Յայտարարութիւն

Monday, July 5, 2010

ԱՆԳՈՅՆ ՄԱՐԴԻԿ - Հայկ Նագգաշեան

Ռամկավար Մամուլ
Յունիս 30, 2010
ԱՆԳՈՅՆ ՄԱՐԴԻԿ
ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Դասակարգ մըն են անոնք։ Ոչ տեսակէտ ունին, ոչ համոզում ու նպատակ եւ ոչ ալ
ձգտում որեւէ բան իրագործելու համար։ Անոնք կը կոչուին անգոյն մարդիկ։
Օ՜, ո՛չ, ներողութիւն. անոնք անպայման ունին բան մը՝ ձգտում մը իրենց փորը
լեցնելու, բնազդական այլազան պարտականութիւններ կատարելով ապրելու համար։
Անոնք ոչ հնչակեան են, ոչ դաշնակցական, ոչ ռամկավար, ոչ հանրապետական կամ դեմոկրատ եւ ոչ ալ սոցիալիստ կամ քոմունիստ։ Այս երեւոյթը թէեւ ոչ միայն
հայկական, այլ համամարդկային է, սակայն մեր ակնարկը կեդրոնացնենք
հայկականին վրայ, հայանուն անգոյն մարդոց վրայ։ Ինչպէս ըսինք, անոնք ոչ
հնչակեան են, ոչ դաշնակցական, ոչ ռամկավար կամ համայնավար, այլ՝ չէզոք, որ
համազօր է բան մըն ալ չըլլալու… ոչինչ է։
Այս ակնարկէն ցաւով զանց կ'ընենք Հայաստանը, ուր կուսակցութիւններու թիւը
կրնայ բաղդատութեան դրուիլ իւրաքանչիւր կուսակցութեան անդամներու թիւին
հետ։ Ցաւով ըսինք, որովհետեւ, այս ակնարկը խորացնելու պարագային երեւան
պիտի գայ որ Հայաստանի կուսակցութիւններուն պարտականութիւններն ու
ծառայութեան ծիրը աւելի «ընդարձակ» են, քան սփիւռքիններունը, քանի որ, անոնք
գաղափարականէն անդին եւ աւելի այդ կուսակցութեանց սեփականատէրներուն
պէտք է ծառայեն..։
Վերոյիշեալ դասակարգին համար հայ կուսակցութիւնները, Բարեգործականը,
Համազգայինը, Թէքէեան Մշակթ. Միութիւնը, կամ Նոր Սերունդը աւելորդ
կազմակերպութիւններ են: Անոնք անհանգիստ կը զգան եթէ զիրենք այս կամ այն
կողմին համակիր նկատելու արտայայտութիւներ լսեն։ Չեմ գիտեր թէ իրենց ազգային
պատկանելիութեան մասին ի՛նչ կը խորհին։ Կը զգա՞ն որ հայ են, կ'ապրի՞ն իրենց
հայութիւնով, թէ այնպէս կը դաւանին թէ իրենք հայ ծներ են պարզապէս։ Ինծի կը
թուի թէ այս ենթադրութիւնն է ճիշդը։ Անոնք պարզապէս հայ ծնողներէ սերած են,
բան մը՝ որուն մէջ իրենք պատասխանատուութիւն չունին։ Իրենց կամքէն անկախ

պատահար մըն է ատիկա, որ զիրենք որեւէ պարտաւորութեան տակ չի դներ։ Անոնք
պարտաւոր չեն զգար ազգով ու հայրենիքով հետաքրքրուելու, բարոյապէս ու
նիւթապէս անոնց օժանդակելու, եւ այլն։ Անոնք ազգային ձեռնարկներու ալ չեն
մասնակցիր, վճարումներէ կը խուսափին, նոյնիսկ անվճարներէն կը բացակային։
Անշուշտ այդ ձեռնարկները կազմակերպողներ ունին եւ, հետեւաբար, անոնց
մասնակցիլը կողմի մը անդամ, կամ համակիր ըլլալ կ'ենթադրէ, մինչ իրենք
չէզոքութեան մունետիկներն են, անգոյն արարածներ։ Ուտելու համար ապրող,
ապրելու համար ուտող, տեսակէտ ունենալու եւ արտայայտելու քաջութենէն զուրկ՝
անողնայար արարածներ։
Վերջապէս, անգոյն մարդիկ, որոնց ներկայութիւնը իրենց շրջապատին մէջ զգալի չէ
եւ չի կրնար ըլլալ։ Այնպիսիներուն աշխարհի վրայ գոյութիւնը սահմանուած է ըլլալու
անձնակեդրոն, աւելորդ եւ անօգուտ կեանք մը ապրելու, որքան ալ Տէրը կամի,
առանց իրենց գոյութեան նուազագոյն հետքը ձգելու ազգային-հաւաքական կեանքին
մէջ, բացի ընտանեկան եւ անհատական նեղ շրջանակէ մը։ Բայց իրենց խեղճութեան
առանց գիտակցելու կը համարձակին խելք ալ տալ մեր հողային պահանջքով
զբաղողներուն, իմաստակութեան վերին աստիճաններէն հարց տալով. - «Ըսենք թէ
տուին այդ հողերը՝ դուն կ'երթաս հոն կ'ապրի՞ս…»։ Եւ մեր սրբազան դատը այդպէս
կը
փոքրացնեն, իրենց
խելապատիկին
հասած
չափով, անհատական
նախասիրութեան հարցի մը վերածելով զայն։
Մոնթրէալ, Քանատա
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝