Սիրելի ընթերցող,
Բժիշկ Արմենակ Եղիաեան բծախնդրօրէն կը հետեւի Հայ մամուլին եւ հոն ուր Հայերէնի սխալներու կը հանդիպի կ'ուղղէ կամ կը քննադատէ: Բծախնդիր է եւ պահանջկոտ: «Մամլոյ խճանկար» - ները պիտի հրապարակուին Նշանակի մէջ ամէնօրեայ դրութեամբ:
Բարի ընթերցում
(Նշանակ)
Մամլոյ խճանկար (6)
1.«Ազդակ», 19 մայիս 2021
***Մոռացումը առաւ ինձմէ ամէն բան...
Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ իր լեզուական դաւադրութիւնը (Արեւմտա)հայ մամուլին հանդէպ՝ ապակողմնորոշելով մեր արժանապատիւ ու լուսամիտ (քիչ մըն ալ...միամիտ) հայագէտները իր երկդիմի քերականութեամբ:
ա)Նոյն յօդուածին մէջ, էջ 1
«Միացեալ Նահանգներ պիտի պահանջէ (եզակի)...
«Միացեալ նահանգներ անընդունելի կը նկատեն (յոգնակի)...
բ) Նոյն յօդուածին մէջ, էջ 8
«Միացեալ նահանգներ որոշած է (եզակի) գտնել նոր գործընկեր»:
«Միացեալ Նահանգներ կ’ընդլայնեն (յոգնակի) համագործակցութիւնը»:
Այսպէս էր կացութիւնը Թրամփի ու նախորդներուն օրով, այսպէս կը շարունակէ մնալ Պայտընի օրով: Ցոյց մըն ալ ասոր համար չկազմակերպե՞նք Սպիտակ տան առջեւ:
***Մի՛ գրէք՝ «Յայտարարութիւնը սխալ կերպով մեկնաբանուած է» (անդ):
Այլ գրեցէ՛ք՝ «Յայտարարութիւնը սխալ մեկնաբանուած է»:
***Մի՛ գրէք՝ «Ծոցի երկիրները մնայուն կերպով նեցուկ կանգնած են» (անդ):
Այլ գրեցէ՛ք՝ «Ծոցի երկիրները միշտ նեցուկ կանգնած են»:
2. «Հորիզոն» շաբաթաթերթ (17 մայիս 2021)
***Այդ օրուընէ սկսեալ, մինչ օրս, կը տարուի նպատակաուղղուած աշխատանք:
---Աւելորդ են զոյգ ստորակէտերը:
---Ա՛լ չըսենք՝ օրուընէ, այլ ըսենք՝ օրէ (ն): Մեսրոպ ալ կ’ըսէր «օրէ»:
***Գրասենեակի վարիչ տնօրէն՝ Արամ Համբարեանը
---Աւելորդ է բութը:
***Նման գործողութիւններ կրնան վտանգել խաղաղութեան:
---Վտանգել ներգործական է, ուրեմն՝ «վտանգել խաղաղութիւնը»:
***Նախարար Մարք Կառնօ, խոր մտահոգութիւն յայտնեց:
---Ենթական ստորակէտով չի տրոհուիր ստորոգիչէն՝ դիմաւոր բայէն:
3. «Զարթօնք» (17 մայիս 2021)
***Վարչապետը առաջարկեց, որպէսզի չինական արտադրութեամբ պատուաստուին:
---Վարչապետը առաջարկեց, որ չինական արտադրութեամբ պատուաստուին:
***Նորը, սեւը, ճերմակը յետայսու պէտք չէ թեմա ըլլան:
---Նորը, սեւը, ճերմակը այսուհետեւ պէտք չէ թեմա ըլլան:
***ՄԻ՛ ըսէք՝ « գործօն մասնակցութիւնը բերին»...
---Այլ ըսէք՝ «գործուն մասնակցութիւն բերին»:
***ՄԻ՛ ըսէք՝ «Երիտասարդութեան գործօն ներկայութեան մեր կեանքէն ներս»...
---Այլ ըսէք՝ «Երիտասարդութեան գործուն ներկայութեան մեր կեանքին մէջ»:
Ինչպէս՝ խօսիլ-խօսուն, կանգնիլ-կանգուն, հոսիլ-հոսուն, շարժիլ-շարժուն, սահիլ-սահուն, փայլիլ-փայլուն, այնպէս ալ՝ գործել-գործուն:
***Մի՛ գրէք՝ զմրսել:
---Այլ գրեցէ՛ք զմռսել: Արմատն է՝ զմուռս:
4. «Մարմարա» (19 մայիս 2021)
***Կազզէ
---Հետաքրքրական է, որ պոլսահայերը պաղեստինեան Gaza-ն կը կոչեն ու կը գրեն Կազզէ, մինչ Պոլիսէն դուրս՝ ամբողջ աշխարհը, կը գրէ Կազա (կամ Գազա): Ճիշդ է, Կազզէ կ’արտասանէ թուրքը, բայց նաեւ՝ արաբը: Մնացեալին՝ աշխարհի բոլոր լեզուներուն համար ան Կազա է: Արդ, որքանո՞վ թրքաբնակ ըլլալը կ’արդարացնէ թրքավարի գրելը՝ այս ալ ուրիշ հարց է: Ուրիշ արտասանութիւններ կան, ուր հայն ու թուրքը կը շեղին իրարմէ. թուրքը կ’ըսէ Իւսկիւտար, հայը կ’ըսէ Սկիւտար. սա օրինակ մըն է միայն:
---Մարմարա կը գրէ նաեւ օփէրա եւ Աքշէնէր՝ երկուքն ալ է-ով, ուր թրքերէնը ոչ մէկ դերակատարութիւն ունի եւ որոնց երկուքն ալ հայեցի մտածողութեամբ մերժելի են: Սակայն Մարմարային համար մերժելի այլանդակութիւն չկայ, երբ մեր աւագ ուսուցչապետը իր անունը՝ Ռոպէր, նմանապէս սխալ կը գրէ:
***Ալիյեւ չէզոք դիրք մը բռնած է Կազզէի դէպքերու հարցի առընչւթեամբ:
---Խորթութեանց խտացեալ կծիկ մըն է այս նախադասութիւնը:
Խորթ է Ալիյեւ-ը, որ պէտք է ըլլայ Ալիեւ:
Խորթ է հարց բառը, որ այստեղ գոյութեան իրաւունք չունի:
Խորթ է առընչութեամբը՝ ը-ով, որ պէտք է ըլլայ առնչութիւն:
---Ոչ- ինչ-ութիւն՝ ոչնչութիւն, այնպէս ալ ՝ առ-ինչ-ութիւն՝ առնչութիւն:
***«Հարցում ուղղած է այն մասին, թէ որո՞ւ ի նպաստ պիտի քուէարկեն»:
---Ուղղամիտ հայը այսպէս չի խօսիր ու չի գրեր. «այն մասին»-ը խաթարիչ է:
****«Այս հարցախոյզի արդիւնքներով յաղթելու հաւանականութիւն ունի...»:
---Ռուսաբանութեան ախտն է այս, որ անցած է Հայաստանի սահմանները եւ հասած...սփիւռք՝ հոն եւս տարածելով իր ապականութիւնը: Արժանապատիւ հայը պիտի ըսէր՝ «Ըստ այս հարցախոյզին՝ հաւանականութիւն ունի յաղթելու»:
***«Ներառնէր յատուկ ցանկի մէջ...»:
---Ներառնել բայ չունինք. այս ալ արեւելահայուն՝ ազգային արժէքները խորտակելու մտադրութեան մէջ հնարած մէկ կառոյց է: Ունինք՝ ներառել, որ կու տայ՝ ներառէի-ներառէիր-ներառէր...նաեւ՝ ներառեցի-ներառաեցիր-ներառեց, ներառէ՛:
Մինչդեռ ներառնել պիտի տար՝ ներառի-ներառիր-ներառաւ...իսկ հրամայականն ալ՝ ներա՛ռ...այսպիսի «հայերէնի» հանդիպա՞ծ էք...:
5. «Նոր Յառաջ» (20 մայիս 2021)
***Թէ՛ Սիւնիքի, եւ թէ Գեղարքունիքի մարզերը...
Թէ՛ ենթակառուցային եւ թէ մարտավարական...
---Այս զոյգ համադասութիւններէն իւրաքանչիւրը կը շեշտէ երկու բան...ինչո՞ւ երկրորդ «թէ»-երը բծախնդրօրէն զրկուած են շեշտէ՝ առեղծուած մըն է: Ուրախ պիտի ըլլայինք եթէ «Նոր Յառաջ»-ի խմբագրութիւնը ձանձրոյթը յանձն առնէր եւ բացատրէր, որպէսզի մենք ալ բան մը սորվինք: Եւ որովհետեւ այս նոյն կէտադրութիւնը ուրիշ կիրարկողներ ալ կան, ապա մեր խնդրանքը կ’ուղղենք բոլորին՝ հանդերձ երախտագիտական ջերմ զգացումներով:
---Բաց աստի, կը գտնենք կէտադրական անմիօրինակութիւն մըն ալ. առաջին եւ-ը օժտուած է ստորակէտով, երկրորդը՝ անստորակէտ է: Ճիշդը երկրորդն է: Բառեր համադասող եւ-էն առաջ ստորակէտ չի դրուիր (հաց եւ պանիր, կե՛ր եւ բանիր) հայերէնի մէջ: Ֆրանսերէնի, անգլերէնի, հաւանաբար նաեւ չինարէնի մէջ, այո՛, կը դրուի:
armenag@gmail.com Արմենակ Եղիաեան
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»
0 comments:
Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝