Յայտարարութիւն

Friday, July 1, 2011

«ԱՄԵՆ ՄԱՐԴ ԻՐ ԲԵՄԱՀԱՐԹԱԿԻՆ ՎՐԱՅ»

Օփրայի վերջին ելոյթին «ներկայ» եղող շատերուս մտքէն անցաւ հաւանաբար այն՝ ինչ որ Վրէժ Արմէն իր վարի յօդուածին մէջ կը ներկայացնէ. թերեւս կատարեցինք նման վերլուծում ալ.պարզապէս չարտայայտուեցանք : Դժբաղդութիւնն է, որ մեզմէ շատեր իրենց բեմահարթակ ընտրած են «փոր չկշտացնող» այնպիսի աշխատանքներ,մակերեսային ու անհամ, որ զիրենք կը հասցնէ ոչ մէկ տեղ: Բազում օրինակներէն զատենք մէկ օրիանկ՝ ֆէյս պուքը: face book ի վրայ կը տեսնէք կերակուրի սեղան մը , որուն շուրջ հաւաքուած են ընկերներ, բարեկամներ, գաւաթները բարձրացուցած կենաց խմելու պահուն: Ֆէյս պուք հաստատութեան մասին չէ գանգատը,ֆէյս պուքը բազում առաւելութիւններով օժտուած մէկ հաստատութիւն է. գանգատն այն անձերու մասին է որոնք կարողութիւններու տէր են բայց իրենք զիրենք տրամադրած են մակերեսային աշխատանքներու ՄԻԱՅՆ, տարուած ՝ կատարելու դիւրին գործեր, որոնք ոչ կարճ ոչ երկար ժամկէտով օգտակարութիւն ունին:Խօսքը արժէքներով օժտուած այն հայերու եւ հայուհիներու մասին է , որոնք չեն գտած իրենց բեմահարթակը , որովհետեւ չեն փնտռած զայն որ գտնեն...Ճիշդ հաստատում կ'ընէ Վրէժ Արմէն իր եզրափակման մէջ ՝ « բեմահարթակ չի պակսիր մեզմէ իւրաքանչիւրին համար,որպէսզի կարենանք մեր ծառայութիւնը մատուցել մեր շրջապատին, մա՛ս կազմել մարդկային ընտանիքին, մեր լումայով, մեր քրտինքով ու մեր ժամանակով։Կարեւորը՝ իւրաքանչիւրս չյապաղի գտնելու իր բեմահարթակը ու խաղալու իր դերը...»
«Նշանակ»

»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»



ՈՍՏԱՅՆ
«ԱՄԵՆ ՄԱՐԴ ԻՐ ԲԵՄԱՀԱՐԹԱԿԻՆ ՎՐԱՅ»
Կեանքի այս հանգրուանին, երբ այնքան բան կ'ուզես ընել եւ կ'ափսոսաս, որ չես հասնիր ընելու,
հեռատեսիլին առջեւ նստիլը անկարելի, անհնա՛ր ժամանց մը կը դառնայ քեզի համար։
- Եկո՛ւր, եկուր մտի՛կ ըրէ,- կը ձայնէ կինս, ու ես համակարիչս թողած, կը փութամ վար՝
նստասենեակ, կարեւոր իրադարձութենէ մը՝ երկրաշարժէ մը, ծովաշարժէ մը դրուագ մը, պատկեր մը
տեսնելու համար, այդպէս ոտքի վրայ, մի քանի վայրկեան միայն ու վերադառնալու աշխատանքիս։
- Եկո՛ւր, Օփրային վերջին օրն է, տես ինչ լաւ կը խօսի. ես շատ կը սիրեմ այս կինը...
Այս անգամ ալ կը հեռանամ մէկ պաստառէն ու կու գամ կը կանգնիմ միւսին առջեւ, պահ մը, պահիկ
մը՝ Նազիկին »հրաւէր«ը կամ »հրագանգ«ը անտեսած չըլլալու համար, սակայն գամուած կը մնամ հոն,
առանց նստելու՝ ունկնդրելու համար 25-ամեայ այս »շոու«ին վերջին, ամենէն վերջին վայրկեանները։
Արդարեւ Oprah Winfrey Show-ն այդ ներկայացումով կը հասնէր իր աւարտին։ Լսած էի որ այդպէս
պիտի ըլլար, եւ քանի որ երբեք, երբեք չէի դիտած զայն, մինչ կինս երբոր յարմարութիւնը ըլլար չէր
փախցուցած առիթը այդ կորովի »ափրիկեցի-ամերիկացի«-ին յայտագրին ճամբով նոր հորիզոն մը
բանալու, նոր արժէքի մը ծանօթանալու, նոր ներշնչում մը ստանալու համար։
Իրապէս վերջին խօսքերն էր, որ կ'ընէր, կամ այդ վերջին յայտագրին ընթացքին իր ըսածները
կ'ամփոփէր .-
»Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր բեմահարթակը ունի. իմս այս բեմն էր, ու ես բախտաւոր եղայ, որ
վճարուեցայ այնտեղ ելոյթ ունենալու համար, սակայն դուք ալ ունիք ձեր հարթակը, ձեր բեմը, ձեր
ազդեցութեան շրջանակը, ուր կրնաք դրսեւորել ձեր կարողականութիւնը, հետապնդել ձեր կոչումը, տէ՛ր
կանգնիլ ձեր ճակատագրին, ձեր կեանքին, ձեր իրաւունքներուն. ձեր բեմը՝ ուր դուք ձեզ արժանի՛ կը
զգաք ըլլալու, գոյութի՛ւն ունենալու, սրտո՛վ ապրելու, գիտնալու թէ ի՛նչն է, որ կայծ կու տայ ձեր
ներքին կրակին, որով կրնաք աշխարհը լուսաւորել։
»Մեզմէ ամեն մէկը, ամենէն դժուարին պայմաններու մէջ ապրողն անգամ, կրնայ ձեռք երկարել
ուրիշին, դիւրացնել ուրիշի մը կեանքը, այդ ուրիշը ըլլայ իր ընտանիքին մէկ անդամը, բարեկամը,
շրջապատը, իր պատկանած հաւաքականութիւնը, երկիրը թէ աշխարհը։
»Կարեւորը մեր անմիջական նեղ պատեանէն դուրս գալն է, եւ աշխատիլ ո՛չ սեփական օգուտին կամ
փառքին համար, ժամանակ եւ դրամ յատկացնել մեր լո՛յսը տարածելու համար«։

Թերեւս ոչ ճիշդ այս բառերով )թէեւ յաճախ ճիշդ այս բառերով ալ, քանի որ յետոյ յաջողեցայ
Համացանցէն գտնել ու տպել իր խօսքը(, բայց ա՛յս իմաստով եզրակացութեան մը բերաւ Օփրայ իր
ելոյթը։
Եզրակացութիւն մը, որ մտածելու կը մղէ մեզ, մեզմէ իւրաքանչիւրը, իր ապրած կեանքին ու
տակաւին ապրելիք օրերուն առնչութեամբ։
Ինչպէ՞ս ընել՝ առաւելագոյնս արդիւնաւորելու համար զանոնք, սեփական հուրով ուրիշը տաքցնելու,
ուրիշին լոյս տալու համար։
Եթէ չեմ սխալիր Շէյքսփիրի կը վերագրուի այն ասոյթը, որ աշխարհը բեմ մըն է ու մենք բոլորս՝
դերակատարներ անոր վրայ։
Օփրայ մէկ քայլ անդին տարաւ բեմի այդ գաղափարը։ Եթէ Շէյքսփիրի խօսքին մէջ
ճակատագրականութիւն մը կայ, մարդուն համար անխուսափելիութիւն մը - անկախ անկէ թէ որքա՛ն
լաւ կամ վատ կրնանք խաղալ մեր դերը այդ բեմին վրայ -, Ուինֆրիի ըսածին մէջ կայ ազատ կամքի
գործադրութիւնը այդ դերակատարութիւնը ընելու ատեն։ Դո՛ւն է, որ պիտի գտնես քու բեմահարթակդ.
աշխարհը մէկ բեմ չէ, այլ կայ այնքան բեմ որքան դերակատար, ու դուն պիտի որոշես խաղալիք դերդ։
Եւ խօսքը, կրկնեմ, սեփական շահուն, սեփական վայելքին մասին չէ, այլ ծառայութեա՛ն, այդ
ծառայութեամբ մարդ կոչուելու արժանի ըլլալուն։
Իսկ բեմերը, բեմահարթակները չեն պակսիր։
Եթէ ընդհանրականէն գանք անմիջականին, մեր փոքր ածուին, դիւրաւ կ'անդրադառնանք, թէ խօսքը
ինչի մասին է։
Սկսելով այս թերթէն, անցնելով մեր կազմակերպութիւններուն՝ իրենց յանձնախումբերով ու
ենթայանձնախումբերով, իրենց ընկերային, մանկապատանեկան, երիտասարդական, մարզական,
մշակութային, կրթական, եկեղեցական, բարեսիրական, քաղաքական գործունէութիւններով, իրենց
այլազան առաջադրանքներով ու խնդիրներով՝ բեմահարթակ չի պակսիր մեզմէ իւրաքանչիւրին համար,
որպէսզի կարենանք մեր ծառայութիւնը մատուցել մեր շրջապատին, մա՛ս կազմել մարդկային
ընտանիքին, մեր լումայով, մեր քրտինքով ու մեր ժամանակով։
Օփրայ Ուինֆրիի եզրափակիչ յայտագիրը առիթ մը եղաւ դարձեալ մտածելու այս բոլորին մասին։
Կարեւորը՝ իւրաքանչիւրս չյապաղի գտնելու իր բեմահարթակը ու խաղալու իր դերը...
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝