Յայտարարութիւն

Tuesday, April 27, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 89 -Ռուբէն

- Այս կռուի համար չարժէ ձեզ զոհել. դուք դեռ ջահէլ էք եւ ապագային դեռ մենք պէտք պիտի ունենանք ձեզ պէս ուսանողներուն:
Սարգիսը, որ յեղափոխական աւելի մեծ ցենզ ունէր եւ Ժընեւի համալասարանէն էր, համարձակօրէն ըսաւ Նիկոլին.
- Դա ի՛նչ չափանիշ է. մի՞թէ Բժ. Զաւրիեւը ինձնից աւելի դիմացկուն է եւ կամ ապա•այի համար անպէտք. ինչո±ւ նրան կ’առնես խմբիդ մէջ:
- Դու մոռանում ես, Սար•իս ջան, պատասխանեց Նիկոլը, որ եթէ նա սպաննուի, գոնէ մարդիկ պիտի զգաստանան նրա մահով. իսկ ձեր մահովը ի՞նչ պիտի շահիք:
Այս խօսակցութիւնը տեղի կ’ունենար խեղճ բժիշկի ներկայութեան եւ ան ծիծաղելով կ’ըսէր ռուսերէն.
- Տես, տես թէ ինչպիսի հաշիւներ կ’ընէ:
Ես կը բացատրեմ, որ ռումբեր շինելու եւ լեցնելու իբրեւ մասնագէտ` իմ ներկայութիւնը անհարժեշտ է, քանի որ ինձմէ զատ միայն Սարգիսն է, որ այդ գործէն կը հասկնայ: Ատկէ զատ ես ռուսական բանակի սպայ եմ, հետեւաբար կարող եմ օգտակար լինել: Վերջապէս Նիկոլը կը կակզի ու կը համաձայնի վերցնել մեզ մինչեւ Վան:

¢¢¢

Միւս օրը ճամբայ պիտի ելլենք: Գիշերը կը հաւաքուինք եկեղեցին: Տինամիթը ձեռքովս ռումբերու մէջ լեցնելու ատեն թունաւորուած էի. գլուխս կը ցաւէր, սիրտս կը խառնուէր, բայց կը վախնայի ինքզինքիս հիւանդ ցոյց տալ: Սարգիսը նկատեց, բայց իմ խնդրանքիս վրայ` լուռ մնաց: Սամսոնը եւս նկատեց որ դեղնած էի, բայց ես իրեն բացատրեցի թէ իմ բնական գոյնն է այդ:
Դրօշակ էր դրուած սեղանի վրայ, Դաշնակցութեան զինանշանը, խաչ, Աւետարանը, հրացանը եւ սուրը վրան: Աղօթք կ’ընեն, Սարգիսը ճառ կը խօսի, կը խօսի նաեւ Բժ. Սետփանեանը: Սեղանի շուրջը հաւաքուած ֆետայիները մտախոհ եւ տխուր կ’երեւան, անոնց ետեւ կանգնած են կիներ եւ ուրիշ մարդիկ, որոնց աչքերէն արցունքներ կը հոսին: Լուռ են բոլորը եւ կարծես իրենց հայեացքներով դէպի գերեզմանատուն կ’առաջնորդեն ֆետայիները: Թախիծով լի ֆետայիները հաղորդութեան մօտեցան. տէրտէրը ինչ որ աղօթք կարդաց, թէեւ ոչ ոք թերեւս կը լսէր զինք: Բայց անոր ձայնը գիշերուան այդ խորհրդաւոր կիսախաւարի մէջ կարծես կը տանէր մեզ դէպի ուրիշ աշխարհներ: Երկի՞նքն էր թէ Տաճկահայաստանը, որ կը քաշէր մեզ: Բոլորս ալ մէկիկ մէկէիկ համբուրեցինք Աւետարանը եւ դուրս ելանք Նիկոլի հրամանով: Նստեցանք ձիերը եւ ճամբայ ելանք:
¢¢¢
Երբ գիւղէն բաւական հեռացեր էինք, նոր միայն ես ինքզինքս գտայ եւ ուշադրութեամբ շուրջս նայեցայ: Խմբի առջեւէն կ’երթար Մստոն, անոր կողքէն անգնահատելի վանեցի Աւտոն: Երկուսն ալ քաջ ծանօթ էին այդ ճամբարներուն եւ մասնակցած էին բազմաթիւ կռիւներու: Մստոն քիւրտ էր եւ ժամանակին եղած էր մեր կատաղի հակառակորդը (ան նոյնիսկ մասնակցած էր կռիւներու Նիկոլ Դումանի դէմ), բայց այժմ նոյնքան կատաղի հակառակորդ էր թուրք կառավարութեան եւ ջերմ բարեկամ` Ֆետայիներուն:
Անոնցմէ 50-60 քայլ հեռաւորութեան վրայ կ’երթար Դաշնակցական Խեչոն, իսկ անոր ետեւէն Նիկոլը, որուն կը հետեւէին ֆետայիները զոյգ զոյգ: Ամենէն վերջը կ’երթայի ես` ռումբերը բարձած եմ թամբիս, իսկ ինձմէ ետքը ամբողջ խմբի յետսապահ Սարբազ Խեչոն:
Ճամապարհին, երբ դեռ նոր էինք Երեւանէն դուրս եկեր, Նիկոլը ինձ ըսած էր. «Ինչ որ չգիտենք, մահ է կոչւում»: Կարծես թէ ան սխալած էր: Մեր ձիերը առաջ կը սլանային դէպի անծանօթը, իսկ մեր մտքերը դէպի վաղուան անորոշութիւնը. ատոր մէջ կար խորհրդաւոր ահարկութիւն մը, որ գրաւիչ էր միաժամանակ ու արբեցնող. անծանօթը քաղցր էր ու թանգ, որքան ինքը` կեանքը: Ի՞նչ փոյթ թէ Ղալասարի մէջ մնացող կիները` արտասուքը աչքերուն` մահ կ’անուանէին այդ:
Խումբը կը շարժուէր մերթ սրընթաց, մերթ դանդաղ քայլերով, անծանօթ լեռներու եւ ձորերու միջով: Բոլորն ալ լուռ էին, խօսիլը արգիլուած էր, միայն ձիերն էին որ կը խանգարէին գիշերային լռութիւնը: Լուսաբացը մօտ էր, երբ բարձրացանք սահմանի մէկ մեծ լեռը (Արաուլն էր), որուն գոգաւոր մէկ վայրին մէջ իջանք ձիերէն: Մեր ցերեկուան կայարանն էր այդ: Արագօրէն թուլցուցինք ձիերու զոլանները (փորակապերը), քանդեցինք պոչերը, շփեցինք, վար իջեցուցինք խուրջիները, եւ ես ու ընկերս սկսանք ձիերը ման ածել, որպէսզի քրտինքները պաղին: Միւսները լռելեայն բարձրացան եւ գրաւեցին չորս դիրքեր, մեզ պահպանելու համար վերեւէն: Միայն Նիկոլն ու Զաւրիեւը` նստած խուրջիներու շեղջին մէջ` կը նիրհէին: Երբ ձիերը հանգստանան, չուաններով կապեցինք զանոնք գետնին, որ քիչ մը արածին. յետոյ խուրջիններէն փշրուած գարի տուինք անոնց: Նիկոլ առաջարկեց, որ մենք անպայման քնանանք: Մստոն արդէն անուշ կը ննջէր:

Շար.89


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝