Յայտարարութիւն

Sunday, December 11, 2011

Ի՞նչ պիտի կարդան մեր պատանիները

Վրէժ Արմէն անգամ մը եւս մատը վէրքին վրայ կը դնէ:
«Նշանակ»

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Ա.
Յաճախ կը մտահոգուինք, որ մեր պատանիները հայերէն չեն կարդար, չեն
ծանօթանար մեր գրականութեան, կարդալու սէրը չի մշակուիր իրենց մէջ՝ հա՛յ
գրականութեան ճամբով։ Մեր տուները, մեր վարժարանները ու մեր ակումբները այս
ուղղութեամբ կարծես անզօր կը մնան։
Եթէ պահ մը մեր հայեացքը դարձնենք այլուր՝ կրնանք տեսնել թէ ուրիշներո՛ւ
մօտ ինչ կացութիւն կը տիրէ։ Ահա Քեպէգի մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը,
որ կրնայ քիչ մը լոյս սփռել այս հարցին վրայ ու մեզի ալ օգնել, որ մեր կրթական
հաստատութիւններն ու մշակութային կազմակերպութիւնները, յատկապէս
հրատարակչական մարզին մէջ, աւելի լաւ կողմնորոշուին այս ուղղութեամբ մեր
կատարելիք աշխատանքներուն կապակցաբար։
Le Devoir օրաթերթի լրագրողներէն Lisa-Marie Gervais, թերթին 19-20
Նոյեմբերի թիւին մէջ իր ստորագրած երկու յօդուածներով, մէկը՝ առաջին էջի
գլխաւոր նիւթը հանդիսացող "Que lisent les jeunes au secondaire?" )»Ի՞նչ կը կարդան
պարմանիները երկրորդականի մէջ«(, միւսը՝ "La litterature quebecoise, le parent pauvre"
)»Քեպէգեան գրականութիւնը՝ աղքատ ազգականը«(, կը հաստատէ, որ տեղւոյն
գրականութիւնը բաւարար տեղ չի գրաւեր աշակերտներու կրթութեան մէջ։ Աւելի
քան տեղացի ծանօթ կամ նուազ ծանօթ հեղինակներու գործերը, նոյնիսկ աւելի քան
ֆրանսական գրականութեան դասականները, Քեպէգի ուսուցիչները կը նախընտրեն,
որ ոստիկանական կամ արկածախնդրական վէպեր առաջարկեն, որ կարդան
աշակերտները )պետական պարտադիր ցանկեր գոյութիւն չունին, բացի անկէ, որ կը
թելադրուի, որ ընթերցուելիք գործերուն կէսը քեպեգեան գրականութենէն ըլլայ(, իսկ
ատոնք ալ մեծ մասամբ ընդհանրապէս անգլերէնէ, ամերիկեան
գրականութենէ թարգմանուած երկեր կը հանդիսանան։
Այն ուսուցիչները որ կը զրուցեն լրագրողին հետ, դիտել կու տան, որ երկսեռ
դասարաններու համար, ուր նաեւ իրարու կը խառնուին տեղածինն ու եկուորը,
բարեկեցիկն ու չունեւորը, թէ՛ ուշիմ եւ թէ՛ յետամնաց աշակերտները՝ շատ դժուար
է գտնել վէպ մը, որ հաւասարապէս բոլորն ալ հետաքրքրէ, կամ նոյնիսկ հասկնալի
ըլլայ բոլորին համար։ Որոշ աշակերտներ տունը գիրք չեն տեսներ, կամ որովհետեւ
ծնողներն ալ կարդալու սովորութիւն չունին, կամ ալ գիրք գնելու համար դրամական
միջոցներէ զրկուած են։
Յաճախ կը լսենք, կը գրէ Ժերվէ, որ երիտասարդները գրել չեն գիտեր։ Դիւրին
է այդպէս ըսել, կը յարէ ուսուցչուհի մը, խնդիրը ամենէն առաջ ընթերցանութեան մէջ
կը կայանայ. »հսկայական են ընթերցանութեան առնչուած դժուարութիւնները«,
կ’աւելցնէ ան։ Ուրիշ ուսուցչուհի մը կը յայտնէ, թէ մի քանի տարիէ ի վեր
դասականները այլեւս չեն հետաքրքրեր աշակերտները. »նախադասութիւնները շատ
երկար են, բառապաշարը շատ "նրբին"«, կը բացատրէ ան. »պատմութիւնը շատ բարդ
կը թուի իրենց, որովհետեւ շատ հեռու է իրենցմէ«։ Տակաւին ուրիշ մը կը նշէ, որ
աշակերտները չեն սիրեր կարդալ այն գործերը որ չեն յուզեր զիրենք։ Գրքին մէջ տեղ
մը, բան մը զիրենք հետաքրքրելու է, որ ձեռք առնեն այդ գիրքը. իսկ գիրքը
ընդհանրապէս մրցոյթի մէջ է հրապարակի վրայ գտնուող բոլոր հրապուրիչ
սարքերուն ու հնարանքներուն հետ, որոնք տեսակաւոր աշխարհներ կը բանան
պարմանիներուն առջեւ, այն աստիճան որ 2011-ին անոնց ձեռքը գիրք մը դնելը
յանդուգն քայլ մըն է։
Լը Տվուարի յօդուածները 53 տարի ետ կը տանին զիս, ու կը բանամ 18
յունուար 1958-ին »Յուսաբեր«ի մէջ լոյս տեսած »Ի՞նչ կը կարդան« յօդուածս, ուր
հետեւեալը կը գրէի. »...ո՛չ միայն ազգ. վարժարանի աշակերտներուն, այլեւ ամեն
տարիքի "աշակերտ"ներու մեծամասնութիւնը հայերէն չի կարդար։ Զիրենք կը
հետաքրքրեն կա՛մ շատ յոռի թարգմանութիւններ, եւ կամ անգլերէն աժան
գրականութիւն, - հետաքրքրակա՜ն, ոստիկանակա՜ն, յուզի՜չ վէպեր եւ
արկածախնդրութիւններ...«։ Այդտեղ կը տրուին պատճառներ, թէ ինչո՛ւ հայերէն գիրք
չեն կարդար մեր տղաքը։ Այդ պատճառներէն ոմանք շատ տարբեր չեն այսօրուան
մե՛ր դժուարութիւններէն, ըլլա՛յ հայկական մակարդակի վրայ՝ ըլլա՛յ ոչ հայկական։
»Հայերէն գրքի ընթերցումը քաջալերողներ գրեթէ չկան, կամ շատ քիչ կան։ ...
Ընդհանրապէս հայ ծնողներուն մէջ քիչերն են, որ հայերէն ընտրովի գրքեր կը գնեն ու
կը կարդան։ ... Մեզի կը պակսի մանկական գրականութիւնը, որ հիմը պէտք է ըլլայ
մեր մտահոգութիւններուն, բայց որ անտեսուած է գրեթէ։ ... Այս բոլորէն զատ,
շարժանկարի սրահները ողջ ըլլան...«
Իբր լուծում այս կացութիւնը սրբագրելու կ’առաջարկէի որ ուսուցիչը
»մղէ աշակերտը կարդալու՝ ծանօթութիւններ տալով եւ հետաքրքրութիւն ստեղծելով։
Եւ ասիկա կարելի է գրական հաւաքոյթներ կազմակերպելով եւ գրականութիւնը
տարածելու համար դիւրամատչելի գրքոյկներ հրատարակելով պարբերաբար։«
Վերադառնանք մեր օրերուն. Լը Տվուարի նոյն թիւի խմբագրականներէն մէկն
ալ, Marie-Andree Chouinard-ի ստորագրութեամբ՝ "Litterature et ecole - Des fromages a
lire", նոյն հարցին կ’անդրադառնայ, հաստատելով որ եթէ ծնողներուն եւ
ուսուցիչներուն հարցնես, որ թուեն քեպեգեան հինգ պանիրներու անուններ,
պատասխանը չուշանար, իսկ եթէ հինգ գրողի անուն պահանջես, ի զուր
պատասխանի կը սպասես, որովհետեւ »պանիրներու հպարտութիւնը զարգացուցած
ենք, եւ ինչպէ՛ս« )սպառողական մեր այս ընկերութեան մէջ – Վ-Ա.(...
Սխալ կ’ընենք, կ’ըսէ խմբագիրը, արտաքին պատճառներ փնտռելով )օտար
գրականութեան կամ ձեռքի սարքերու հրապոյրը, օրինակ(։ Այդ պատճառները »աւելի
շատ որոնենք մեր ուսուցիչներու ընթերցանութեան ծոցատետրերուն մէջ, հասկնալու
համար անոնց վարանումը՝ մեր գրական արմատներուն մէջ սուզուելու - եթէ իրե՛նք
չեն դիւթուած իրենց ատենին մեր »դասական«ներով, ինչպէ՞ս կրնան ջահը
փոխանցել։ Եթէ իբր ժառանգութիւն կամ ընծայ չեն ստացած այդ ընդունակութիւնը
»կորսուելու« ուրիշին երեւակայանքին մէջ, եթէ դպրոցը չեն վառած իրենց համար,
կամ իրենց հետ, լոյսի այդ ցոլանքը, այլեւ համալսարանին մէջ, որ զիրենք
դաստիարակ վկայած է, կորսուած են մանկավարժութեան մէջ, արհամարհելով նիւթը
- երկե՛րը, ի վերջոյ -, ինչպէ՞ս յուսալ, որ իրենք ալ իրենց կարգին գրականութեան
հանդէպ այդ կիրքը պիտի յառաջացնեն։«
Մեր մշակոյթին քովէն այդպէս անտարբեր կ’անցնինք,
Կ’եզրակացնէ Շուինար)տ(, »յետոյ ալ պիտի զարմանանք, երբ մեր լեզուն ողջ-ողջ
մորթազերծուի, առանց շատ իրարանցում ստեղծելու։«
Բ.
Հայ իրականութեան մէջ զգալի է պակասը մանկապատանեկան
գրականութեան, եւ մինչ միջազգային գետնի վրայ Harry Potter-ի մը հեղինակը կը
յաջողի իր գրչո՛վ դիւթել միլիոնաւոր պատանի ընթերցողներ, մենք
պատճառաբանութիններու կ’ապաւինինք մեր ապիկարութիւնը ծածկելու համար։
Այդ ապիկարութեան մէկ նոր փաստը կը նշէ »Գրական թերթ«ը,
տեղեկացնելով, որ այսօր Հայաստանի մէջ եւս մանկական գրականութիւնը թողլքման
ենթարկուած է։ Լիւդվիգ Կարապետեան, Հայաստանի գրողներու միութեան
շաբաթաթերթի 25 նոյեմբերի թիւին մէջ, իր »ՓՈՔՐ ԶԱՒԱԿԻ ՄԵԾ ՀՈԳՍԵՐԸ կամ
ՆՈՐԻ՞Ց "ՈՐԲԻ" ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿՈՒՄ« յօդուածով կը պարզէ ներկայ իրականութիւնը՝
տխուր իրականութիւն մը։ Հեղինակին մտահոգութիւնը առաջին հերթին կը վերաբերի
մտայնութեանց, որոնք կը յամենան հասարակական ենթագիտակցութեան մէջ ու
անհրաժեշտ ըմբռնումով չեն գնահատեր մանկական գրականութեան
կարեւորութիւնը։ Իրաւամբ, կը հաստատէ Կարապետեան, որ »Մանկական
գրականութիւնը մայր գրականութեան փոքր զաւակն է, բայց շատ մեծ է նրա
առաքելութիւնը սերունդներին կրթելու ու դաստիարակելու գործում։ Առանց նրա,
մայր գրականութեան դերակատարութիւնը լիարժէք չի կարող լինել.« Դժբախտաբար,
հակառակ անկախութեան տարիներու որոշ մէկ ժամանակաշրջանին ձեռք առնուած
դրական կարգ մը միջոցներուն, որ նաեւ »որոշակիօրէն խթանեց մեր
մանկագրութեան առաջընթացը, ծնուեցին նոր ու հետաքրքրական մանկական գրքեր։
Ցաւօք, վերջին տարիներին, "ճգնաժամային" եւ տարբեր այլ
պատճառաբանութիւններով, պետական աջակցութեան "օղակը" կրկին նկատելիօրէն
սեղմուել է, եւ մանկական գրականութեան ու մանկագիրների նկատմամբ, իշխող
"մանկական" վերաբերմունքում ջերմաչափի սնդիկի սիւնը կրկին նուազման
միտումներ է արձանագրում։«
Կացութիւնը նուազ յուսալից չէ Սփիւռքի մէջ, յատկապէս պատանեկան
գրականութեան պարագային։ Մանուկները առինքնող գունաւոր ու պատկերազարդ
բազմաթիւ գրքեր լոյս տեսան Սփիւռքի մէջ, ոմանք իրապէ՛ս գնահատելի, ուրիշներ՝
նուազ, ոմանք նո՛ր ստեղծագործութիւններ, ուրիշներ՝ հիներու վերամշակուած
վերահրատարակութիւնը, տակաւին ուրիշներ ալ յաջող կամ անյաջող
թարգմանութիւններ, օտար գրականութենէն, երբեմն՝ ուղղակի բանագողութեամբ...
բայց ի վերջոյ կայ ճիգ մը՝ այդ շահաբեր շուկան գրաւելու։
Պատանեկան մակարդակի վրայ, սակայն, ողբերգութիւնը բացայայտ կը
դառնայ։ Այս մարզին մէջ չկայ, գրեթէ չկայ )գէթ այս տողերը գրողին անծանօթ կը
մնայ շօշափելի հունձք մը, որ կրնայ սնունդ տալ մեր պատանիներուն։
Հետաքրքրական է գիտնալ ինչո՛ւ։ Չեմ կարծեր, որ գրողներուն մօտ տաղանդը կը
պակսի, չեմ ալ կարծեր որ նիւթերը կը պակսին։
Եթէ արագ հայեացք մը նետենք մեր ունեցածին վրայ, կը տեսնենք, որ այնքան
ալ աղքատ չենք սկզբնաղբիւրներու տեսակէտէն։ Պատանեկան գրականութիւն
մշակելու համար, այլեւ ընդհանրապէ՛ս գրական ստեղծագործութեան նիւթ
հայթայթելու համար այնքան հարուստ է յեղափոխական գրականութիւնը, սկսեալ
Ռուբէնի, Կոմսի եւ այլոց յուշերէն, մինչեւ անհամար դրուագները մեր ազատագրական
շարժման, ներառեալ Արցախեան հերոսապատումը, ցրուած մամուլին ու զանազան
հաւաքածոներու մէջ։ Անշուշտ, Ահարոնեան մը, Համաստեղ մը, Կոստան Զարեան մը
եւ հիմա արդէն Ալեքսանդր Թոփչեան մը պէտք է՝ այդ բոլորէն գրական երկեր
ստեղծելու համար, պատանիներուն, եւ ոչ միայն պատանիներուն համար։
Վախթանգ Անանեանի որսորդական պատմուածքները, Կարէն Սիմոնեանի
գիտահեքիաթային վէպերը՝ նորօրեայ մշակումներով, արեւմտահայերէնի վերածմամբ,
նոյնպէս բազմաթիւ հրատարակութիւններու դուռ կրնան բանալ։
Ատենին Մխիթարեանները այս առնչութեամբ երախտաշատ գործ են
կատարած, թարգմանաբար հրատարակելով միջազգային, յատկապէս եւրոպական
գրականութեան բազմաթիւ երկեր գրուած պատանիներու համար։ Ի՞նչը կ’արգիլէ որ
ատոնք ալ վերամշակուին, ու անոնց նման նոր գրականութենէն ալ բարձարժէք
թարգմանութիւններ կատարուին ժամանակակից մեր գրողներուն կողմէ՝ նոր
սերունդին մատչելի լեզուով։
Իսկ այս բոլորէն անդին ու մանաւանդ՝ ինչո՛ւ չգրուին մեր պատանիները
հետաքրքրող, այժմէական նիւթերով՝ իրենց իսկ ապրած կեանքէն - դպրոցական,
ընտանեկան, ընկերական միջավայրէն, աշխարհի մեծ հարցերու ծիրէն առնուած
)բնութեան պահպանութեան, ազատագրական ժամանակակից պայքարներու,
ոճիրներու զսպման եւ այլ խնդիրներու նուիրուած( գործեր։
Արգիլողը մեր երեւակայութեան պակասն է, մեր՝ մշակութային միութիւններու,
կազմակերպութիւններու, հրատարակչատուներու...
Այնքան լայն է դաշտը, այնքան բազմաբնոյթ՝ հաւանական բերքը, բայց այնքան
աղքատ՝ մեր նախաձեռնութիւնը։
Օտարները բազմամիլիոն ու բազմաերկիլիոն արտադրութեան վերածած են այս
մարզը՝ գրքերով, ելեկտրոնիկ հրատարակութիւններով, հեռատեսիլային ու
համակարգչային յայտագիրներով, ու մասամբ նորին, ու գրաւած մանուկներու ու
պատանիներու ուշադրութիւնը։ Մե՞նք...
Եւ անշուշտ կան նաեւ երկու այլ կարեւոր ազդակներ։ Մէկը՝ գրողները ըստ
արժանւոյն գնահատելու պատրաստակամութեան պակասը, միւսը՝ անհրաժեղտ
գումարները յատկացնելու վարանումը կամ չկամութիւնը՝ մանկապատանեկան
գրականութեան նման երկրորդակա՜ն խնդրի մը համար... Մինչդեռ, մեր մշակոյթի, մեր
ինքնութեան պահպանման առաջին քայլերը այդտեղէ՛ն կ’առնուին...
Միայն թէ հոգո՜ւ սով չըլլայ, կ’ըսէր իմաստունը։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2011-12-05, -12 )1692-1693(

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝