Յայտարարութիւն

Sunday, March 7, 2010

ԱՄԱԼԻԱ ԾՈԾԱՆ - 3 - Ս.Դ.ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Առաջին օրերուն քիչ մը դժկամութեամբ, բայց հետզհետէ սկսայ հաճոյքով կատարել կնոջ հրահանcները, յաճախ նաեւ ինքնակամօրէն տրամադրուելով իրեն։ Կ՚ըմբռնէի կնոջ կացութիւնը. ամբողջ օրը անկողնին փակած ըլլալով՝ cիշերները կը տառապէր անքնութենէ։ Ահա այդ պահերուն էր նաեւ, որ մեր միջեւ կը սկսէր ծաւալիլ զրոյց մը, որմէ նոյնքան հաճոյք կ՜առնէի նաեւ ես։

Զրոյցի պահուն ան յանկարծ կ՜աշխուժանար, կ՜ոգեւորուէր տեսակ մը եւ ամէն դուռէ հարցում կը բերէր ու կը զետեղէր սեղանին...

Առաջին օրերուն զինք մեծապէս կը խանդավառէին Պէյրութն ու Միջին Արեւելեան երկիրները՝ իրենց կլիմայով, բազմակրօն մշակոյթով ու խայտաբղէտ կենցաղով. ան ամէն առիթով բաղդատութիւն կ՜ընէր Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ։ «Ձեր մօտ»ը եւ «մեր մօտ»ը միշտ ներկայ էին մեր զրոյցներուն։ Յետոյ, երբ աւելի մտերմացանք եւ վստահութիւնը փոխադարձաբար հաստատուեցաւ, պառաւը ա՛լ պատրուակներ չէր փնտռեր գիշերային զրոյցներուն սկսելու, այլ ընթրիքին հետ իսկ կը սկսէր խօսիլ իր անձնական կեանքին մասին՝ վկայակոչելով անցեալի յուշեր, դէպքեր, իրադարձութիւններ, յաճախ նաեւ նիւթէ նիւթ ցատկելով եւ մէջընդմէջ ալ անձնական հարցումներ ուղղելով ինծի։

Գիշերային մեր զրոյցները կը բանային կնոջ հոգիին ծալքերը եւ կը յայտնաբերէին անոր ներքին աշխարհը։ Ան կ՜այլափոխուէր ամբողջութեամբ։ Ա՛լ անկողնին ծառայող եօթանասունամեայ պառաւ մը չէր ան՝ ամբողջ օրը ուրիշին խնամքին կարօտ, ոչ ալ ես իր մօտ սենեակ վարձած ուսանողուհի մը, այլ մտերիմ մը, ցաւակից մը՝ առանց տարիքային անջրպետի, որովհետեւ Ամալիա ծոծան իր անցեալի վերյուշներուն հետ թեւանցուկ՝ կ՜երիտասարդանար յանկարծ, տեսակ մը կը ծաղկէր ու անօրինակ խանդով կը լեցուէր։ Մերթ կը մանկանար ու լիահագագ կը խնդար, մերթ ալ կը շիկնէր ու լոլիկի պէս կը կարմրէր, մա՛նաւանդ երբ կը պատմէր իր սիրոյ պատմութիւնը։

Քանի՜-քանի՜ անգամ լսած էի այդ պատմութիւնը, բայց ամէն անգամ նո՛ր լսածի պէս հաճոյք առած անկէ, կնոջ կեանքին տրամայէն։ Տեղեկութեան իմաստով՝ պատումը նոյնն էր, կը փոխուէր սակայն պառաւին հոգեվիճակը, որ նորացման հետ՝ ապրումի ու ներշնչման նոր երանգ կը յայտնաբերէր։ Քնարական բանաստեղծութիւն էր կարծես այդ պատմութիւնը, որ մեզ կը յուզէր, կը վերացնէր առօրեայէն ու կը տանէր հո՛ն, գի՛ւղ, ուր ցանկապատով կը բաժնուէին 15 տարեկան սիրուն Ամալիան եւ «սեւաչեայ հրաշք» տղան՝ «պեխ ու մօրուքով կարգին տղամարդ»...

Տեսնելու բան էր կնոջ ոգեւորութիւնը, որ կ՜արտացոլար անոր աչքերուն մէջ եւ զանոնք կը վերածէր սիրոյ աւազանի։ Հիմա տղուն փայփայած «թռչնիկ»ն էր ան, որ այս պառաւ մարմնին մէջ կը թփրտար սէրէն, կը հեւար տղուն հպումէն, ապա կը նուաղէր շուրթերը լիզող առնական համբոյրէն։ Գաղտնի տեսակցութիւնը կ՜աւարտէր սրտերու ուժգին տրոփումով, ապա տղան իր «թռչնիկ»ին կը նուիրէր բացուած վայրի կակաչ կամ կարմիր վարդ, զոր Ամալիա ծոծան երեւակայութեամբ կը սեղմէր ձախ ձեռքին ու դողալով զայն կը հանգչեցնէր ծեր սրտին, մինչ կափկափուող շուրթերուն վրայ կը սկսէր ծաղկիլ սիրած տղուն նուիրած երգը.

Թռչնիկս, մի՛ լար, մի՛ վախիր
Մեր սէրը ամուր է, դիմացի՛ր

Եղած-չեղածը քառեակ մըն էր երգը, որ սակայն մարդկային կեանքի ամբողջ տրամ մը կը խտացնէր իր մէջ։ Յետոյ երգը կամաց-կամաց կը սկսէր թուլնալ, նուաղիլ, արցունքի լիճեր բանալով պառաւին դէմքին։ Ապա թախիծը կը նստէր կնոջ հոգիին ու զայն լռութեան կը մատնէր։ Այս բոլորը կը տեւէին քանի մը վայրկեան միայն. պառաւը՝ ներքին տարօրինակ կենսունակութեամբ մը յանկարծ կը յաջողէր փոխել պատումին ռիթմը եւ նախկին ոգեւորութեամբ շարունակել սիրած տղուն հետ իր պատմութիւնը՝ մինչեւ ամուսնութիւնն ու իրենց սիրոյ առաջին ու միակ պտուղին՝ դստեր ծնունդը։ Վարդագոյն այս կեանքը սակայն ակամայ կը սեւնար «Հայրենական Մեծ Պատերազմ»ի հռչակումով, երբ սիրած տղան կը մտնէր բանակ ու ա՛լ չէր վերադառնար...
Շար.3

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝