Յայտարարութիւն

Saturday, April 10, 2010

Զբօսանքի Բակը Տալիտա Գալըպճեան

Դպրոցին բակը ,առանձնաշնորհեալ վայր , երեխաները կը վարժուին խմբական կեանքի, հեռու ` իրենց ծնողներու աչքերէն:
Զբօսանքի բակը ընկերութիւն մուտքի վայրն է, յատկապէս անոնց համար, որոնք մանկամսուր չեն գացած կամ մէկ հատիկ են:
Երկար ժամեր գրասեղանին ետեւ նստած երեխաները պէտք ունին շարժելու, խօսելու, խնդալու, այլ խօսքով` «պարպուելու»:
Բայց տրուած ըլլալով, որ բակին մէջ անոնք հեռու են իրենց ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն աչքերէն, իրենք իրենց որոշ ազատութիւն «կուտան», կը դառնան յարձակողական ,կռուազան, եւ բակը կը դառնայ “հաշիւ մաքրելու” վայրը: Այլ խօսքով, չափահասներու ընկերութեան մէկ մանրանկարնը...:
Զբօսանքի բակը նաեւ այն տեղն է, ուր երեխաները ընկերներ կ’ընտրեն ,բարեկամութիւններ կը հաստատեն, նաեւ կը մտնեն խմբակներու մէջ եւ կը դառնան “առաջնորդ” կամ “հետեւորդ”: Կը հակադրուին տարբեր կարծիքներու, իրենք զիրենք կը պարտադրեն, բայց նաեւ կը սորվին զիջիլ միջին եզրի մը շուրջ համաձայնելու:
Անխուսափելի է նաեւ, որ երեխաները բակին մէջ իրարու հետ իրենք զիրենք համեմատեն, իրենք զիրենք ճանչնան , այդպիսով կազմաւորելու համար իրենց անհատականութիւնը: Անհամեմատութիւնը, որ երբեմն մրցակցութեան կը վերածուի, կրնայ ժխտական բայց նաեւ դրական անդրադարձ ունենալ եւ երեխաները մղել աւելի լաւին ձգտելու, իրենք զիրենք կատարելագործելու:
Անշուշտ որ զբօսանքի բակը նաեւ այն վայրն է, ուր երեխաները տունը հայհոյանքներ կը լսեն, կը սորվին եւ կը գործածեն, կը կռուին եւ զրար ցաւցնեն, առեւտուր կ’ընեն, արտադպրոցական իրեր կը բերեն եւ գաղտնի կը փոխանակեն… Բայց այս բոլորը վերջին հաշուով զիրենք կը պատրաստեն ապագայի ընկերութեան, իսկ ծնողներուն եւ ուսուցիրներուն կը մնայ հսկիչ ըլլալ` առանց բակի ազատութիւնը խեղդելու:

Տալիտա Գալըպճեան

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝