Յայտարարութիւն

Saturday, July 4, 2009

«ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ» Մուշեղ Իշխան - 8

«ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ» - 8


ՓՐՈՖ. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ԱԴՈՆՑ

Սիրելի Ընթերցող,



Խոստացած էինք ՄԵԾ ՀԱՅՈՒ մը վկայութիւնները հրապարակել ՀԱՅ ՄԵԾԵՐՈՒ մասին: Ստորև, ամենօրեայ դրութեամբ, «Նշանակ» պիտի հրապարակէ մաս մը Մուշեղ Իշխանի հետաքրքրական վկայութիւններէն հայերու, որոնք անկիւնադարձեր ապահոված են ու նոր էջեր բացած հայոց գրականութեան, թէ քաղաքական պատմութեանց մէջ: Մուշեղ Իշխան, ինչպէս ինք կ՜ըսէ, եղաւ այն քիչերէն որոնք բաղդը ունեցան աշակերտելու հինգ ՄԵԾ ՀԱՅԵՐՈՒ յանձինս Յակոբ Օշականի, Լևոն Շանթի,Նիկոլ Աղբալեանի,Նիկողայոս Ադոնցի, Կոստան Զարեանի և գործակցելու երկու ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ հետ՝ յանձինս Սիմոն Վրացեանի և Վահան Թէքէեանի: Յուսամ ես ալ կարենամ օր մը իմ սրտիս պարտքը տալ գրելով ՄԵԾՆ Մուշեղ Իշխանի մասին որուն բաղդը ունեցած եմ աշակերտելու չորս տարի :



«Իմ Ուսուցիչներս» հրատարակուած է 1984 ին, Պէյրութ:



Նշան Պասմաճեան

____________________________________________________________

ՓՐՈՖ. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ԱԴՈՆՑ

Հայաստանը չեմ տեսած՝ իմ սերունդիս բոլոր տարագիր տղոց նման։ Գիրքեր ու ճառեր, երգեր ու զրոյցներ տարիներու ընթացքին իմ մէջ ստեղծած են աղօտ, բայց երազային գեղեցկութիւնը մեր հայրենիքի մտապատկերին։ Երբեմն, սակայն, հազուադէպօրէն, ստացած եմ յանկարծ կենդանի, շօշափելի իրականութեան մը հարազատ տպաւորութիւնը։ Փրոֆ. Ադոնց այն բացառիկ անձերէն էր, որոնց ներկայութեան մարդ կ՚ունենայ ուղղակի Հայաստանի հետ շփման գալու զգացողութիւնը։

Հայաստանն իսկ էր կարծես Ն. Ադոնց, անոր լաւագոյն յատկանիշներուն մարմնացումը, անոր մարդկային պատկերը։ Հայ մարդն էր ան՝ բառին աւանդական, արդիական եւ ազնուական իմաստով։ Հայոց հինաւուրց մշակոյթի, հերոսական պատմութեան, գեղեցկութեանց եւ հայ նկարագրի առաքինութիւններուն ապրող բերդը, որ գիտէ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն ներշնչել։ Մեր հողին բոյրը եւ մեր լեռներուն շունչը ունէր ան իր մէջ։ Եթէ կարելի է մարդատիպարով մը բնորոշել ու երեւակայել ամբողջ երկիր մը, փրոֆ. Ադոնց առաջիններէն մէկն էր ապահովաբար Հայաստանը ներկայացնող մեր մտաւորականներուն։

Միայն իր հայագիտական հմտութիւնը չէր ասոր պատճառը։ Օտար հայագէտներ ալ կան, ինչպէս հայ մտաւորականներ, որոնք իրենց անձով շրջապատին չեն ներշնչեր հայ տոհմային մթնոլորտին ջերմութիւնը։ Ընդհակառակը, կան նաեւ զարգացումէ զուրկ հայեր, Քրիստոսի առաքեալներուն պէս պարզ մարդիկ, որոնց մէջ կը բնակի Հայաստանի սրբազան շունչը։
Փրոֆ. Ադոնց ունէր երկուքն ալ,– գիտութիւնը եւ հայ ոգին։

Զինք ճանչնալով կարելի էր սիրել հայոց աշխարհը եւ խորաչափել մասամբ անոր անհուն գանձարանին հարստութիւնները։ Ադոնց կը ներկայանար իբրեւ իր մայր երկրին արժանաւոր զաւակը, ուժեղ եւ կենսայորդ ժառանգատէրը։ Կը զգայիր թէ ան իր սրտին ու ձեռքերուն մէջ բռնած է հայ դարերուն ոգեղէն ամբողջ վաստակը, սնած անով եւ նոր իմաստութեամբ մը իր կեանքը նուիրաբերած անոր բարգաւաճութեան։

Օտար համալսարաններուն տուած զարգացումը, օտար ոստաններու եւ մտաւորական շրջանակներու մէջ անցուցած երկար տարիները, օտար լեզուներու տեւական գործածութիւնը եւ ուսուցումը անզօր մնացած էին աղարտելու որեւէ բան Ադոնցի դիմագիծէն։ Իր աշխատանքի եւ որոնումներու ճամբուն վրայ շահածն ու տեսածը ան ծառայեցուցած էր իբրեւ միջոց՝ աւելի լաւ ճանչնալու եւ աւելի լաւ գնահատելու իր երկիրը։ Հայկականին չափ ան ծանօթ էր նաեւ երկրագունդին տիրող մեծ պետութեանց քաղաքակրթութեան, պատմութեան, բարքերուն եւ հոգիին։ Ամէնէն արդիական ու կատարելագործուած զէնքերով կռուող հայ մշակոյթի զինուորն էր ան՝ գիտութեան միջազգային ճակատին վրայ։

Ահա թէ ինչո՛ւ արդար էր իր հպարտութիւնը եւ բնական՝ իր խրոխտ կեցուածքը։ Ուրիշին եւ հայ ժողովուրդին ունեցածը ամբողջ կէս դար կշիռի զարնելէ վերջ, յաղթական իրաւատէրի մը պէս բարձր էր անոր ճակատը։ Ադոնց գիտէր արժեցնել ինքզինք եւ իր ազգը օտարներուն առջեւ։ Որեւէ տեղ, որեւէ ընկերութեան մէջ յարգանք կը պարտադրէր խօսակիցներուն։ Եւ կ՚ուզէր, որ իր աշակերտներն ալ եւ բոլոր գիտակից հայերը ձերբազատուէին ստորադասութեան տխուր զգացումէն։

Երբ կը տեսնէր մեզմէ մէկը եւրոպացիի մը առջեւ խոնարհ եւ հաճոյակատար դիրքի մէջ, առիթը կը գտնէր յետագային յանդիմանելու.

– Գլուխնիդ բարձր բռնեցէք դրանց հետ եղած միջոցին։ Մենք ոչ միայն ետ չենք մնում նրանցից, այլեւ շատ բաներով աւելի վեր ենք։ Զզուելի է հայոց մէջ ստեղծուած շնորհընկալի հոգեբանութիւնը։

Ազգային դէմք մը կամ կղերական մը գնահատելու իր առաջին չափանիշը անոր հեղինակաւոր եւ տպաւորիչ ըլլալն էր։ Շատ կը սիրէր հոգելոյս Թորգոմ Պատրիարքը այն պատճառով որ՝ «կեցուածք ունի, խօսիլ գիտէ, օտար հիւրերը պատկառանքով էին բաժնւում նրանից»։
Փրոֆ. Ադոնցի բուռն փափաքն էր հայ ուսանողները տեսնել ներկայանալի՝ հագուստով եւ կապուստով, ընթացքով ու դիրքով։ Կ՚ուզէր, որ փայլուն ըլլայինք եւ օտարները դառնային մեր շուրջը։ Շատ կ՚ուրախանար երբ հայ ուսանող մը յաջողութեամբ անցընէր իր քննութիւնները։ Չէր կրնար հանդուրժել խղճալի եւ ամօթ պատճառող երեւոյթներու։

Անգամ մը, դասարանի մէջ հաւաքուած, իրեն կը սպասէինք։ Բաւական ժամանակ կար տակաւին։ Դրան առջեւ կեցած՝ մեր ընկերներէն մէկը կը շաղակրատէր կարճ հասակով, շատախօս եւ կպչուն աղջկան մը հետ։ Փրոֆեսորը վրայ հասաւ, խոժոռ նայուածքով մը չափեց զոյգը եւ մտաւ դասարան։ Երբ փակեց դուռը, փրոֆ. Ադոնց դարձաւ անոր եւ կէս ժպտուն, կէս խիստ ըսաւ.

– Ուրիշ աղջիկ չգտա՞ր ամբողջ Պրիւքսէլի մէջ։ Մարդ Աստուծոյ, այնպիսի մէկի հետ բարեկամացիր, որ ամէն մարդ հիանայ ու նախանձի։

Կուշտ ու կուռ խնդացինք, ի հարկէ, եւ մեր ընկերը վերադարձաւ իր «տրտմագին առանձնութեան»։

Ուսանողներս իրարու մէջ յաճախ կը խօսէինք Ադոնցի մասին։ Սակայն, յստակ կը յիշեմ, որ աննպաստ կարծիք չէր յայտներ մեզմէ ոեւէ մէկը։ Բնական երեւոյթ մըն էր մեծը քննադատել։ Սակայն, նոյնիսկ ան, որ փրոֆեսորի բացայայտ համակրանքին չէր արժանացած, գովասանքի խօսք մը ունէր ըսելիք։ Սուէտիոյ գիւղերէն եկած ուսանող մը յամառօրէն կը կրկնէր.

– Այս մարդը նրբացած իշխան մըն է։ Իրենց ձիերու մէջքին, Հայաստանի լեռնաշխարհին տիրող իշխանները ասանկ ըլլալու էին անպայման։ Նախարարական ո՞ր տոհմին շառաւիղն է արդեօք։

Չափազանցուա՞ծ էր զուգակշիռը։ Կրնայ ըլլալ։ Բայց կարելի չէր ուրանալ փրոֆ. Ադոնցի իշխանական հովը մանաւանդ այն ատեն, երբ ան քաջատեղեակ ռազմավարի մը պէս կ՚իյնար Հայաստանի քարտէսին վրայ։ Հետը դասարան բերած քարտէսները սեղանին փռած, կը քննադատէր, սխալներ կը գտնէր, սրբագրութեան կ՚ենթարկէր ձեռքի մատիտով, գիւղերու եւ քաղաքներու տեղերը կը ճշդէր, գետի մը աղեղը չափազանցուած գտնելով կ՚ուղղէր քիչ մը եւ մոռցուած վայրերը կ՚արձանագրէր։

Անհնար էր գոհացուցիչ պատասխան մը տալ Հայաստանի աշխարհագրութեան վերաբերող իր հարցումներուն։ Կ՚աշխատէինք կերպով մը խուսափիլ իր անողոք հետապնդումէն։

– Զարմանալի,– կը նեղանար փրոֆ. Ադոնց,– ձեզ ի՞նչ սովորեցրել են հայ դպրոցների մէջ, եթէ Հայաստանի աշխարհագրութիւնն իսկ չգիտէք։ Երկու խնդիր պակաս լուծէիք, երկու գիրք պակաս կարդայիք, բայց Հայաստանը լաւ սերտէիք։

Ընկեր մը, որ թէեւ վանեցի չէր, դիւրին միջոցը գտած էր խնդրին տակէն դուրս գալու. փրոֆեսորի բոլոր հարցումներուն երանելի հանդարտութեամբ մը ու միօրինակ կերպով կը պատասխանէր. «Վանայ ծովուն արեւելեան կողմն է, Վանայ ծովուն հարաւն է, հիւսիսն է, եւայլն»։ Այս տարազը դասարանին մէջ, առածի կարգ էր անցած եւ Ադոնց աշխարհագրական հարցում մը ընելէ առաջ, ժպիտով կը դառնար մեր ընկերոջ.

– Այ տղաք, այս քաղաքը Վանայ ծովի ո՞ր կողմն է...

Տղաքը շատ ալ անգէտ ու յանցաւոր չէին խորքին մէջ։ Ադոնցը կարելի չէր գոհացնել մօտաւոր կամ աւելի յստակ բացատրութեամբ իսկ։ Ան կը պահանջէր, որ ճշդէինք քաղաքին քով գտնուող լեռը, բլուրը, գետակը,– անհնարին բան՝ Հայաստանը աչքով չտեսնողի համար։

Ինք գոց գիտէր հայոց աշխարհը։ Ձիով կամ ոտքով շրջած էր ներկայ եւ պատմական Հայաստանի գրեթէ բոլոր վայրերը՝ իբրեւ ճամբորդ, զբօսաշրջիկ եւ հետախուզող։ Երբեմն կը մոռնար դասը եւ անպաճոյց բառերով կը պատմէր իր ճամբորդական յուշերն ու տպաւորութիւնները։ Կը զգայինք թէ զսպուած յուզում մը կը լեցնէր իր սիրտը եւ զայն արտայայտելու համար ուրիշ պատկեր ու բառ չէր գտներ, եթէ ոչ ածական մը միայն. «հիանալի՜ տեղեր են, հիանալի...»։

Ադոնցի տուած ժուժկալ ու չոր նկարագրականը հազար պերճախօս ճառ ու քարոզ կ՚արժէր, որովհետեւ խոր հաւատք կը ներշնչէր։

*
* *


Փրոֆ. Ադոնց գիտական աշխարհին մէջ եւրոպական համբաւի տէր դէմք մըն էր։ Գիտնականի մը անհրաժեշտ բոլոր տուեալները ունէր,– լայն հմտութիւն, բարեխիղճ եւ համբերատար աշխատասիրութիւն, ստեղծագործ միտք եւ համալսարանական կարգ ու մեթոտ։ Ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն ու գերմաներէն լեզուներով իր հրատարակած բազմաթիւ ուսումնասիրութիւնները, գրքերն ու յօդուածները գնահատուած նիւթեր էին նոյն մասնագիտութեան համար։ Կրնար աւելի մեծ անուն մը շահիլ, եթէ ուրիշներուն նման քիչ մը «ճարպիկութիւն» ունենար եւ փառասիրութիւններ հետապնդէր։ Սակայն Ադոնց զուրկ էր բոլորովին՝ հռչակ շինելու եւ իր շուրջ աղմուկ ստեղծելու հնարամտութենէն։

Սխալ պիտի ըլլար զինք բնորոշել «վերջին ծայր համեստ» սովորական տարազով։ Ընդհակառակը, կարելի է նոյնիսկ պնդել, որ հպարտ էր ան։ Գիտակից էր իր արժէքին եւ չէր սիրեր համեստութեան կեղծ ձեւեր առնել։ Կարգ մը գրողներու հանդէպ իր արհամարհանքն անգամ չէր կրնար ծածկել։ Անկախ ու զօրաւոր էր անհատականութիւնը, ոչ մէկ զիջում կը կատարէր նիւթական կամ քարոզչական շահադիտութեամբ։ Իր բեղմնաւոր կեանքի ամբողջ տեւողութեան աշխատած ու ստեղծագործած էր՝ միայն իր նախասիրութեանց գոհացում տալու համար, առանց նկատի առնելու արտաքին թելադրանքներն ու ընթերցող հասարակութիւնը։ Գիտական մարդու կոչումն ու լրջութիւնը պահած էր անաղարտ։

Այս է պատճառը մասամբ, որ միջազգային արժէքի տէր գուցէ մեծագոյն հայ պատմագէտին անունը քիչերու ծանօթ է մեր մէջ եւ քիչ անգամ կը հոլովուի հրապարակի վրայ։

Ադոնց կը գրէր անոնց համար, որոնք կը հասկնան եւ կը զբաղին իր յարուցած խնդիրներով։ Հասկցողներու գնահատանքը, հոգ չէ թէ սակաւաթիւ, անոր լիակատար վարձատրութիւնը կը կազմէր։

Ադոնցը խորապէս գնահատողներէն մէկն էր պելճիքացի մեծ բանասէր փրոֆ. Կրեկուառ, որ համալսարանի փառքերէն ու սարսափներէն էր նոյն ատեն։

Քիչ մը խենթ, ջղային, արտակարգ յիշողութեամբ օժտուած, փրոֆ. Կրեկուառ ընդունակ էր քսան օրէն նոր լեզու մը սորվելու եւ այդ լեզուով դասախօսելու։ Ադոնցի պէս մասնագէտ էր բիւզանդական պատմութեան։ Ամերիկա գիտական հետազօտութիւններ կատարելէ վերջ՝ նոր վերադարձած էր Պրիւքսէլ եւ հրապարակային դասախօսութիւններ կու տար երբեմն։

Գիշեր մը, համալսարանի հանդիսասրահը լեցուած էր երկսեռ ուսանողութեամբ։ Հայ ընկերոջ մը հետ կ՚անցնէինք դրան առջեւէն։ Յայտարարութեան մէջ կարդացինք փրոֆ. Կրեկուառի անունը. պիտի խօսէր ռումանական ժողովուրդի ցեղագրական կազմի մասին։ Ընկերոջս հետ իրարու երես նայեցանք։ Մտնէի՞նք արդեօք. մեզ հետաքրքրող նիւթ մը չէր, բայց ուրիշ ընելիք ալ չունէինք այդ գիշեր։ Մուտքը ձրի, զբաղում մը վերջապէս, եթէ ոչ հաճելի ժամանց։

Տեղաւորուեցանք ետեւի աթոռներուն վրայ. քիչ ետք բեմին վրայ երեւցաւ փրոֆ. Կրեկուառի կարճ հասակը, եւ յանկարծ խօսքի հեղեղը կարկուտի պէս սկսաւ թափիլ սրահին մէջ։ Սովորութիւնն էր խօսիլ արագ եւ ճարտասանի մը բոցավառ շեշտերով։ Ես ու ընկերս կը լսէինք ցրուած, շուրջերնիս դիտելով։

Դասախօսութեան կէսին երկուքս ալ ցնցուեցանք։ Հայ բառն էր արտասանուած։ Որքան ալ ազգային սեփական հարստութեամբ ինքնաբաւ՝ ամէն հայ սրտին խորը կը սնուցանէ միջազգային բեմերէն իր անունը լսելու միամիտ փառասիրութիւնը։ Փրոֆ. Կրէկուառ կը խօսէր ռումանական ազգի կազմութեան շրջանին քաղաքական առաքելութեամբ Ռումանիա գացած անձնաւորութեան մը մասին, որ ժամանակաշրջանի դէպքերն ու միջավայրը բնորոշող յուշագրութիւն մը ձգած է։ Անունը կը խուսափի այժմ յիշողութենէս։

– Պատմական այս թանկագին փաստաթուղթին հեղինակը,– կը շեշտէ դասախօսը,– ամէն հաւանականութեամբ հայ մըն է, ինչպէս կը խորհի իմ բազմահմուտ բարեկամս՝ փրոֆ. Ադոնց, որ մեզի սորվեցուց բիւզանդական պատմութիւնը հայ մատենագիրներու աղբիւրներով ուսումնասիրել եւ նոր աշխարհ մը բացաւ մեր առջեւ։

Քանի մը հարիւր ուսանողներու ներկայութեան՝ հրապարակով եղած այս գնահատանքը լաւագոյն վկայականն էր մեր սիրելի փրոֆեսորին համար։ Ընկերս ու ես իրարու նայեցանք։ Երկուքիս դէմքերն ալ շառագունած էին մեր զգացած հաճոյքէն։

Ափսոսացինք որ աւելի մեծ թիւով հայեր չկային սրահին մէջ։

Յաջորդ օրը Կրեկուառի յայտարարութիւնը պատմեցի Ադոնցին, որ ակներեւ գոհունակութեամբ մը աւելցուց.

– Քանի մը օր առաջ խօսք եղաւ այդ հարցի մասին։ Իմ տուած փաստերիս վրայ է որ Կրեկուառ համոզում գոյացրեց նրա հայ ծագում ունենալու մասին։ Կասկած չկայ, որ հայ է այդ մարդը։

Փրոֆ. Ադոնց եւ Կրեկուառ Պրիւքսէլի մէջ լաւագոյն բարեկամներ դարձած էին։ Ադոնցի ամէնէն շատ այցելած տեղերէն մէկը փրոֆեսոր Կրեկուառի տունն էր։ Եւ փոխադարձաբար։ Անձնական զգացումներով եւ գիտական հետաքրքրութիւններով կապուած՝ անոնք իրար կը փնտռէին շարունակ։

Առհասարակ Ադոնց կ՚ապրէր գրասենեակի կեանք մը։ Մենակեաց մը չէր, բայց կապուած էր աշխատանքի սեղանին։ Մօտիկ պաշտօնակիցներէն զատ՝ երբեմն կ՚այցելէր նաեւ քանի մը հայ ընտանիքներու եւ բացառիկ առիթներով կ՚երթար «Հայկական Ակումբ»ը։

Խառնուածքին եւ հակումներուն բերումով Ադոնցի յարաբերութեանց շրջանակը սահմանափակ էր։ Ուրիշ մը իր տեղը, իր դիրքով՝ յաջողէր գուցէ քաղաքական կապեր ստեղծել եւ հասարակական կեանքին մէջ դեր խաղալ։ Ան կը նախընտրէր գիրքերու անկիւնը եւ քանի մը հոգիի մտերմութիւնը։ Գիտութեան մարդն էր եւ բոլորանուէր մշակը։ Անխառն արուեստագէտի մը պէս, որ կը դառնայ քուրմ մը լոկ իր արուեստի տաճարին, Ադոնց իր ամբողջ տաղանդը եւ կարողութիւնը տրամադրած էր հայ մատենագրութեան ու պատմութեան։ Եւ հոդ պէտք է փնտռել անոր մեծութեան պատճառներէն գլխաւորը։ Յարատեւ ու կանոնաւոր աշխատանքը Ադոնցը կրցած էր վերածել կազդուրիչ ու բեղուն հաճոյքի։

Ժողովրդական դէմք մը չէր եւ չէր ալ կրնար ըլլալ, թէեւ կը սիրէր ժողովուրդը։ Ուսանողներս մեծ դժուարութեամբ կը համոզէինք զինք, որ տարին մէկ երկու անգամ նախագահէր կամ խօսէր ազգային տօներու առթիւ Հայոց Ակումբի կազմակերպած հանդէսներուն։

– Խօսքը ձեզ է պատկանում,– կը պատասխանէր անկեղծութեամբ,– մենք մեր դերը վերջացրինք, այժմ դուք պէտք է խօսիք եւ գործէք։ Ձերն է ասպարէզը։

Պրիւքսէլի Հայոց Ակումբը տեղւոյն հայկական փոքրիկ գաղութին պատիւ բերող հաստատութիւն մըն էր։ Մայրաքաղաքի ամէնէն փայլուն եւ կեդրոնական պողոտաներէն մէկուն վրայ, խոշոր շէնքի մը երկրորդ յարկը վայելչօրէն կահաւորուած, փոքրիկ գրադարանով մը, ժամադրավայր ընթերցասրահն էր ամէն տարիքէ եւ դասակարգէ հայերու։ Փրոֆ. Ադոնցի երեւումը Ակումբին մէջ՝ հանդիսական մթնոլորտ կը ստեղծէր։ Կը բոլորուէինք շուրջը եւ ան, ժպիտը դէմքին, կը խօսէր անընդհատ, այլազան նիւթերու շուրջ։ Ադոնցին համար նի՞ւթ կը պակսէր։

Պաշտօնական տօնակատարութեանց ատեն, ինչպէս օրինակ Ապրիլ 24ի սգահանդէսին, իր խօսքը կ՚ըլլար կարճ, բայց ազդու։

*
* *

Շարունակելի 8

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝