Յայտարարութիւն

Friday, July 2, 2010

Առողջ ապրելու արուեստը -ԲՐԻՆՁԸ- Մարօ Գըվըրեան Նիկողոսեան

Չինաստանի հարաւէն, Ասիոյ հարաւ-արեւելքը եւ Ափրիկէէն դէպի աշխարհի չորս կողմը տարածուած է բրինձը: Ասիկա Արեւելքի գլխաւոր ուտելիքը եղած է:
Աւանդական օրերուն լման բրինձ կ’ուտէին որ իր սերմին մէջ եւ արտաքին խաւին վրայ սննդանիւթեր կը պարունակէր: Երբ կ’արդիականանայ աղալու գիտարուեստը վրայ կը հասնի սպիտակ բրինձի արտադրութիւնը ու այսպիսով կը կորսուի անոր բովանդակ սննդանիւթը, vit. B-երը եւ մանաւանդ thiamine-ը:
Լման բրինձին իւղը քիչ է, կը պարունակէ B սննդանիւթերը, protein, քիչ մը E սննդանիւթ, սակայն առանց A, C եւ B12 սննդանիւթերու:
Բրինձին 2 գլխաւոր տեսակներն են- երկաթը եւ կարճը: Եփելու համար ճերմակ բրինձը 20 վայրկեան կը պահանջէ: Լման բրինձը պարզ կաթսայով 55 վայրկեան , իսկ եթէ ճնշիչով ուզենք եփել 30 վայրկեան:
Արդիական բրինձը իր արտաքին խաւէն մեծ մասամբ մաքրուած եւ փայլեցուած է: Հատիկին մէջ դեռ մասամբ կրնան պահուիլ սննդանիւթեր եթէ յաւելեալ աղալու գործողութիւններ չկատարուին:
Բրինձը դեղերով կը լուան, կը ճերմկցնեն, կը մաքրեն, talc-ով կը փայլեցնեն եւ ձէթով կը պատեն: Այս աշխատանքը բրինձին տեսքը հաճելի եւ մարսելի կը դարձնէ բայց դժբախտաբար կը մերկանայ իր սննդանիւթերէն: Իր պարունակած ձէթերը ընդմիշտ կը կորսուին, protein-ը կը նուազի thiamine (B) եւ տարբեր B սննդանիւթեր կը վերցուին: Ճերմակ բրինձին մարսողութիւնը կարգ մը մարդոց համար կը դիւրանայ:
Սակայն ի՞նչ իմաստ ունի սննդանիւթերէ կողոպտուած բրինձը սպառել:
Ժամանակին մարդիկ ճերմակ բրինձի պատճառով Beri – beri հիւանդութեան կը մատնուէին մինչեւ այն ատեն երբ գիտցան որ ան կու գար thiamine-ի պակասէն (Vit. B):
Թէեւ ճերմակ բրինձի սննդանիւթեր կ’աւելցնեն բայց լման բրինձին չի կրնար հասնիլ:
Լման բրինձ (whole rice) սննդանիւթերու կատարեալ կշռոյթը կը պահէ, յոյժ կորով (energy) կու տայ հանդարտութիւն, յստակամտութիւն եւ լաւ դատողութիւն:
Աւանդութեան համաձայն լման բրինձ կ’ուտէին զարգացնելու համար միասնականութիւնը ու հոգեկան արթնութիւնը: Պէտք է լաւ ծամել, առնուազն յիսուն անգամ եւ կամ մինչեւ որ հեղուկի վերածուի: Այս ձեւը բուժիչ յատկութիւն ունի, կ’աշխատցնէ նաեւ բոլոր մկանները: Որքան լաւ ծամենք այդքան ազդեցիկ կը դառնայ եւ թէ Alkaline/acid-ի կշռոյթը կը սրբագրէ:
Չինաստանի մէջ, ճերմակ բրինձը կը նկատուէր հմայք ունեցող: Գիւղացին կ’ուտէր աղտոտ բրինձը (Լման բրինձը):
Բրինձը ցորենի չափ protein չունի բայց իր ունեցածը լաւագոյնն է:
Եթէ selenium-ով հարուստ հողի մէջ ցանուի աւելի կը հարստանայ: Մեր մարմինը քիչ selenium-ի պէտք ունի բայց ամենակարեւորն է:
Zinc-ը, երկաթը, magnesium-ը, manganese-ը, potassium-ը, բոլորն ալ լման բրինձին մէջ բաւարար են: Sodium-ի քանակը քիչ է բայց phosphorus-ը պղինձը, կրածինը (calcium) լաւ են:
Փորհարութեան համար պարզ խաշուած բրինձը տիեզերական դեղ է: Եւրոպայի կարգ մը բժիշկներ purée եղած խնձորով, խաշուած բրինձ կը յանձնարարեն արեան գերճնշումը նուազեցնելու համար:

Մարօ Գ. Նիկողոսեան
(Elson Haas Ph. D)
(Wendy Esko)


















«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝