Յայտարարութիւն

Sunday, February 21, 2010

«Հոգեբանական Ձեւեր Անհամաձայնութիւնը Կերպարանափոխելու » գիրքի եւ «Ներողամտութիւն եւ Գերազանցում» յօդուածի առթիւ


Արամ Ա.Վեհափառ Հօր 2010 ը « Հայ Կնոջ Տարի» հռչակումը առիթ պիտի ընծայէ ընթերցողներուն ծանօթանալու միջազգային համբաւի տիրացած հայուհիներու: Ասոնց կարգին է ամերիկաբնակ հալէպահայ Տոքթ. Անի Գալայճեան:

Վարի ծանօթացումը իր և Րէյմոնտ Փալութզեանի հեղինակած գիրքին, ինչպէս նաև աւելի վար ՝ 1999ին իր Ներողամտութիւն և Գերազանցում վերնագրեալ յօդուածին շնորհիւ ընթերցողը կը ծանօթանայ ներողամտութեան «հրաշք»ին .յատկութիւն մը ,որ բնածին է ,բայց չէ օգտագործուած մարդկութեան ջախջախիչ մեծամասնութեան կողմէ: Ափսոս:Գիրքի և յօդուածի հեղինակին ինքն իր մասին տուած տեղեկութիւնները բաւարար են զինք ծանօթացնելու մեր ընթերցող քոյրերուն եւ եղբայրներուն : Որպէս յաւելեալ տեղեկութիւն կրնանք ճակատաբաց և հպարտութեամբ յայտարարել որ համամարդկային բարձր իտէալներով օժտուած այս հայուհին , շնորհիւ իր հիմնած ու գլխաւորած բարեգործական հաստատութեան կարողացաւ մեծ օժանդակութիւն բերել Հայիթիի երկրաշարժն աղէտեալներուն:

Հիմնադիր նախագահ՝ Armenian American Society for Studies on Stress & Genocide-ի
Նախագահ՝ Association for Trauma Outreach and Prevention -ի
United Nations NGO Human Rights Committee խորհուրդի անդամ
Հեղինակած է : Disaster & Mass Trauma: Post Disaster Mental Health Outreach; Forgiveness & Reconciliation: Psychological Pathways in conflict transformation and peace building (2009), and Emotional Healing Around the world: Rituals and practices for resilience and meaning-making (ABC-CLIO 2009).
Նիւ Եորքի, Նիւ Ճըրզիի ու Աշխարհի մէջ կ՛աշխատի իր անձնական Logotherapeutic Psychotherapy ուղղութեամբ։

Այո՜. հպարտ ենք քեզմով սիրելի Անի,բոլորս կը սպասենք քու տեղեկագրութեանդ Հայիթիի ի նպաստ տարած մարդասիրկան գործունէութեանդ մասին :

Կը խնդրենք ընթերցողներէն իրենց կարծիքը յայտնել ,գնահատանքը, քննադատութիւնները կատարել : Բոլոր անոնք որոնք տարակարծիք են Տոքթոր Գալայճեանի հետ թող յայտնեն: Եթէ դժուարութիւն ունիք հայերէնով մեքենաշարելու կարող էք գրել անգլիատառ հայերէնով , խմբագրութիւնս զայն կը վերածէ հայերէնի:

Սիրելի ընթերցող,
Վարը քու կարդալիքդ անգլերէնէ հայերէնի վերծեց Հալէպի բնակիչ այլ գործունեայ հայուհի մը ՝ Նանոր Միքայէլեան:

Խմբագրութիւնս իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ այս երկու հայուհիներուն:

«Նշանակ»

.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.««.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.



Հոգեբանական Ձեւեր Անհամաձայնութիւնը Կերպարանափոխելու եւ
Խաղաղութիւն Հաստատելու

Անի Գալայճեան – Ֆորտհամ Համալսարան
Email: drkalayjian@gmail.com
WWW.meaningfulworld.com

Րէյմօնտ Ֆ. Փալութզեան
Ուեսթմօնթ Վարժարան
Email: paloutz@westmont.edu



Ներումն ու հաշտութիւնը որպէս տարողութիւն նոր ճամբաներ կը նուաճեն, բարձրացնելով ընկերային ու խաղաղութեան հոգեբաններուն, աշակերտներուն ու հետազօտողներուն աշխատանքը՝ միջխմբային եւ միջազգային յարաբերութիւններու , նաեւ խաղաղութեան եւ անհամաձայնութեան սերտողութեան պարագային։
Նիւթին կարեւորագոյն կէտերը
- Ռուանտայի, Տարֆուրի, Հնդկաստանի ու Փաքիսթանի մէջ հաշտութեան ճիգեր.
- Շինիչ բանակցութիւններ ու անոնց ներումի գաղափարին սատարող դերը
- Բանտի մէջ բնակողներէն դասեր՝ կարեկցութեան ի եւ զղջումի վերաբերեալ
- Արուեստով ու լրագրամիջոցներով քաջալերել հաշտութիւնը
- Ներումի ոյժը՝Հակառակ ժխտումի ու շարունակուող անարդարութեան
- Հաշտութիւններ բաժնուած հաւաքականութիւններու մէջ.

«Ներում եւ Հաշտութիւն» այս ժամանակներու համար գրուած գիրք մըն է, որ Տոքթ. Անի Գալայճեանի ու իր գործընկերներուն՝ (այս պարագային՝ Տոքթ. Րէյմօնտ Փալութզեան -ի ) տարիներու խաղաղութեան ու ընկերային արդարութեան հասնելու ճիգերուն շարունակութիւնն է . Շատ յաճախ կը լսենք «իրականութիւն» ու «Հաշտութիւն » բառերը և կը գիտակցինք անոնց անհատներ ու ժողովուրդներ բուժելու կարողութեան, բայց այս պարագային, գիրքը մեր ուշադրութիւնը կը սևեռէ «ներումի էական արարք»-ին վրայ. Այս խմբագրուած գիրքին 17 գլուխներուն մէջ - որոնք գրուած են ճանչցուած գրագէտներու ու մասնագէտներու կողմէ- Տոքթ. Գալայճեանն ու Փալութզեանը մէջտեղ բերած են «ներումի » կարեւորութեան խորունկ հասկացողութիւնը մեր անհատական ու հաւաքական կեանքէն ներս. «Ներումի » այս գաղափարը յաւիտենական է , ան էական միջոց է բուժելու մեր սիրտերը , մարմինները, միտքերն ու հոգիները։ Կարդացեք եւ պիտի փոխուիք, կարդացեք եւ փոխեցէք ուրիշներ, կարդացեք եւ փոխեցեք Աշխարհը:

Անթընի Մարսէլլա , Ph.D.
Նախկին նախագահ՝ Psychologists for Social Responsibility-ի (հոգեբաններ ընկերային պատասխանատուութեան գիծով ) 2007-2008
Ընդհանուր ակնարկ մը գիրքինվրայ.

Ներումը մարդոց կարելիութիւն կ՛ընձեռնէ մոռնալ ցաւի, զայրոյթի, ատելութեան ,նախանձի ու ցնցումի պատճառով ի յայտ եկած սխալ վիճակները ու անոնց առթած ծանրութիւնը, անոնք ինչպիսին ալ ըլլան՝ մարդկային, թէ բնական արարքներ։ Հակառակ ներում եւ հաշտութիւն թելադրող մեծ թիւով գիրքերու գոյութեան, անոնց մեծամասնութիւնը անհատին է, որ կը դիմեն, ու , անհատն է, որ կը մղեն աղօթելու, խոկալու, եւ կամ հոգևոր վարժութիւններու դիմելու, որպէսզի ան կարենայ յաղթահարել զայրոյթը , ատելութիւնն ու օտարացումը։ Անոնցմէ մի քանին կ՛արտայայտուին որպէս իւրայատուկ կրօնական աւանդոյթ։ Այլ գիրքեր, աւելի հոգեբանական մօտեցում ունին, շատ մը գիրքեր ալ կը կեդրոնանան յստակ կամ յատուկ նիւթի մը հետ կապուած հաշտութեան կամ ներումի վրայ։ Օրինակ՝ զոյգի մը յարաբերութիւնը դաւաճանութենէ ետք։ Շատ մը այլ գիրքեր կը խօսին հաշտութեան մասին ընկերային մակարդակէ ելլելով ու ձևեր կ՛առաջարկեն յաղթահարելու համար ցեղային պայքարին։ Երբ խորագիներ կը սերտէինք, կարելի չեղաւ գտնել գրութիւններ, որոնք ցնցումի հետ հաշտուելու ՝ ներումի գաղափար առաջարկէին, գրութիւններ, որոնք ծաւալուն էին ու բաւարար ձեւով կը խօսէին մարդկային յարաբերութիւններու կամ ընտանեկան ու ընկերային մակարդակի մասին։
Միայն այս տեսակի լայնածաւալ սերտողութիւն մը կրնայ նոյնութիւններ ի յայտ բերել, որոնք կը կրկնուին բոլոր մակարդակներուն մէջ։ Մեր առաջարկած գիրքը ճիշդ այդպիսին է։

Գիրքը առաւելաբար վերլուծողական է, անմիջական առնչութիւն ունի խաղաղութեան հոգեբանութեան հետ։ Ահա այս պատճառով յատուկ ուշադրութեան պէտք է արժանացնել ճանաչումն ու մարդկային վերաբերմունքը, իրենց յատուկ ընկերային, պատմական ու մշակութային մթնոլորտին մէջ այնպէս մը, որ մենք աւելի դիւրութեամբ ըմբռնենք մարդկային խումբերու կազմակերպչական իւրահատկութիւնները՝ որը շատ յաճախ կը քաջալերէ կազմակերպուած վայրագութիւնները։ Ասիկա փոխելու հնարաւորութեան յոյս կը ներշնչէ, նաև խաղաղութեան կառուցման քաջալերանք։ Ներումն ու հաշտութիւնը էական տարրեր են խաղաղութեան կառուցման ճիգին մէջ։ Խաղաղութեան հոգեբանութեան գրականութեան համար այս գիրքին օգտակար առաջարկներէն մին, ներումի գաղափարը գրողներուն ու քաղաքական մարդոց մօտ քաջալերելն է։ Այսինքն այլեւս ներումի գաղափարին չնայիլ որպէս վսեմ գաղափարի մը, որ վեր է իրականութենէ ու գործնական ըլլալէ։ Մեր նպատակն է յստակ օրինակներ տալ՝ թէ ինչպէս մարդիկ գիտակցաբար կը կազմեն իրականութեան իրենց բացատրութիւնները այնպէս մը որ ստոյգ ըլլալով, միաժամանակ կը քաջալերէ խաղաղութեան արժէքներն ու արդար արդիւնքներ կուտայ ընկերային հողի վրայ։
Անշուշտ կարեւոր քայլերէն մէկը փոխադարձ վստահութիւնը քաջալերելն է եւ այն նոյն քայլերը, որ վստահութիւն կը ներշնչեն, իրենց մէջ կը նեռարեն նաեւ այն քայլերը, որ ներում, և հաշտութիւն կը ներշնչեն։
Journal of Social Issues (Ընկերային Հարցերու Օրաթերթ)-ի խաղաղութեան հոգեբանութիւն կոչուող թիւը (խմբագիր` Քրիսթի 2006) ցատկատախտակ է, ուրկէ կարելի է այս կապակցութիւնները եզրակացնել, չմոռնալով նաեւ Վիքթօր Ֆրանքլիի դասական Man’s Search for Meaning (1946) գիրքը։

Գոյացած անհամաձայնութիւններուն թիւը, որոնք ներկայիս Աշխարհի չորս ծագերուն կործանիչ դեր կը խաղան, նաև, անհատնում տեղեկագիրները հաւաքականութիւններու մէջ կատարուած վայրագութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ ընտանիքներու քայքայումը, ցոյց կուտան այն, որ ներումի ու հաշտութեան էական պատգամը ընկերային կեանքի ու մարդկային յարատևման ի խնդիր ,տակաւին չէ հասկցուած։

Կը հաւատանք թէ ժամանակն է նոր մօտեցում ցուցաբերելու, սորվելու ինչպէս յաղթահարել ցնցումներն ու ներել յանցագործութեան։ Գիրքին մէջ նշուած սթրէս բուժող այս բազմակարգապահական, բազմացեղային, բազմասերնդական ու բամազգային ձեւերուն նպատակը այսպիսի մօտեցում ապահովելն է։

Հեղինակները կը ներկայացնեն բաւարար կարգապահական ու մշակութային բազմազանութիւններ նաեւ կը ներկայացնեն փորձառութեան խորքն ու լայնամտութիւնը՝ յանձն առնելու այս ակնյայտ խոշոր ճիգը։
Հակառակ որ գիրքը մի քանի հեղինակներ ունի, այնպէս մը ձեւակերպուած է, որ նիւթը ամբողջական ըլլայ։ Գիրքի իւրաքանչիւր գլուխ հիմնուած է որոշակի հետազօտութիւններու վրայ, որոնք կարելի է կիրառել գործնական ու յստակ իրավիճակներու պարագային։ Վիճակներու զանազան երեւոյթներ պիտի ընդգրկուին լուսաբանելու նպատակով։
---------------------------------------------------------------------------------------------------------------
Christie, D. (2006). Post-Cold War Peace Psychology: More Differentiated,
Contextualized, and Systemic. Journal of Social Issues. 62 (1).
Frankl, V. (1946). Man’s Search for Meaning.
Kalayjian, A. (1999). Forgiveness and Transcendence. Clio’s Psyche. 6 (3)116-119.

** Այս ակնարկը կը վերաբերի գիրքի մը, որ հրատարակուեցաւ Springer Publishing խմպագրատան կողմէ 2009-ի Օգոստոս 4-ին. Springer.com, $129 (Hard cover) $24.99 (Soft Cover), 318 p. Peace Psychology Book Series. Call Springer toll-free 1-800-Springer, e-mail: orders-ny@springer.com.

Օրինակ մը ունենալու համար, հաճեցէք դիմել Տոքթ. Անի Գալայճեանին drkalayjian@gmail.com կամ www.meaningfulworld.com
.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«

ՆԵՐՈՂԱՄՏՈՒԹԻՒՆ և ԳԵՐԱԶԱՆՑՈՒՄ
Տոքթ. Անի Գալայճեան

Հրատարակուած (Clio’s Psyche )-ի մէջ ,հատոր 6, 3,Դեկտ. 1999 , էջ 116-119
Որպէս Օսմանեան Թուրքիոյ ցեղասպանութենէն վերապրողի մը զաւակը, քաջատեղեակ եմ 1894-1915-ի միջեւ ծրագրուած եւ գործադրուած գազանութիւններուն։ Համաշխարհային առաջին պատերազմի ընթացքին, Թուրքական իշխանութիւնները յայտարարեցին թէ Հայերը Օսմանեան Կայսրութեան թշնամիներն են։ Հասուն տղաք՝ նամանաւանդ անոնք, որոնք ճանչցուած էին որպէս քաղաքական ղեկավարներ, ձերբակալուեցան և ամայի վայրի մը մէջ սպաննուեցան (Krieger, 1989)։ Այս գործընթացը ծրագրուած էր՝ Հայերը զրկելու իրենց ղեկավարներէն կամ ներկայացուցիչներէն, որպէսզի տարագրութիւնը ընթանար առանց նուազագոյն դիմադրութեան (Kuper, 1981)։

Բռնի տարագրութիւնը, սովը, ծարաւը, չարչարանքը, համաճարակները, կողոպուտն ու յափշտակութիւնները պատճառ դարձան մէկ ու կէս միլիոն Հայերու մահուան (Krieger, 1989), որոնք թիւով մէկ երրորդը կը կազմէին այդ շրջանի հայերուն ։ Հայրս այն քիչ բախտաւորներէն էր, որ փրկուեցաւ։ Ան իր ընտանիքին հետ հաստատուեցաւ Սուրիա։ Մօրս ընտանիքը նոյնպէս, Արաբական Անապատին ընդմէջէն բռնի արշաւէ մը ետք փրկուեցաւ, ու հասաւ Սուրիա ուր և ծնայ ես:

Ազգիս հաւաքական ցաւն ու տառապանքը, ցեղասպանութեան շարունակական ժխտումը թուրքերուն կողմէ, տեղի տուին հաւաքական հոգեկան ահռելի ցաւի եւ անօգնականութեան զգացումներուն։ Ըստ իս, այս բացասական զգացումները յաղթահարելու լաւագոյն կերպը զանոնք վսեմացնելն էր, այդ իսկ պատճառով հիմնեցի Ճնշման և ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան Հայ Ամերիկեան ընկերութիւնը – Armenian American Society for Studies on Stress and Genocide. Այս ընկերութեան մէջ ծայր առաւ կանոնաւոր հետազօտութիւն, որուն նպատակն էր սերտել ցեղասպանութեան առթած երկարատեւ ազդեցութիւններն ու հոգեկան բեկումները։ Ուսումնասիրութիւնները ի յայտ բերին, որ Թուրքական կառավարութեան շարունակական հերքումը սաստիկ կը զայրացնէ վերապրողները, քանի որ թշնամին պէտք է իր մեղքը հաստատէ ու հատուցէ . Ըստ Sullivan-ի (1953), որևէ ցնցող փորձառութեան վաւերացումն ու հաստատումը խիստ էական հանգրուան է, որ օգնեն անձը այդ դէպքին հետ կապուած լրումի մը կամ լուծումի մը հանգելու։ Հաստատման մը զուգահեռ, մեծ նշանակութիւն ունի և բուժիչ դեր կրնայ կատարել յանձագործին բացայայտ զղջումը։ Իրենց կեանքի ընթացքին մահեր ունենալով, գազանութիւններու ականատեսը ըլլալով և հեռու ըլլալով բնական կեանքէ, ջարդէն ազատագրուած տարեցներուն մօտ իրագործումի զգացում մը նկատելի էր, որուն զուգահեռ կար նաեւ իրենց զոհ ըլլալու փաստին հանդէպ զայրոյթը` գոյացած յանցագործի հերքումի արդիւնքին մէջ։ (Kalayjian, et. al. 1996).

Այդ ընթացքին ցաւալի երկրաշարժ մը ցնցեց Հայաստանը, բան մը, որ դրդեց զիս հոգեմտաւոր առողջութեան օգնութեան ծրագիրը հիմնել, Mental Health Outreach Program, օգնութիւն փութացնելու համար Խորհրդային Հայաստանի փրկուած հասարակութեան հոգեկան կարիքներուն։ Երկու աշխատանքներուս որպէս արդիւնք, կրկնակի անգամ հաստատեցի և եզրակացուցի փրկուածներուն ահաւոր ցնցուած ու տառապած ըլլալը։ Երկրաշարժէն կարգ մը փրկուածներու մղձաւանջները երկրաշարժին հետ չէ, որ կապուած էին, այլ թուրք ոստիկաններն է, որ զիրենք կը մտրակէին Արաբական անապատներուն մէջ։ Ինչպէ՞ս կրնայի օգնել ազգի մը, որ տակաւին ցեղասպանութեան հետևանքները կը կրէր, ինչպէ՞ս օգնէի, որ ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած տարեցները ներամփոփէին այդ ցաւը եւ կեանքի յաջորդ քայլը առնէին ՝ դէպի առաջ։

Վեց ամիսներ ետք, 1989-ին, Քալիֆորնիոյ Սան Հոսէ քաղաքին մէջ Լոկոթերափիի միջազգային համաժողովի ընթացքին (International Forum of Logotherapy ) հանդիպում մը ունեցայ Վիքթոր Ֆրաբքլի հետ։ Ան հոգեբոյժ է, ազատած Նացիներու համակեդրոնացման ճամբարներէն, ուր կորսնցուցած էր իր ընտանիքին մեծ մասը։ Վիքթոր Ֆրաբքլին Man’s Search for Meaning գիրքին հեղինակն է։

Մեծ Բախտաւորութիւն էր անոր հետ տեսակցիլս եւ արցունքը աչքերուս հարց տուի: «Ինչպէ՞ս օգնեմ, որ Հայ ժողովուրդը բուժուի Օսմանեան Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանութեան վէրքերէն եւ հեգնանքի անարգանքէն։ Քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութենէն իվեր, իրար յաջորդող թուրքական բոլոր կառավարութիւնները հերքեցին իրենց արարքը։ Փրկուողները տակաւին կը տառապին, հոգեկան սպանդը դեռ կը շարունակուի. Ի՞նչ կրնամ ընել»։

Վիքթօր Ֆրանքլին ինծի նայեցաւ խոր ու ցաւակցող ըմբռնումով և ըսաւ. «Հայերէն խնդրէ որ ներեն, 80 տարի է, որ կը սպասէք,այս վայրկեանին իսկ վերապրողներէն մահացողներ կան, աւելի սպասել կարելի չէ, օգնէ անոնց որ ներեն։ Կարծելով թէ արդէն լուծում ունիմ, պահ մը հանգստութիւն զգացի, բայց… ինչպէ՞ս։ Ես հիմա ուրիշ խոշոր հարց մի մը դէմ հանդիման կանգնած էի։ Վիքթօրին ըսածը անհատական եւ հոգեւոր ներումի մասին էր եւ ոչ բնաւ քաղաքական։ Շատ փորձեցի ներումի այս գաղափարը ներմուծել դասախօաութիւններուս մէջ, յսկումներու ընթացքին, բայց ապարդիւն։ Նոյնիսկ հայ ընկերներէս ոմանք իրենց վրդովմունքը արտայայտեցին այդ գաղափարին դէմ։
Շարունակեցի ուսումնասիրութիւններս ցեղասպանութեան հարցով, ու շարունակեցի օգտակար դառնալ աշխարհասփիւռ հայերուն։ 1996-ին Journal of Traumatic Stress ամսաթերթին մէջ մեր առաջին գիտական յօդուածը տպեցինք, չորս տարուայ վերստուգումներէ ետք, ոչ թերթին գիտական ուղղութեան պատճառով, այլև նկատի ունենալով անոր քաղաքական առնչութիւնները։ Թերթին յառաջաբանը, ուր հարցը դիտարկուած էր իր պատմական տեսանկիւնէն, խմբագրական կազմին կողմէ աւելի քան տաս անգամ փոփոխութեան ենթարկուեցաւ։ Վերջապէս Հրեայ պաշտոնակից մը բացատրեց, թէ թուրքական սպառնալիքներ ստացած էին, որոնցմէ մին կ՛ըսեր – «Ո՞վ աւաւել կարեւոր է, մեռած Հա՞յ մը, թէ ողջ Հրեայ մը»։
Երկրորդ ուսումնասիրութիւն մը տպագրուեցաւ Psychoanalytic Review- ին մէջ, Տոքթ. Ֆլորա Հոկմանի քաջալերանքներով, որ ժամանակին Նացիներու սպանդէն ազատողներէն էր։
Հակառակ որ ներումի անհատական երթս սկսած էր 1988-ին, բայց այդ երթին ամէնաազդու դէպքը պատահեցաւ ի 1998-ի ամռան, Երբ Նյու Եորքի մէջ թաքսի նստեցայ և քանի որ մի քանի հոգի էինք, ես նստեցայ վարորդին քով ,ու նկատելով որ յատուկ ոճ մը կայ իր խօսակցականին մէջ՝ հարց տուի:
– Ծանօթ շեշտ մը կայ ձայնիդ մէջ, ուրկէ՞ ես.
– Թուրքիայէն, – պատասխանեց ու անմիջապէս աւելցուց, թէ տաս տարի Հարաւային Ափրիկէ ուսանած է, յետոյ անմիջապէս թուրքերէն խօսելու սկսաւ, հետևաբար հարցուցի թէ Թո՞ւրք է…
– Այո, – ըսաւ ու ժպիտով մը ինքզինք ծանօթացուց – անունս Ահմէտ է, դո՞ւք ալ Թուրք էք։ Նախադասութիւնը հազիւ աւարտած ստացաւ պատասխանս.
– Ոչ, Հայ եմ։
Պատասխանիս ոճը կտրուկ ըլլալուն, ան անմիջապէս աւելցուց.
– Ես այս քաղաքին մէջ շատ Հայ ընկերներ ունիմ, որոնք Իսթանպուլէն են, – ու շարունակեց պատմել, թէ իր ընկեր Կարօն օր մը զինք ընթրիքի հրաւիրած էր իր տունը, ուր Կարօյին մեծ մայրը իմանալով Ահմէտին Թուրք ըլլալուն մասին, տունէն վռնտած էր զինք ըսելով.
– Քու կառավարութիւնդ ընտանիքս ու ազգս ջարդած է, ես չեմ ուզեր քեզ տանս մէջ։
Ես նախ ըսի թէ ապրի՛ այդ մեծ մայրը, շատ ճիշդ վարուած է, բայց սիրտս սկսաւ աւելի արագ բաբախել. մարմինս տաք էր, ձեռքերս պաղ ու վրդովմունքս սկսաւ մեծնալ, բան մը որ յաճախ կը կրկնուեր:
Նոյն զգացումը ունեցայ 1997-ի Յոնուարին, Observer- թերթին մէջ կարդալէս ետք Սամի Կուլկոզի “նամակ խմբագրին”/“Letter to the editor” (Ամերիկայի հոգեբաններու ընկերուութեան թերթին )։ Այդ նամակին մէջ Կուլկոզ գրած էր մեր ընկերութեան տպած մէկ յօդուածին մասին “Coping with Ottoman Turkish Genocide: The experience of Armenian Survivors.” /“Հաշտուիլ Օսմանական Թուրքիոյ ցեղասպանութեան գաղափարին հետ”։ Ան իր նամակին մէջ կ՛ըսեր: « Տարիներէ իվեր վէճեր կան այն մասին, թէ եղա՞ծ է արդեօք ցեղասպանութիւնը թէ ոչ, եւ շատ մեծ փաստեր կան, որոնք կը դրժեն Օսմանեան հողերուն վրայ այդպիսի դեպքերու գոյութիւնը»։

Կը յիշեմ նամակը կարդալես ետք մէջս բարձրացող զայրոյթի, ատելութեան, յուսախաբութեան ու անզօրութեան զգացումները։ Այդ նամակը գրագետ մը գրած էր, գրագետ մը, որ դասախօսն էր Թուրքիոյ մէջ լաւ համբաւ վայելող հոգեբանական համալսարանի։ Ուրեմն ի՞նչ ակնկալէի վարորդէ մը։ Այս բացասական միտքերուն մէջ խորասուզուած, անդրադարձայ, թէ Ահմէտ տակաւին կը շարունակեր խօսիլ.
– Երանի ցեղասպանութիւնը պատահած չ՛ըլլար, շատ վատ ու ցաւալի փաստ է, ահագին անմեղ մարդիկ մեռան առանց պատճառի։
Ահմէտ իսկապէս տխուր կ՛երեւեր։ Ես լուռ մնացի զգացումներուս հետ ու կը մտածէի, թէ ցեղասպանութեան փաստին նկատմամբ ունեցածս վրդովմունքը վճռականապէս չէ դադրած, երբ ան աւելի մտահոգ դարձաւ ու աւելցուց.
– Բայց Ես յանցաւոր չեմ, ես ոչ մէկ բան ըրած եմ։
– Անշուշտ , այդ մէկը շատ լաւ գիտեմ, – պատասխանեցի ես, – բայց քու միւս Թուրք ընկերներդ ցեղասպանութենէն գաղափար ունի՞ն։
Պատասխանը շատ արագ եկաւ:
– Գիտես, մենք Թուրքիոյ մէջ չենք խօսիր այդ մասին, մեր պատմութեան գիրքերը այդ մասին չեն նշած։
Ահմէտի խօստովանանքը օգնեց, որ հասկացողութեան ու յոյսի նոր մակարդակի մը հասնիմ։ Երբ աշխարհի չորս կողմը մարդ արարածին պատճառած ցաւերուն մասին դասախօսելու կ՛երթամ ու կը թելադրեմ, որ լրումի հասնելու համար հարկ է, որ ներէն ցաւ պատճառողին, շատ մը կասկածողներու կը հանդիպիմ։ Շատ մը հայեր ներելը մոռնալու հետ կը շփոթեն ու այդ պատճառաւ ալ կը զայրանան առաջարկէս ու կ՛ըսեն:
– Ի՞նչպէս միտքէդ կ՛անցնի թուրքին ըրածը մոռնալու առաջարկ ընել վերապրողներուն կամ անոնց զաւակներուն։
Կ՛երեւի անոնց համար ներելը մոռնալուն համազոր է։ Ներում բնաւ չի նշանակեր, որ ես ցեղասպանութեան հետ կապուած իմ ուսումնասիրութիւններս պիտի դադրեցնեմ, չի նշանակեր, որ իրականութիւնը պէտք է պահուի և մեր մարդկային իրաւունքները մոռցուին։ Ներել պարզապէս կը նշանակէ ազատիլ զայրոյթի ու ատելութեան կապանքներէն, քանի որ, միայն այդ պարագային է, որ մարդը կրնայ իր ներուժը վերագտնել ու յաջողիլ կենաքի մէջ։
Թուրք վարորդին հետ ունեցած այս փորձառութեանս մասին գրեցի մի քանի հայկական թերթերու մէջ։ Վրդովողներ շատ եղան ու խմբագիրներ զայրացկոտ հեռախօսազանգեր ստացան։ Գանգատողները կ՛ըսէին, թէ գրողը չի հասկնար թէ ինչի մասին կը խօսի և հաւանաբար այդ գրողը կը սիրէ թուրքերը։ Նոյնիսկ գործընկերներէս շատեր իրենց կապը ինծի հետ խզեցին, իսկ ուրիշներ ալ սկսան արհամարհել զիս։
Մինչ ես կը շարունակէի դէպի ներում իմ երթս, սերտողութիւն մը ներկայացուցի Մարդկային Իրաւունքներու եւ հոգեկան ցնցումի դարմանական կիրարկութեան վեցերրորդ Եւրոպական համագումարին / Sixth European Conference on Psychotraumatology Clinical Practice and Human Rights , որը տեղի կ՛ունենար Իսթանպուլի մէջ, 1999-ի Յունիսին։
Քաջ տեղեակ ըլլալով թուրքերու հերքումներուն, սերտողութիւնս լաւ մը վերանայելէ ետք զայն անուանեցի ՝ Ժողովուրդներու Մարդկային Իրաւունքներու Զանգուածային Բռնաբարում : Համակերպումը ընդդէմ Հրաժարումի / Mass Human Rights Violations: Resilience vs. Resignation.
Քանատայէն պաշտօնակից մը նոյնպէս ցեղասպանութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութիւն մը յանձնեց, որ մերժուեցաւ։ Իմս, կարգ մը փոփոխութիւններէ ետք ընդունուեցաւ։. Ապահովութեամբս մտահոգ բոլոր ընկերներս դէմ էին իմ Թուրքիա երթալուս ու համագումարին մասնակցելուս, բայց հակառակ այս բոլորին՝ ես գացի։
Համագումարի ընթացքին նկատեցի, թէ բանախօսները ազատ ու համարձակ կը խօսէին Քիւրտերուն հանդէպ թուրքերուն կիրառած մարդկային իրաւունքներու խախտումներուն մասին։ Փաստէն խանդավառուած ես ալ որոշեցի կարծիքս բացայայտել, եւ հոս՝ ծայր առին սպառնալիքները։ Առաջինը զիս սպաննելու սպառնաիլք մըն էր երկու տղամարդոց կողմէ, որոնք իբրև թէ MIT-էն էին, (Թուրքիոյ Գաղտնի Ծառայութիւն), որուն կասկածանքով նայեցայ ու իրենց ալ ըսի, թէ չեմ կարծեր որևէ մէկը համարձակի 48 երկիրներէ եկած 650 մտաւորականներու ներկայութեան այդպիսի քայլի երթալ։ Յաջորդ օրը ուրիշ սպառնալիք մը եւս երկու տարբեր անձերու կողմէ, թէ զիս չարչարանքներու կրնան ենթարկել, եթէ համարձակիմ ցեղասպանութեան մասին խօսիլ։ Երրորդ օրը, գրած թուղթերս ձեռքէս առգրաւուեցան, իսկ համագումարի վերջին օրը, երբ խօսք պիտի տրուեր ինծի, զիս առանձին– գետնայարկին մէջ հանդիպման կանչեցին European Society for Traumatic Stress Studies (վնասուածքաբանական սթրեսի ուսումնասիրման Եւրոպական Կազմակերպութեան) թուրք կազկակերպիչներն ու Անգլիացի նախագահողը։ Ինծի վերջնագիր նամակ մը տրուեցաւ, ուր յստակ նշուած էր, թէ հարկ էր կամ նամակը ստորագրել և կամ համագումարէն հեռանալ առանց խօսելու ներկաներուն հետ։ նամակին մէջ նշուած էր, թէ պէտք էր հրաժարէի խօսիլ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ գործադրած Հայկական ցեղասպանութեան մասին։ Այդ նամակը յանձնուեցաւ իմ դասախօսութենէս միայ 20 վարկեան առաջ, որ կը զուգադիպեր Համագումարի աւարտի ժամուն։ Հակառակ յիշեցումիս, թէ մենք մարդկային իրաւունքներու համագումարի մասնակիցներ ենք և թէ այսպիսով, որպէս դասախօսի ի՛մ մարդկայի իրաւունքէս կը զրկէին զիս, ճիգս ապարդիւն էր, անոնք ըսին, թէ քաղաքական վիճակին պատճառաւ հարկ էր «Թուրք կազմակերպիչները պաշտպանել»։

Երբ հարց տուի, թէ ինչու քրտական հարցը ազատօրէն կարելի եղաւ քննարկել, եւ ինչու տարբեր էր իրենց կեցուածքը հայկական հարցին նկատմամբ՝ ոչ մէկ բաւարարող պատասխան ստացայ, հակառակը, անգամ մը եւս կրկնեցին, որ եթէ հայկական ցեղասպանութեան մասին լուռ մնալու համաձայնագիրը չստորագրեմ, պէտք է մոռնայի մասնակցութեանս մասին ու անմիջապէս լքէի համագումարը։ Ուրեմն՝ նախընտրեցի ստորագրել համաձայնագիրը, որպէսզի չկորսնցնեմ խօսք առնելու առիթը։
Յատուկ մասնագէտ մը օգտակար դարձաւ, որպէսզի ուսումնասիրութեանս բնագիրէն հեռացնէի «ջարդ», «Հայկական», «Օսմանեան» եւ «Թուրքիա» բառերը, սև գիծերով ծածկելով այդ բառերը։ Երբ սկսայ բանախօսելու և առաջին էջը յայտնուեցաւ պաստառին վրայ, ներողութիւն խնդրեցի ներկաներէն այդ սեւ գիծերուն համար, բայց նաև նկատեցի որ Եւրոպացի ու Ամերիկացի պաշտոնակիցներէս շատեր կը ժպտէին… Երբ դարձայ պաստառին նայելու, նկատեցի որ պահուած բառերը սև գիծերուն ընդմէջէն ընթեռնելի էին տակաւին, ուստի անմեղօրէն ըսի. -Կ՛երևի ասկէ աւելի պահել կարելի չէր…
Իրարանցում մը կար սրահէն ներս, Թուրք ներկաները շատ լարուած էին, իսկ մնացածը կը ժպտային բացայայտ հեգնանքիս ի տես։.
Որոշեցի պաստառէն չ՛օգտուիլ ու շարունակեցի խօսիլ կեդրոնանալով ներումի բուժիչ յատկութիւններուն մասին։ Խօսքիս ընթացքին շատ լարուած էի, քանի որ անընդհատ կը փորձէի մտածել, թէ ինչը ըսեմ ու ինչը՝ ո՞ր նախադասութիւնը ջնջեմ։ Ի վերջոյ կարելի եղաւ կեդրոնանալ այն իրականութեան վրայ թէ՝ յաղթահարելու համար զայրոյթն ու ատելութիւնը, հարկ էր դիմել հոգևոր ներումին։ Նաև նշեցի, թէ Թուրք պաշտօնակիցներէս շատեր զարմանքով դիտել տուած էին ինծի, թէ ինչպէս ներում կառաջարկէի։ Ըստ իրենց՝ «Նախ Թուրքերը պէտք էր ներողութիւն հայցէին»։

Այսուհանդերձ, ինչպէս Վիքթօր Ֆրանքլը շեշտեց ըսելով, թէ մենք աւելի քան ութսուն տարի սպասման մէջ ենք ու ցայսօր ոչ մէկ բան փոխուած է, մենք չենք կրնար միայն սպասել ու շարունակել տառապիլ որպէս զոհեր։ Պէտք է մենք մեզ զօրացնենք ու անցնինք յաջորդ քայլին, որը երկխօսութեամբ ու համագործակցութեամբ կ՛ըլլայ։ Այնքան ժամանակ, որ զայրոյթ կայ, համագործակցիլը անհանրին է։ Շեշտեցի, թէ ցեղասպանութեան մը խօստովանանքը բնաւ դիւրին պարտականութիւն չէ, նամանաւանդ որ այսօրուայ Թուրքը ցեղասպանութեան մանրամասներէն տեղեակ չէ ու շատ մը իրականութիւններ պահուած մնացած են իրենցմէ։
Այնուհետև գիտական յանձնաժողովէն խնդրեցի, որ պատասխանատուութիւն ստանձնեն օգնել թուրք ժողովուրդին հասնելու զգացական յասունութեան, որպէսզի անոնք ի վերջոյ ներողութիւն խնդրեն իրենց նախահայրերուն կատարածին համար, քայլ մը, որմէ խուսափած են միշդ։ Իրենք ալ իրենց կարգին պէտք է ներեն իրենց նախահայրերը, որպէսզի վերջ տրուի հերքումին և ընդունին իրենց պատասխանատուութիւնը։ Բանախօսութենէս ետք Ամերիկացի, Եւրոպացի ու Ափրիկեցի պաշտօնակիցներս մօտեցան ու գրկեցին զիս, իսկ ես լացակումած շնորհակալ եղայ ու երջանիկ, որ ողջ եմ, երջանիկ, որ կրցայ էական միտք մը փոխանցել ներկաներուն։
Վերադառնալով Նիւ Եորք, որոշեցի գրել Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցածի մասին և անդրադարձայ, որ հակառակ հոգեպէս հարստացած ըլլալուս, զգացականօրէն նաև մարմնապէս ահաւոր սպառած էի։ Գրելու պահը շարունակ յետաձգելով, հասանք 1999- ի Օգօստոսի 17-ին, երբ ահարկու երկրաշարժ մը ցնցեց Թուրքիան։
Քանի որ բնական աղէտներու հետ առնչուած եմ աւելի քան տաս տարիներ՝ Հայաստանի, Քալիֆորնիոյ, Ֆլօրիտայի ,Ճափոնի եւ Սանթո Տոմինկոյի մէջ, սկսայ մտածել՝ հա՞րկ էր օգնել Թուրքիոյ, թէ ոչ։
Համամարդկային օգնութիւնները կը գերազանցեն աշխարհագրական ու քաղաքական սահմանները։ Երբ սկսայ մտածել, թէ ինչպէ՞ս կրնամ օգտակար դառնալ Թուրքերուն, երկու հրաուէր ստացայ Թուրքիայէն ու սկսայ աշխատիլ յատուկ Թուրքիոյ համար նախատեսուած հոգեկան առողջութեան ծրագիրի վրայ, ու այդ ոլորտի շատ մը մասնագետներ հրաւիրեցի։ Տոքթ. Քաթելին Քօուալսքիին հետ խմբակ մը կազմեցինք, որը NIOSH –ի (Ապահովութեան ու Առողջութեան Ազգային Հիմնարկի) հոգեբաններէն է Փիցպուրկէն, եւ Քէնսասէն՝ Օրդ. Թարա -Լիզա Քաթլին- Ֆորպրէկի հետ, որ հոգեբոյժ է ու շարժման մասնագէտ։ Շաբաթներով վրաններու տակ հարիւրաւոր փրկուածներու հետ աշխատեցանք ու փորձեցինք զիրենք հանգստացնել հոգեպէս, շնչառութեան վարժութիւններով, անոնցմէ տեղեկութիւններ հաւաքելով և ուսումնասիրելով իրենց ապրած ցնցումին հետեւանքները։
Գործընկերներս չէին կրնար հաւատալ, թէ կեանքիս նկատմամբ այդ սպառնալիքներէն ետք ու Յունիս ամսուն Թուրքիոյ մէջ ունեցածս իմ փորձառութեամբ հանդերձ կամաւոր եկած էի օգնելու։ ինծի համար այս մէկը մարտահրաւեր էր, որ զիս քայլ մը առաջ տարաւ դէպի ներում ու գերազանցում։
-------------------------------------------------------------------------------------
ՆԵՐՈՒՄԻ ՄԱՍԻՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ներկայացուած Տոքթ.Գալայճեանի կողմէ

Ներել կը նշանակէ անձը ազատագրել Զայրոյթի կապանքներէն, Քակել կղպանքը ատելութեան, Ջնջել ատելութեան շրջանակը.
Ձեզ մարտահրաուերի կը կանչեմ, որ սիրեք իրականութիւնը,
Բայց հարկ է գիտնալ ինչպէս ներել, Քանի որ «Ան, որ անկարող է ներել, կը կոտրէ այն կամուրջը, որուն վրայով ինք պիտի անցնի»
George Herbert
Եւ քանի որ «Ներումը այն բուրումն է, որ մանուշակը կ՛արձակէ այն կրունկներուն վրայ, որոնք զինք կը ճզմեն»
Mark Twain

Ահաւասիկ կը մօտենանք նոր հազարամեակին, եկէք իրար օգնենք, որ ներենք, որ ըլլանք աւելի զօրաւոր ու կեդրոնացած, որպէսզի յաղթահարենք բոլոր խոչընդոտները, գերազանցելով մեր հասկացողութիւնը, հասնելով նոր բարձրունքնրու, քանի որ՝ «Երբ մէկը միւսին կ՛օգնէ, երկուքն ալ աւելի զորաւոր կը դառնան»
Շուէտական առած

Եւ քանի որ «ինչքան մեծ ըլլայ խոչընդոտը, այնքան մեծ կ՛ըլլայ անոր յաղթահարելու հաճոյքը»
Moliere

Սիրով ու ներումով կ՛օգնենք իրարու, կոտրելու համար բռնութիւնը ու արգիլելու համար այլ ցեղասպանութիւններ, շեշտելով մեր մարդկայնութիւնը։
Kalayjian, 1998
Kalayjian, A., (1999). Forgiveness and Transcendence. Clio’s Psyche, 6 (3), 116-119.
Տօքթ, Անի Գալայճեան: Յարակից փրօֆէսօր Ֆորտհամ համալսարանի հոգեբանական բաժնի ու վկայեալ մասնագէտ՝ Traumatic Stress-ի։








«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝