Յայտարարութիւն

Thursday, November 25, 2010

Մեր Յաղթանակները

Պատերազմը

Արշաւանքը կը սկսի տիրապետութեան վերջին տարիներուն: Գրեթէ բոլոր դէպքերու ընթացքին արշաւանք նախաձեռնողը եղած է Սարգոն Ա. Աքադացին. սակայն այս պարագային պատերազմ սկսողը Արման երկիրն եղած է: Մեզի հասած բնագիրներու մէջ նշուած է, որ պատերազմը աւարտած է Աքադի յաղթանակով, այս յաղթանակը սակայն խիստ կասկածելի է որովհետեւ Սարգոնի թոռ Նարամ-Սուենը նոյն Սուբուր-Արմանը Արմանի երկիրը այնպէս մը կը ներկայացնէ, որ « մարդկութեան արարումէն ի վեր, ոչ մէկ թագաւոր երբեւէ է նուաճած է»:
Անհնար է, որ հսկայածաւալ տէրութիւն ստեղծած տիրակալի թոռը այդքան անտեղեակ ըլլար իր իսկ մեծ հօր արշաւանքերու մասին այնքանով, որ անոր կատարած «մեծագործութիւնները» նսեմացնող այսպիսի արտայայտութիւն մը թոյլ տար: Առաւել անտրամաբանական կ’ըլլայ կարծել, որ Նարամ-Սուենը որոշած է դարձեալ գրաւել իրեն պատկանող այդ տարածքները առանց տեղեակ ըլլալու, թէ այդ բոլոր հողերը արդէն իսկ նուաճուած ու իրեն ժառանգուած են:
Յայտնի է, որ Սարգոնի իշխանութեան վերջին շրջանի ընթացքին նուաճուած երկիրներու մէջ ծագած են ապստամբութիւններ, որոնք մեծ հաւանականութեամբ, կապուած եղած են Սուբուր-Արամի արշաւանքի եւ պատերազմի ընթացքին Աքադիի կրած պարտութիւններու հետ: Բացառուած չէ, որ արշաւանքը սկսելու ընթացքին Արմանի զօրքերը Աքադի հիւսիսային շրջաններու բնակչութեան հետ ձեւով մը կապ հաստատած եւ համատեղ գործողութիւններու համաձայնութիւն ձեռք բերած ըլլան:
Ընդհանուր յաղթանակի կերտման ընթացքին, ապստամբները օգտուելով հիւսիսային ճակատին Արմանի զօրքերէն Աքադի բանակին կրած պարտութիւններէն, շարք մը յաջողութիւններու կը հասնին: Անոնք նոյնիսկ կը պաշարեն Աքադի տէրութեան նոյնանուն մայրաքաղաքը:
Սարգոն, որ այլեւս նորանոր նուաճումներու մասին երազել անգամ չէր կրնար, դժուարութեամբ կը կարողանայ փրկել իր գահը:
Սարգոնի իշխանութեան ողջ ժամանակաշրջանը անցած է բռնարարքներով: Իր դէմ բարձրացած ապստամբութիւնները դաժանօրէն կը ճնշուէին. թերեւս ատիկա հիմնական պատճառներէն մէկը եղած է, որ ուշ շրջանի բնագրերու մէջ անոր վախճանը համարուած է սրբապղծութեան հետեւանք:

Եզրակացութիւն

Մինչեւ այսօր պատմութեան յայտնի առաջին բռնակալութեան հիմնադիր Սարգոն Աքադացին, որ ստեղծած էր աշխարհի մէջ առաջին մշտական բանակը, իր տէրութեան սահմանները կ’ընդարձակէ մինչեւ Հայկական լեռնաշխարհի հարաւային փեշերը. Ան չէ կրցած նուաճել Հայկական լեռնաշխարհ: Փոխարէն, սակայն լեռնաշխարհէն դէպի այլ երկիրներ մեր նախնիներու արշաւանքը պատճառ եւ ազդանշան կը դառնայ բռնակալէն նուաճուած երկիրներու ազատագրման պայքարի գործողութիւններուն:
Աքադի դէմ Արման երկիրի եւ դաշնակիցներու արշաւանքները Հայկական լենաշխարհի սահամաններէն դուրս իրականացուած առաջին յաղթարշաւն են, որուն մասին մեզի յայտնի է գրաւոր աղբիւրներէն:

Շար. 2



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝