Յայտարարութիւն

Tuesday, August 25, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ-19-ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

ՑԱԾ ԴՈՒՌԸ

Լութֆի աղան թուրք դերասան մըն էր։ Կինը՝ տիկին Մալվինան – Լութֆի աղային բերնով՝ Մալվի – յոյն էր։ Վեց տարեկան սիրուն աղջիկ մը ունէին, Էլէնան, որ նոյնպէս կրճատումով եղած էր Էլլա։ Պզտիկը Լութֆի աղային հարազատ զաւակը չէր, այլ կնոջը կը պատկանէր նախորդ ամուսնութենէ մը։ Այս մանրամասնութիւնները ետքէն իմացուեցաւ, բայց ոչ ոք գիտցաւ՝ պաշտօնապէս ամուսնացած զոյգ մըն էի՞ն անոնք, թէ ոչ։

Շատ գեղեցիկ եւ քնքոյշ էակ մըն էր տիկին Մալվին, այնպէս թարմ ու ճկուն, որ եթէ զաւակը չըլլար, կարելի էր օրիորդ կարծել։ Լութֆի աղան, ընդհակառակը, կոշտ դէմք մը ունէր, գլուխը կիսով ճաղատ, քունքերուն մազերը տեղ-տեղ ճերմակի զարնող եւ տարիքով շատ աւելի մեծ։ Հեզահամբոյր մարդ մըն էր սակայն, արտայայտիչ մեծ աչքերով, միշտ ժպտուն եւ բարութեամբ զեղուն։ Շատ տարիներ ետք, երբ ճանչցայ գրագէտ Համաստեղը, Լութֆի աղային յիշեցի։

Վարդան Պարիկեան անունով հայ ուսուցիչ մըն էր, որ այդ ընտանիքը բերաւ Մարսիլիա պանդոկը, միջնորդեց, բարեխօսեց եւ սենեակ մը վարձեցին ամսականով, զեղչ մըն ալ ապահովելէ ետք։ Լութֆի աղայենց մեկնելէն բաւական ետքը տեսայ թէ այս Վարդան Պարիկեանը ինքն ալ դերասան է եղեր, գուցէ Հալէպի առաջին հայ դերասանը։ Ամէն Բարեկենդանի Կիլիկեան թատերախումբը «Վարդանանց Պատերազմը» կը ներկայացնէր սինեմա Օրիանթալի մէջ եւ միշտ Վասակ Սիւնին ինքն էր։ Նշանաւոր էր մանաւանդ վերջին պատկերը՝ «Վասակ բանտին մէջ»։ Գետինները կը գալարուէր, եղունգներով ինքն իր վիզը կը ճանկռտէր, մարմնին փակած որդերը զզուանքով մէկ կողմ կը նետէր, յանկարծ նահատակ Վարդանին ուրուականը կը տեսնէր՝ ու սոսկումով փախուստ կու տար բեմին մէկ ծայրէն միւսը, սողալով։ Ատելի ըլլալէ աւելի պժգալի Վասակ մըն էր...

Իսկ Վարդան Մամիկոնեանին դերը, նոյնպէս անփոփոխ, չէք կրնար գուշակել թէ ով կը կատարէր։ Գունաւոր թուղթէ սաղաւարտը գլխուն, հսկայական սուրը մէջքին, յաղթ ու լայնթիկունք Վարդան զօրավար մը, որ բեմը կը դղրդէր ու սրահը կ՚ալեկոծէր իր ճառերով։ Ով կրնար հաւատալ թէ Օրիանթալի բեմէն դէպի Աւարայրի դաշտը սուրացող կայծակնային այդ Վարդանը օր մըն ալ պիտի վերածուի, յիսուն տարիներ ետք, խոհական ու ծանրագլուխ սա մարդուն, որ արաբական յորջորջումով այսօր կը համարուի Լիբանանի «Մէլէք էլ Հատիտը», որ թարգմանի «Երկաթի Թագաւոր», եւ որ, ի վերջոյ, կ՚ըլլայ նոյնինքն բոլորիս ծանօթ... Յովհաննէս Գասարճեանը...

Այս նոյն բիէսը, որուն գիրքը չեմ տեսած, բայց հաւանաբար Սմբատ Բիւրատի հեղինակութիւններէն ըլլալու էր, իր վէպերուն պէս անարուեստ ճառախօսութեանց շարք մը, օր մըն ալ Տիգրանակերտի բարբառով ներկայացուեցաւ, «քաղքցիերէն», ինչպէս կ՚ըսէին։ Տիգրանակերտցիները, թէեւ զանգուածով ոչ գերակշիռ Հալէպի մէջ – ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ըլլալով Այնթապէն, Մարաշէն եւ Կիլիկիոյ այլ վայրերէն – բայց խիստ բարգաւաճ համայնք մըն էին։ Շրջան մը նոյնիսկ իրենց մասնաւոր որբանոցը ունեցան, հայրենակցական միութեան դրամով քանի մը սեփական շէնքեր շինեցին, որոնց հասոյթէն կ՚օգտուէին տիգրանակերտցի որբեւայրիներ եւ անկարներ։

Քաղքըցի Վարդան Մամիկոնեանը չեմ յիշեր թէ ով էր, բայց ոչ-տիգրանակերտցիներուս ականջին կատարեալ զուարճալիք էր գրական մաքուր հայերէնը այլափոխուած ու ծռմռտկուած լսել այդ բարբառով։ Դժուար կը զսպէինք մեր խնդուքը եւ քանիցս սաստիչ բողոքներ լսեցինք խորին յուզումով հետեւող բազմութենէն։ Վստահաբար կրնային մեր խմբակը դուրս վռնտել, եթէ մեր լեզուները խածատելով չզսպէինք մեր ծիծաղները։

Կարելի չէ անշուշտ այդ բարբառին հնչական երանգները գրաւոր ներկայացնել եւ ինքնուրոյն համը տալ, բայց փորձեմ քանի մը մօտաւոր հատուածներ։

Վարդանը ժողովի մէջ է իր զօրականներով։ Յանկարծ բեմ կը մտնէ իր աղջիկը, Շուշանիկ, հսկայական եռագոյն դրօշակի մը կոթէն բռնած։ Բոլորը ոտքի կը ցատկեն, միայն Վարդանն է որ կ՚ըսէ նստած տեղէն.
– Շի՛ւշենիկ, աղջիկս, դո՞ւն լէ մինի գաս...
Շուշանիկ հայրենասիրական բոցավառ խօսքեր կ՚ըսէ, եւ այդ օրինակէն ներշնչուած, մարտիկներէն մէկը խանդավառ կը գոչէ.
– Վե՛րդէն, էրթենք Տիզպօն, Յազկերտին մե՛մը...
(Այստեղ կը հետեւի ներգործական բայ մը, որ չի գրուիր հայերէն, ոչ քաղքըցիերէն, եւ որ, բարեբախտաբար, կը կորսուի որոտընդոստ ծափերուն մէջ)։
Վերջին արարը։ Աւարայրի դաշտն է։ Բոլորը մեռած են։ Ղեւոնդ Երէցը կը շրջի դիակներուն մէջ, ծունկի կու գայ, կը քննէ, ծանօթ դէմքեր կը փնտռէ։ Ահա մէկը ճանչցաւ.
– Հո՛ւմայակ (Հմայեակ Դիմաքսեանն է) դո՞ւն լէ ինկեր, որդեակ իմ։
Եւ կամ՝
– Խո՛րէն (Խորխորունին) դո՞ւն լէ կենճութիւնիդ զոհեցիր, արիւնիդ ծաղկանց մէջը խառնեցիր...
Յուզումի թաշկինակներ կ՚երեւին սրահին մէջ։

Շար 19



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝