Յայտարարութիւն

Wednesday, August 11, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները -123 - Ռուբէն

«Պաթում գործարաններ շատ կան, գլխաւորապէս նաւթի արդիւնաբերութեան հետ կապուած: Կարծեմ 8000 բանուոր կ’աշխատի այդ գործարաններուն մէջ, որոնց կարգին հայեր ալ կան, զորօրինակ` Մանթաշեւ, Ծատուրով, Միրզոյեւ եւն., որոնք հայ կառավարիչներ եւ հայ բանուոր կը պահեն մեծ մասով: Տարբեր ազգութեան ուրիշ գործարանատէրեր ալ կան, որոնցմէ գլխաւորներ են` Ռոչիլտ, Նոփէլ, Շիփայեւ եւայլն: Ասոնց բանուորներու փոքր մասը միայն հայեր են, իսկ մեծ մասը` ուրիշ ազգերէ են, որոնց մէջ գլխաւոր տեղը կը գրաւեն վրացիները: Հայ բանուորները եւ նոյնիսկ անոնց կառավարիչները, մեծ մասով կազմակերպուած են եւ կը մտնեն Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ: Կազմակերպուած օտար բանուորներէ փոքրամասնութիւն մը կը մտնէ Սոցիալ-Դեմոկրատ կուսակցութեան մէջ: Սյս երկու կուսակցութիւններու հնութիւնը կուգայ 1894-95 թուականներէն: Երբ տեղի կ’ունենայ հայ դպրոցներու փակումը եւ եկեղեցական կալուածներու գրաւումը, Կ. Կոմիտէի գործավար Սմբատը, որ միաժամանակ տնօրէնն էր Մանթաշեւի գործարանին, կ’առաջարկէ, որ ընդհանուր գործադուլ լինի Պաթումի մէջ: Ջապարիցէն եւ Պաթումի տեղական վրացի Սոցիալ-Դեմոկրատներու առաջնորդները կը մերժեն զայն, պատճառաբանելով թէ` ատիկա ձեր հայկական ներքին հարցն է, ձեր ազգային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը: Նոյն առաջարկը կարծեմ եղած էր նաեւ Թիֆլիս, բայց առանց արդիւնքի: Հայերը կը պայքարէին, իսկ Սոցիալ-Դեմոկրատները եւ վրացիները կը դիտէին միայն:
«Այս տարուան սկիզբը նկատելի կերպով` բանուորներու եւ ի մասնաւորի վրացիներու մէջ եռանդուն աշխատանք մը սկսաւ: Գաղտնի տպարան, թռուցիկներ, բանուորական կոչեր` միութեան, եւայլն: Քարոզիչներու մէջ հայեր ալ կային: Պետրոսեանը, որ Թիֆլիսէն եկած էր, կ’ուզէր որ համագործակցութիւն ըլլայ Դաշնակցութեան եւ Սոցիալ-Դեմոկրատներու միջեւ: Հակառակ չէինք այդ առաջարկին, պայմանով որ նախ` անոնք աջակցէին, որպէսզի բոլոր գործարաններու մէջ ցրուած հայերը մտնէին Դաշնակցութեան մէջ, իսկ մենք ալ ոչ-հայերը մղէինք դէպի իրենց շարքերը: Երկրորդ` ամէն մի գործնական քայլ պիտի կատարուէր երկու կուսակցութեանց համամտութեամբ եւ որոշումով, եւ երրորդ` այն վայրերու եւ այն գործարաններու մէջ, ուր մէկ կամ միւս կողմը չնչին տոկոս կը կազմէր, ազատ պիտի լինէին իրենց ձեռնարկներն ընել առանց համաձայնութեան: Պետրոսեան ուրախ հեռացաւ Թիֆլիս` զեկուցելով տեղական մարմնի իր առաքելութեան յաջողութեան մասին: Գոգաշվիլի անունով մէկը եկաւ իր շնորհակալութիւնները յայտնելու մեր բռնած ուղղութեան համար եւ յայտարարեց Սմբատին եւ Սարիբէկին (Յարութիւնեան), որ իրենք հաւատարմօրէն պիտի յարգեն կնքուած համաձայնութիւնը:
«Քանի մը շաբաթ յետոյ Գոգաշվիլի կը յայտնէ Կ. Կոմիտէին, որ Ռոչիլտի բանուորական միութիւնը եւ իրենք մտադիր են պահանջները ներկայացնել ժամերու կրճատման եւ օրավարձերու յաւելման մասին: Եւ կը խնդրէ մեր աջակցութիւնը: Կը պատասխանուի իրեն, որ նման պահանջի մը իրագործումը կարող էր լինել համառուսական մաշտապով (կշռաչափով), որ գոյութիւն չունի: Մենք առաջարկած էինք անցեալները համակովկասեան մաշտապով շարժումներ ընել դպրոցական, եկեղեցական ճնշումներ առթիւ, կցելով անոնց նաեւ բանուորական պահանջներ, բայց ատիկա չընդունուեցաւ: Արդ, քանի որ Ռոչիլտի բանուորներու մէջ համարեա հայ չկայ, եւ մեծամասնութիւնը դուք էք, ըրէք ձեր գիտցածի նման. Մենք եւ մեր բանուորները կը մնանք դիտողի դերին մէջ եւ ձեր սխալի պարագային` մեր փոքրաթիւ հայ բանուորներուն միայն տէր կը կանքնինք: Եթէ պատահի, որ մեր մեծամասնութիւնը կազմող գործարաններու մէջ խառնակութիւններ տարուածին ձեր փոքրամասնութեանց կատարած քայլերուն շնորհիւ, մենք չենք երաշխաւորեր անոնց պաշտպանութիւնը:
«Գարնան սկիզբը, Ռոչլիտի բանուորները խռովութեան մէջ են: Վարչութիւնը մի անգամէն կ’արտաքսէ 400 բանուորներ, առանց հատուցումի: Սով, անգործութիւն, թշուառութիւն: Խնդրանք կը լինի, որ յետ ընդունուին բանուորները, բայց կը մերժուի: 15 հայ բանուորներ, որ այդ թշուառներու մէջ էին, կ’ազատին, ընդունուելով Մանթաշեւի գործարանի մէջ: Մնացածները հարկադրուած` ցոյցերու կը դիմեն եւ կ’ուզեն յետ ընդունուիլ գործարան: Ինծի մօտ կու գայ Գոգաշվիլին եւ կը խնդրէ, որ մեր ազդեցութեան տակ եղած գործարաններու բանուորներուն թելադրենք գործադուլ ընել եւ պահանջել, որ յետ առնեն արտաքսուած բանուորները: Կը մերժեմ անոր առաջարկը: - Դուք, կ’ըսեմ անոր, չընդունեցիք մեր դիմումը ընդհանուր գործադուլի եւ բանուորական հարցը ազգային կրթական հարցին կցելու մասին, ըսելով որ դպրոցներու դէմ յարուցուած հալածանքները ձեր ներքին գործն է: Դուք, առանց նկատի առնելու ընդհանուր բանուորական հարցը, առանց մեր համաձայնութեան, ձեռնարկեցիք մի գործարանի մէջ միայն գործադուլ ընելու, որ համազօր է այդ գործարանի բանուորներու դժբախտացման, եւ այժմս ալ ելեր, տիրացուի պէս, կ’ուզէք ձեր զղջումով բարելաւել բանուորներու անել կացութիւնը: Ատիկա յեղափոխական կեցուածք չէ: Դուք պատասխանատու լինելով այդ դժբախտութեան, պէտք է որ կամ բանուորները ապահովէք, կամ մտնէք գործարան եւ պահանջէք անոնց տեղաւորումը, կամ պէտք է որ այդ գործարանը փակ մնայ եւ թոյլ չտաք որ որեւէ բանուոր հոն մտնէ ու աշխատի: Երբ այս երեք դրութիւններէն մէկը գործադրէք, այն ժամանակ կարելի է ձեզ հաշուի առնել: Մենք մեր կողմէ կրնանք հայերուն արգիլել Քոչլիտի գործարանը մտնել եւ հոն գտնուածներն ալ կրնանք տեղաւորել եւ ապահովել: Դուք ալ մնացածներու մասին մտածեցէք:

Շար . 123



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝