Յայտարարութիւն

Saturday, May 29, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-Ռուբէն99-

ԳԼՈՒԽ Ժ.

Թադէոս Առաքեալի վանքին մէջ.
Ընծայր վարդապետը
Վանքին դերը յեղափոխական գործի համար.
Լուրեր կռիւներու մասին.
Հաճի Լեւոնի խումբը.
Երկաթի եւ Թոխմախի խումբը.
Փոխիկի խումբը
Հնչակեաններու խումբը.
Պատրաստութիւններ երկիր անցնելու.

Ե՞րբ շինուած է Թադէոս Առաքեալի վանքը, ո՞վ է շինած եւ որո՞ւ համար` այդ ինձ անծանօթ է: Պարզ է, որ ան հայկական ոճով է շինուած, ինչպէս մեր բոլոր վանքերը, բայց անոր մէջ մի այլ քաղցրութիւն կայ. իր քանդակները, իր զարդանկարները մինչեւ այդ տեսածներուս ոչ մէկուն կը նմանին: Անոնք առանձին գնահատման եւ ուշադրութեան նիւթ կրնան դառնալ, որ վեր է իմ հասկացողութենէն, ուստի թողնենք վանքը իր տեղ, որովհետեւ ան չի ցանկանար որ զինք բամբասենք:
Վանքին մէջ շատ սենեակներ կային, բայց քիչերն էին բնակելի: Միաբանութիւնը բաղկացած էր աչքերը ցաւոտ պառաւ տնտեսէ մը, ջաղացպանէ մը, որ միաժամանակ ծառայ էր, տիրացու եւ բոլոր գործերուն հասնողը եւ վարդապետէ մը, Պուլկարիայէն եկած. անոր աչքերն ալ ցաւոտ էին: Բժիշկ Ռուբէն կը խօսէր, կը կատակէր, կը հայհոյէր եւ լռակեաց միաբանութեան մէջ աղմուկ կը հանէր, կարծես իր առջեւ վարդապետ կանգնած չլինէր:
- Դու գնա՛ քու գործերդ լմնցուր, մոմերը մարէ եւ արի մի լաւ չայ (թէյ) խմենք:
Բոլորուեցինք վարդապետին հետ սեղանի շուրջը, տուինք անոր նամակներն ու թերթերը եւ ան թաղուեցաւ անոնց մէջ: Վարդապետի անունը Գէորգ Նալբանդեան էր, բայց այդ անունը չէին գործածեր: Վարդնաը` Ընծայր, իսկ Բժ. Ռուբէնն ալ յամարօրէն Անծայր կը կանչէր: Հայր սուրբը այդ երկուքն ալ անտարբերութեամբ կ’ընդունէր:
- Անծայր, թերթ կարդալու ժամանակը չէ, դու բան չունի՞ս մեզ տալու: Երկրէն սուրհանդակ չեկա՞ւ, կը հարցնէր անհամբեր Ռուբէնը:
Վարդապետը, առանց պատասխանելու, դուրս եկաւ սենեակէն եւ մի փակ ծրար տուաւ Վարդանին, իսկ Ռուբէնին ըսաւ. - Ցաւօք սրտի քեզի բան չկայ»:
Գէորգ վարդապետը առաջին տեսքի մի արգահատելի մարդ կը թուէր: Այս դեռ եւս երիտասարդ, եռանդով լեցուն, աշխարհը տեսած հոգեւորականին ի՞նչն էր հարկադրել գալ եւ բանտարկուիլ այս վանքին մէջ, զոր իրաւացիօրէն Մենաւոր կ’անուանէինք: Բժ. Ռուբէն Սախալինի արգելարանին մէջ թերեւս աւելի ուրախ կեանք պիտի ունեցած ըլլար քան այս վարդապետը այս վանքն մէջ, ուր հասարակութիւնը կազմուած էր միայն երկու հոգիէ. իսկապէս, ձանձրալի՜ եւ տաղտկալի մի կեանք: Գէորգ վարդապետը ինծի կը պատկերանար իբրեւ մի կամաւոր աքսորական, որու կեանքի գաղտնիքը կ’ուզէի թափանցել: Արդեօք հաւա՞տքն է, թէ Թադէի վանքի պահպանումի հոգը, որ զայն հոս բերած է:
Օրական երեք անգամ այս մարդը վանքի ճակատին փորագրուած արեւի ժամացոյցին կը նայի եւ ըստ անոր շուքին` զանգակները կը քաշէ` ժամկոչի տեղը, որ չափազանց զբաղուած է այլ գործերով: Օրական երեք անգամ վանքը կը մտնի միայնակ, մարդ լինի թէ չլինի, բոլոր ծէսերը կը կատարէ եւ երբ ինքը մէն-մինակ, այդ հսկայ վանքին մէջ, կը դառնայ բեմէն եւ խաչը ի ձեռին` «Խաղաղութիւն ամենեցուն» կը կանչէ, զարամանալի եւ ծիծաղելի կը թուի, եւ կը մտածես, «Այս խաղաղութեան մէջ, ինչո՞ւ եւ որո՞ւ համար այս աղօթքը կ’ընէ»: Մարդ չկայ տարին 12 ամիս, հսկող ալ չկայ, ուրեմն այս վարդապետը մի բանի կը հաւատայ, որ իր պարտքը կը կատարէ անթերի կերպով: Ծէսը կատարելէն ետք, աւելը առած` Թադէի վանքը կ’աւլէ, յետոյ դուրս կ’ելլէ` ամուր կղպելով հաստ երկաթեայ դռները:
Ես կը նախանձէի վարդապետին այդքան լի հաւատ ունենալուն համար:
- Երջանիկ մարդ ես, վարդապետ, ըսի անոր օր մը առանձին: Ես Էջմիածին եղած եմ եւ տեսած որ ի ցոյց կամ ի խաբէութիւն մարդոց կ’աղօթեն. դուն անոնցմէ չես, չես կարող խաբել ոչ Աստուած եւ ոչ ալ ոգիները. քու ներքին հաւատն է որ քեզի կը թելադրէ աղօթել չորս պատերուն եւ գմբէթին: Վարդապետը իր հաստ կոպերի մէջէն փաղաքշական հայեացքով ինձ նայեց, յետոյ մտածելով ըսաւ. «Ես քեզ խաբել չեմ ուզեր»:
- Ես խաբուած չեմ, անձամբ տեսայ. ներս մտայ վանքին բաց դռնէն եւ սիւնի ետեւ թաքնուեցայ, երբ դու մէն մինակ չորս պատերին պատարագ կ’ընէիր վառած մոմերի միջէն. ծիծաղելի էր վեղարով պատարագ ընելդ, բայց ցուցանիշ էր քու ներքին հաւատին եւ խորհրդաւոր էր ու մեծ:
Վարդապետը նայեց տխուր եւ ըսաւ.
- Եթէ քու հաւատի մի տասներորդը ես ունենայի, իրօք ես երջանիկ կը լինէի. ես հաւատի նշոյլն իսկ չունիմ. ես անհաւատ մէկն եմ: Բայց գիտեմ, որ հաւատքը ամենամեծ զէնքն ու ինքնապաշտպանութիւնն է գոնէ անբան ամբոխների համար, դրա համար անոր դէմ չեմ: Անոր կը ծառայեմ առանց հաւատի:
Տեսայ անոր դէմքը, որ սուտ չէր խօսիր: Կը նայէի զարմացած եւ ան կը նեղուէր:
- Երջանիկը դուն ես, որ թէեւ կրօնքի չես հաւատար, բայց հաւատ ունիս ազդեցութեան համար, որին պատրաստ ես կեանքդ տալու այս Թադէի նման. ես ալ քու հաւատէն ունիմ. բայց ոչ այքնան որ ինձ մոռնամ: Երկու հաւատէն ելած մի աւարա եմ միայն:
- Թէ ըսածդ ճիշդ է, ինչո՞ւ ես եկեր եւ այս բանտը ինկեր: Աւելը ձեռքիդ փոշիները կը մաքրես, փորդ անօթի` թանջուր կը խմես, ճպռոտ տնտեսին երես կը տեսնես. մարդ չկայ այստեղ` սատանաներու հետ կը խօսիս. աշխարհն աւե՞ր է. Բուլգարիան այստեղէն վա՞տ էր, որ եկեր եւ մեր քթի ջուրը կը քաշես: Ես չեմ հասկնար:
- Գիտե՞ս ինչ կը նշանակէ անօթի հոգին: Ես միայն վարդապետ չեմ, աւելին մեծն եմ, ես Ծայրագոյն եմ, եւ գիտեմ Եպիսկոպոս, Արքեպիսկոպոս լինելու ճամբան, բայց իմ հոգին անօթի է: Անօթին միշտ ծառայ է, ուրիշի դրան մի շուն: Նոր առաքեալներ ահա այս վայրէն կու գան ու կ’երթան, ինչպէս դուք եկեր ու պիտի երթաք, ոմանք ալ պիտի երթան յաւիտեան... Ե՛ս եմ զանոնք ընդունողը, ե՛ս եմ ճամբողը, բայց կը զգամ, կը նախանձիմ անոնց, որովհետեւ անոնց հոգին լեցուն է, իսկ իմս դատարկ կը մնայ: Փամփուշտները, զէնքերը որ այստեղէն կը ճամբեմ, մէկ մէկ կը հաշուեմ եւ ամէն մէկին համար կը խորհիմ, թէ այս հրացանը կրողը ո՞ւր պիտի նահատակուի, այս գնդակը ո՞ր թշնամու մարմինը պիտի ծակէ եւ մեռցնէ. ատկէ աւելին անկարող եմ, թէպէտ այս ալ բան մըն է:
Ինձմէ առաջ եւ ինձմէ յետոյ եկած ու գացած բոլոր զինուորները, գործիչները, այս հետաքրքրական մարդուն պահած են, ուստի քիչ մըն ալ խօսքը անոնց թողենք, որ պակասը լրացնեն: Ըսեմ նախապէս, որ այս մարդու թերութիւնները աւելի աչքի կը զարնէին քան անոր անխարդախ հաւատարմութիւնը եւ ծառայութիւնները. այդպէս ենք սորված վարձատրել այն հաւատարիմ ծառաներին, եւ կամ, ինչպէս ինքը կ’ըսէր` շուներուն, որ կը սխալին պարապ տեղը հաջել կամ երբեմն խածնել:

Շար 99





«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝