Յայտարարութիւն

Sunday, August 1, 2021

Ներքնակ

 


 

        

            Հետաքրքրական, երբեմն ալ ապշեցուցիչ կացութիւններու կրնաք մատնուիլ, եթէ դուք ալ բառի ու բառարանի մոլութիւնը ունիք, ինչպէս ունի այս տողերը գրողը: Ձեռքս չէ, վէպ մը կարդալու չափ հետաքրքրութեամբ կրնամ դեգերիլ բառարանի մը կամ բազմաթիւ բառարաններու  էջերուն, մանաւանդ  հիմա, որ Սերուժ Ուրիշեան կոչուած հրաշք տղան այսպէս, ստեղնի քանի մը հպումի շնորհիւ, մեր տրամադրութեան տակ  դրաւ,− նախաձեռնութեամբը Կիւլպենկեանի,− հայ բառարանագրութեան  գրեթէ ամբողջ գանձը, շուրջ 150 աշխատութիւն:

            Կը պատկերացնէ՞ք ի՜նչ ահարկու հարստութիւն  է այս, որուն մէջ կը լողայ արդի ընթերցասէրը, մինչ քանի մը տասնամեակ առաջ միայն մէկ հատիկ բառարան ունենալը իսկական պերճանք  էր  եւ  քիչերուն յատուկ:

            Ահա այս ճոխութեան ծիրէն ներս է, որ վերջերս ինկայ ներքնակ բառին վրայ:

                                                                           *    *   *

            Ի վաղուց անտի այս՝ ոչ-շատ ընթացիկ բառը, ինծի, այնպէս ալ անմիջական շրջապատիս համար, ունեցած է մէ՛կ նշանակութիւն՝ որ է անկողինը, ու վե՛րջ: Անոնք որ ծանօթ են իմ «Ծիածան»-ներու շարքին, պէտք է յիշեն այն փոքրիկ տղան, որ միշտ... դժգոհ էր իր ներքնակէն. շատ կարծր կը գտնէր զայն, եւ քունը չէր տաներ:

            Այս համոզումով ալ տարուած, ըսել կ’ուզեմ՝ զինուած, իմ մտքիս ծայրէն չէ անցած օր մ’օրանց գիտելիքս փորձաքարի զարնել՝ բանալով բառարան մը եւ ստուգելով գիտելիքս: Մարդ իր ստոյգ գիտցածը վերստուգելու մասին կը մտածէ՞:

            Ալ ո՛ր օրուան արեւմտահայն եմ, եթէ գիտցածս ալ ստուգելու պիտի ելլեմ:

            Բայց ահա որքան մեծ եղաւ զարմանքս, երբ պէտք եղաւ անոր սահմանումը  փնտռել «Նոր Հայկազեան»-ի մէջ, որ ինծի համար  միայն բառարան մը չէ, այլ պատմութիւն ալ է, մեր անցեալի  լեզուական բարքերն ու մտածողութիւնը  թարմ ձեռքերով ընթրցողին  մատչելի դարձնող անգերազանցելի յուշարարն ու շտեմարանը:

            Այստեղ ալ ապշութեամբ նկատեցի, որ վաղ անցեալին կամ գոնէ դասական հայերէնին համար  ան ինծի ծանօթ նշանակութիւնը չէ ունեցած:

            Ուրեմն ներքնակ՝ «Նոր Հայկազեան»-ի համար կը նշանակէ՝

            «Ներսէն՝ պարեգօտին տակէն հագնելիք հագուստ, բաճկոն, վտաւակ»:

            Վտաւակ կը նշանակէ ներքնազգեստ:

            Ահա ասոնք են կամ ա՛յս  է բառիս պատմականօրէն ունեցած մի՛ակ նշանակութիւնը:  Ուրիշ ո՛չ մէկ կողմնակի կամ փոխաբերական նշանակութիւն:

            Ռուբէն Ղազարեանի  միջինհայերէնեան բառարանը չունի այս բառը. պէ՞տք է կամ կարելի՞ է ենթադրել, թէ ան  միջին դարերուն ահետացաւ մեր լեզուական բարքերէն: Չեմ գիտեր, վասնզի յանձնուած եմ բառարաններու յորձանուտին եւ... կը քշուիմ:

            Ան կը վերայայտնուի  1912-ին Սահակ  վ. Ամատունիի «Հայոց բառ ու բան»-ին մէջ՝ իբրեւ ջաղացքի իրար վրայ դարձող զոյգ քարերուն տակինը, ներքեւինը. իսկ վերինը կը կոչէ վերնակ: Ուրեմն ոչ մէկ առնչութիւն ներքնազգեստի հետ:

            Հրաչեայ Աճառեանի «Հայերէն գաւառական բառարան»-ին մէջ (1913), կը գտնենք «ջաղացքին տակի քարը», որուն վրայ կ’աւելնայ բոլորովին նոր նշանակութիւն մըն ալ՝ կիներու  գլուխը ծածկող  եազմայի «լաչակի»  տակէն կապուած «բարակ կտաւ մը»:

            Գայայեանի բառարանի 1938-ի հրատարակութեան մէջ կը գտնենք զոյգ իմաստները  համադրուած՝ «ա) արանց՝ բաճկոն, կանանց՝ սեղմակ, այսինքն՝ սեղմիրան (corset), բ) աղօրիքի ներքնաքար»: Այստեղ մեծ նորութիւնը այն է, որ ներքնակ կոչուած է նաեւ արական «բաճկոն»-ը. այս բառով հաւանաբար Գայայեան կ’ուզէ բնորոշել  ներկայիս «բաճկոնակ» կոչուածը, որ gilet-ն է:

            Եւ վերջապէս կը հասնինք Մալխասեանին, որուն համար ան կը նշանակէ՝        --տակից հագնելու  շոր, բաճկոն,

            --կանանց գլխի ծածկոց՝ եազմայի  տակ,

            --ջրաղացի ներքեւի քարը,

            --մեծ տոպրակ, մէջը լցրած բուրդ կամ բամբակ կամ խոտ...որին վրայ պառկում են:

            Ուրեմն առաջին անգամ ըլլալով այստեղ կը գտնենք ներքնակ-«անկողին» նշանակութիւնը:  Հետագային  բառարանները՝ արեւելահայ թէ արեւմտահայ, մասամբ կամ ամբողջովին կը կրկնեն բերուած  չորս  նշանակութիւնները:

            Եզրակցութիւն

            Բառի մը համար չորս նշանակութիւն ունենալը արտասովոր երեւոյթ չէ. Մալխասեան եւ Ակադեմիայի քառահատորը ունին բառեր, որոնք օժտուած են մինչեւ 35−40 նշանակութեամբ, սա՛ տարբերութեամբ, որ ասոնք բոլորը կը դառնան   հիմնական նշանակութեան մը շուրջ՝ իբրեւ փոխաբերութիւններ, իմաստային նրբերանգներ, մօտաւոր հոմանիշներ  եւ այլն, որոնց ներքին  կապը չէ խզուած մայր բառի հիմնական նշանակութեան հետ: Ներքնակի պարագային աաջին նուագ բերուած չորս նշանակութիւնները կը թուին անկապակից ըլլալ, սակայն եթէ քիչ մը աւելի յամենանք անոնց վրայ, ապա պիտի տեսնենք, որ այս չորս խայտաբղէտ թուող նշանակութիւններու  մէջէն կարմիր թելի մը պէս կ’անցնի  «տակ»-ի  գաղափարը, որ գրաբարի մէջ  ներ(ք) արմատն է. չմոռնանք, ներք-եւ  այսօր ալ կը նշանակէ տակ[1]:

            Անգամ մը որ անդրադառնանք այս  կէտին, ապա պիտի նկատենք, որ բերուած չորս նշանակութիւնները կը յարաբերակցին «տակ» բառի շնորհիւ:

            --պարեգօտին տակ-էն հագցուող  զգեստ,

            --ջրաղացի զոյգ աղօրիներուն տակ-ինը,

            --բուն  լաչակին տակ-ը կապուած շղարշը

            --պառկողին տակ-ը փռուած յարմարանքը...

            Անշուշտ տակաւին շատ ուրիշ հարցականներու առջեւ ալ կը դնէ մեզ այս բառին իմաստային հոլովոյթը, սակայն կանգ կ’առնեմ այստեղ՝ վախնալով ձանձրալի դառնալէ ու  ձգելով, որ մնացեալը ընէ ի՛նքը՝ ընթերցողը:

armenag@gmail.com                                                                                   Արմենակ Եղիայեան

           

 



[1]  Պէտք է այս ալ գիտնալ, թէ ի՛նչ որ  ներքեւ է, միաժաանակ ներքին է, այլ խօսքով՝  տակ եւ մէջ իմաստները տեղ մը կը հանդիպին իրարու:

 

 

 

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝