Յայտարարութիւն

Sunday, July 26, 2009

ԻՆՔՆԱԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՀՐԱՉ ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆԻ- 1

Հրաչ Տասնապետեան այն համեստ հայորդիներէն է որ առ այժմ հայ հասարակութիւնը դեռ չէ ժպրհած զինք ՄԵԾ երու շարքին դասել: Համեստները միշտ ալ դանդաղ կը մագլցին Մեծութեան սանդուղէն բայց սանդուղին վերջին մատին ալ վրայ կը մնան առ յաւէտ:Այսօր ցաւալի է քիչ մը ամէն տեղ տեսնել իրենք իրենց փառքով գինովցած խեղճութիւններ:Ամբարտաւաններով լի է մեր շրջապատը:Շատ մը երևութապէս ՄԵԾ եր դժբաղդաբար ցկեանս, նաև յետ մահու, իրենք զիրենք ՓՈՔՐՈՒԹԵԱՆ դատապարտած են :Ափսոս:Տասնապետեան , իր կենդանութեան թերևս չէր այն Մեծ Հայը ինչպէս էին Շանթը, Վրացեանը կամ այլք, սակայն պատմութիւնը զինք պիտի դասէ մերօրեայ հայոց Մեծ երու շարքին:



Տասնապետեան,որպէս ուսուցիչ և տնօրէն ,իր ուսանողին մէջ նախ կ՜ուզէր տեսնել մարդը,ապա՝ Հայ մարդը:Այդ մոտէլ ով դարբնեց մեր կազմուող Հայու ուղեղները: Իր սրամիտ խօսքերով, իր դիպուկ դիտողութիւններով,իր գիտնականի տրամաբանութեամբ,իր նպատակաուղղուած աշխատասիրութեամբ մեզի ՝ Ճեմարանականներուս համար եղաւ ուսանելի օրինակ :Մեզմէ ո՞վ չէր փափաքեր Տասնապետեան մը դառնալ ապագային...

«Նշանակ» երեք յօդուածներով պիտի հրապարակէ իմ սիրելի ուսուցչիս ինքնակենսագրութիւնը,գրուած 1996 ին(Ա.Մաս՝ Անձն ու իր Ընտանիքը: Բ. Մաս՝ Կեանքի Շրջաններ,Տպաւորութիւններ,Ազդեցութիւններ,Գործունէութիւն: Գ. Մաս՝ Մտաւորական Բերք):Ապա, պիտի հրապարակուին նմուշներ իր յօդուածներէն ու արտասանած ճառերէն ,որոնց ընդմէջէն , ընթերցողը պիտի ծանօթանայ գաղափարական ու կարգապահ Դաշնակցականին, գիտնական Հրաչին, Հայկական Ճարտարապետութեան սիրահարին, պահանջկոտ բայց համակրելի ուսուցչին ,անխոնջ աշխատող Տնօրէնին:






Բախտաւոր եմ եղած աշակերտելու քեզի և ապա գործակցելու քեզի հետ սիրելի ուսուցիչ:Հիմա կը գիտակցիմ թէ որքան եմ քեզի պարտական...

Ն.Պ.


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»





Հրաչը Հրաչին Մասին







Ծնած եմ Հալէպ, 28 Յուլիս 1928ին։ Նախակրթութիւն՝ Ազգ. Հայկազեան վարժարանի մանկապարտէզ (վարիչ-մանկապարտիզպանուհի՝ մայրս, Սաթենիկ Տասնապետեան), ապա՝ նախակրթարան (մինչեւ Գ. դասարան՝ ներառեալ), ուր ուսուցչական պաշտօն կը վարէր նաեւ հայրս՝ Եդուարդ Տասնապետեան։ Մէկ տարի Մխիթարեան վարժարան յաճախելէ ետք, 1938ին (թէ՞ 1939ին) մտած եմ Lycée Français (Հալէպ) եւ մնացած Seconde (1օրդ Ն.Պ.) դասարանի աւարտը։ 1945ին, Հալէպի ֆրանսական հաստատութեանց փակումէն ետք, անցած Պէյրութ, եւ երեք յաջորդական տարիներ մնացած եմ մանկութեանս ընկերոջ՝ Բագրատունի Քրիստափորի (Սենօ) տունը, շարունակելով վայելել ընտանեկան յարկի ջերմութիւնը։ Տիկ. Մանուշակը երկրորդ մայր մը եղած է ինծի համար։





1947ին աւարտած եմ Պէյրութի Lycée-ն եւ առած ֆրանսական պաքալորիան ու յաջորդ տարեշրջանը անցուցած՝ Պէյրութի Centre d'Etudes et de Recherches Mathématiques et Physiques հաստատութենէն ներս (պատրաստութիւն M.P.C. վկայականի)։ 1948էն 1950՝ Լիոնի (Ֆրանսա) Faculté des Sciences-ին մէջ ամբողջացուցած եմ Licence és-siences-ը եւ, 1952ին ստացած եմ Ingénieur-chimiste-ի վկայական՝ Լիոնի Ecole Sup. de Chimie Industrielle-էն։ Մօտ տարի մը ֆրանսական Péchiney ընկերութեան st. Auban-ի գործարանի laboratoire-ին մէջ աշխատելէ ետք (research), 1953 Հոկտեմբերին, ընդառաջելով ողբ. Սիմոն Վրացեանի փափաքին, վերադարձայ Պէյրութ, Ճեմարանէն ներս ուսուցչական պաշտօն ստանձնելու համար։ Ու ցարդ կը մնամ Ճեմարան, մինչեւ 1968, իբրեւ բնագիտութեան եւ քիմիագիտութեան բարձրագոյն կարգերու ուսուցիչ եւ 1968 Հոկտեմբերէն ասդին՝ տնօրէն։ Մինչեւ Ճեմարանի տնօրէն նշանակումս եւ Ճեմարանի ուսուցչութեան առընթեր, վարած եմ նաեւ, պարագայաբար, ուսուցչական այլ պաշտօններ՝ միշտ գիտութեանց մարզին մէջ,- Ս. Նշան վարժարան (սկիզբի երկու տարիները), Collége Sacre-Cœur des Fréres Maristes (Ճիւնի, մէկ տարի) եւ մանաւանդ Յիսուսեաններու Ժամհուրի College Notre-Dame-ին մէջ (տասը յաջորդական տարիներ)։











ԾՆՈՂԱԿԱՆ BACKGROUND (ԵԹԷ ԿԸ ՀԵՏԱՔՐՔՐԷ)











Մեծ հայրս՝ Սիմոն էֆէնտի Օնպաշեան, ծնած է Էվերէկ (Կեսարիոյ մօտ, Կապադովկիա)։ Ուսանելու համար Պոլիս երթալով, ստացած է դեղագործ-քիմիագէտի վկայական։ Չէ վերադարձած ծննդավայրը, այլ հաստատուած Պանտրմա (պատմական Տրովադայի մօտ), դեղարան մը բացած եւ ամուսնացած օրդ. Նեկտարի հետ (աղջիկութեան անունը ինծի անծանօթ)։ Սիմոն էֆէնտին մեռած է 1915ին կամ 1916ին, գաղթականութեան օրերուն, ֆիզիքական սպառումէ. Տիկ. Նեկտարը՝ 1928ին, Հալէպ, իմ ծնունդէս մէկ կամ երկու ամիս առաջ։ Անոնք ունեցած էին երկու մանչ զաւակներ, երկուքն ալ ծնած 1900ի շուրջ (մէկէն երկու տարի առաջ կամ ետք)։ Մեծը՝ Յակոբ, որ պիտի դառնար կուսակցական գործիչ Յակոբ Սիմոնին, Ազունիէի ազգային բուժարանին մէջ թոքատապէ պիտի մահանար 1945ին։ Ամուսնացած չէր։ Փոքրը՝ Եդուարդը, Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանը աւարտած եւ մէկ-երկու տարի Հինդլեան վարժարանի մէջ դասաւանդած, 1925ին Պոլիս ամուսնացած էր մանկապարտիզպանուհի օրդ. Սաթենիկ Գոնտայեանի հետ։ Նոյն տարին փոխադրուած էին Հալէպ, իբրեւ ուսուցիչ հրաւիրուած այնտեղի ազգային իշխանութեանց կողմէ։ Հայրս եւ մայրս (Եդուարդ եւ Սաթենիկ Տասնապետեանները) մինչեւ 1959 ապրած են Հալէպ, ուր մայրս մնայուն կերպով վարիչ-մանկապարտիզպանուհին էր Հայկազեան վարժարանի, հասցնելով յաջորդական բազմաթիւ սերունդներ, իսկ հայրս՝ հայերէնի, հայ գրականութեան եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչ սկզբնապէս Հայկազեան վարժարանի, ապա նաեւ Մխիթարեաններու եւ աւելի ուշ՝ Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ։ Ան երկար տարիներ վարած է Նոր Գիւղի Ազգ. Սահակեան վարժարանի տնօրէնութիւնը։ Յատկապէս լաւ մասնագէտ էր Սայաթ Նովայի։ Ունի գրական բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ հայ պարբերական մամուլին մէջ («Նայիրի», «Բագին»…), առանձին գրքով ալ լոյս տեսած (յետ մահու)։ Պէյրութ փոխադրուելէն ետք, հայրս 1959էն սկսեալ միեւնոյն նիւթերը դասաւանդեց Պիքֆայայի Զարեհեան դպրեվանքին մէջ, դարձեալ յետ մահու, Անթիլիասը հրատարակեց անոր «Քերականութիւն» ուշագրաւ աշխատութիւնը։ Եդ. Տասնապետեանը մեռաւ Անթիլիաս՝ 13 Յունուար 1974ին։ Մայրս եղած է օրդ. Գոնտայեան. անոր ընտանիքէն՝ իրմէ զատ ճանչցած եմ մօրենական մեծ մայրս՝ Մարիամ հանըմը (ծնեալ Քիւրտեան) եւ մօրեղբայրս՝ Յովհաննէս Գոնտայեանը։ Մինչեւ մօրեղբօրս ամուսնութիւնը, երկուքն ալ, Հալէպ, մեր տան մէջ ապրած են։











Զիս «մեծցնողը» փաստօրէն Մարիամ հանըմն է եղած, որ չորս աղջիկներ զոհ տուած էր Եղեռնին։ Մարիամ համըմն ու Յովհաննէսը հիմա չկան։ Առաջինը մահացած էր խոր ծերութեան մէջ՝ 1967ին, երկրորդը սրտի նորոգուած տագնապով մը մեռաւ 1977ին։ Իր կինն ու երկու աղջիկները՝ Ազգանոյշ ու Նանօր Գոնտայեանները (վերջինը տիկ. Պերճ Ասլանեան, Գամշլի, Սուրիա, տէր երեք զաւակներու) կ՚ապրին։ Ունիմ ինձմէ փոքր քոյր մը, Նայիրին կամ Նիրին, Պիթիաս ծնած եւ 1963ին Պէյրութ ամուսնացած ամերիկաբնակ ճարտարագէտ հալէպցի-ուրֆացի Յակոբ Մելքոնեանի հետ։ Ունին երկու չափահաս զաւակներ՝ Սօման եւ Տիգօն։ Կ՚ապրին Լոս Անճելըս (Անահայմ, Օրէնճ Քաունթի)։ Հօրս մահէն ետք, քոյրս իր քով (L.A.) տարաւ մաման, որ մինչեւ իր մահը (1992 Դեկտեմբեր 21) ապրեցաւ այնտեղ, վայելելով Նիրիի ամբողջական եւ բծախնդիր խնամքը։ Այդ խնամքին տիկ. Սաթենիկը պէտք ունէր իր կեանքի վերջին շրջանին, երբ լրիւ անդամալոյծ էր արդէն, կոյր եւ պարպուած յիշողութենէ։ Մեռաւ խոր ծերութեան մէջ։







ԻՄ ԸՆՏԱՆԻՔՍ







Ուսանողութեանս շրջանին (Լիոն) ճանչցած էի օրդ. Զապէլ Օվիկեանը, ֆրանսահայ, ծնեալ Cruas (Ardéche նահանգ, ուր հայ բազմաթիւ ուրիշ ընտանիքներու հետ, հաստատուած էին իր գաղթական ծնողները, կարծեմ 1926ին կամ անկէ ետք)։ Ամուսնացանք 1954 Ապրիլ 23ին, Արեւելք վերադարձէս ետք։ Զապէլին ծնողները մշեցի էին (ծանօթ ֆետայիներ Ալիճանայ Տիգրանի եւ Չոփուր Միսաքի գերդաստանէն). այդ տարիներուն կ՚ապրէր միայն մայրը՝ Ֆնտօ (կամ Լուսիա) Օվիկեանը (ծնեալ Ասատուրեան), Եղեռնէն հրաշքով ազատուած՝ շնորհիւ ընտանիքի քիւրտ բարեկամի մը ազնուութեան։ Ամուսինը, Ալիճանցի Աւետիսը, Հալէպ գտնուած էր 1925-1926 թուականներուն։ Զիրենք ամուսնացուցած էր Ցրօնքցի Մուրատը, որ այդ տարիներուն Սուրիոյ մէջ կը զբաղէր որբահաւաքի գործով։ Աւետիսը մահացած էր Տէսին (Ֆրանսա) 1947ին։ Ֆնտօն մեզի հետ ապրեցաւ մինչեւ մահ (28 Յունիս 1988)։







Ունեցանք երեք զաւակներ, երեքն ալ աղջիկ… Շուշիկը՝ 15 Փետրուար 1955ին, Թամարը՝ 2 Յունիս 1956ին եւ վեց տարի ետք Սանանը՝ 14 Դեկտ. 1961ին։ Առաջինը եւ երկրորդը իրենց համալսարանական ուսման մեծագոյն մասը ստացած են Փարիզ, Սոռպոնի մէջ հետեւելով գրականութեան (Շուշիկ), ուսողութեան, գրաբարի եւ կրօնագիտութեան (Թամար)։ Շուշիկը երկու տարի առաջ Երեւանէն ստացաւ գրականութեան իր PH.D.-ն։ Ունի բանաստեղծութեան երեք հատորներ, գրական-վերլուծական հրատարակութիւններ («Զապէլ Եսայեան» ֆրանս., «Վերլուծական Էջեր», «Յակոբ Օշականի Վէպը», եւլն.)։ Ծաւալուն գործ մըն է եւ նարեկացիագիտութեան մարզին մէջ նորութիւն՝ Թամարին doctorat-ի աւարտաճառը (Սոռպոն, Նոյ. 1989), Նարեկացիի քիչ ծանօթ մէկ գործին մասին («Ներբող Աստուածածնին», ֆրանսերէն). անկէ զատ՝ Թամարը ունի հայ եւ օտար եկեղեցագիտութեան եւ աստուածաբանութեան նուիրուած, ինչպէս նաեւ զուտ բանասիրական աւելի քան տասնեակ մը հատորներ, հայերէն կամ ֆրանսերէն։ Սանանը, 1980ին աւարտելով Ճեմարանը, նոյն ամառը Նիւ Ճըրզիի մէջ ամուսնացած էր ջուղայեցի Մարտօ Սողոմեանին հետ, որուն ծանօթացած էր Պէյրութ՝ 1976-1978 տարիներուն։ Մարտօն Columbia համալսարանի ուսանող էր՝ քաղաքական գիտութիւններու։ Ինք՝ Սանանը, Հայկազեան գոլէճէն ստացաւ իր պատմութեան B.A.-ը (1984ին, երբ երկուքով վերադարձած էին արդէն Լիբանան), միջանկեալ յաճախելով նաեւ Նիւ Եորքի Queen's College-ը։ 1984ի վերջերը երկուքն ալ վերստին Նիւ Եորք դարձան, ուր Մարտօն սկսաւ աշխատիլ Radio Free Europe (կամ Radio Liberty), իսկ Սանանը, ինը տարեշրջան ձեռնհասօրէն վարեց Queen'sի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ազգ. ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէնութիւնը։ Եղաւ ծնողներէն ու շրջապատէն սիրուած ու յարգուած տնօրէնուհի մը։ Սանանը ինծի տուած է երկու թոռնիկներ, Սարինը (այժմ տասներկու տարեկան, Պէյրութ ծնած) եւ Վահիկ-Հրաչը (եօթը տարեկան, նիւ եորքցի)։ Անցեալ տարի, նշանակուած ըլլալով Radio Liberty-ի հայկական բաժնի տնօրէն, Մարտօն փոխադրուեցաւ հիմնարկութեան այժմու կեդրոնը՝ Փրակա (Չեխիա), իսկ Սանանը զաւակներուն հայեցի ուսման եւ դաստիարակութեան տալով առաջնահերթութիւնը, հատատուեցաւ Պէյրութ՝ ի մեծ գոհունակութիւն Սարինի եւ Վահիկի մեծ հայրիկին… Կինս՝ Զապէլը, անակնկալ կերպով մահացաւ 10 Փետրուար 1993ին, շատ արագ տարածուող քաղցկեղէ մը։











Շար. 1





«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝