Յայտարարութիւն

Tuesday, March 13, 2012

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ ՄԱՆՈՒՇԱԿ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ-

Արամ Ա. Վեհափառ գնահատանքի այս խօսքը գրած է 15 Յուլիս 2006ին որպէս գնահատանք Մանուշակ Պոյաճեանի անձին ու գործին ՝ «Հայ Եկեղեցագիտութիւն» հատորի հրատարակման առիթով :
»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«

Դպրեվանքի մէջ Մեր ուսանողութեան շրջանին, երբ Կաթողիկոսարանի մատենադարանը կ'այցելէինք, հոն յաճախ կը տեսնէինք համալսարանական ուսանողուհի մը, որ կանոնաւոր հերթականութեամբ մատենադարան կ'այցելէր հայ եկեղեցւոյ պատմութեան ու աստուածաբանութեան առնչուած նիւթերու մասին ուսումնասիրութիւն կատարելու: Մեզի , դպրեվանեցիներուս համար որոշ իմաստով անբնական երեւոյթ մըն էր հայ օրիորդի մը հետաքրքրութիւնը եկեղեցական-աստուածաբանական հարցերու գծով: Այդ օրիորդը Մանուշակ Պոյաճեանն էր :

Փոքր տարիքին իսկ ուշիմ ու աշխատասէր, միշտ աշխատունակ ու աշխոյժ, իր տեսակէտներուն մէջ հետեւողական , իր ստանձնած բոլոր պարտականութիւններուն մէջ բծախնդիր անձ մը եղաւ Մանուշակ Պոյաճեան: Ընդհանրապէս աստուածաբանական հարցերու , եւ մասնաւորաբար հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ իր ունեցած սէրն ու յատուկ հետաքրքրութիւնը տարիներու ընթացքին զինք մղած էին լայն ծանօթութիւն ամբարելու այս բնագաւառէն ներս: Մանուշակ Պոյաճեան նաեւ լայն ծանօթութիւն ունէր միջ-եկեղեցական շարժումին մասին: Արդարեւ, իր գործօն մասնակցութիւնը Միջին ԱրեւելքիԵկեղեցիներու Խորհուրդի գործունէութեան, եւ հետագային Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդէն ներս ունեցած իր կարեւոր դերակատարութիւնը, յատկապէս Խորհուրդի տեղեկատուական մարզէն ներս , Մանուշակ Պոյաճեանը օժտեցին աստուածաբանական հարուստ փորձառութեամբ: Այս բոլորին վրայ հարկ է նաեւ աւելցնել իր բերած կարեւոր նպաստը մեր ազգային կեանքի կազմակերպման ու ծաղկման , մասնաւորաբար մշակութային եւ կրթական մարզերէն ներս:

Իր աշխատասիրութեամբ եւ փորձառութեամբ , պարկեշտութեամբ ու ծառայասիրութեամբ Մանուշակ Պոյաճեան բոլորին՝ հոգեւորական թէ աշխարհական , աշակերտ թէ ուսուցիչ, ծնողք թէ մտաւորական , հայ թէ օտար, յարգանքին ու գնահատանքին արժանացաւ: Մեր նախոորդ Վեհափառ Հայրապետները եւս , զարեհ Կաթողիկոս , Խորէն Կաթողիոս եւ Գարեգին Կաթողիկոս զինք մօտէն ճանչցան ու միշտ գնահատեցին իր կատարած աշխատանքները ու մանաւանդ իր հաւատարիմ կապուածութիւնը ու նուիրեալ ծառայութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան:

Ներկայ հատորը (Հայ Եկեղեցագիտութիւն ՆՇ) հրատարակութեան համար չէ պատրաստուած հանգուցեալին կողմէ: Որպէս դասաւանդութեան նօթեր պատրաստուած է այս գործը եւ պատրաստութեան ընթացքին լայնօրէն օգտագործուած յատկապէս Օրմանեան Պատրիարքին գործերը: Սակայն, իր ներկայ վիճակին մէջ եւս, գնահատելի կը նկատենք այս աշխատանքը: Ուզեցինք զայն հրատարակութեան յանձնել ՝ առաջին, նկատի ունենալով նման գործի մը պակասը եւ հետեւաբար՝ անոր անհրաժեշտութիւնը մեր ընտանիքներէն եւ դպրոցներէն ներս. Երկրորդ , որպէս գնահատանքի արտայայտութիւն Մանուշակ Պոյաճեանի բերած նուիրեալ ծառայութեան մեր եկեղեցւոյ , մեր Սուրբ Աթոռին , հայ դպրոցին ու հայ մշակոյթին:

Այս առիթով Մեր գնահատանքը կ'ուզենք յայտնել Գերապատիւ Տ.Գրիգոր Ծ.Վարդապետ Չիֆթճեանին , որ ներկայ գործին խմբագրական աշխատանքը կատարեց ՝ պահելով բնագրին հարազատութիւնը նոյնութեամբ : Նաեւ Մեր գնահատանքը Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի Տնօրէն Դոկտ. Զաւէն Եկաւեանին , որ սիրայօժար կերպով մեկենասութիւնը ստանձնեց ներկայ գործի հրատարակութեան ՝ որպէս գործնական արտայայտութիւն Մանուշակ Պոյաճեանի նկատմամբ իր ունեցած գնահատանքին:

Արամ Ա. Կաթողիկոս
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝