Սիրելի Ընթերցող,
Օգտագործելով «Հայ մանուկի տարիի» առիթը, «Նշանակ» պիտի հրապարակէ կարգ մը գիտելիքներ սկաուտութեան մասին, որ , (առանց շատ վստահ ըլլալու) կը կարծենք թէ շատերու համար նորութիւն պիտի ըլլան: Յօդուածները բառացիօրէն ընդօրինակուած են Հ.Մ.Ը.Մ. ի Կեդրոնական Վարչութեան հրատարակած Արի – Արենոյշ Բ. Կարգ գիրքէն: ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ 4 Ը ԿԱՐԴԱԼ ԱՄՍՈՒՆ 8 ԻՆ:
«Նշանակ».«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.««.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«
Գ . ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԵՐ
Զինուորական ծառայութենէն ձերբազատուած, ամբողջովին երիտասարդական շարժումներու նուիրուելով, Պէյտըն Փաուըլ իր տեսութիւնները յարմարցուց տղոց դաստիարակութեան:
Եթէ բանակէն ներս հետախոյզին պարտականութիւնը կենսական եւ նպատակադրուած էր, եւ մարզումի այս միջոցով կը պատրաստէր լաւագոյն հետախոյզը, սակայն սկաուտութեան մէջ նոյն միջոցներու գործադրութիւնը տարբեր նպատակ կը հետապնդէր:
Սկաուտութեան մէջ անդամները պատանիներ են եւ տարուած աշխատանքը կը հետապնդէ անոնց դաստիարակութիւնը, դաստիարակութիւն մը , որուն նպատակն է պատրաստել տիպար քաղաքացիներ:
Այս նպատակով ան պատրաստեց ՅԱՌԱՋԱՊԱՀՆԵՐ գիրքին մէկ տարբերակը, հետագային զայն կոչելու համար ՀԵՏԱԽՈՒԶՈՒԹԻՒՆ ՏՂՈՑ ՀԱՄԱՐ : Այս գիրքով արտայայտուած գաղափարներն ու տեսութիւններն են, որոնք մինչեւ օրս հիմք կը ծառայեն սկաուտական շարժումին:
Տղոց ներաշխարհէն առաջնորդուած մտահոգութիւններուն եւ հարցերուն կարեւորութիւն ընծայելով եւ քայլ պահելով անոնց աճող իղձերուն եւ փափաքներուն հետ , ան լաւապէս հասկցած էր պատանիներու մտայնութիւնը, ապագայ մարդը պատրաստելու մտահոգութեամբ՝ գլխաւորաբար օգտագործելով անոնց լաւ կարողութիւնները:
Այսպէսով, հետախոյզի զինուորական տիպարը կը վերածուէր քաղաքացիի տիպարին, որ իր առաքելութիւնը պիտի կատարէր ընկերային շրջանակներէ ներս: Այս հեռանկարով ՀԵՏԱԽՈՅԶԸ կամ սկաուտը կը յատկանշուէր զոհողութեան ոգիով, պարտականութեան գիտակցութեամբ,յաղթահարելու կարողութեամբ, շրջահայեաց մտածելակերպով եւ անսակարկ պատրաստակամութեամբ, միշտ օգտակար դառնալով իր ապրած միջավայրին:
Սկաուտական շարժումը իր հիմնադրութենէն մինչեւ օրս կը մնայ պատնէշ՝ երիտասարդութեան դէմ ցցուող բոլոր տեսակի փորձութիւններուն, որովհետեւ ան հիմնուած է դաստիարակչական առողջ հիմերու վրայ , պատանիները հետաքրքրող եւ անոնց սրտին խօսող գաղափարներով, որոնք միշտ զիրենք կ'առաջնորդեն բարի առաքինութիւններու, ազատատենչութեան եւ բարոյական սկզբունքներու:
Շար 3
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»
0 comments:
Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝