Յայտարարութիւն

Thursday, November 12, 2009

Արցախ -Ժամանակագրական Հակիրճ Ակնարկ

Սիրելի Ընթերցող,

Տալիտա Գալըպճեան այս յօդուածով պատմական հակիրճ տեղեկութիւն կուտայ Արցախի մասին: Յօդուածը Արցախի մասին բաւարար տեղեկութիւն կուտայ որևէ հետաքրքիր հայու :

Տալիտա Գալըպճեան մեր տրամադրութեան տակ դրած է նաև Արցախի Հերոսամարտին նահատակ ինկած հայ քաջերու հակիրճ կենսագրութիւնները, զորս պարբերաբար պիտի հրապարակենք յարգելու համար յիշատակը պատմութիւն կերտած այս աննման մարտիկներուն և ծանօթացնելու զանոնք մեր ընթերցողներուն:

«Նշանակ»


.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«..«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«
Պատմական Ակնարկ

Աշխարհագրականօրէն Լեռնային Ղարաբաղը կը համապատասխանէ Պատմական Հայաստանի Արցախ աշխարհի կեդրոնական մասին:

Արցախը հազարամեակներու ընթացքին սերտօրէն կապուած է հայ ժողովուրդի ճակատագրին հետ: Իբրեւ Հայաստանի մաս, Արցախցիք ծագումով կը կապուին Առան անունով աւանդական դիւցազնի մը եւ Հայկ Նահապետի ժառանգորդներէն` Սիասակի /Սիւնեցիներու/ ցեղախումբերու մէկ ճիւղաւորման:

Ք.Ա.առաջին Հազարամեակի սկիզբը, Արցախը կը մտնէ Ուրարտական պետութեան, ապա անոր յաջորդած Երուանդունիներու Հայկական թագաւորութեան սահմաններուն մէջ:

Ք.Ա. երկրորդ դարուն, իր հայ բնակչութեամբ եւ ունեցած հարստութեամբ, Արցախը կը մտնէ Մեծ Հայքի միասնական պետութեան կազմին մէջ:

Չորրորդ Դարուն , Արցախի Ամարաս աւանին /Մարտունիի շարջան/ մէջ, Գրիգոր Լուսաւորիչ անձամբ հիմը կը դնէ տեղւոյն առաջին հայ եկեղեցիին, որուն կառուցումը յետագային կ'աւարտէ իր թոռը` Գրիգորիսը:

Հինգերորդ դարուն, Մեսրոպ Մաշտոց Արցախի մէջ հայ գիրն ու դպրութիւնը տարածելով, Ամարաս աւանին մէջ հիմը կը դնէ Արցախի առաջին հայ դպրոցին: 5-րդ դարուն վերջին քառորդին, օգտուելով պարսկական արքունիքի մէջ տեղի ունեցող ներքին վէճերէն, Արցախի եւ Ուտիքի Առանշահիկները ձեռք կը բերեն որոշ ինքնավարութիւն եւ կը ստեղծեն իրենց թագաւորութիւնը, որուն առաջին գահակալը կ'ըլլայ Վաչական Բարեպաշտը:


451-ին, Վարդանանց հերոսամարտին Արցախի Առանշահիկ նախարարական տունը կը բերէ իր ամբողջական մասնակցութիւնը, յանձին Բակ իշխանի գլխաւորած նշանաւոր այրուձիին:

9-րդ Դարու առաջին կիսուն, հակա-արաբական շարժումները անգամ մը եւս կը գլխաւորուին Առանշահիկ տան ներկայացուցիչներուն կողմէ:

12-րդ Դարերուն,բազմաթիւ առիթներով Արցախ կ'ենթարկուի Սելճուք-թուրքերու ասպատակութիւններուն:
15-17-րդ Դարերուն, Արցախ անընդմէջ թիրախ կը դառնայ Աք-կոյունլու թուրքերու արշաւանքներուն:

17-րդ Դարու վերջերուն եւ 18-րդ դարու սկիզբները կը ստեղծուին Ղարաբաղի եւ Սիւնեաց մելիքութիւնները: Յետագային, 17-18-րդ դարերուն, այդ մելիքութիւնները պիտի գլխաւորէին հայ ժողովուրդին ազատագրական պայքարը Պարսկական եւ Օսմանեան բռնակալութիւններուն դէմ:

1814 Նոյեմբեր 5-ին, Կիւլիստանի Ռուս-Պարսկական դաշնագրով Ղարաբաղ կը մտնէ Ռուսական կայսրութեան մարզէն ներս:

1920 Մարտ 23-24-ին, Թուրք «Ատրպէյճանցիներ» Ղարաբաղի մայրաքաղաք Շուշիի մէջ կը կազմակերպեն ջարդ մը, որ ազդանշանը կուտայ նոր բախումներու:

1920 Դեկտեմբեր 4-ին, Խ. Միութեան պաշտօնաթերթ «Փրաւտա»ի մէջ օրուան ազգութիւններու կոմիսար Ստալին, իր «Կեցցէ~ Սովետական Հայաստանը» խորագրեալ յօդուածին մէջ կը գրէ. « Դեկտեմբեր 1-ին Սովետական Ատրպէյճանը յօժարակամ կը հրաժարի Հայաստանի Հիւսիսային շրջաններէն եւ կը յատարարէ Զանգիզուրի, Նախիջեւանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի փոխանցումը Հայաստանի»:

1921 Յունիս 22-ին, Ատրպէյճանի «Պաքնիսքի Ռապոչի» պաշտօնաթերթը կը հրատարակէ յայտարարութիւն մը, ըստ որուն, հետեւողութեամբ Խորհրդային Հայաստանի հետ կայացած համաձայնութեան մը, Լեռնային Ղարաբաղը մաս կը կազմէ Հայաստանի:

1923 Յուլիս 1-ին, Ատրպէյճանի Համայնավար Կուսակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէն ,Կիրովի նախագահութեամբ ,կ'որոշէ Լեռնային Ղարաբաղը հռչակել Ազգային ինքնավար մարզ, բայց` ենթակայ Ատրպէյճանի:

Յուլիս 7-ին, Ղարաբաղ իբրեւ «Ինքնավար Մարզ» Ատրպէյճանի կը միանայ, Ստալինի միջնորդութեամբ:

1925-ին, Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը արդէն իսկ ունէր իր սահմանադրութիւնն ու վարչա- տնտեսական բոլոր մարմինները:

1957 Փետրուարին, երբ Խ.Միութենէն ներս կը կատարուին սահմանային բազմաթիւ սրբագրութիւններ, Լեռնային Ղարաբաղը հայացնելու տրամադրութիւնները նոր թափ կը ստանան:

1962-ի վերջերը 2500 Ղարաբաղցիներ յուշագրով մը կը դիմեն Խ. Միութեան Ղեկավար Խրուշչովին`բողոքելով տնտեսական ու մշակութային ճնշումներուն դէմ:

1966-ին, Հայկական ինքնավար շրջանը Խ.Հայաստանին վերադարձնելու խնդրանքով, 50.000 Ղարաբաղցիներու ստորագրութեամբ յուշագիր մը կ'ուղարկուի Մոսկուա:

1967-ին, հարցերը աւելի եւս կը բարդանան եւ Ղարաբաղի հայութիւնը կոչ մը կ'ուղղէ Խ.Հայաստանի կառավարութեան եւ հայ ժողովուրդին:

1973-ին, Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի համայնավար կուսակցութեան քարտուղար կը նշանակուի Հայտար Ալիեւ:

Պատրաստեց
Տալիտա Գալըպճեան


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝