուեցայ խոստովանիլ ես ինծի, թէ վախ մըն էր, խուլ մտահոգութիւն մը, որ այդպէս ընել կու տար ինծի։ Մեկնած պահուն, կանչեցի ետեւէն.
– Փորձերը չուշացնէ՛ք, կը սպասեմ։
Փորձերուն չէր որ սպասեցի ամբողջ երկու ժամ, այլ Ժագին։ Ականջս դրան զանգակին էր։ Ի զուր կը փորձէի տրամաբանել, թէ զգացական անտեղի ցնցումի մը հետեւա՞նք է տագնապս, թէ սովորական պատահար մըն է, որուն մէջէն, երեւակայութիւնս է որ ողբերգական դեր մը կը սահմանէ ինծի, կը ստեղծէ անհեթեթ կացութիւն մը։ Չկրցայ աշխատիլ։ Ոչ իսկ կարդալ։ Միակ մտազբաղումս Ժագն էր։ Յայտնուէ՜ր անգամ մը եւ ըսէր՝ թէ եկան, տարին, վերջացաւ։ Կարծէք վտանգ մը կար ճամբուս վրայ, անանցանելի պատուար մը, ու Ժագին վիճակուած էր հաղորդել ինծի, թէ արգելքը վերցուած է, ճամբան՝ ազատ...
Եկաւ ճաշի ժամուն, քրտնած, յոգնած, շփոթ։ Սրբագրելի էջեր բերած էր, քանի մը նամակ, կապոց մը թերթ։ Դրաւ սեղանիս վրայ։ Տպարան այցելողներու շուրջ զեկուցում տուաւ։ Ժամադրութիւն մը յիշեցուց։
Ոչ մէկ բառ մեռելին շուրջ։ Տարօրինակ էր։ Ես որ ամբողջ ժամեր եռուն անհամբերութեան վերածուած էի, իմ կարգիս խուսափեցայ հարցում ընելէ։ Կը սպասէի որ ինք խօսի։ Չխօսեցաւ։ Կը զգայի, թէ Ժագն ալ բովանդակ էութեամբ կլանուած է միեւնոյն խնդրով, բայց կը զգուշանայ արտայայտուելէ։
Բացի նամակներէն մէկը ու սկսայ կարդալ։ Եւ առանց յայտնի ընելու շահագրգռութեանս աստիճանը, իբրեւ թէ շարունակելով ընթերցումս, հարցուցի առանց գլուխս բարձրացնելու.
– Ե՞րբ տարին...
– Ճիշդ կէսօրին։
Երեւի հարցումիս կը սպասէր։ Շարունակեց փութացնել մանրամասնութիւնները, արագ եւ կտրուկ նախադասութիւններով.
– Հարուստ ազգականներ ունի եղեր... վերջին պահուն մէջտեղ ելան, ոստիկաններուն հետ խնդիր ունեցան... թաղապետութենէն եկան քիչ առաջ, դեղ թափեցին, տեղը այրեցին...
– Լաւ, լաւ, կրնաս երթալ...
Բացարձակ անտարբերութիւնս վկայող փաստ մըն էր բառերուս չորութիւնը։ Չեմ գիտեր թէ ո՛ր աստիճան կրցայ խաբել Ժագը, բայց իր մեկնումէն ետք, խաղաղութիւն չգտաւ հոգիս։ Ընդհակառակը, անտրամադրութիւն մը, ցաւագին ընկում մը կար մէջս եւ ի զուր կը փորձէի ուրիշ պատճառներ, այլ շարժառիթներ ստեղծել ես ինծի համար։
Ելայ փողոց։ Ակամայ, քայլերս բռնեցին տպարանին ներհակ ուղղութիւն մը։ Քիչ մը թափառեցայ աննպատակ։ Սրճարան մտայ, բայց ապսպրած սուրճս չեկած՝ ելայ դուրս։ Վճռական էին քայլերս։ Խուսափում չկար։ Ուշ կամ կանուխ պիտի երթայի։ Լա՛ւ էր անմիջապէս երթալ եւ գործի անցնիլ։
Որքան կը մօտենայի Հոգետունին, այնքան կը բարեփոխուէր տրամադրութիւնս։ Նոյնիսկ սկսած էի անիմաստ գտնել առտուան խուճապային խղճահարութիւններս։ Վերջ ի վերջոյ, պատահածին մէջ ոչ մասնակցութիւն ունէի եւ ոչ ալ պատասխանատուութեան որեւէ բաժին։ Մուրացկան մը եկած էր եւ մեր պատին տակ մեռած։ Քանի՜ քանի պատերու տակ մարդիկ կը մեռնին այս կամ այն պատճառներով։ Ինծի՞ տրուած էր բոլոր մեռնող մարդոց հոգը։
Դատողութիւնս գտած էր ապահով, կայուն աստիճան մը, ուրկէ պատրաստ էի նոյնիսկ հակայարձակումի անցնելու ներքին տագնապներուս դէմ, որոնք մարդկային ըլլալով հանդերձ, բնական չէին։
Պահ մը կեցայ սանդուխներուն առջեւ։ Խորշը պարապ էր ու սեփ սեւ՝ մութ քարայրի մը պէս։ Վառուած թուղթերուն մնացորդները, մանր կտորներով կը շարժէին օդին մէջ ածխացած թիթեռներու պէս ու կրկին կ՚իյնային վար։ Հականեխիչին բարկ հոտը բռնած էր ամբողջ շրջապատը։
Մտայ տպարան եւ անցայ սեղանիս առջեւ։

Շար . 45
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝