Յայտարարութիւն

Saturday, April 21, 2012

Հեռուն նայելով - ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ
Հեռուն նայելով
Ա.
Տարուած մեր առօրեայ զբաղումներով եւ մտահոգութիւններով, սովորաբար
ժամանակ չենք հասնիր յատկացնելու մեր ապագային մասին մտածելու եւ մեր գալիք
աշխատանքները ծրագրելու համար։ Խօսքս, ի հարկէ, կը վերաբերի մեր հաւաքական
կեանքին։
Սոյն յօդուածաշարքին նպատակն է ճիշդ ատիկա փորձել ընել, ոչ անպայման
չափուած-ձեւուած ծրագիր մը առաջադրելու համար - ատիկա հաւաքական ճիգի կը
կարօտի -, այլ մտածումի արահետներ բանալու ու հարցերը բոլորիս սեղանին վրայ
բերելու համար։ Եթէ կ՚ուզէք՝ մարտահրաւէր մըն է, որ կը կարդամ։ Յուսա՞մ, որ այդ
մարտահրաւէրը ընդունողներ, գրիս՝ գրո՛վ պատասխանողներ պիտի ըլլան,
ըսածներուս առարկողներ ու հակաճառողներ, կամ զանոնք լրացնողներ, եւ սկսելիք
երկխօսութիւնը, աւելի ճիշդ, բազմախօսութիւնը իր բարերար ազդեցութիւնը պիտի
ունենայ, որպէսզի դուրս գանք մեր ինքնագոհութենէն եւ ընդարմացումէն, իսկապէս
սկսի՛նք մտածել մեր գաղութի ապագային մասին։ Գաղութին մասնաւորապէս, բայց
նաեւ Սփիւռքի ու հայութեան ապագային մասին ընդհանրապէս։
Ո՞Վ ԵՆՔ ՄԵՆՔ
Գիտնալու համար, թէ որո՞ւ ապագային մասին է խօսքը, առաջին հերթին
պէտք է գիտնանք, թէ ո՞վ ենք մենք, այսինքն ի՞նչ է մեր ժողովրդագրական
պատկերը։ Եթէ մեր գաղութի մարդահամարը - հայահամա՛րը - ընէինք, ի՞նչ պիտի
ուզէինք գիտնալ մենք մեր մասին։ Ահա շարք մը հարցումներ, որ կրնային տեղ գտնել
մեր վիճակագրութեան հարցաթերթիկին մէջ.
- Ի՞նչ թուական պատկեր կը ներկայացնենք. որո՞նք հայ կը նկատեն իրենք
զիրենք, որո՛նք առնչութիւն մը կը զգան, եւ որոնք՝ ոչ մէկ կապ.
- Ի՞նչ է տարիքային բաշխումը մեր այդ քանակին մէջ՝ նախադպրոցական,
դպրոցական, ուսանողական, սերնդագործական, ասպարէզային եւ հանգստեան
տարիքներու բաժնուած.
- Ուրկէ՞ կու գանք, ի՞նչ համեմատութիւններով՝ տեղածին ենք, սփիւռքածին
(տարբեր գաղութներէ) թէ հայրենածին, եւ ե՞րբ հաստատուած ենք այստեղ, մենք
կամ մեր նախորդ սերունդները՝ ԺԹ. դարո՞ւն, Ի. դարու առաջի՞ն կիսուն, երկրո՞րդ
կիսուն թէ ԻԱ. դարուն.
- Ի՞նչ է մեր ազգային-մշակութային դիմագիծը՝ մեր ի՞նչ համեմատութիւնը
հայերէն կը խօսի, ի՞նչ համեմատութիւնը՝ տեղական մէկ, կամ միւս, կամ զոյգ
լեզուներն ալ կը խօսի կամ չի խօսիր, եւ այս համեմատութիւնները ինչպէ՞ս կը
փոխուին սերունդէ սերունդ.
- Ի՞նչ է մեր ուսումնական դիմագիծը, տարիքային համեմատութիւններով՝
որքա՞նը նախակրթութիւն ստացած է, որքա՛նը՝ երկրորդական, գոլեժական ու
համալսարանական, նոյնիսկ յետ-համալսարանական կրթութիւն ունի. իսկ տուեալ
պահու մը, ի՞նչ թիւ կը ներկայացնեն այս բոլոր մակարդակներուն վրայ ուսում
ստացողները. ո՞ւր կը ստանան, որքա՞նը հայկական վարժարաններու մէջ, ամենօրեայ
ու միօրեայ, որքա՛նը տեղական հաստատութիւններու մէջ, որքա՛նը՝ արտասահմանի
մէջ, Հայաստանի՛ մէջ, եւ ի՞նչ մասնագիտութիւններու հետեւելով.
- Ի՞նչ է գաղութի մարդկային ներուժը, կամ մարդուժը՝ աւելի ծանօթ եզր մը
գործածելու համար. ի՞նչ ասպարէզներու կը հետեւին հայերը այս երկրին մէջ, ի՞նչ
ասպարէզներ ունէին իրենց ծնողները, անո՛նց նախորդները, այստեղ կամ այլուր. ի՞նչ
համեմատութիւններով՝ առեւտրական, ակադեմական, արուեստներու եւ
արհեստներու մարզերէն ներս, ազատ ասպարէզներու, եւայլն, եւ ի՞նչ իրավիճակով՝
անձնական գործի, պետական պաշտօններու վրայ, ընկերութիւններու կամ
հաստատութիւններու որպէս պաշտօնեայ, եւ մասամբ նորին. տակաւին, իրենց
ասպարէզին առնչուած կամ անկէ անկախ՝ ի՞նչ ձիրքեր, կարողութիւններ ունին
գաղութի անդամները կամ ըսենք այս երկրի հայերը (քանի »գաղութի անդամ«
եզրոյթն ալ կրնայ որոշ շփոթ յառաջացնել).
- Ի՞նչ համեմատութիւններով ու տարիքային բաշխումով անոնք կ՚առնչուին
գաղութի կեանքին, ինքզինք կապուած կը զգան մեր եկեղեցիներէն որեւէ մէկուն, մաս
կը կազմեն հայկական կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու, գործօ՛ն դեր
կը խաղան անոնց մէջ, ապա նաեւ՝ կը դադրի՛ն մաս կազմելէ, եւ ի՛նչ
համեմատութիւններով՝ տեղական ոչ-հայկական կեանքին կ՚առնչուին, կը մասնակցին
տեղական կուսակցութիւններու, բարեսիրական կամ մշակութային
կազմակերպութիւններու. որո՞նք են հայութեան հետ առնչութեան միջոցները եւ ի՞նչ
համեմատութիւններով կ՚օգտագործուին այդ միջոցները՝ եկեղեցիներ, կեդրոններ,
դպրոցներ (իբր ծնողք), մամուլ, համացանց, անհատական կապեր.
- Հայաստանը ի՞նչ տեղ կը գրաւէ հայերու կեանքին մէջ, հիներուն թէ նորերուն
պարագային. հայրենիք այցելութիւններ կա՞ն, հայրենիքին կ՚օգնե՞ն, հոն ապրող
իրենց հարազատներուն կ՚օժանդակե՞ն.
- Ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ հայերու բնակութեան տեղաբաշխումը, ո՛ւր
կ՚ապրին երկրին մէջ, նահանգին մէջ, քաղաքին մէջ. որքա՞նը համախումբ են,
որքա՛նը՝ ցրուած կամ բոլորովին մեկուսացած. հայկական կեդրոններուն որքա՞ն
մօտիկ, կամ որքա՛ն հեռու անոնցմէ. իսկ իրարմէ ի՞նչ հեռաւորութիւններու վրայ
կ՚ապրին զաւակներն ու ծնողները...
- Ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ հայերու ընտանեկան վիճակը, ի՞նչ տարիքի
կ՚ամուսնանան, ծնողներուն բաղդատմամբ՝ որքան աւելի ուշ, ի՞նչ
համեմատութիւններով՝ հայերու կամ ոչ-հայերու հետ, քանի՞ զաւակ կ՚ունենան, եւ
զաւակները որքանո՞վ կ՚առնչեն հայ կեանքին.
- Ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ հայերու տնտեսական վիճակը՝ նիւթական
վաստակը, ստացուածքները, կենցաղը.
- Վերջապէս, ի՞նչ են փոխներգործութիւնները վերոյիշեալ տուեալներուն՝
ինչպէ՞ս մէկ ազդակը կ՚ազդէ միւսին վրայ, օրինակ՝ հայախօսութիւնը ինչպէ՞ս
կ՚առնչուի այստեղ ապրելու տեւողութեան, կամ հայկական կեդրոններէն
հեռաւորութեան հետ, տնտեսական միջոցները՝ գաղութի կեանքին մասնակցութեան
հետ, եւայլն։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
(շար. 1)

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝