Յայտարարութիւն

Tuesday, October 6, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ- 59 - ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

ՊԱՏՌԷ՛ ՆԵՏԷ...
Տարին 1939։ Ամիսը Դեկտեմբեր։ Օրը Չորեքշաբթի։ Սուր յիշողութեան մը ցուցադրութիւնը ըրած չեմ ըլլար օրն ալ յիշելով։ Կը յիշեմ, որովհետեւ մեր հերթական ժողովի օրն էր Չորեքշաբթին եւ վայրն ալ անխուսափելիօրէն Ատուրենց տունը։ Հրաչին մէկ երկտող շրջաբերականը կ՚իմացնէր թէ այդ օրուան Կ.Կ.ի հերթական ժողովը բացառաբար տեղի կ՚ունենայ Վահան Փորթուկալեանի բնակարանը, Ճեմիլիէ, ժամը 8ին։

Զարմանալի էր։ Փորթուկալեանը ոչ մէկ կապ ունէր մեր կուսակցութեան հետ եւ նոյնիսկ մեկուսացած կեանք մը կ՚ապրէր, Խառն Դատարաններու նախագահի հանգամանքը բարձր պահելով։ Պաշտօնական ժողով մը անկուսակցական անձի մը տան մէջ, հետաքրքրութիւն սրող պարագայ մըն էր։ Այնպէս որ, Յակոբ Պապիկեանին հետ (Լիբանանի երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեանին հօրեղբայրը) նոյն գայթակղած մտավիճակով հասանք Փորթուկալեանի բնակարանը։ Միհրան Հերարտեանը, Հրաչը եւ Ատուրը այնտեղ էին։ 7ին տեղ 5 անդամ ընտրուած էր վերին մարմինը եւ իմ առաջին մասնակցութիւնս էր. եւ այդպէս անընդմէջ պիտի շարունակուէր լման 10 տարի...

Օրէնքի եւ կանոնի մարդ մեր հիւրընկալը, գրիչ եւ մատիտ տեսնելով ձեռքս, անմիջապէս ճշդեց թէ պաշտօնական ժողով մը չի համարեր այս հանդիպումը, հետեւաբար արձանագրութիւններ պէտք չեն եւ իր տալիք զեկոյցին շուրջ պէտք չէ գրաւոր յիշատակութիւն ըլլայ, լռելեայն հասկնալի ըլլալով գաղտնապահութիւնը։ Ճշդեց նաեւ թէ ինք պարզապէս խողովակ մըն է ֆրանսական իշխանութեանց կողմէ իրեն ըսուածը մեզի հաղորդող, եւ մենք ազատ ենք առանձին որոշում տալու։ Ըսաւ.
– Այսօր ինծի տալիք պատասխան մը չունիք։ Կը լսէք զեկոյցս եւ յետոյ որոշում կու տաք դուք ձեզի եւ ես կը հաղորդեմ ուր որ պէտք է։

Ահա եւ իր զեկոյցը... Պատերազմը ծագած է 3-4 ամիսներէ ի վեր։ Գերմանիա շանթահարիչ հարուածով մը գրաւած է Բոլոնիան, բայց ֆրանսական ճակատին վրայ հանդարտութիւն կը տիրէ։ Անգլիա-Ֆրանսա ցցուած են Գերմանիոյ դէմ, բանակները կազմ ու պատրաստ իրար կը դիտեն առանց փամփուշտ արձակելու։ «Տարօրինակ պատերազմի» շրջանն է, ուր պատերազմը դեռ կատակ կը համարուի եւ նոյնիսկ կարծողներ կան, թէ կրնայ եւ հաշտութեամբ վերջանալ չսկսուած կռիւը։ Չմոռնանք ճշդելու թէ այդ օրերուն Գերմանիա եւ Սովետ Միութիւն «դաշնակիցներ» են դեռ։ Արդ, ֆրանսական կառավարութեան կողմէ զօրավար Վէյկանը նշանակուած է Միջին Արեւելքի ընդհանուր հրամանատար եւ կը ծրագրէ «գործողութիւն մը կատարել Սովետ Միութեան դէմ»։ Փորթուկալեանի բառերն են։ Այդ նպատակով տենդագին աշխատանք մը կը տարուի ընդարձակելու Հալէպի օդակայանը, որ մինչեւ գարուն պատրաստ կ՚ըլլայ։

Ահա ուրեմն մեզմէ պահանջուածը.
Ա.- Երեսուն երիտասարդներ, քսանէն երեսուն տարեկան, որոնք կամաւոր արձանագրուին անկարգելի վարժութիւններու։ Պիտի ղրկուին Լիբանան, Ռայաքի օդակայանը եւ հոն երկու ամիս ընտելանան անկարգելի։ Պայման է որ առողջ ըլլան եւ թուրքերէն լեզուի քաջատեղեակ։

Բ.- Այստեղ տրուած են օդակայանի ընդարձակման համար աշխատող հայ գործաւորներու անունները։ Կը ներկայացնէ մեքենագրուած երեք էջնոց ցանկ մը։ Պէտք է ճշդենք այդ ցանկին մէջ համայնավար հակումներ ունեցողները։
Այս երկրորդ կէտին շուրջ Վահան Փորթուկալեան պէտք կը տեսնէ լուսաբանութիւն մը տալ.
– Համայնավարները այս առիթով որեւէ հետապնդումի ենթակայ չեն։ Պարզապէս գործէ պիտի արձակուին։ Գիտէք որ իտէալիստ, մոլեռանդ, գաղափարի մարդիկ են։ Գաղտնիք չէ որ Վէյկանի գործողութիւնը Պաքուի դէմ է։ Գործէ հանուիլը իրենց համար ալ լաւ, մեզի համար ալ, որպէսզի փորձութեան չմատնուին սապօթաժներ ընելու։ Անգործութեան վախ ալ չկայ, պատերազմի հետեւանքով։
– Վերցուր, յետոյ կը նայինք,– ըսաւ Հրաչ սեղանին դրուած ցանկերը իմ կողմս հրելով։
– Ձեզի տասը օր ժամանակ,– ըսաւ Փորթուկալեան։ – Ձեր որոշումը յետոյ ես կ՚իմանամ պր. Հրաչէն։
Հերարտեանին հետը գացինք իրենց տունը, Պապիկեանը ճամբան թողելէ ետք։ Միհրան հերարտեան թրքական զինուորական վարժարանէն վկայուած էր որպէս թնդանօթաձիգ։ Անմիջապէս քարտէս մը բացաւ եւ մատով ուղիղ գիծ մը քաշեց Հալէպէն Պաքու։
– Կը տեսնե՞ս,– ըսաւ ինծի,– օդանաւերը Պաքու հասնելու համար ուրիշ ճամբայ չունին։ Պէտք է կտրեն ամբողջ Թուրքիան։
– Որ անշուշտ սիրով ճամբայ պիտի տայ, չէզոք մնալով հանդերձ։
– Թուրքիոյ չէզոքութիւնը վրաս գրէ։ Պիտի սպասէ յարմար առիթին խուժելու համար Կովկաս։
– Այսինքն Հայաստան...
Լռեցինք երկուքս ալ։ Հերարտեանը ըսաւ.
– Ինծի համար, ես շաբաթ մը սպասելու պէտք չունէի։ Պէտք էր անմիջապէս ո՛չ ըսէինք Փորթուկալեանին։ Բայց քաղաքավարութեան համար ձայն չհանեցի։ Արդէն մեզի իր տունը կանչելը մէկ նպատակ ունէր։ Ցոյց տալ ֆրանսացիներուն թէ գործի վրայ է։ Այլապէս իր առաջարկը կրնար իմացնել մեզմէ մէկուն եւ պատասխանի սպասել։ Այսպէս ցուցական ընելով պարզապէս հասկցնել ուզեց իր մեծաւորներուն թէ պարտքը կը կատարէ...
Մեր յաջորդ ժողովին պարզուեցաւ թէ միւս ընկերներն ալ նոյն ձեւով կը մտածեն։
– Ուրեմն նախորդ ժողովը չեղեա՞լ համարենք, քանի որ արձանագրութիւն պիտի չմնայ,– ըսի ես որպէս քարտուղար։
– Ոչ,– ըսաւ Հրաչը։ – Հետք մը թող մնայ այդ ժողովէն։ Կ՚արձանագրես այսպէս – Վահան Փորթուկալեանի բերնով մեզի եղած առաջարկը Սովետ Միութեան դէմ՝ զուտ գաղափարական հակառակորդի մեր կեցուածքին դէմ ըլլալով՝ մերժուեցաւ միաձայնութեամբ։
Յակոբ Պապիկեանը բողոքեց վերջին բառին դէմ։ Ուզեց որ չարձանագրուի միաձայնութեամբը, որուն վրայ կէս կատակ, կէս լուրջ վիճաբանութիւն մը ունեցաւ Ատուրին հետ։ Պապիկեանը ֆրանսահպատակ ըլլալուն, չէր ուզեր որ մասնակցած ըլլայ ֆրանսական առաջարկ մը մերժած ըլլալու արարքին։ Ատուրը ըսաւ.
– Յակոբ, քու տարակարծութիւնդ ըստ էութեա՞ն է, թէ ըստ ձեւի։
– Անշուշտ ըստ ձեւի։ Ես ալ համաձայն եմ որ Պաքուի համար տղաք չտրամադրենք։
– Այդ պարագային մեր ժողովներու արձանագրութիւնը թերթերու մէջ հրատարակուելու համար չէ։ Հոգ մի ըներ, «հայրենակիցներդ» լուր չեն կրնար ունենալ։
Պապիկեանը յայտնապէս նեղուած էր հայրենակիցներդ բառէն։ Նիւթը փոխելու համար ես հարցուցի.
– Գալով այս ցանկերուն, ի՞նչ ընենք։
– Ասիկա փարաշիւթիստներու խնդրէն տարբեր է,– ըսաւ Հրաչ։ – Առաջինը քաղաքական արարք է, երկրորդը բարոյական։ Մեր ձեռքով կոմունիստներու անունները չենք կրնար ֆրանսացիներուն տալ։ Այսօր վտանգ չկայ ատոնց, բայց վաղը կրնան վտանգուիլ։ Վերջ ի վերջոյ մատնութեան պէս բան մըն է. մեզի չի վայելեր։
– Ֆրանսական սիւրըթէն մեզմէ աւելի լաւ գիտէ թէ ով համայնավար է եւ ով չէ,– ըսաւ Պապիկեան։
– Այդ պարագային ինչո՞ւ մեզի կը դիմեն որ անուններ տանք,– ըսաւ Հրաչ խոժոռ դէմքով եւ վէճ չվերցնող շեշտով մը։
Եւ ինծի ուղղելով խօսքը.
– Այդ ցանկերը պատռէ՛ նետէ...

*
* *

Քանի մը ամիս չանցած, գերմանական բանակն ալ Ֆրանսան «պատռեց նետեց» եւ զինադուլ հռչակուեցաւ։ □Վէյկանի ծրագիրն□ ալ ջուրը ինկաւ եւ ա՛լ չխօսուեցաւ այդ մասին. մանաւանդ որ տարին չբոլորած՝ Գերմանիա յարձակեցաւ Սովետ Միութեան վրայ եւ երէկուան թշնամին բարեկամ դարձաւ։
Այնքան եռանդով յայտարարուած Հալէպի օդակայանը, ուրկէ ռմբակոծիչներ թռիչք պիտի առնէին դէպի Պաքու, վերածուեցաւ լքուած արտի մը, ուր խոտեր բուսան...


Շար .59
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝